ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ ՖՐԱՆՍ[ԱԿԱՆ] ԵՐԵՍՓ[ՈԽԱՆԱԿԱՆ]   ԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌՋԵՒ

Նախագահ Մ. Հանրի Պռիսոն. Մ. Տընի Քօշէն խօսք ունի ուղղելու համար Արտաքին Գործոց Նախարարին, որ ընդունած է զայն։

Մ. Տընի Քօշէն. Կառավարութեան հարցապնդում չ’եմ ուղղեր, այլ պարզապէս քանի մը որոշ հարցումներ պիտի ընեմ. նոյնպէս ճառ մըն ալ չպիտի խօսիմ Ժողովիս մէջ, այլ պարզապէս, եթէ Ժողովը կը թոյլատրէ, անոր պիտի ծանօթացնեմ քանի մը վաւերագիրներ։ (խօսեցէ՛ք, խօսեցէ՛ք)

Ամբողջ մամուլին նկարագրութիւններէն Ժողովը գիտէ թէ Արեւելքի մէջ նոր գայթակղութիւններ ծագեցան, նոր ոճիրներ գործուեցան։ Բոլոր գիտցողներս, տասներկու տարի առաջ, այս բեմէն նմանօրինակ խժդժութիւններ կը ծանուցանէինք։ Անտարակոյս, չէինք կասկածեր թէ քանի մը տարուան ժամանակամիջոցէ մը յետոյ միեւնոյն արհաւիրքները պիտի կրկնուէին։ Սակայն Ժողովս Ֆրանսական թերթերէն իմացաւ թէ նոր ջարդեր պատահեցան որոնք հնձեցին 20, 000 կեանքեր։ Թոյլտուութիւն կը խնդրեմ որ Ժողովին առած տեղեկութեանց աւելցնեմ նաեւ ականատես վկաներու հետեւեալ նամակները, պատմութիւնները։

«Իսկէնտէրուն, 1909 Ապրիլ 24. Պատիւ ունիմ ձեզ ծանուցանել թէ Ատանայի նահանգին մէջ յառաջ եկած Հայոց ջարդերն արձագանք գտան մեր քաղաքին եւ անոր շրջակայից մէջ, ուր եւ խուճապ կը տիրէ տասն օրէ ի վեր։ Տէօրթ-Եօլ, Չորք-Մարզուան, եւն. գիւղաքաղաքները, որոնք այստեղէն վեց ժամ հեռու կը գտնուին եւ 5, 000է աւելի Հայ բնակիչներ ունին, պաշարուած են յոտից ցգլուխ զինուած հարիւրաւոր Չէրքէզներու եւ 15, 000է աւելի քուրդ լեռնականներու կողմէ, որոնք կը սպասեն փախչիլ փորձող անխոհեմները։ Փայասի բանտին 460 բանտարկեալները տեղւոյն Իսլամաց կողմէ արձակուեցան եւ Հայոց գիւղերը կը շրջին ագարակներն աւարի տալով եւ հրկիզելով ու ջարդելով բոլոր իրենց հանդիպողները։ Հալէպի ճամբուն վրայ, 37 քիլօմէդր հեռուն Գըրըք-Խան գիւղն աւարի եւ հրդեհի տրուեցաւ. արու բնակիչները, թիւով 56, սպաննուեցան, կիները լլկուեցան եւ ջարդուեցան եւ 18 դեռահաս աղջիկներ լեռը տարուեցան։ ’Ի մէջ այլոց, բոլորովին խենդեցած կին մը վախնալով որ իր ութն ամսուան տղան Թուրքերուն ձեռքը կ’իյնայ, նախամեծար համարեց գետին մէջ խեղդել զայն։ Անտիոք քաղաքին մէջ Հայ այրերը՝ թիւով 358, ամբողջովին ջարդուեցան։ Միայն կիները եւ մանուկները կը մնան։ Այս առաւօտ, Ապրիլ 24, Լաթաքիայէն հասած հեռագիր մը կը ծանուցանէ թէ Անտիոքէ մօտ Քէսապ գիւղաքաղաքը թալանելով հիմնայատակ կործանած են։ Քէնայի մէջ Ֆրանչիսկեաններու վանքը աւարի տալէ յետոյ կրակի տուած են։ Իսկէնտէրունի շրջակայ գիւղերէն Արշայ, Նարկիսլիք, Սօուք-Օլուք, Կիւզէլլի, եւն. բոցերու մատնուած են եւ անոնց Հայ բնակչութիւնը սպաննուեցաւ։ Երեք զրահապատ յածանաւեր, որոնց մէկը՝ ֆրանսական Լա Վէրիթէ, մէկը՝ անգլ[իական] Դրիըմֆ եւ միւսը՝ իտալական՝ Ֆէրրուչիօ, մեր նաւահանգիստը կը գտնուին։ Տեղական իշխանութիւնք քաղաքին բնակիչներուն ապահովութիւն խոստացան, բայց պատասխանատուութիւն չեն ստանձներ այն պարագային երբ արշաւանք մը տեղի ունենայ, որովհետեւ քաղաքին պահպանման ոյժը 225 զինուորներէ միայն բաղկացած է։ Մարտանաւերը կ’սպասեն իւրաքանչիւրն իր հպատակները պաշտպանելու համար, բայց ցամաք զօրք հանելու կամ շրջակայքը ոստիկանութեան պաշտօն կատարելու ո՛ եւ է հրաման չունին, որովհետեւ այս վերջին գործը Օսմ[անեան] իշխանութեան կը վերաբերի։ Երէկ առաւօտ, Իսկէնտէրունէն 4 քիլօմէդր հեռուն երեք Հայեր խողխողուեցան։ Ժողովուրդը՝ խելայեղ, քաղաքին շրջակայից տուները ձգելով եւրոպացիներուն բնակած թաղն ապաստանեցաւ։ Կ’ըսուի թէ Կարմեղեան կրօնաւորաց եկեղեցիին եւ վանքին մէջ 2, 000է աւելի կիներ, տղաքներ եւ մարդիք կան. արշաւանքի մը վախէն եւ ահաբեկութենէն անդամալուծուած բազմութիւն մը լեցուած է նաեւ Ֆրանչիսկեան կրօնաւորաց վանքը, վաճառատունները, մթերանոցները եւ խաները. մարտանաւերուն ներկայութիւնն ամենեւին չ’ապահովեր Իսկէնտէրունի բնակիչները, որոնք մրջիւնի պէս կուտակուած են վերոգրեալ տեղերը եւ ընդհուպ յառաջ գալիք թշուառութեան եւ սովին ենթակայ կը գտնուին. որովհետեւ անհրաժեշտ սննդեղէններուն գիները չափազանց կը բարձրանան, աշխատութիւն չիկայ եւ ներսերէն ժամանումն ալ դադրած է»։ «Ապրիլ 25. Ֆրանսական կառավարութիւնն՝ ապաստանողներուն ուտելիք տալու համար արտօնութիւն տուաւ Ֆրանս[ական] հիւպատոսին։ Անգլիական եւ Իտալական մարտանաւերը հաց, միս եւ բրինձ պարունակող լեցուն կողովներ ու պարկեր կը ղրկեն։ այս առաւօտ Անգլիական Դրիըմֆ յածանաւը Սիւվէյտա գնաց Քէսապի եւ շրջակայից ջարդերէն ողջ մնացողները նաւին մէջ առնելու համար։ Օսմ[անեան] 560 կանոնաւոր զօրքով այս առաւօտ հոս ժամանեց Օսմ[անեան] շոգենաւ մը։ Այս զօրքերն անմիջապէս ծովախորշին ամենէն հեռաւոր տեղը տարուեցան Տէօրթ-Եօլ ղրկուելու եւ Հայերուն ու Թուրքերուն միջեւ բարեկարգութիւն վերահաստատելու համար։ Պէտք է յուսալ որ ամէնքն ալ չի պիտի միաբանին, միանգամ ընդ միշտ բնաջինջ ընելու համար հայկական դժբախտ ցեղը»։ «26. Այս առաւօտ ֆրանս. Ժիւլ Միշըլէ մարտանաւը ժամանեց։ Այս տեղ գտնուող մարտանաւերուն ներկայութեան պատճառաւ մեր քաղաքն համեմատաբար հանդարտ է, բայց գործ չ’ըլլար. ամէն մարդ իրեն վերապահեալ ապագային մտահոգութիւնն ունի եւ ամենեւին ապահով չէ վաղուան համար։ Դէպքերուն ընթացքը Ձեզ պիտի տեղեկացնեմ»։

