ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱԳԻՐԸ

Քննիչ Յանձնաժողովէն Եուսուֆ Քէմալ պէյ էֆ[էնտի]ի

«7 Ապրիլ 1325 թուակիր Ձեր մէկ պաշտօնագիրը ստացանք, որով կը հարցնէք մեզ թէ Ատանայի ահռելի աղէտին պատասխանատուները որո՞նք են։ Այս հարցումին պատասխանելով կ՚ըսենք թէ ասկէ առաջ Ձեզ մատուցուած տեղեկագրին 3րդ 7րդ եւ 10րդ, յօդուածներուն մէջ յայտնուած էր պատասխանատուները։ Յիշեալ յօդուածներուն դիմելնիք խնդրելով մէկտեղ, մեր բարի եւ անկեղծ նպատակը բացատրելու համար հետեւեալ տողերն ալ կը գրենք։

1. Ատանայի եւ շրջակայից մէջ տասնեակ հազարաւոր անմեղ քրիստոնեաներ, առանց խղճալու ջարդողները՝ գիտեն անշուշտ այս աղէտին պատճառ եղողները, ջարդի հրամանը ո՞ւրկէ առած ըլլալնին որով անոնցմէ կրնաք հարցնել։

2. Քրիստոնեաներուն տուները գտնուող հարիւրհազարաւոր ոսկինոց գոյքերն ու կահ կարասիները որոնք որ թալանեցին  եւ այսօր յիշեալ գողունները որոնց տուներէն որ կ՚ելլեն, անոնք գիտեն անշուշտ այս ահռելի աղէտին պատասխանատուները, հետեւաբար անոնցմէ կրնաք հասկնալ եւ անշուշտ անոնք պիտի յայտնեն թէ որոնցմէ առած են թալանի եւ աւարառութեան արտօնութիւնները։

3. Քրիստոնեաներուն միլիոնաւոր ոսկիներ արժող բնակարանները, վաճառատունները, եկեղեցիները, վարժարանները եւ այլ շէնքերը քարիւղ գործածելով այրողները գիտեն անշուշտ այս աղէտին պատասխանատուները եւ որոնց կողմէ դրդուելնին, զանոնք կրնաք հարցաքննել։

4. Անձի, ստացուածքի եւ կալուածներու այսչափ ահագին կորուստի պատճառ եղող եւ հրկիզումները թոյլատրող կուսակալ Ճէվատ պէյ եւ Ֆէրիգ Մուսթաֆա Րէմզի փաշա եւ ասոնց գաղափարակիցներն եղող պաշտօնեաներն ու տեղացի երեւելիները եւ իսլամ կրօնականներն են այն աղետալի պատահարներուն պատճառները եւ որոնք շատ դիրաւ կրնան գտնուիլ։

5. Այսչափ սպաննութիւններն ու թալանները կատարող եւ աւերումներու պատճառ եղողները եթէ միայն իրենց անձնական կամքովը կատարեցին, իրենք պատասխանատու են, իսկ եթէ ուրիշներու դրդումովն ու հրամաններովը գործեցին այս աւերները, այն ատեն պատասխանատուութեան երկու կողմերուն վրայ ծանրանալը որոշ է։

6— Եթէ Պատերազմական Ատեանը՝ քրիստոնեաները ջարդող, գոյքերը թալանող եւ տուները հրկիզող իսլամները քիչ մը նեղէ, անկասկած անոնք շատ դիւրութեամբ պիտի խոստովանին այս հրամանին եւ արտօնութեան ուրկէ եւ որմէ առնելնին ու այսպէս ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը երեւան պիտի ելլէ։ Վասն զի այս քաղաքին եւ այս կողմերուն իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդները տարիներէ ի վեր խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ միասին ապրած են, եւ նոյն իսկ՝ 14 տարի առաջ երկիրը ծայրէ ի ծայր արիւնով ներկող եւ կրակով ու ողբ ու կոծերով խանծող ընդհանուր ջարդ եւ աւերումի միջոցին, այս կողմերը մասամբ եւ Ատանայի քաղաքը ամբողջութեամբ զերծ մնացած է։ Հետեւաբար մեր խնդրանքը սա է թէ՝ փոխանակ կարգ մը պարզ ոճրագործներ ու աւարառուներ պատժելու, բուն դրդիչները եւ այս աւերումին պատճառ եղողները գտնելով պատժուելու են, եւ փոխանակ մեր իսլամ հայրենակիցներէն տասնեակ հազարաւոր տգէտ ու միամիտները մահուամբ պատժելու, զանոնք դրդող կարգ մը՝ ոճրագործ եւ հայրենիքի դաւաճանները, պաշտօնեայ եւ պետերն ու իսլամ երեւելիները եւ կրօնական պետերը առանց տարբերութեան պէտք է պատժուին մահուան վճիռով, եւ այսպէս թէ խեղճ ժողովուրդը կ՚ազատի, թէ արդարութիւնը կը գործադրուի, եւ թէ հայրենիքի օրհնեալ հողը անմեղ արիւնով չարատաւորուիր»։

10 Յունիս 1909