ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԻՆՉՊԷ՛Ս ՀԱՐՑԱՔՆՆԵՑԻՆ

Աղէտէն անմիջապէս ետքը կազմուած քննիչ յանձնախումբին անդամներն էին՝ Իսթինաֆ ճէզա րէիսի Շաքիր պէյ, Սէր Միւսթանթըգ Խարբերդցի Զիւլֆի էֆ[էնտի], խուժանապետներէն Պաղտատի Զատէ Ապտիւլ Գատիր էֆ[էնտի], Կրետէցի հարիւրապետ Սիւլէյման էֆ[էնտի], եւ իբր թէ քրիստոնեաներու կողմէ՝ փաստաբան Քիրեագօ էֆ[էնտի]։ Այս խումբը վարողն էր միայն Զիւլֆի կամ Զիւլֆօ [1] կոչուած հարցաքննիչ դատաւորը, որուն քմահաճոյքին յանձնուած էր մեր կեանքն ու պատիւը։

Ատանայի կառավարութեան պաշտօնատան՝ թղթակցութեան դիւանի սենեակը՝ վերոյիշեալ քննիչ յանձնաժողովին յատկացուած էր, որուն դրան առջեւ տանելով շարեցին զմեզ՝ տասնեակ մը հայերս, շրջապատուած սուինաւոր զինուորներով։ Հարցաքննիչ դատաւոր Զիւլֆօն գործի վրայ էր, ուրախ զուարթ կ՚երթար կուգար, Ճէվատեան սեւ խումբէն նորանոր թուղթեր կը բերէր ու կը տանէր եւ մենք անօթի ծարաւ, գրեթէ մերկ ու բոպիկ կը սպասէինք մեր կարգին՝ հարցաքննութեան։ Զիւլֆօն կ՚երթայ եւ կէս ժամ ետքը զարմանքով կը տեսնենք որ տասեակ մը քիւրտ մշակներ փողոցներէն ժողուած մեր քով կը բերէ, քիւրտերը կը խնդան եւ Զիւլֆօն լրջութիւն կը յանձնարարէ։ Մենք ասդին ապուշ կտրած անհամբեր կը սպասենք որ արդեօք ի՞նչ պիտի ընեն փողոցէն ժողուած այդ քիւրտերը։ Զիւլֆօն մի քանի վայրկեան սենեակ մտնելէ ետքը դուրս կ՚ելլէ եւ քիրտերուն քով երթալով բաներ մը կը խօսի ցած ձայնով եւ յետոյ երեսը մեզի դարձնելով՝ զմեզ կը ցուցնէ գոչելով «ըսէք տեսնենք Հա՛սօ, Քէ՛մօ, Ալօ՛, այս կայնողներն էին հայ ֆէտայիները, անանկ չէ՞», Քիւրտերը կէս խնդուքով եւ միաբերան կը գոչեն «այո՛ այո՛»։ Զիւլֆօն մեր խումբին կը մօտենայ եւ մեր մէջէն մի քանի մսավաճառներ ցուցնելով կ՚ըսէ «ամենէն աւելի մարդ սպաննողներն ասոնք էին, այնպէս չէ՞», քիւրտերը առանց նոյնիսկ հարցումը կամ նշանակութիւնը հասկնալու, «այո՛ այո՛» կը գոչեն. եւ վատոգի Զիւլֆօն քիւրտերուն կը հրամայէ որ գործերնուն երթան եւ ի հարկին կանչուած ատեն դարձեալ գան։ Մեր մէջէն ամենէն յանդուգն մսավաճառ մը Զիւլֆօյին երեսին կը պոռայ, ըսելով որ «դուն կը ցուցնես ու կ՚ըսես եւ անոնք ալ այո՛ կը գոչեն, մենք ասանկ բան չենք ընդունիր», ասոր վրայ Զիւլֆօն կրակ ու բոց կտրած՝ սպառնալիքներով կը յանդիմանէ, եւ մենք ակամայ լուռ ու մունջ կը սպասենք այս բոլոր անցուդարձերուն հետեւանքին։

