ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԻՆ ՄԱՍԻՆ ԱԶԳ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ Ա. ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ, ՀԻՒՊԱՏՈՍՆԵՐՈՒ, ՕՏԱՐ ԹՂԹԱԿԻՑՆԵՐՈՒ, ՄԻՍԻՕՆԱՐՆԵՐՈՒ ԵՒ ԼԱՏԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆՑ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐՆԵՐԷՆ ՔԱՂՈՒԱԾՔՆԵՐ

«Ներկայ 1909 տարւոյ ապրիլ 1ին սկսելով, կարճ ժամանակի մը մէջ Ատանա եւ Հալէպ նահանգներուն, առաջնոյն գրեթէ ամբողջութեամբ, իսկ վերջնոյն քանի մը կարեւոր հայաբնակ եւ շէն վայրերը աւերակ եւ գերեզմանի դարձնող ջարդը, իր տեսակին մէջ աննախընթաց եւ ամենէն սոսկալին եղած է, գործուած այլեւայլ խժդժութիւններովը եւ առաջ եկած բազմատեսակ թշուառութիւններովը։

Այս պատմական եւ անօրինակ եղեռնագործութիւնը, կանխապատրաստուած եւ ըստ այնմ գործադրուած ըլլալը ապացուցուած է յայտնի երեւոյթներով եւ ամիսներ առաջ տեղի ունեցող կարգ մը իրողութեանց եւ դէպքերու շարքերով, որոնց թուումը ընելէ առաջ, հակիրճ տեսութեամբ մը պարզենք իսլամ տարրին աղէտէն առաջ ունեցած հոգեբանական այն վիճակը, որ տրամադիր եւ պատրաստ դարձուցած է զինքը եւ մղած այս անլուր կործանարար վայրագութեանց։

Իսլամներու տգէտ դասակարգին մէջ, իրենց պատկանած ընկերական խաւերուն համաձայն, ոմանց քով յայտնի եւ բիրտ, ոմանց քով ալ նուրբ եւ ծածուկ, աններող ոգի մը կայ դէպի ոչ-իսլամ տարրը։ Այդ ոգւով չի տանիր անոնց եւ ոչ մէկ ազատ շարժումը եւ ո՛ եւ է վայելքը, ըլլայ իրենց չարաչար իշխանութեան արդիւնքը»։

Այս անհաշտ ոգիին հետեւանքն է.

Ա. Կրօնական մոլեռանդ դաստիարակութիւն։

Բ. Բաղդատմամբ քրիստոնէից, ընկերական ամէն ասպարէզի եւ պայքարի մէջ անընդունակութիւններէն առաջ եկած նախանձին։

Գ. Որպէս տիրող տարր ամէն ինչ իրենց պէտք է վերաբերի ի խորունկ համոզումին։

Այսպէս Իսլամ տարրը, բնականաբար չուզեր որ ոչ-իսլամը իրմէ աւելի յառաջդիմէ եւ զարգանայ։ Ու այդ րայան երբ իսլամէն՝ մօտաւորապէս աւելի զարգացած, նիւթապէս աւելի բարեկեցիկ կը դառնայ եւ կուգայ հաւասարիլ իրեն օրէնքի առջեւ ալ, ինքը այսպէսով կը դադրի՝ ոչ-իսլամին կեանքը, պատիւն ու ինչը ազատօրէն եւ առանց պատասխանատուութեան իր քմահաճոյքին ենթարկելէ, արդէն իսկ պատրաստուած կ’ըլլայ տկարացնելու եւ ջնջելու զայն, կը բաւէ որ զինքը մղող եւ պաշտպանող ոյժ մը ըլլայ։

Իսլամ տարրին հոգեբանական այս դրութիւնն է որ չարաշահելով զինքը մղած է սարսռեցուցիչ եղեռնագործութեանց, որոնցմէ մին է Ատանայի չարաշուք դէպքը։