Ահաւասիկ նաեւ ուրիշ նամակ մը որ Ապրիլ 26ին Մէրսինէն գրուած է. «Իմ կարողութենէս վեր է մեր նահանգին վերջին դէպքերը նկարագրել։ Պատմութիւնն ամենասեւ գոյներով պիտի յիշատակէ այս դէպքերը։ Արդարեւ, մարդուն միտքը չի կրնար ճշգրիտ կերպով պատկերացնել տեղի ունեցած անհաւատալի վայրենութեան եւ վայրագութեան դէպքերը։ Ներոն պիտի նախանձէր…»։ Արեւելեան երեւակայութեան գտած բացատրութիւններն են ասոնք «… եւ տխրահռչակ Թիմուրլէնկ չի պիտի համարձակէր քաղաքակիրթ աշխարհին աչքին առջեւ նմանօրինակ խժդժութիւններ գործել։ Սահմանադրութեան հրատարակութենէն ի վեր գրգռութիւն սկսաւ, ամսոյս 1/14ին պայթեցաւ։ Թուրքն ինքզինք ազատ զգալով, կարծեց թէ օտար տարրին վրայ գերակշռութեան իրաւունք ունի։ Եղբայրութեան եւ հաւասարութեան իրենց բոլոր ապահովութիւններուն հակառակ, ամէնէն սոսկալի եւ ամէնէն ահռելի արարքները գործեցին։ Տարսոն եւ Ատանա, երկու քաղաքներն ալ ամէնէն քստմնելի տեսարանները կը պարզեն։ Ամսոյս 14, Դշ. օրէն մինչեւ 17 Շբ. օրը, երեք օր շարունակ ամենասոսկալի տեսարաններ իրարու յաջորդեցին, ջարդ, աւարառութիւն, հրդեհ, կոյսերու անգթօրէն պղծումներ։ Մարդկութիւնը կը զարհուրի այս տեսարաններէն։ Ատանայի շրջակայքը (Հաճըն, Տէօրթ-Եօլ, եւայլն), ինչպէս նաեւ Տարսօնի շուրջը լեցուն են քրիստոնեայ այր, կին եւ տղայ զոհերու դիակներով. անոնց մեռելային լռութիւնը կը մատնանշէ ահաւոր աղէտը։ Տարսոն եւ Ատանա քաղաքները կրակի տրուեցան։ Ջարդուողներուն մէջ կան նաեւ 500 Յոյներ եւ 2 ամերիկացի միսիօնարներ։ Օտար հաստատութիւնք լեցուն են Հայ փախստականներով։ Իրաց այս վիճակը մինչեւ Կիրակի իրիկուն շարունակեց, երբ Կ. Պոլսոյ գերման դեսպանատան Լորլէյ պահականաւը ժամանեց։ Ամէնքն ալ սփոփանք մը զգացին։ Ամսոյս 19ի Բշ. օրն ուրիշ նաւեր հասան. Ֆրանս[ական] Վիքթօ-Հիւկօ, Անգլիական Սուիֆչըր, եւ յետոյ Համպուրկ գերման յածանաւը։ Երբ այս յածանաւերը, ժամանեցին քիչ մը հանդարտութիւն հաստատուեցաւ, բայց յանկարծ, երէկ, Կիրակի իրիկուն, իբր թէ մեզ պաշտպանելու համար Սելանիկէն եկած 2, 000ի չափ զինուորները միեւնոյն կատաղութեամբ հայոց թաղին վրայ յարձակեցան, հրձիգութեամբ եւ կոտորածով սոսկում սփռեցին։ Նորէն յուզումը շատ մեծ է։ Առաւօտուն բոլոր հիւպատոսները գումարում մ’ունեցան եւ խնդրագիր մ’ուղղեցին ֆրանս. Վիքթօռ-Հիւկօ մարտանաւի հրամանատարին, որպէսզի անթել հեռագրի միջոցաւ խնդրէ դեսպանատուններէն որ արտօնութիւնը տրուի բոլոր մարտանաւերուն ցամաք զօրք հանել, որովհետեւ Մէրսինի մէջ ալ կացութիւն կը ծանրանայ։ Անգլ[իական] հիւպատոսը ձեռքէն վիրաւորուած Ատանայ կը մնայ տակաւին։ Հրէշները՝ խեղճ դժբախտները սպաննելէ առաջ, կը չարչարէին, կը խոշտանգէին ու ներքինիի կը վերածէին զանոնք։ Ատանայի առջեւ գետը նետուած բազմաթիւ դիակներ մինչեւ Մէրսին հասան եւ ծովուն երեսը ծածկեցին։ Ուրիշներ դաշտերուն մէջ ձգուած են եւ շուներուն ու ագռաւներուն կողմէ կը գիշատուին։ Ահա՛ ամփոփումն այն դէպքերուն որոնք տեղի ունեցան քսաներրորդ դարուն մէջ։ Մաղթելի է որ քաղաքակրթեալ Եւրոպա նկատողութեան առնէ պատմութեան մէջ անօրինակ այս դէպքերն եւ ըստ այնմ գործէ»։



Կիլիկիոյ աղէտին միջոցին Ֆրանսայի Արտաքին գործոց Նախարար Մ. Ս. ԲԻՇՕՆ

Տեա՛րք, թերեւս պիտի ըսէք թէ այս նամակները հինցած են թէ Ապրիլ 25 թուականը կը կրեն եւ թէ անկէ ի վեր ամէն բան հանդարտած է։ Ահաւասիկ երէկ իսկ քաշուած հեռագիր մը, որուն մէջ գրուած է. «Եւրոպական մամուլին առած տեղեկութեանց նման մեր տեղեկութիւններն ալ կը հաստատեն Ատանայի եւ ամբողջ նահանգին ահռելի սպանդին մէջ զօրաց մասնակցութիւնը։ Ապրիլ 25ի երկրորդ ջարդը կատարուեցաւ նոյն իսկ այն զօրքերուն կողմէ որոնք անկարգութիւններ զսպելու համար Տէտէաղաճէն ղրկուած էին։ Վայրագութեան անպատմելի տեսարաններ պարզուեցան։ Սովի եւ թշուառութեան որս եղած ամբողջ Կիլիկիա կործանած է։ Եւրոպական նաւերու ներկայութիւնը ջարդերուն արգելք չ’եղաւ։ Կոտորածներուն հեղինակները պատժելու համար Եւրոպայի փութաջանութիւնն անհրաժեշտ է։ Ամէն տեղ, Կարին, Վան, Մուշ, կառավարութիւնն ու զօրքը հայատեաց եւ համիտական են։ Այս պայմաններուն մէջ Խորհրդարաններուն կողմէ տրուած բուռն ազդարարություն մը միայն կրնայ արգիլել այս զոհաբերութիւնները։ Յանուն մարդկութեան կը պաղատինք որ այս եղերական վայրկենին մէջ պէտք եղածն ընէք։ Ամենէն ազդու միջոցը պիտի ըլլայ հայկական նահանգներու կառավարիչներն ու զինուորական պետերը պատասխանելու բռնել։



