ԱՏԱՆԱՅԻ
ԲԱՆՏԻՆ
ՄԷՋ
Կառավարական
պաշտօնատան
բակին
մէջ
գտնուող
երկյարկ
թուրք
վարժարանին
շէնքը
Հայոց
համար
բանտի
վերածուած
էր,
որուն
գետնայարկ
սենեակը
որ
հազիւ
տասը
հոգի
կրնար
պարունակել,
լեցուցած
էին
հարիւր
յիսունի
չափ
Հայեր։
Այս
փոքրիկ
շէնքին
շուրջը
իբր
պահակ
կը
սպասէին
տասնէ
աւելի
սուինաւոր
արապ
զինուորներ,
որոնք
չարաչար
կը
նեղէին
դժբաղդ
բանտարկեալները։
Գետնայարկ
սենեակէն
ներս
կը
թխմեն
նաեւ
ինձ
հետ
տարիքոտ
ու
տկարակազմ
բժիշկ
մը,
եւ
ուրիշ
մի
քանի
հայեր։
Ներսը
մութին
եւ
թունաւոր
մթնոլորտին
մէջ
սպասող
մեր
տարաբաղդ
եղբայրները
գրկաբաց
կ՚ընդունին
զմեզ
եւ
լալահառաչ՝
տեղեկութիւններ
կ՚ուզեն
իրենց
դուրսի
անպաշտպան
ընտանիքներէն։
Յուզումէս
բառ
մը
չեմ
կրնար
արտասանել
եւ
ապականած
օդէն
շնչահեղձ՝
կ՚իյնամ
մի
քանի
Հաճընցի
հայրենակիցներուս
գիրկը։
Հոն
էր
մեր
ամենուն
սիրելի
Գասապ
Միսաքը,
որ
տեսնելով
իմ
խելայեղ
վիճակս
խոշոր
ջուրի
սափոր
մը
շալկած
կուգայ
քովս,
ափերովը
ջուր
կը
նետէ
երեսիս։
Քիչ
մը
կը
սթափիմ
ու
շուրջս
կը
դիտեմ
եւ
ի՞նչ
տեսնեմ,
նեղ
սենեակին
մէջ
իրարու
վրայ
լեցուած
էին
դժբախտ
հայերը,
որոնք
կուրծք
կուրծքի
տուած
փոխն
ի
փոխ
կը
նստին
ու
կը
պառկին
գետինը,
գրեթէ
իրարու
վրայ։
«Հա՜ց
կուզենք,
ջուր
տուէք,
Աստուծոյ
սիրոյն,
Մարգարէին
անունով
ըլլայ,
անօթի
մեռանք»
կը
պոռան
մեր
տղաքները,
սակայն
ականջ
տուող
չի
կայ։
Բնական
պէտքի
համար
դուրս
ելլել
կ՚ուզեն
ու
չեն
թոյլատրուիր,
եւ
որով
սենեակին
մէկ
անկիւնն
ալ՝
ստիպել
յատկացուցած
էին
բնական
պէտքերուն
համար
եւ
անոնց
հոտն
ալ
կը
խառնուէր
արդէն
թուանւոր
մթնոլորտին…։
Հոս
բանտին
մէջ
ալ
հայու
կռիւ
կայ։
Իրարու
հետ
կը
ծեծքուին,
զիրար
կը
հրմշտկեն,
ապտակներ
կը
շառաչեն,
կը
պոռան,
կ՚աղերսեն,
կուլան
ու
երբեմն
ալ
յուսահատութեան
ցնորանքով
կը
խնդան
եւ
ասոնց
ամենուն
վրայ
կը
հսկէ
մեր
սիրելի
Գասապ
Միսաքը.