Թէ ի՞նչ էր Հայոց դրութիւնը աղէտէն առաջ, Սահմանադրութեան հրատարակութենէն ետք։ Հայը հնուց ի վեր իր փնտռած ազատութիւնն ու Արդարութիւնը, եւ իր մարդկային անվիճելի իրաւունքները գտած կարծելով, այդպիսի շրջանի մը համար բնական եղող զուարթ գինովութիւն մը ունեցած է ու Աւետարաններու եւ Գուրաններու վրայ երդումով պահպանումը խոստացուած Արդարութիւնը, Հաւասարութիւնը, Ազատութիւնը համբոյրներով ուխտուած Եղբայրակցութիւնը անկեղծ հաւատալով, գործնական արդիւնքին սպասած եւ ի հարկին պահանջած է զայն համարձակօրէն։ Եւ յետոյ սկսած է իր նիւթական ու կրթական զարգացմանը համար՝ աւելի ազատ գործել եւ ձեռնարկներ ընել։

Սակայն Հայոց այս ընթացքը իսլամ տարրին վերը ցոյց տրուած հոգեբանական դրութիւնը ա՛լ աւելի դրդած է եւ չարաշահները յարմարագոյն առիթ մը սեպելով իսլամներու այս վիճակը՝ «հուրրիյէթ կեավըրլար իչիւն տիր» ազատութիւնը Հայոց համար է ըսելով գրգռած ու մղած են այս աղէտին գործադրութեանը։

Կառավարութիւնը ի տես երկու տարրերու այս վիճակին, հաւասարակշռութիւնը պահելու, ընդհանրումի մը առաջքը առնելու համար՝ ո՛ եւ է ձեռնարկ չէ ըրած։ Նոյնիսկ Սահմանադրութեան հռչակումէն մէկ երկու ամիս ետքը սկսած են այնպիսի երեւոյթներ առաջ գալ ու դէպքեր պատահիլ. որոնք յստակօրէն ցոյց կուտային թէ աղէտ մը պատրաստուելու վրայ է, ու արիւի կրակի փոթորիկ մը մօտալուտ եւ անխուսափելի կը դառնայ։

Պաշտօնական շրջանակներու այս դատապարտելի անտարբերութիւնը քաջալերած է ոճրին դրդիչները, ու աղէտի պահուն կառավարութեան բռնած դիրքը մեղսակցութեան մը ամբաստանութեան տակ կը ձգէ զինքը։

Միեւնոյն ատեն Ատանա՝ ջարդերու շրջանին՝ աղէտալի հարուածներէ ազատ մնացած հայաբնակ գաւառներէն մին էր եւ է՛ն հարուստը։ Շէն «օճախ» մ’ըն էր, ուր կը դիմէին ուրիշ գաւառներու կարօտ Ազգայինները ապրուստի համար։ Թէպէտ անցելոյն մէջ Ատանան զարնելու քանի մը փորձեր ու թելադրութիւններ եղած են, սակայն օրուան տեղական կառավարութիւնը միջոց եւ առիթ չէր տուած։ Վերջին անգամ դիտուած է, թէ՛ պաշտօնական եւ թէ՛ անպաշտօն շրջանակներէ, որ մօտաւորապէս Հայը տիրող տարրը պիտի դառնայ մտաւորապէս եւ տնտեսապէս։ Քրիստոնեայ տարրին այս ընթացքին առաջքը կ’առնուէր հարուածով մը, որ եղածը քանդէր, ըլլալիքը կասեցնէր, դէպի Ատանա գաղթը դադրեցնէր, արգիլէր անձի ու հարստութեան աճումը եւ ահա այդ հարուածը տրուեցաւ»։

(Ջարդէն առաջ պատահած նախընթաց դէպքերէն կարեւորները գրուած են Ա. հատորին սկիզբը. հոս կը դիտենք մի քանի կարեւորներ)։

