ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՆՄԵՂ ՀԱՅԵՐԸ ԿԱԽՈՒԵԼԷՆ ԵՏՔԸ
ԱՅԼԵՒԱՅԼ ՏԵՂԵՐ ՔԱՇՈՒԱԾ ՀԵՌԱԳԻՐԸ

Նորին Կայս[երական] Վեհափառութեան, Մեծ Եպարքոսութեան, Ծերակոյտի նախագահութեան, Երեսփ[ոխանական] ժողովոյ նախագահութեան, Պատերազմական Նախարարութեան, Դատական Նախարարութեան եւ Պատրիարքարաններուն։

«Ատանա եւ շրջակաները գտնուող քրիստոնեաները պատուոյ, անձի, եւ ստացուածքի մասին մեծ վնասներու ենթարկուեցան։ Այլեւս անոնց այս կողմերը բնակիլը եւ կեանքերնուն ապահովութիւնը Պատերազմական Ատեանի Արդարութեան եւ գործունէութեան մնացած էր։ Բայց կը ցաւինք որ Պատերազմական Ատեանի առաջին գործը յոյսերնիս ոչնչացուց եւ մեր յուսահատութեան պատճառ եղաւ։ Որովհետեւ փոխանակ ջարդ եւ աւերումի պատասխանատու եղողները գտնելով ընդհանուրին օրինակ ըլլալու համար պատժելու, պարզ ոճրագործներ կը փնտռուին։ Իսլամներէն դէպքէն անտեղեակ եւ միայն հրամաններու հպատակած տգէտ գիւղացիներ, եւ քրիստոնեաներէն կարգ մը թշնակիներու վկայութեամբ դատապարտուած եւ կամ անձնապաշտպանութեան համար աշխատած անմեղ քաղաքացիներ կախաղան կը հանուին։ Պատերազմական Ատեանը անպատճառ քրիստոնեաները պատասխանատու բռնելու քաղաքականութեան կը հետեւի։ Այս վիճակով մեր ցաւերը որո՞ւ լանք։ Մեր դժբախտ եւ խեղճ ժողովուրդը ինչո՞վ ապահովենք եւ մխիթարենք։ Աստուծոյ սիրոյն խղճացէք»։

4 Յունիս 1909