Կիլիկիոյ աղէտին առթիւ Ֆրանսական Խորհրդարանին մէջ Հայոց պաշտպանութեան համար ձայն բարձրացուցած Ֆրանս[ական] Երեսփոխան Ս. ՏԸՆԻ ՔՕՇԷՆ

Անշուշտ կացութիւնը նոյնը չէ ինչպէս որ տասներկու տարի առաջ Ժողովիս մէջ ամէն կողմէն կը պարզէինք կոմս տը Մէօն, եւ ես, ինչպես նաեւ Մ. Ժօռէս, Մ. Բրէսանսէ եւ Մ. Գլէմանսօ։ Այն ատեն աւելի պարզ էր, համիտեան գարշելի ռէժիմին ոճիրները միայն կը յայտնէինք։ Այն ատեն ջարդերը ժողովրդեան ըմբոստութեան հետեւանքը չ’էին, մասնաւորաբար այն զզուելի հանգամանքն ունէին որ կառավարութեան կողմէ, զանոնք հրամայողներուն կամքովը կազմակերպուած էին։ Երբ այն ատեն Մ. Գանպօն գանգատեցաւ եւ յայտարարեց թէ Արեւելքի մէջ քրիստոնէից պաշտպան Ֆրանսա կրնար միջամտել պայմանադրութեանց ինչպէս նաեւ Պերլինի դաշնագրին 62րդ յօդուածին համաձայն. կը յիշէք անշուշտ այն պժգալի խօսքը զոր Սուլթանն ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար կը գանգատիք, կ’ըսէր Սուլթանը, ձեր հպատակներէն եւ պաշտպանեալներէն մէկուն քիթն իսկ չէ արիւնած»։ Իրաւ է, ջարդերը գործուած էին միայն Օսմ[անեան] հպատակներուն վրայ, այսինքն անոնց վրայ որոնք ո՛չ մեր ազգէն են եւ ո՛չ մեր դաւանութենէն։ Մէկ քանի բացառութեամբ Ֆրանսայի պաշտպանեալներուն խնայած էին։ Բայց այսօր կացութիւնը նոյնը չէ։ Փութամ ըսել որ ամենեւին չեմ ամբաստաներ Օսմ[անեան] նոր կառավարութիւնը, որ ամենադժուարին պարագաներու մէջ փորձեց այն երկիրն սպանութեան, մատնութեան եւ հարստահարութեան ռէժիմէն փրկել։ (Ծափեր)։ Այս նոր կառավարութեան վրայ պէտք է վստահութիւն ունենալ եւ յուսալ որ պիտի յաջողի այս դժուարին կացութենէն ազատիլ եւ բարեկարգութիւնը հաստատել, բայց եւ այնպէս մեր վրայ ալ կարեւոր պարտականութիւններ կը ծանրանան եւ այս պարտականութեանց բերմամբ է որ կ’ուզեմ երկու հարցում ուղղել Արտաքին Գործոց Նախարարին։ Առաջին հարցումս է թէ՝ պէտք եղածին պէս որոշա՞ծ ենք օգնել երիտասարդ-թուրքերու ռէժիմին, ո՛չ միայն օգնել անոր այլ եւ քաջալերել զայն։ Այստեղ մտադրութիւն եւ վախ չ’ունենալով թէ այդ նոր կառավարութեան ո՛ եւ է մէկ անդամը կը վիրաւորեմ, ազատօրէն եւ պարզ կերպով կը խօսիմ, բայց վերջապէս տակաւին տկար այդ կառավարութիւնն ալ վտանգաւոր թելադրութեանց ենթակայ կրնայ ըլլալ. կարելի է որ պատշաճութենէն աւելի նկատողութեան կ’առնէ կարգ մը ազդեցութիւններ։ Պէտք է գիտնայ թէ քաղաքակիրթ ազգերու աջակցութիւնը պիտի վայելէ, այն պարագային միայն, երբ իբր քաղաքակրթուած կառավարութիւն մը ինքզինքը վարէ եւ հաստատ մտադրութեամբ յառաջանայ նոր ճամբուն մէջ։ Պէտք է որ այս մասին մեր կողմէն եղած ազդեցութիւններն ու թելադրութիւնները տարակոյսի տեղի չի ձգեն։ Այս նկատմամբ մէկ կէտի մը համար միայն ցաւ կը յայտնեմ մեր կառավարութեան. չեմ կարծեր որ Ֆրանսական դիւանագիտութիւնը մինչեւ հիմա պէտք եղածին պէս գործած է։ Վստահելի տեղեկութիւններ առի, որոնք զիս վշտացուցին։ Յայտնի է որ մեր գործերուն համար նկատողութեան պէտք է առնենք միայն մեր կարծիքը, բայց վերջապէս Արեւելեան խնդիրներուն մէջ մինակ չ’ենք մնացած. տասներկու տարի առաջ անգլիական կարծիքն ալ համամիտ էր մեզ, սկիզբէն ի վեր մեզ կ’աջակցէր։ Ի պատիւ Անգլիոյ ինչպէս նաեւ Ֆրանսայի, կրնանք ըսել թէ սիրալիր համաձայնութեան առաջին օղակները կազմուեցան եւ հաստատուեցան ճիշդ այն պարագային երբ Հայաստանի մէջ գործուած սոսկալի ոճիրներուն դէմ Արեւելքի մէջ միահաղոյն գործողութիւն մը կատարուեցաւ։ Անգլիական կարծիքն ի՞նչ կը մտածէ մեր վրայ։ ԿԸ ՏԵՍՆԵՄ ՈՐ ՀԱՅԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ՄԵԾ ԹԻՒՈՎ ԴԱՏԵՐ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻՆ ԱՏԱՆԱՅԻ ՄԷՋ. Կ’ՈՒԶԵՆ ԶՄԵԶ ՀԱՄՈԶԵԼ ԹԷ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ՀԵՂԻՆԱԿՆԵՐՆ ԱՆՈՆՔ ԷԻՆ։ ԱՍԻԿԱ ԲԱՑԱՐՁԱԿԱՊԷՍ ՀԱԿԱՌԱԿԱԿ Է ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ։ Նախ սովորական պզտիկ կռիւ մը եղած է որուն նմանները յաճախադէպ են մեծ քաղաքներու մէջ։ Այս կռիւը առիթ սեպելով 20, 000 հոգի ջարդեցին. ամէն համեմատութենէ վեր է ասիկա։ Հայերն ամբաստանեցին թէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած խառնաշփոթութիւններէն օգտուելով կ’ուզէին վերականգնել իրենց նախկին հայրենիքը եւ բաժնուիլ կայսրութեան մնացորդ մասէն։ Այս ամբաստանութիւնը հաստատելու համար ո՛չ մէկ իրողութիւն, ո՛չ մէկ փաստ կրնային ցոյց տալ։ Զանոնք ամբաստանելու համար, միայն այս գտան, թէ թատերախաղեր ներկայացուցին, որոնք իրենց հնադարեան ցեղին, Հայաստանի նախկին թագաւորութեան յիշատակները կը պատկերացնէին։ Այս ներկայացումներն Օսմ[անեան] կայսրութեան արդի կազմութեան դէմ դաւաճանութիւն մը համարելու յաւակնութիւնը սուտ եւ յիմարական է, ինչպէս որ Ֆրանսայի մէջ, Թէաթռը-Ֆրանսէի մէջ Լուի ԺԴ. ի ժամանակին թատերախաղի մը ներկայացման միջոցին տեսարանին վրայ կը գոչէին. «Պարսատիկի (յեղափոխութեան) թշնամի թագաւորի մը ատենը կ’ապրինք», եւ այս խօսքը նմանօրինակ ներկայացման մը միջոցին Հանրապետութեան դէմ դաւաճանութիւն մը նկատել սուտ ու յիմարական պիտի դէմ ըլլար։ Այս է Հայերուն վրայ ծանրացող ամբաստանութիւնը։ Միւս ամբաստանութիւններն ալ ասոր պէս են։ Ուրեմն կը փափաքիմ որ ֆրանսական դիւանագիտութիւնը քաղաքակրթութեան եւ մարդկութեան համապատասխան կերպով աւելի անյողդողդ ըլլայ եւ աւելի բացորոշ գործէ (ծափեր)։ Նախարարին ուրիշ հարցում մըն ալ պիտի ընեմ։ Ի՞նչ պիտի ընեն մեր նաւերը։ Այնտեղ ղրկեցինք զանոնք, կը շնորհաւորեմ, բայց վերջապէս իրենց ներկայութիւնը բաւական չեղաւ ջարդերը դադրեցնելու համար։ Եթէ ջարդերը վերսկսին, զէնքերնիս վար դրած պարզ հանդիսատեսնե՞ր պիտի մնանք դարձեալ։ Վայրկեանը ծանրակշիռ է նկատի ունենալու էք թէ ուրիշ ապստամբութիւններ ալ պիտի ծագին։ Աղէտալի վախճաններ կան. օրինակի համար, խոստացած էք քանի մը ամիսէն Կրետէն գրաւող զօրքը վերցնել այնտեղէն, այն ատեն կարելի՞ է լրջօրէն մտածել թէ Յունաստանի այնչափ կապուած Կրետէ չի պիտի պահանջէ իր անկախութիւնը։ Եւ ի՞նչ պիտի ընէք եթէ շարժումներ յառաջ գան նաեւ Փոքր-Ասիոյ յունական մասին մէջ։ Դարձեալ պարզ դիտողնե՞ր պիտի ըլլաք։ Կարծես աւելին պէտք է ընել եւ կրնաք ընել առանց դպչելու ո՛չ ոքի իրաւունքին։ Պերլինի դաշնագրին մէջ յօդուած մը կայ. 62րդ յօդուածը, զոր կը յուսամ թէ ո՛չ մէկ դեսպանախորհուրդ պիտի ջնջէ, եթէ դեսպանախորհուրդ մը գումարուի։ Երբոր Կրետէի մէջ պատահին ամենուն կանխատեսած դէպքերը, պատճառներ ունիմ վախնալու թէ նոր ապստամբութիւններ պոռթկան եւ ոճիրներ յառաջ գան։ Ուրեմն կը փափաքիմ որ այժմէն իսկ շատ բուռն գործողութեան մը ձեռնարկէք։ Կը կրկնեմ, ո՞վ է որ ձեզ կը վարանեցնէ։ Պերլինի դաշնագրին 62րդ յօդուածն իրաւունքներ կուտայ ձեզ։ Երբ, կ’ըսէ այս յօդուածը, Օսմ[անեան] կայսրութեան մէջ բարենորոգումներ կատարել հարկ ըլլայ, Եւրոպական տէրութիւնք պիտի կրնան կատարել։ Աւելի հին իրաւունքներ ալ ունինք, այն իրաւունքները որոնք ձեզ վերապահուած են հին դաշնագիրներով (քաբիթիւլասիօն) եւ պաշտպան Պետութեան ձեր տիտղոսով։ Ի պատիւ երիտասարդ-թուրքերու կառավարութեան կ’ըսեմ թէ այս անգամ ջարդերը վարչական հրամաններով տեղի չ’ունեցան, ինչպէս կ’ըլլային Ապտ-իւլ-Համիտի ատեն։ Ամէն մարդ անխտիր սպաննեցին, առանց նայելու զոհերուն ազգութեան։ Այստեղ յարգանք կ’ընծայեմ մեր ֆրանսացի Ժէզուիթ, Ֆրանչիսկեան միսիոնարներուն, որոնք իրենց եկեղեցիներն ու վանքերը բացին հազարաւոր Հայ փախստականներուն։ Բայց այս անգամ, առաջին անգամուան պէս Ֆրանսական դրօշը չի կրցաւ փրկել զոհերը. վանքերը, եկեղեցիները բռնաբարուեցան եւ ջարդեր գործուեցան անոնց մէջ։ Պաշտպանելու էք զանոնք զորս պաշտպանելու իրաւունքը տուած են ձեզ հին դաշնագիրները։ (Ծափեր)։

