ՈՃԻՐ
ՄԸ
«Գասապ
ՊԷքիր
թաղէն
հեռագրական
գլխաւոր
պաշտօնեայ
Նուրի
էֆ[էնտի]ի
աներձագը
Իսֆէնտիար
էֆ[էնտի]
եւ
Նաճարան
թաղէն
Սիւնտէքզատէ
Րահիմ՝
մէկ
երկու
ընկերներու
հետ
պտոյտի
համար
Կիրիտլի
թաղի
սրճարանին
կողմը
գացած
ատեննին,
Շապանիյէ
թաղէն
ատաղձագործ
Կարապետի
տղան
առջեւնին
ելլելով
նախ՝
ծանր
հայհոյութիւններ
կ՚ընէ
եւ
վերջը
Րահիմը
կը
զարնէ.
Րահիմի
ընկերներէն
մէկը՝
զէնքը
ձեռքէն
առնելու
համար
վրան
նետուած
միջոցին
երեք
գնդակ
ալ
անոր
կ՚ուղղէ։
Այս
գնդակներէն
մէկը՝
դիմացը
կայնող
Իսֆէնտիարի
պորտին
տակէն
հանդիպելով
գետին
փռած
է։
Ընկերները
թէեւ
ոճրագործը
բռնելու
աշխատած
են,
սակայն
չեն
կրցած
եւ
յաջողած
է
փախչիլ»։
«Վիրաւորներէն
մէկուն
մահը.
—
Իսֆէնտիար
երկու
օր
ետքը
մեռաւ
եւ
Րահիմին
վերքին
ալ
շատ
վտանգաւոր
ըլլալը
կը
խօսուէր։
«Վիրաւորուածներուն
ազգականներուն
կողմէ
կառավարութեան
եղած
դիմումը.
—
Վիրաւորեալներուն
ազգականները
կիրակի
օրը
կառավարութեան
դիմելով
ոճրագործին
ձերբակալուիլը
խստիւ
պահանջեցին
եւ
ոճրագործին
Կէօկտէրէլեան
Կարապետ
էֆ[էնտի]ի
միջոցով
փախցուած
ըլլալուն
լուրը
խնդիրը
պարզ
ոճիրի
մը
ձեւէն
կը
հանէր։
Կէօկտէրէլեանը
«Թուրքերը
արապ
Մահմուտը
մեզ
թող
յանձնեն
մենք
ալ
ասիկա
կուտանք»
ըսած
էր,
մինչդեռ
այս
խնդիրներուն
մէջ
ահագին
տարբերութիւն
կայ,
Արապ
Մահմուտ
իսլամ
մը
սպաննած
եւ
բանտէն
փախած
էր,
իսկ
ասիկա
անոր
չէր
նմանէր»։
Ասկէ
հասկցուեցաւ
թէ
հայերը՝
ոճրագործը
կը
պաշտպանէին։
Իսլամները
սկսան
կառավարութիւնը
նեղել
եւ
անպատճառ
ոճրագործին
ձերբակալումը
պահանջել։
Երկու
օր
այս
յուզումով
անցաւ։
Կառավարութիւնը
զգուշական
միջոցներ
ձեռք
առաւ
եւ
ստիպուեցաւ
թաղերը
զինուորներով
պաշտպանել.
մինչեւ
երեքշաբթի
օր
այս
յուզումով
եւ
ըսի
ըսաւներով
անցաւ»։