Հարցաքննութիւնը կը սկսի առանց որոշ անունի, միւսթանթըգ Զիւլֆօն դուրս կ՚ելլէ եւ ներս կը տանի աս ու ան։ Ժամէ մը աւելի կը տեւէ իւրաքանչիւրին հարցաքննութիւնը։ Օրերէ ի վեր արդէն անօթի ծարաւ, կը սպասենք ու կը սպասենք մեր կարգին անհամբեր, յուսալով որ հարցաքննութենէն ետքը պիտի արձակուինք…։ Ծարաւութենէ մարելու աստիճանին եկած՝ շուրջս կը նայիմ եւ թուրք բարեկամ մը տեսնելով կաթիլ մը ջուր կը խնդրեմ եւ թուրք բարեկամս երեսս ի վեր կրօնքիս ու ազգիս հայհոյելով կը հեռանայ։ Ուրիշ մէկուն կը մօտենամ քիչ մը ջուր խնդրելու համար, ես կուլամ ան կը խնդայ եւ կ՚անցնի կ՚երթայ։ Ալ ուժասպառ գետին կը փռուիմ եւ գնչուներու պէս ծալլապատիկ չոր տախտակի վրայ կը նստիմ, ինչ կը հետեւին միւս ընկերներս։ Մեզ դիտելով զուարճացող թուրքերը կը խնդան կուշտ ու կուռ, հոգ չ՚է կ՚ըսենք եւ աչքերնիս կը գոցենք։ Վերջապէս կարգը ինձ եկած էր ներս կը տարուիմ։

Զիւլֆօ սպառնական շեշտով մը անունս կը հարցնէ եւ հասկնալէ ետքը, մեծածաւալ թուղթի մը վրայ նայելով կ՚ըսէ։

Օհօ՜, չորս տեսակ ամբաստանութիւններ կան քու մասիդ, եւ տասնի չափ վկայութիւններ։ Նստէ նայինք սա աթոռին վրայ, նստէ՛ եւ իմ հարցումներուս պատասխան տուր, առանց ուրանալու, տե՛ս, վկաներ կան քու մասիդ, նոյնիսկ հայ վկաներ։

Սարսափահար վիճակով, եւ դողդողալով նստելէ աւելի կը հակիմ աթոռի մը վրայ Զիւլֆօյին եւ քովի քարտուղարին դիմացը, յանկարծ մխիթարութեան նշոյլ մը կ՚ունենամ, հարցաքննիչ յանձնախումբին մէջ տեսնելով Կրետացի շատ ազնիւ հարիւրապետ մը, որուն անհուն համակրութիւնը կը վայելէի դէպքէն առաջ։ Պաղատական ակնարկով մը կը խնդրեմ յիշեալ սպայէն որ զիս պաշտպանէ Զիւլֆօյի պէս գիշատիչ գազանի մը ճիրաններէն։ Ազնիւ եւ վերհանձն հարիւրապետը մտերմական նայուածքովը կը յուսադրէ զիս։

Հարցաքննիչ դատաւորը Զիւլֆօն կ՚սկսի հարցնել եւ քովի քարտուղարը կը գրէ հարց-պատասխանները։

Անուն մականուն, արհեստ ծննդավայր եւ այլն գրելէ ետքը հարցուց.

Ըսէ՛ տեսնենք, առաջին դէպքին միջոցին ո՞ւր կը գտնուէիր։

Ջարդին առաջին օրը առտուն կանուխ գործատեղիս գացի եւ սկսայ արհեստովս զբաղիլ։ Հազիւ թէ ժամ մը անցած էր տեսայ որ փողոցները զինեալ մարդիկներով լեցուեցան, ես ալ պաշտօնատեղիս գոցել տալով տունս ապաստանեցայ։ Երկրորդ օրը ընտանիքովս Ֆրանսացւոց եկեղեցին գացի եւ հոն մնացի մինչեւ վերջը։

Տունդ երթալով պատուհանը նստար անանկ չէ՞։

Ո՛չ, ընդհակառակն տունիս պատուհաններն անգամ գոցեցի։

—Սուտ կը խօսիս պատուհանը նստած զէնք նետեր ես։       

Սխալ է, ես զէնք գործածել չեմ գիտեր։

Ուրեմն ձեր թաղէն որո՞նք զէնք նետեցին։

Չեմ գիտեր թէ որոնք կը նետէին, միայն լաւ կը յիշեմ թէ զէնքի ձայները հեռուներէն կուգային։