ան
կը
խրատէ,
ի
հարկին
կը
սաստէ
եւ
երբեմն
ալ
շառաչուն
ապտակներ
կ՚իջեցնէ
աջ
ու
ձախ։
Միսաքն
է
որ
հաց
կը
գտնէ
եւ
ջուր
կը
հայթայթէ
պատուհանի
ծակերէն,
սիրաշահելով
նոյնիսկ
քարսիրտ
արապ
զինուորները։
Օսմ[անեան]
Սահմանադրութեան
հրատարակուած
օրերուն
Ատանայի
Հայ
եւ
Թուրք
ժողովուրդին
մասնակցութեամբը
կանգնած
Յաղթութեան
կամարին
տակ
Սահմանադրութեան
պահպանման
համար
կատարուած
երդումի
արարողութիւնը։
Յիշեալ
յաղթական
կամարն
է
որ
Հայերու
ձեռքով
քանդել
տուաւ
կուսակալ
Ճէվատ
պէյը
(տե՛ս
էջ
115)
Քիչ
մը
մաքուր
օդ
առնել
կ՚ուզեմ
եւ
սակայն
անկարելի
էր,
մեր
Միսաքին
օգնութիւնը
կը
խնդրեմ։
Գասապ
Միսաքը
զինուորներուն
կ՚աղաչէ ,
«արգատա՛շ,
հիւանդ
է
այս
երիտասարդը,
խղճացէք
վրան,
քիչ
մը
դուրս
պիտի
ելլէ,
թոյլատրեցէք»,
եւ
քարսիրտ
արապ
տասնապետը
երկար
նազանքներէ
ետքը
կարտօնէ
ինձ
դուրս
ելլելու
շատ
շուտ
վերադառնալու
պայմանաւ։
Զինուորի
մը
սուինին
ծայրէն
կը
յառաջանամ
կատարեալ
ուշադրութեամբ,
յանկարծ
վերի
յարկի
բանտէն
ծանօթ
հայերու
ձայներ
կը
լսեմ,
որոնք
զիս
վերը
կը
կանչեն,
սակայն
զինուորը
կ՚արգիլէ,
եւ
ստիպուած
միեւնոյն
զգուշութեամբ
կը
վերադառնամ
մեր
մութ
զնտանը։
Քիչ
ետքը
ոստիկան
մը
կը
ներկայանայ
եւ
մի
քանի
անուններ
կուտայ
որոնց
մէջ
էր
նաեւ
իմ
անունս,
իսկոյն
դուռը
կ՚երթամ
յուսալով
որ
պիտի
արձակուիմ
մինչդեռ
բանտին
վերի
յարկը
կամ
բանտի
Ա.
օթեակը
հրաւիրուած
էինք,
ծանօթ
բարեկամներու
միջնորդութեան
շնորհիւ։
Սանդուխներէն
վեր
բարձրանալով
կը
մտնենք
բաւական
ընդարձակ
սենեակ
մը,
որուն
մէջ
կը
գտնուէին
մի
քանի
Հայ
երեւելիներ,
որոնցմէ
կ՚ընդունուինք
եղբայրական
գուրգուրանքով
մը։
Օ՜խ
ինչ
մաքուր
օդ,
եւ
սակայն
կը
մտածէի
թէ
մեր
վարի
եղբայրները
արդեօք
ո՞ւր
մնացին…։
Մեր
սենեկակից
ոստիկաններն՝
որոնք
մեծամասնութեամբ
ջարդի
թալանի
հերոսներն
են,
պահ
մը
կը
քծնեն
եւ
կը
շողոքորդեն
հայ
երեւելիներու
հանդէպ,
եւ
երբեմն
ալ
այնչափ
կը
ստորնանան
որ
կը
սկսին
ամէն
նախատինքներ
ընել,
հայհոյութեանց
աղտոտ
լուտանքներ
թափել
մեր
հասցէին.