Փոխանակ ձգելու որ ձեր զօրքերն ու ձեր սպաները տխրօրէն ներկայ գտնուին այս խժդժութեանց, զանոնք ցամաք հանելու պէտք չէ վարանիք։ Ինծի հաղորդուած վաւերագիրներուն մէջ ուրիշ նամակ մ’ալ կայ, ձեր թանկագին վայրկեանները չարաչար չի գործածելու համար չի պիտի կարդամ։ (Ըսէ՛ք, ըսէ՛ք)։ Այս նամակը շատ նշանակալից է։ Անոր մէջ կը կարդամ թէ ֆրանսական մարտանակին նաւազ ու սպաներն այս վշտալից դէպքերու միջոցին, լուսանկարներ կը հանէին, զորս ֆրանսական պատկերազարդ թերթեր ետքէն հրատարակեցին։ Անկարող ըլլալով, վիշտով համակուած ներկայ կը գտնուէին այս ոճիրներուն եւ գետաբերանը խարսխած իրենց նաւերուն շուրջը գետէն քշուելով մինչեւ ծով հասած դիակները կը դիտէին։ Թերեւս ամէն տեղէ աւելի հոն գործելու իրաւունք ունինք, որովհետեւ Ատանա քաղաքը Կիլիկիոյ մէջ՝ Փոքր-Ասիա կոչուած մասին ծայրը եւ Սուրիոյ սահմանին վրայ կը գտնուի։ Սուրիա ալ կ’սկսի խլրտիլ։ Այս առտուան լրագիրներն իսկ կը ծանուցանէին թէ համիտեան ռէժիմին արբանեակներէն, մասնակիցներէն մին եղող Էզզէթ փաշա բարեկամներ գտած եւ քօմիթէներ կազմած է Դամասկոսի եւ Անտիոքի մէջ, թէ շարժում մը, անկարգութիւններ կը պատրաստէր եւ թէ, սովորական դարձած կերպով, պիտի փորձէր այնպէս կարծեցնել թէ շարժումը յառաջ բերած են քրիստոնեաներն, այսինքն նոյնիսկ անոնք որ զոհուելու միայն պատրաստուած են։ Եթէ այս ոճիրները Սուրիոյ եւ Կիլիկիոյ մէջ գործուին ի՞նչ պիտի ընէք։ Նորէն չի պիտի՞ յիշէք ֆրանսական հին միջամտութիւնները։

