ԱՏԱՆԱՅԻ
ՆԱՀԱՆԳ
Ատանայի
կուսակալ
Ճէվատ
պէյ.
—
Ատանայի
նահանգին
մէջ
կատարուած
ջարդին
ամենամեծ
պատասխանատուն
այս
մարդն
է,
բազմաթիւ
ապացոյցներով։
Ատանայի
Զինուորական
Հրամանատար
Մուսթաֆա
Րէմզի
փաշա.
—
Այս
ծերուկ
զինուորականը
որ
1895ի
Մարաշի
Հայոց
ջարդին
պատասխանատուն
էր,
ամենամեծ
բաժին
ունեցաւ
Ատանայի
ջարդին
մէջ։
Ատանայի
Թուրք
երեւելիներէն
Պաղտատի
զատէ
Ապտիւլ
Գատիր
էֆ[էնտի].
—
Որ
իր
վայելած
ազդեցութեամբը
հրամայած
է
Ատանայի
տեղացիներուն
եւ
գիւղերը
լուր
ղրկած
է
Հաճի
Րէսուլ
էֆ[էնտի]
անունով
իր
չիֆթճիին
հետ,
գրգռելով
իսլամները
Հայոց
դէմ։
Գարա
Մէմէտ.
—
Ջարդի
միջոցին
տասը
զինուորներով
շրջագայած
է
քաղաքին
մէջ։
Աշճը
Միսթիլլի.
—
Ջարդի
միջոցին
վեց
զինուորներով
պտտած
եւ
իսլամները
գրգռած
է։
Ճէպէլի
Պէրէքէթ
կամ
Էրզինի
Միւթէսարըֆ
Ասաֆ
պէյ.
—
Օսմանիէ,
Համիտիէ,
Տէօրթ-եօլ,
Հասանպէյլի
պաղչէ
եւ
ասոնց
շրջակաները
գտնուող
գիւղերուն
մէջ
կատարուած
վայրագութեանց
միակ
պատճառը
եղած
է
այս
անխիղճ
մարդը,
որուն
մասին
հետաքրքրութեամբ
ստացանք
հետեւեալ
տեղեկութիւնները.
—
Այս
անխիղճ
Ասաֆը
իր
հայրը
մատնած
է
բռնապետութեան
շրջանին,
եւ
աքսորեալ
տուած
է
Ֆիզան,
եւ
այս
ծառայութեան
ի
վարձատրութիւն
հօրը
աքսորումէն
անմիջապէս
ետքը
1313-ին
Էրզրումի
նահանգի
Թէրճան
գաւառակին
գաիմագամ
եղած
է
Րիւթպէի
Սալիսէի
աստիճանին
արժանանալով,
տարի
մը
ետքը
Սուրիոյ
նահանգին
Համիտիէ
եւ
Վատի
Իւլ
Սամիմ
եւ
Սէլիմէյէ
գաւառակներուն
գայիմագամ
եղած
է,
եւ
յետոյ
Պէյրութի
նահանգին
Պէնի
Սուապ
գաւառակի
գաիմագամութեան
կոչուած
է,
եւ
վերջը
Երուսաղէմի
շրջականերէն
Պէյթ
իւլ
Պիզ
եւ
Եաֆա
գաւառակներուն
գաիմագամութիւնները
վարած
է
եւ
ամենէն
վերջը
կոչուած
է
Ճէպէլի
Պէրէքէթի
սանճագի
միւթէսարըֆութեան
պաշտօնին,
որուն
միջոցին
դահիճն
եղաւ
հազարաւոր
անմեղ
հայերու։
Իհսան
Ֆիքրի.
—
Իթիտալ
խուժանաթերթի
խմբագրապետ։
Իսմաիլ
Սաֆա.
—
Իթիտալ
խուժանաթերթի
խմբագիր։
Պիւրհան
Նուրի.
—
Իթիտալ
խուժանաթերթի
յօդուածագիր։
Ատանայի
Միւֆթին.
—
Որ
ջարդի
Ֆէթվա
մը
տուած
է։
Ատանայի
նահանգին
պատասխանատուներուն
ցանկը
գրուած
է
արդէն
676-683
էջերուն
մէջ,
որոնցմէ
ամենակարեւորներուն
անունները
եւ
մեր
գիտցած
տեղեկութիւնները
հարկ
տեսանք
աւելցնել
հոս։