«Րամազանի մէջ Հօճա մը Սիսն ու շրջանակները պտըտելով մզկիթներու մէջ կը քարոզէ թէ՝ «մենք կեավուրներու հետ եղբայր չենք կրնար ըլլալ, անոնց հետ միութիւնը անկարելի է, Շէրիաթը բացարձակապէս կ՚արգիլէ, չենք կրնար մեր ծոցը պահել օձերը, որոնց խայթող ըլլալնուն կասկած չկայ։ Մզկիթին մէջ գտնուողներուն մէկ այս քարոզէն ազդուած, դուրս կ’ելլեն, իրենց հետ կը գտնուին նաեւ քանի մը քրիստոնեաներ ալ որոնք իսլամ բարեկամներու հետ մզկիթ գացեր են։ Այս քարոզին բնական արդիւնքն եղող յուզումը ծայր կուտայ քրիստոնէից ու անմիջապէս դիմում կ’ըլլայ կառավարութեան որ լսել ան չ’ուզեր։

Յաջորդ օրերուն Սիսէն Ատանա մեկնող կառաւանին հետ կը գտնուին Հաճընի Առաջնորդ Ներսէս Վարդ[ապետ], Հայ բողոքական քարոզիչը եւ Հաճնոյ իւլէմաներէն եւ քօմիթէի անդամ Գայթանճը զատէ Մօլլան։ Կարաւանը Սիսէն հազիւ թէ կէս ժամ հեռացած, շրջակայ գիւղացի թուրքերու բազմութիւն մը՝ «ո՞ւր կերթաք կեավուրներ, դեռ կրնաք դուրս ելլել, մենք Սիս կ՚երթանք ջարդելու եւ թալլելու» ըսելով կ՚արգիլեն կարաւանը, կը ծեծեն ճամբորդները եւ նախապէս Ներսէս վարդապետը։ Ճամբորդները չեն կրնար շարունակել իրենց ճամբան։ Եւ կը վերադառնան Սիս, ուրկէ Ս. Կաթողիկոսը հեռագրով կը դիմէ թէ Պոլիս եւ թէ նահանգային իշխանութեան, քննութիւն եւ կարգադրութիւն կը խնդրէ, յայտարարելով որ Կիլիկիոյ ամէն կողմերը ջարդի սարսափը կը տիրէ։

Պոլիսէն կը հրամայուի կուսակալ Ճէվատ պէյի որ դեռ 2-3 օր առաջ Ատանա հասած էր քննութիւն կատարել, յանցաւորներ գտնել, պատժել եւ տեղեկագրել։ Ի պատասխանի կուսակալը կը յայտարարէ թէ Կաթողիկոսին ըսածը իրականութիւն չէ ու անհոգ կը մնայ։

Ուշադրութեան արժանի է նաեւ Ատանայի Առաջնորդ Մուշեղ Եպիսկոպոսի կողմէ թրքական թուական 1324 Յունվար 10 թուակիր՝ կուսակալութեան տրուած թագրիրը որով Տէօրթ-Եօլի մէջ եւ նահանգին զանազան կողմերը թէ՛ կառավարական պաշտօնէից եւ թէ իսլամ երեւելիներու կողմէ տեղի ունեցած զեղծումները ի վնաս երկրին եւ հայերուն, ի գործ դրուած շահատակութիւնները եւ բռնապետական կարգ մը արարքներ յիշուած, եւ ամէն կողմ ջարդի եւ թալանի զրոյցներ մէջտեղ նետուած ըլլալը յայտնելով քննութիւն եւ կարագադրութիւն կը խնդրէր։ Կուսակալ Ճէվատ պէյ ոչ միայն նկատի չէ առած այս կարեւոր դիմումը, այլ ընդհակառակը Ներքին Գործոց Նախարարութեան գրած է թէ Տ. Մուշեղ Եպիսկոպոսը պէտք է հեռացուի Ատանայէն։ Ատանայի առաջնորդարանէն այդ թագրիրին օրինակները ժամանակին ղրկուած են Պատրիարքարանի, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին, Ծերակոյտի եւ Երեսփոխան Ժողովոյ նախագահներուն, Եպարգոսին եւ Արդարութեան ու Ներքին Գործոց նախարարութեանց։