Միտքերնիդ չի պիտի բերէ՞ք թէ ժամանակաւ Ֆրանսա իր դրօշակը բարձրացուց, թէ իր զաւակներն արիւն թափեցին Սուրիոյ մէջ։ Դարձեալ պատրաստ չէ՞ք միջամտելու, եթէ պէտք ըլլայ։ Հիմայ արշաւանքի վրայ չեմ խօսիր այլ, եթէ պէտք է, զօրք ցամաք հանելու համար միայն կը խօսիմ։ Անգլ[իական] հիւպատոսն ալ, անգլ[իական] ծովային զօրքերը Մէրսինի մէջ ցամաք չի հանեց, բայց անձամբ Ատանա գնաց, փորձեց Օսմ[անեան] զօրքերուն գլուխն անցնիլ եւ ազնուօրէն վիրաւորուեցաւ։ Ասկէ զատ վստահիլ կարելի՞ է Օսմ[անեան] զօրքերուն վրայ։ Երիտասարդ թուրքերու կառավարութեան ի պատիւ կ’ըսեմ որ Կ. Պոլսոյ մէջ շատ չ’ունի վստահելի զօրք, այն «ազատարար» զինուորներէն, որոնք Սէլանիկէն Պոլիս եկան։ Այսուհանդերձ անոնցմէ 2, 000ը Ատանա ղրկեց բարեկարգութիւնը վերահաստատելու համար։ Գիտէ՞ք թէ ինչ պատահեցաւ։ Այդ 2, 000 «ազատարար»ներն երբ ցամաք ելան, անմիջապէս Քուրդերուն հետ միացան եւ ջարդին ու աւարառութեան մասնակցեցան։ Այս վշտառիթ օրինակը յիշեցի, ապացուցանելու համար թէ եւրոպական ազգերը ճակատագրային կերպով ստիպուած են միջամտել եւ քանի որ պիտի միջամտեն, կը փափաքիմ որ առաջին միջամտողները մենք մենք ըլլանք ո՛չ միայն յանուն մարդկութեան, այլ նաեւ յանուն ֆրանսայի, Ֆրանսական պատուոյն եւ շահերուն։

Կը յիշէ՞ք քանի մը տարի առաջ մեր մեծ գիտնականին եւ մեծ հայրենասէրին Մ. Պէռթըլոյի գրած նամակը զոր շատեր ստորագրեցին եւ մենք ալ Մ. Ժոռէսի հետ ստորագրեցինք. սակայն իմ մասիս կը ցաւիմ որ ստորագրեցի։ Յանուն մարդասիրութեան եղած կոչի մը մասնակցիլ պարտականութիւն եւ հաճոյք է ինծի համար, բայց կը ցաւիմ ստորագրելուս, որովհետեւ կոչը նախագահ Րօզվէլթի ուղղուած էր, մինչդեռ կը փափաքէի որ ֆրանսական կառավարութեան ուղղուէր այն կոչը։ Նախագահ Րօզվէլթի գրուեցաւ. «Ձեզ համար բարեբախտութիւն մ’է որ եւրոպական մեծ տէրութեանց պատճառած բոլոր դժուարութիւններէն եւ վարանումներէն զերծ էք։ Միանգամայն ամէնէն ալ սիրուած եւ յարգուած էք, ուստի ձեզ անկ է առաջին անգամ միջամտել»։ Այսօր այս հրաւէրը պիտի գործադրուի։ Երկու ամերիկացի միսիօիարներ Մր. Րոճըրս եւ Մաւրըր ջարդուեցան։ Կը կարծէ՞ք թէ ամերիկեան կառավարութիւնն անգործ պիտի կենայ եւ իր հպատակներուն պաշտպանութեան չի պիտի ձեռնարկէ։ Պիտի միջամտէ ուրիշներու հետ, եւ կը կրկնեմ, ձեզ կը պատկանի օրինակ հանդիսանալ։ Կրնաք ընել պարզապէս ձեր իրաւունքը գործածելով, առանց պակսեցնելու այն վստահութիւնը զոր պարտաւոր ենք ընծայել Երիտասարդ Թուրք կառավարութեան եւ օգնելով անոր տկարութեան։ Զրպարտութիւն մը պիտի ըլլար իբր մասնակից ամբաստանել զայն, բայց եւ այնպէս ակներեւ է անոր անկարողութիւնը հանդէպ մոլեռանդութեան, զոր չի կրնար զսպել այնչափ քիչ ատեն կառավարելէ ետք։ Այս պայմաններուն մէջ, երիտասարդ թուրք կառավարութիւնը գէշ աչքով չի կրնար նայիլ մեզ, երբ միջամտենք պաշտպանելու համար մեր հպատակները, մեր հայրենակիցներն ու կրօնակիցները եւ անոնք զորս պաշտպանելու պարտականութիւնն ունինք դարաւոր դաշնագիրներու զօրութեամբ։ Երբ այս որոշումը տանք պէտք է որ գործօն կերպով միջամտենք։ Ինչ որ կը խնդրեմ, մարդասիրութեան ունեցած զարգացման համապատասխան աւելի ազատ, աւելի կորովի եւ աւելի լաւ կերպով ուղղուած դիւանագիտութիւն մըն է, ինչպէս նաեւ ուղղակի գործողութիւն մը, որ ցամաք զօրք հանելով սկսի, երբ պէտք ըլլայ։

Մ. Ժօռէս. Առաջին միջամտութիւնը բաւական է։

Մ. Տընի Քօշէն. Բաւական չէ Մ. Ժոռէս եւ այս մասին ձեզի համամիտ չեմ այլեւս։

Մ. Ժօռէս. Ես կատարելապէս համամիտ եմ ձեզ. մաղթելու համար որ Ֆրանսա կարելի եղածին չափ ազդեցիկ կերպով պաշտպանէ Հայերը։ Տարակոյս չունիք. բայց համոզուած եմ որ ցամաք զօրք հանելով կարելի չէ այս նպատակին հասնիլ, որովհետեւ այն ատեն իսլամներուն կրօնամոլութիւնն ընդհակառակն աւելի պիտի գրգռուի Հայոց դէմ։

Նախագահ Մ. Հանռի Պռիսոն. Մ. Ժօռէս խօսք չունիք։

Մ. Ժօռէս. Չեմ պնդեր, (խօսեցէ՛ք, խօսեցէ՛ք)։

Նախագահ. Կրնաք պահանջալ որ հարցումը հարցապնդումի փոխուի։

Մ. Ժօռէս. Մ. Տընի Քօշէն երեք անգամ անունս տուաւ։ (Խօսեցէ՛ք, խօսեցէ՛ք)։

Նախագահ. Տեարք, նախագահը ստիպուած է յարգել կանոնագիրն եւ անոր տրամադրութիւնները խստիւ գործադրել։ Երբ Ժողովը կ’արտօնէ որ քանի մը երեսփոխաններ միանգամայն հարցումի մը միջամտեն, ուրեմն հարցապնդման կը վերածեն զայն։