Ինչո՞ւ առաջին օրը չփախար եւ տունիդ մէջ մնացիր։

Որովհետեւ չէի յուսար թէ դէպքը այս աստիճան պիտի տարածուէր։ Մենք վայրկեանէ վայրկեան Օսմ[անեան] զինուորներուն ժամանումին եւ կորովի միջամտութեամբը խուժանին զսպուելուն կը սպասէինք, մինչդեռ հակառակը պատահեցաւ։

Հայ յեղափոխական կուսակցութիւններէն ո՞ր մէկին կը պատկանիս եւ նպատակնիդ ի՞նչ էր այս ապստամբութեամբ։

Ես ոչ մէկ կուսակցութեան չեմ պատկանիր եւ ապստամբական շարժում խօսքերնիդ բացարձակ զրպարտութիւն է։

Լռէ, դեռ լեզու ալ ունիք կը խօսիք. Էրմէնի շառլաթանլըղը չուզեր. դուն իմ հարցումներուս պատասխան տուր։ Հիմա պատասխանէ կ՚ըսեմ քեզի, ո՞ր կուսակցութեան կը պատկանիս, շիտակը խօսէ, վկաներ կան նոյնիսկ քու ազգէդ։ Եթէ կ՚ուզես ստորագրութիւննին ալ ցուցնեմ (հեռուէն հայերէն ստորագրութիւն մը կը ցուցնէ)։ Սուտ կը խօսիս, դուն յեղափոխական կուսակցութեան մը անդամ ես եւ նոյնիսկ բանախօտութիւններ ըրած ես մի քանի անգամներ ակումբներու մէջ։

Ես՝ մեր ազգային լսարանին մէջ խօսեցայ քանի մը անգամներ եւ միշտ առողջապահական նիւթերու վրայ, եթէ կ՚ուզէք հազարաւոր ունկնդիրներ կրնան վկայել։

Հայ յեղափոխական ըլլալդ հաստատուած է։

Հայ յեղափոխական կուսակցութեան մը պատկանիմ իսկ յանցանք մը չի կրնար ըլլալ, քանի որ այսօր Սահմանադրութիւն կայ։ Սակայն կը պնդեմ թէ մինչեւ հիմա յեղափոխական կուսակցութեան մը չեմ հետեւած։

Այս միջոցին քննիչ յանձնախումբէն հարիւրապետ բարեկամիս դառնալով կ՚ըսեն՝

ՊԷ՛յ էֆէնտի, դուք զիս շատ լաւ կը ճանչնաք, կը խնդրեմ որ միւսթանթըգ էֆէնտիի կասկածները փարատէք։

Հարիւրապետն սկսաւ միջամտել մեր անվերջանալի բանավէճին ըսելով՝

Միւսթանթըգ էֆէնտի, ես այս երիտասարդը շատ լաւ կը ճանչնամ։ Ժամավաճառ չըլլանք, ուրիշները կանչենք։



Լազգիյէի Առաջնորդ Տ. Մովսէս Վրդ. Ոսկերիչեանն ու Քէսապի քահանաները եւ տեղւոյն Յանձնաժողովի անդամները։


Անխիճ Զիւլֆօն պատասխանեց բարկութեամբ.

Հարիւրապետ էֆէնտի, ինչո՞ւ այդպէս կ՚ընէք, աս ձգենք ան ձգենք, ամբողջ հայերն արձակենք, հապա այս աղէտին պատասխանատուները որոնք նկատենք։ Եթէ այսպէս ընէք, ես այս վայրկեանէն կը հրաժարիմ։ Տեսէ՛ք այս հայուն յանցանքը չորս տեսակ է, վկաներ կան։ Դեռ մենք երկրորդ յանցանքը կը հարցաքննենք, հիմա երրորդին անցնինք։ Խօսէ տեսնենք, ուրացող բարեկամ, կը կարծես թէ ամէն բան ուրանալով պիտի ազատիս, վա՜յ գլխուդ…։ Դուն հազարապետ ես եղեր Պոլսեցի Տօքթ. Ք. Ճ. ի հետ, եւ հազարական հայ ֆէտայիներ ունեցեր էք ձեր հրամանին տակ։