Ատանայի Թէմիրճիլէր կամ Քէչէճիլէր ըսուած տեղը Մէտրէսէն եւ Եաղ Ճամին իրենց կեդրոն ընելով. «Իթթիհատը Մուհամմէտիյէ» անունին տակ ժողովներ կ’ըլլան, եւ քրիստոնէից դէմ ճառեր կը խօսուին։ Ոստիկանութիւնը հսկողութեան ներքեւ կ’առնէ այդ կողմերը, միեւնոյն ժամանակ կը տեղեկագրէ կուսակալութեան, որ նոր ո՛ եւ է միջոց ձեռք չառներ եւ անտարբերութեամբ կը լսէ եւ հսկողութիւնն ալ կը վերածէ։

Մարտ 27ի Ուրբաթ օրը, Ատանայի Սալճըլար ըսուած տեղը, Իթիտալի խմբագրատան մօտ, Իհսան Ֆիքրի եւ ընկերք մեծ միթինկ մը կը գումարեն, խմբագիրները եւ կառավարական պաշտօնեաներէն ոմանք Իսլամները քրիստոնէից դէմ գրգռող ճառեր կը խօսին, եւ խմբագրութեան ու միթինկը կազմողներուն միջեւ որոշումներ կը տրուին, ու կառավարութիւնը միայն հանդիսատես կ’ըլլայ։

Մարտ 31ի գիշերուան ժամը 3ին, սպառնալից խուժան մը հօճաներու առաջնորդութեամբ կը դիմէ կառավարական պաշտօնատունը ուրկէ խորհուրդ կը տրուի իրենց, որպէս զի տեղերնին երթան։ Խուժանը հետզհետէ կը ստուարանայ եւ հաւաքումներ կ’ըլլան Իթիտալի խմբագրատան մէջ, Տէմիրճիլէրի Մէտրէսէն Եաղ-Ճամի եւ Հօճա-Վէզիր, Եուրտան, Սարճըլար թաղերը։ «Փատիշահըմ չօգ եաշա» պօռացող ձայներ կը լսուին, ցոյցեր կ’ըլլան, եւ նոյն գիշերն է որ՝ Սաաթխանէ մօտերը կը սպաննուի Կեսարացի ատաղձագործ Լութֆիկ անուն երեսնամեայ հայ երիտասարդ մը։ Այս ամենուն հանդէպ կառավարութիւնը կը շարունակէ իր անտարբերութիւնը։

Դէպքէն քիչ առաջ, Թօսպաղը Մահալլէսին Հայ երիտասարդի մը կողմէ երկու ծանօթ թուրք սրիկաներ վիրաւորուած են եւ սպաննողը փախած է։ Այս պարագան ոմանց կողմէ կը նկատուի որպէս զի շարժառիթ ջարդին, մինչդեռ այս աղէտին ամիսներ առաջ կազմակերպուած ըլլալը կը տեսնուի։ Իսկ այս դէպքը տեղի ունեցած է հետեւեալ պարագաներուն մէջ. խնդիրը կը վերաբերի պատուոյ բռնաբարումի մը։ Հայ երիտասարդը օրեր առաջ գրաւորապէս կը բողոքէ կառավարութեան եւ կը խնդրէ իր եւ իրեններուն անձին եւ պատուոյն պաշտպանութիւնը սրիկաներու խումբի մը յարձակումին դէմ։ Կառավարութիւնը կը ձերբակալէ այս սրիկաները, սակայն օրինական եւ զսպողական պատիժի մը ենթարկելու փոխարէն, կը հաղորդէ անոնց թէ բողոք տեղի ունեցած է ձեզի դէմ, եւ զանոնք ազատ կը ձգէ։ Այս պարագան ա՛լ աւելի կը քաջալերէ թուրք սրիկաները, որոնք կը կրկնեն իրենց շահատակութիւնները. վերստին լուր կը տրուի կառավարութեան, որ նկատողութեան չ’առներ։ Վերջ ի վերջոյ այս ստահակները զէնքով կը յարձակին հայ երիտասարդին վրայ, որ զէնքով կը պատասխանէ ինքզինքը փրկելու համար, եւ կը յաջողի փախչիլ։ (Ատանայի ջարդերուն նկարագրութիւնը կարդալ Ա. հատորին մէջ)։