Մ. Ժօռէս. Կ’զգուշանամ կանոնագրին դէմ վարուելէ, բայց քանի որ ատենախօսն երեք անգամ իմ գործերս յիշեց, իրաւունք ունիմ ճշմարիտ գաղափարս յայտնելու։

Մ. Տընի Քօշէն. Կ’աղաչեմ նախագահին որ Մ. Ժօռէսի արտօնութիւն տայ խօսելու եւ Ժողովս ալ հաճի լսել։

Մ. Ժօռէս. Մ. Քօշէն չի տարակուսիր, այն խանդագին փափաքը զոր կը տածենք բարեկամներս եւ ես…

Մ. Ֆռանսուա Տըլօնքլը. Եւ ամենքս ալ։

Մ. Ժօռէս. որպէս զի վերջ տրուի Հայաստանի պժգալի ջարդերուն որոնք պիտի անպատուեն եւ կորսնցնեն նոր ռէժիմը, ինչպէս արդէն անպատուեցին եւ տապալեցին հինը։ Մ. Քօշէնի եւ մեր միջեւ միակ տարբերութիւնը գործածելի միջոցներուն մասին է։ Չեմ կարծեր որ Փոքր Ասիոյ մէջ զինեալ միջամտութիւն մը ազդեցիկ ըլլայ, ատով ընդհակառակը վտանգ կայ որ Իսլամ մոլեռանդութիւնը վառուի Հայերուն դէմ, զոր պիտի ամբաստանեն թէ օտարն օգնութեան կանչեցին։ Բայց որչափ որ կը կարծեմ թէ զինեալ միջամտութիւն մը վնասակար պիտի ըլլայ, նոյնչափ ալ համոզուած եմ թէ Կ. Պոլսոյ մէջ աւելի հաստատուն եւ աւելի բացորոշ քաղաքականութիւն մը պէտք է եւ անհրաժեշտ։ Թէ՛ Ֆրանսայի համար եւ թէ Թուրքիոյ համար դժբախտութիւն մըն է որ այս տագնապի միջոցին Ֆրանսա իրեն ներկայացուցիչ ունի այնպիսի մարդիք, որոնք մեծ չափով մը բռնուած էին համիտեան ռէժիմին մէջ։ (Ծափեր ծայրայեղ ձախակողմէն)։ Հիմա նոր դարագլուխ մը կը բացուի եւ պէտք է որ Ֆրանսայի նոր ներկայացուցիչները Թուրքիոյ հասկցնեն թէ իր իսկ շահուն, ինչպէս նաեւ մարդկութեան շահերուն համար, պարտաւոր է Հայերը պաշտպանել (ծափեր ծայրայեղ ձախակողմէն)։

Մ. Տընի Քօշէն. Երկու խօսքով պատասխանեմ որ իմ գաղափարս չի չափազանցուի։ Թէեւ Սուրիոյ արշաւանքը չիշեցի, բայց այս միջոցիս նմանօրինակ արշաւանք մ’ընելու չեմ յորդորած ֆրանսական կառավարութիւնը։ Միայն ըսի որ եթէ նման պարագաներ ներկայանան, պէտք է պատրաստ ըլլալ կրակ ընելու անմիջապէս եւ առանց խնայելու։ Ըսի որ Ատանայի մէջ 20, 000 հոգի ջարդուած միջոցին Մէրսինի նաւահանգիստը մարտանաւեր միայն ղրկել աղետալի պիտի ըլար, որովհետեւ Քիւրտերը կրնային մտածել թէ այն մարտանաւերուն պաշտօնն է միայն պղատոնական ցոյց մը կատարել եւ թէ ինչ որ ալ պատահի, իրենց զօրությունը չի պիտի գործածեն խաղաղութիւնը վերահաստատելու համար։ Եթէ ընդունինք Մ. Ժօռէսի կարծիքը եւ միջամտութեան ամէն կարելիութիւն մերժենք, այն ատեն այս տեսակ վտանգաւոր գաղափար մը պիտի ներշնչենք։ Ի՞նչ, մեր հպատակները, մեր կրօնակիցները պաշտպանելու համար եթէ միջամտենք, կարելի պիտի ըլլա՞յ մեզի համար ըսել թէ Հայաստանը Օսմ[անեան] կառավարութենէն բաժնելու ձեռնարկի մը մեղսակիցներն ենք։ Ո՛չ, նմանօրինակ անհեթեթ տեսութիւն մը արտայայտել երբէք կարելի չէ։ Միայն թէ կարելի է որ ուրիշ տէրութեանց մէջ կարգ մը դիւրազգածութիւններ յուզուին։ Թերեւս աս է որ վախ կը պատճառէ։ Ըստ իս, այն նկատումներուն ամենեւին չեմ հետեւիր, երբ բացորոշ կերպով մեր առջեւը կը գտնենք Ֆրանսայի շահն ու պարտականութիւնը (Ծափեր աջակողմէն)։ Ապագան ի՞նչ դէպքեր ալ վերապահէ մեզ Արեւելքի ծովերուն մէջ, կը փափաքինք որ առանց վարանելու մեր զօրութիւնն ու իշխանութիւնը գործածենք բարեկարգութիւնը վերահաստատելու եւ բողոքելու համար Արեւելքի մէջ գործուած ջարդերուն եւ խայտառակութիւններուն դէմ։ Պէտք է որ այսպէս ըլլայ, նոյն իսկ եթէ մեր միջամտութիւնը նեղութիւն պատճառէ այն դիւրազգածներուն որք մեր շահերուն ներհակ շահեր ունին Օսմ[անեան] կայսրութեան մէջ։ Ամենքն ալ պէտք է գիտնան թէ յարմար ատենին տրամադիր ենք գործելու այնպէս ինչպէս որ պարտականութիւնն ու դաշնագիրները մեզ կը հրամայեն։ (Ծափեր աջակողմէն եւ կեդրոնէն)։