Սուտ եւ բացարձակ զրպարտութիւն է, մենք ո՜ւր, հազարապետութիւն ո՜ւր, ասոնք ծիծաղելի հարցումներ են…։

Հայ վկաներ կան, հայ վկաներ, նոյնիսկ հիւանդանոցին մէջ առնուած հայու մը իֆատէ (խոստովանութիւն)ն կայ որ կը վկայէ ձեր մասին։ Ջարդին միջոցին ձեր խումբերուն հետ իսլամներուն վրայ յարձակած էք։

Ի՜նչ ցաւալի խեղաթիւրում, դուք շատ լաւ գիտէք թէ թուրքերը յարձակելով հայերը ջարդեցին եւ հայերուն մէկ մասը ստիպեալ անձնապաշտպանութեան դիմեց։

Ուրեմն այդ անձնապաշտպանութիւնը կատարող ֆէտայիներուն անունները տուր։



Քէսապի աւերակները։


Ֆէտայի բառը չեմ հասկնար ի՞նչ ըսել է, իսկ եթէ անձնապաշտպանները կը հարցնէք, անշուշտ ամէն մարդ մեռնիլ չէր ուզեր, որով իր անձը կը պաշտպանէր։

Ո՛չ, ո՛չ , ֆէտայիները, անոնց անունները։

Ես ֆէտայի չեմ ճանչնար։

—Ես հիմա քեզ ամէն բան ըսել կուտամ, սակայն դուն գնա աղօթէ սա՛ հարիւրապետ էֆէնտիին որ ձեռքս բռնած է եւ չի ձգեր։ Հիմա գանք չորրորդ մեղքիդ, Եւրոպայէն զէնքեր բերել տալու համար կազմուած գաղտնի ընկերութեան անդամներէն ըլլալդ ալ կ՚ուրանաս։

Ատանկ բան մը գոյութիւն չունէր, ես բնաւ այդպիսի ընկերութիւն մը չեմ ճանչնար, ուր մնաց որ անդամ եղած ըլլամ։

Տեսա՞ր, հարիւրապետ էֆէնտի, ես գիտէի որ այս մարդը ամէն բան պիտի ուրանայ, ահա չորս հինգ վկաներով հաստատուած ճշմարտութիւն մը կ՚ուրանայ։ (Խօսքը ինձ ուղղելով) Գաղտնի ընկերութեան անդամները ըսե՞մ, մէկը դուն ես եւ տասն հոգի էք որոնց մէջ կան Պապիկեան, Շատրիկեան, Ուրֆալեան, Շատրիկեանի փեսան եւ ուրիշներ, ասոր ի՞նչ կ՚սես։

Բացարձակապէս սուտ է այդ տեսակ ընկերութիւն մը գոյութիւն չունէր։

Հասկցանք որ դուն ամէն բան պիտի ուրանաս։

Ուրանալը քեզ կը հասկցնէի, ինչ որ է, առ այժմ գնա՛ քանի մը օր բանտը պառկէ որ խելքդ գլուխդ գայ։

Ասոր վրայ հարիւրապետը կը խնդրէ որ զիս արձակեն եւ սակայն վատոգի Զիւլֆօն կը հակառակի եւ զիս ալ կը ղրկեն բանտը միւսներուն քով։



[1]            Այս վատոգի Զիւլֆօյին կենսագրութենէն յիշենք միայն սա պարագաները թէ Տիգրանակերտի նահանգին Էրզընի Մատէնի մէջ պաշտօնավարած և կաշառակերութեան պատճառով դատական քննիչ Ահմէտ Համտի էֆ[էնտի]ի բողոքին վրայ պաշտօնանկ եղած և յետոյ յիշեալ Զիւլֆօնէ Ահմէտ Համտիի ջորի մը կաշառք տալով՝ դարձեալ պաշտօնավարութեան իրաւունքի (Ճէվազը Իսթիխտամ մազպաթասը) հաւաքագիր առած , և անկէ Սեբաստիա անցած է, հոն ալ հայերը հալածելու ստորին քաղաքականութեանը հետեւելով հայ յեղափոխականներու սպառնալիքներուն վրայ փախած է։