ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊԱՀՈՎԱԳՐԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Կեանքերնին ապահովագրուած եւ Կիլիկիոյ աղէտին մէջ մեռած՝ անձերու ապահովագինները վճարուեցան ժառանգորդ ունեցողներուն։ Բայց անժառանգ մեռնող կամ ընտանիքին անդամներով ու ազգանուներովն կորսուողներու իրաւունքներն անծանօթ մնացին։ Իսկ հրդեհի դէմ ապահովագրեալներու փոխարժէքները չի վճարուեցան այն առարկութեամբ թէ «հրդեհի դէմ կնքուած ապահովագրական պայմանագրութեանց մէջ գրուած է՝ եղեր որ խռովութենէ կամ խուժանային յարձակումներէ առաջ եկած հրդեհներու վնասները չեն վճարուիր»։

Ապահովագրական ընկերութիւններէն՝ ամենէն աւելի պարտական եղող «Իւնիօն» ապահովագրական ընկերութեան դէմ, աղէտեալներուն կողմէ դատ բացաւ Կիլիկիոյ Ս[ահակ]   Կաթողիկոսը եւ Կ. Պոլսոյ Օսմ[անեան] դատարանը երկար դատավարութիւններէ ետքը դատապարտեց Ապահովագրական ընկերութիւնը վճարելու համար աղէտեալներու վնասները։ Եւ սակայն դժբաղդաբար Ապահովագրական ընկերութիւնները՝ վստահելով իրենց օտարահպատակութեան, գրեթէ չ՚ընդունեցին օսմ[անեան] դատարանին վճիռը։ Այսու ամենայնիւ կը յուսացուի թէ յիշեալ ընկերութեանց կողմէ գոհացուցիչ կարգադրութիւն մը կ՚ըլլայ ի նպաստ Կիլիկեան դժբախտ աղէտեալներու։

Այս առթիւ յիշատակութեան եւ գոհունակութեան արժանի է օրուան Հայ մամուլին կողմէ ինչպէս ուրիշ առթիւ Ապահովագրական ընկերութեանց դէմ մղուած պայքարը, պաշտպանելու համար դժբաղդ աղէտեալներու իրաւունքը։

Այս առաջին հատորը միայն Ատանայի աղէտին յատկացնելով կը վերջացնենք, ուրիշ մանրամասնութիւնները յետաձգելով միւս հատորներուն։