Մ. Սթէֆէն Բիշօն նախարար արտաքին գործոց. Համակարծիք եմ Մ. Տընի Քօշէնի եւ համոզուած եմ որ ամբողջ Ժողովն ալ այն կարծիքն ունի թէ Կ. Պոլսոյ վերջին դէպքերուն հետեւանօք Փոքր-Ասիոյ մէջ պոռթկացած խռովութիւնները ծանրակշիռ են։ Ինչպէս Մ. Քօշէն ցոյց տուաւ արդէն, այս խռովութիւնք Իսկէնտէրունի ծովախորշին մերձակայ Ատանա քաղաքին մէջ սկսան Ապրիլ 14ին, շուտով տարածուեցան ամբողջ նահանգին մէջ եւ յաջորդաբար տեղի ունեցան նաեւ նահանգին ամենակարեւոր տեղերուն մէջ, Տարսոն, Փայաս, Լաթաքիէ, Անտիոք, Մարաշ։ Դժուար է զոհերուն թիւը ճշդել, նախարարութեանս առաջ տեղեկութեանց համաձայն՝ հազարաւորներ, թերեւս քսան հազար անձեր զոհուեցան։ այս զոհերուն մէջ մեր հպատակներէն ո՛չ ոք կայ, սակայն Ֆրանսական ստացուածքներն ամենքն ալ չի յարգուեցան։ Ատանայի Ժէզուիթներու վանքն եւ Սէն-ժօզէֆի մայրապետներու հաստատութիւնը քանդուեցան։ Խելայեղ ժողովուրդը ապաստանեցաւ ծովեզերքը, օտար հիւպատոսարանաց եւ հաստատութեանց մէջ։ Ի՞նչ ըրաւ Ֆրանս[ական] կառավարութիւնը։ Այս դէպքերուն վրայ լուր առածնուս պէս՝ մեր զրահապատ երկու յածանաւերուն հրաման ըրինք երթալ եւ Կ. Պոլսոյ մեր դեսպանատան տրամադրութեան տակ գտնուիլ։ Վիքթոռ-Հիւկօ եւ Ժիւռ-Միշլէ Իսկէնտէրուն եւ Մէրսին ղրկուեցան։ Քիչ մ’առաջ ըսուեցաւ թէ ամենէն վերջ հասան, մինչդեռ ընդհակառակն ամենէն առաջ հասան, մէկը՝ ապրիլ 2ին եւ միւսը՝ 24ին ժամանեց։ Այս առաջին միջոցներն ամբողջացուցինք ուրիշ միջոցներով ալ։ Երկու ուրիշ մարտանաւեր, Լա-Վէռիթէ եւ Ժիւլ-Ֆէռի հրաման ստացան Արեւելք երթալու եւ Ապրիլ 24ին Իսկէնտէրուն ժամանեցին Լա-Վէռիթէ Օրօնդոյի գետաբերանը մնաց եւ Ժիւլ-Ֆէռի Պէյրութ գնաց, ուր գրգռութիւն կը տիրէր։ Ապրիլ 30ին Պէյրութէն մեկնեցաւ եւ Սուրիական Տրիպոլիս, Լաթաքիէ եւ Իսկէնտէրուն գնաց։ Ի՞նչ հրահանգ տուինք մեր մարտանաւերու հրամանատերներուն։ Հրահանգ ստացան որ մեր հիւպատոսներուն հետ համախորհուրդ, պէտք եղած ատեն ապաստան ընծայեն ֆրանսացւոց, օտարահպատակներուն, քրիստոնեայ կամ ոչ-քրիստոնեայ բնիկներուն, որոնց կեանքը վտանգի մէջ պիտի գտնուէր։ Ասկէ զատ տեղական իշխանութեանց տրամադրութեան ներքեւ պիտի գտնուէին, անոնց հետ համաձայնելով ի հարկին բարեկարգութիւնն ապահովելու համար։ Այս մասին համաձայնութիւն յառաջ պիտի բերէ այն տէրութեանց հետ, որոնք նոյնպէս մարտանաւեր ունէին այն կողմերը։ (Շատ լա՛ւ, շատ լա՛ւ, ծայրայեղ ձախակողմէն)։ Որովհետեւ ամէն բանէ առաջ, ինչպէս ըսաւ Մ. Ժօռէս, հարկ էր որ տէրութեանց ներկայացուցիչներն եւ անոնց Արեւելքի մէջ ունեցած ոյժերը միաբան գործակցութիւն մը կատարէին։ Նոյնպէս Մ. Ժօռէսի հետ համակարծիք եմ թէ մեծ կարեւորութիւն ունէր ետ կենալ նախաձեռնութիւններէ՝ որոնք անհրաժեշտ չէին, ցամաք զօրք հանելէ, որ կրնար գրգռութեան պատճառ մը համարուիլ եւ որ կրնար նոր խռովութիւններ յառաջ բերել։

Մ. Էտուառ Վայյան. Անտարակո՛յս։

Մ. Բիշոն. Երբ մեր սպաները աղետեալներուն գտնուած տեղերը հասան. անմիջապէս համաձայնեցան մեր հիւպատոսներուն հետ, զանոնք պաշտպանելու եւ զանոնց օգնութիւն բաշխելու միջոցներուն վրայ։ Անմիջապէս 10. 000 ֆր. մեր Պոլսոյ դեսպանին տրամադրելի ըրի եւ այնուհետեւ ելմտական նախարարին հետ համաձայնութեամբ նոյն գումարին վրայ աւելցուցի նաեւ 30, 000 ֆր. ի վարկ մը։ Մասնաւորներ ալ մասնակցեցան կառավարութեանս ջանքերուն։ Արեւելքի վարժարանաց ընկերութենէն 7000 ֆր. եւ Ֆրանս[ական] դրամական հաստատութիւններէն ալ 15, 000 ֆր. ստացանք։ Բոլոր այս գումարները ղրկուեցան մեր դեսպանատան, հիւպատոսարաններուն եւ մեր մարտանաւերու հրամատարաց, որպէսզի ամէն միջոցներէ զրկուած փախստականներն ու դժբախտներն սփոփեն։ Միեւնոյն ժամանակ հայրենիք վերադարձուցինք Սէն-Ժօզէֆի միաբանութենէն քսան եւ ութ մայրապետներ, որոնց հաստատութիւնն Ատանայի հրդեհին ճարակ եղած էր։ Մտածեցի նաեւ որ օգտակար պիտի ըլլար կոչում ընել Կարմիր Խաչի ընկերութեան, որ անխոնջ անձնուիրութեամբ մը վերջերս մեծ ծառայութիւններ մատոյց Մարոքի մէջ եւ Մէսինայի երկրաշարժին հետեւանօք Իտալիոյ մէջ։ Կարմիր Խաչի ընկերութիւնը փութաց ընդունիլ կառավարութեանս հրաւէրը։ Մինչեւ հիմա պէտք չեղաւ անոր գործակցութեան դիմում ընել, բայց գիտեմ թէ ի հարկին անոր գործակցութեանը կրնամ վստահիլ։ Մ. Տընի Քօշէնի մէկ քննադատութեան պատասխանելով կ’ըսեմ թէ մեր դեսպանատունն եւ մեր հիւպատոսները գործօն եւ հաստատ կերպով, առաջին վայրկեանէն իսկ դիմեցին Օսմ[անեան] կառավարութեան եւ տեղական իշխանութեանց։

Ատանա, Հալէպ, Իսկէնտէրուն, Տէօրթ-Եօլ, Ագպէս զօրք ղրկուեցաւ։ Օսմ[անեան] կառավարութեան կողմէ ընդունուեցաւ որ Հալէպի մեր հիւպատոսն ընկերակցի զօրախմբի մը որ կ’երթար ազատելու կեանքերնին վտանգի մէջ գտնուած աղէտեալներ։ Օսմ[անեան] Խորհրդարանն 30, 000 Օսմ[անեան] ոսկի, այսինքն 75, 000 ֆր. քուէարկեց խռովութեանց զոհերուն բաշխուելու համար։ Ասկէ զատ, թուրք կառավարութեան վերջին տարիներու պատմութեան մէջ նոր իրողութիւն մըն էր որ հրամայեց Պատերազմական Ատեան մը կազմել, քննելու, դատելու եւ ի հարկին պատժելու համար տեղական իշխանութիւնները, որոնց մէջ կը գտնուի, կ’ըսեն, Ատանայի կուսակալն ալ, սուլթանին նախկին մէկ քարտուղարը։ (Շատ լա՛ւ, շատ լա՛ւ)։ Դժբախտաբար ոճիրները զսպելու եւ արգիլելու համար ղրկուած զօրքերն ընդհակառակն իրենք ալ անոնց մասնակցեցան։ Իրողութիւնը ճիշդ է եւ տեղի ունեցաւ Ապրիլի 25ին, այսինքն խռովութեանց սկզբնաւորութեան ատեն իսկ, ինչ որ կը հետեւի քիչ մը առաջ կարդացուած հեռագիրէն։ Բայց այս իրողութիւնն անջատ մնաց, եւ անկէ ի վեր զօրքերն ընդհակառակն ազդեցիկ կերպով գործակցեցան զսպելու չարագործութիւնները, զորս պատժելու պաշտօնն ունէին։ (Շատ լա՛ւ, շատ լա՛ւ)։ Հայերն իրենք ալ այնչափ համոզուած են Օսմ[անեան] կառավարութեան աջակցութեան եւ օգնութեան ազդեցիկ հանգամանքին վրայ որ ինչպէս երէկ թերթերուն մէջ լուրը կարդացիք, պատգամաւորութիւն մը ղրկելով Սուլթանին մօտ, խնդրեցին իրատէ մը հրատարակել ջարդերը զսպելու համար։ Կայսրը խոստացաւ միջոցներ տնօրինել, որպէս զի գաւառներուն մէջ բարեկարգութիւնը վերահաստատուի, ինչպէս նաեւ խոստացաւ իրատէ մը հանել որով քրիստոնեայ սպաննող իսլամները կախել պիտի հրամայէ։ Յետոյ պատգամաւորութիւնը գնաց իր յիշատակագրին պատճէնները ներկայել վարչապետին, Երեսփ[ոխանական] Ժողովոյ նախագահին եւ Շէվքէթ փաշայի։ Չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ համար Մ. Տընի Քօշէն խնդրոյ առարկայ ըրաւ Ֆրանսական դիւանագիտութեան հաստատակամութիւնը, որ կը վստահեցնեմ ձեզ թէ այս խնդրոյի մէջ վայրկեան մը իսկ չի դեդեւցաւ։ Այս խնդիրն յարուցանելով, Մ. Տընի Քօշէն ինծի կը հարցնէ թէ որոշա՞ծ ենք մեր պաշտպանութեան իրաւունքը գործադրել։ Անշուշտ պիտի գործադրենք եւ զայն առանց դժուարութիւն կրելու բացորոշ կերպով կրնամ յայտարարել։ Մեր պաշտպանութիւնն հաստատուած է թէ՛ աւանդութեան եւ թէ իրաւունքի վրայ, թէ Պերլինի դաշնագիրներու 646 (Քաբիւդիւլասիօն), 1802ի Բարիզի դաշնագիրին եւ թէ 1878ի դաշնագիրին ու 1901ի ֆրանքեւթուրք համաձայնութեան վրայ։ Պարտաւոր ենք պահպանել Ֆրանս. հարիւրաւոր հաստատութիւններ, ապահովել Արեւելքի մէջ գտնուող մեր դրամատան գերակշռութիւնը, երաշխաւորել մեր առանձնաշնորհեալ դիրքը, մեր մարդասիրական եւ քաղաքական շահերը։ Կը վստահեցնեմ ձեզ թէ մեր այս պարտականութեան մէջ երբէք չի պիտի թերանանք՛ (Շատ լա՛ւ, շատ լա՛ւ)։ Ճիշդը խօսելով, այլեւս կրօնական պաշտպանութեան իրաւունք մըն է որ կը գործադրենք, հիմա կրօնական գաղափարը, կաթոլիկութեան գաղափարն ըսել կ’ուզեմ։ Թուրքիա կը գտնուի այն պատմական ու սաղմնային վիճակին մէջ, որուն շուրջը ծլեցան, ծաղկեցան, վարժարաններ եւ հիւանդանոցներ, որոնք պատիւ կը բերեն Ֆրանսայի եւ որոնցմէ կ’օգտուի ընդհանուր քաղաքակրթութիւնը։ (Ծափեր)։ Հիմա պարտականութիւնն ունինք պաշտպանելու մեր զարգացման այս դարաւոր արդիւնքները։ (Շատ լա՛ւ, շատ լա՛ւ)։ Ինչպէս արդէն ըմբռնեցիք, չենք կրնար առանց նկատողութեան ձգել մեր այս պարտականութիւնը գործադրութեան մէջ, նաեւ այն հիմնական փոփոխութիւնը որ յառաջ եկաւ Թուրքիոյ մէջ։ Ինչպէս իրաւամբ ըսիք, այլեւս չենք գտնուիր այնպիսի կառավարութեան մը հանդէպ, որ յամառօրէն իր աչքերը կը փակէր Եւրոպայի քաղաքակրթող շարժումին դէմ, զազրելի ջարդերու կը մասնակցէր, եթէ երբէք անոնց նախաձեռնարկը չէր (Ծափեր)։ Հայերը ջնջելով կը փորձէր Հայկական խնդիրը լուծել։ Հիմա կը գտնուինք սահմանադրական կառավարութեան մը հանդէպ որ նոր կը հիմնուի, Ժողովուրդի մը հանդէպ որ կը զարթնու, ազգի մը հանդէպ որ դէպի ազատութիւն կը դիմէ։ Պատշաճ է որ վստահութիւն ունենանք Երիտասարդ Թուրքիոյ վրայ։ Ո՛չ միայն պէտք չէ որ զայն իր թռիչքին մէջ նեղենք, այլ նաեւ պարտաւոր ենք ջանալ որ իր յեղաշրջումը քաջալերենք եւ դիւրացնենք, եւ չի թերանանք այս մասին (Ծափեր)։ Այս գաղափարէն պիտի ներշնչուի միշտ մեր քաղաքականութիւնը, որ պարտաւոր է շրջահայեաց գտնուիլ դաշնագիրներուն եւ աւանդութեանց իրեն շնորհած իրաւունքները գործադրելու մասին։ Երիտասարդ-Թուրք կառավարութիւնն ալ իր կողմէն պարտաւոր է հասկնալ թէ իր շահը կը պահանջէ եւ պարտականութիւն ունի իր գործունէութեամբը, իր անկեղծութեամբն եւ ի հարկին զսպողական միջոցներու մէջ իր կորովիութեամբը մեր քաղաքականութեան գործադրութիւնը դիւրացնել եւ արգիլել որ անգամ մ’ալ չի պատահին այն արիւնալի խռովութիւնները, որոնք թէ մեր եւ թէ իր աչքին հանդէպ, իրաւունքի եւ քաղաքակրթութեան համար ամօթ են (Ծափեր)։ Չենք տարակուսիր թէ այս մասին իր պարտականութիւնը պիտի կատարէ, իրեն համար լաւագոյն միջոցը պիտի ըլլայ հասկնել եւ ըմբռնել այն վստահութիւնը, այն բարեկամութիւնը զոր իրեն կը յայտնենք եւ վստահ եղէք թէ միշտ պիտի յայտնենք (Բուռն ծափեր)։

Մ. Տընի Քօշէն. Նախարարին բացատրութեանց համար շնորհակալութիւնս կը յայտնեմ։

Նախագահ. Խնդիրը փակուցաւ։