կը
պարծենան
իրենց
քաջագործութեանց
վրայ,
անամօթաբար
իրենց
մատներուն
վրայ
կը
համրեն
եւ
անունները
կուտան
իրենց
առեւանգած
ու
անպատուած
կամ
սպաննածներուն,
եւ
մենք
բանտարկեալներս՝
հակառակ
մեր
բուռն
զայրոյթին
լուռ
ու
մունջ
եւ
գլխահակ
մտիկ
կ՚ընենք
այս
ամենը։
Իրիկուն
է,
մութը
կոխած,
պառկել
կ՚ուզենք
գոնէ
քունով
հանգստացնելու
համար
մեր
փոթորկայոյզ
ուղեղը։
Բայց
ո՞ւր
եւ
ի՞նչի
վրայ
պիտի
պառկինք։
Ոտքի
կոշիկս
կը
հանեմ
ու
գլուխտ
տակը
կը
դնեմ
իբրեւ
բարձ
եւ
կը
փռուիմ
գետինը
չոր
տախտակին
վրայ։
Քովս
բժիշկ
մը
կը
փռուի
գետինը
եւ
քայլ
մը
անդին
երջանիկ
թուրք
ոստիկանները
կը
պառկին
կակուղ
անկողիններու
մէջ…։
Գիշերը
պահ
մը
երազիս
մէջ
կը
լսեմ
ձայներ,
որոնք
մեր
տրտունջներն
էին։
Իսկ
մեր
տակի
սենեակը
կռիւն
անպակաս
է
մինչեւ
առտու,
իրարու
դէմ
կը
պոռան,
կը
ծեծքուին,
մեզմէ
աւելի
դժբախտ
մեր
խեղճ
եղբայրները։
Առաջին
գիշերէն
ետքը,
բաւական
կը
վարժուինք։
Գիշերները
մինչեւ
ուշ
ատեն
պատմութիւններով
կ՚անցնենք,
որովհետեւ
երկար
ցորեկները
իրիկուն
ընելու
համար
ստիպուած
ենք
միշտ
քնանալու։
Ամէն
օր
նորանոր
ընկերներ
կուգան
բանտ
եւ
ա՛լ
աւելի
կը
լեցնեն
մեր
երկյարկ
բանտը։
Մէրսինէն,
Թարսուսէն,
Սիսէն,
Հաճընէն
եւ
վերջապէս
աղէտին
բոլոր
վայրերէն
կը
բերեն
նորանոր
հայ
բանտարկեալներ։
Ատանայի
աղէտին
Ժավէրը՝
վարպետ
բարակի
մը
պէս
կը
փնտռէ
բոլոր
ծակ
ու
ծուկերը
եւ
կը
բերէ
ձեռք
անցուցած
հայերը
զորս
երախտագիտութեամբ
կ՚ընդունի
վատոգի
միւսթանթըգ
Զիւլֆօն,
միշտ
խոստանալով
անշուշտ
լիառատ
վարձատրութիւն։
Օր
մ՚ալ
յանկարծ
միւսթանթըգ
Զիւլֆօն
կ՚երեւայ
մեր
բանտին
սեմին
վրայ
եւ
ներս
կը
հրաւիրէ
կարգ
մը
քիւրտ
մշակներ
եւ
քանի
մը
թուրքեր,
որոնք
առաջին
ջարդին
միջոցին
հայոց
թաղին
մէջ
մնալով
հայերու
գթութեան
յանձնուած
եւ
ողջ
առողջ
պահուած
էին։
Նոյնիսկ
մեր
հացը
տալով
անոնք
կերակրած
էինք
եւ
հիմա
մեր
վրայ
սուտ
վկայութիւն
ընելու
եկած
էին,
ցուցնելու
համար
իբրեւ
Ֆէտայի
կարգ
մը
անմեղ
կտրիճներ
որոնք
իրենց
կեանքը
պաշտպանած
էին։
Զիւլֆօն
դարձեալ
մատովը
կը
ցուցնէ
եւ
քիւրտերը
«այո՛,
մէկն
ալ
աս
էր»
կը
կրկնեն։
Եւ
օր
մ՚ալ
յանկարծ
այս
սուտ
վկաներէն
մէկն
ալ
զիս
ցոյց
տուաւ
իբրեւ
ֆէտայի,
որուն
դէմ
հակառակ
ըրած
բողոքներուս
Զիւլֆօն
ուրախ
զուարթ
արձանագրեց
տրուած
անուններուն
հետ
իմ
անունս
ալ։
Առտու
մ՚ալ
կը
լսենք
շղթաներու
շառաչիւն
մը։
Ընդոստ
արթննալով
պատուհան
կը
վազենք
եւ
ի՜նչ
տեսնենք
Գասապ
Միսաքի
եւ
ընկերներուն
ոտքերը
անցուցած
էին
ահագին
շղթաներ,
որոնք
կը
տարուէին
կառավարութեան
պաշտօնատան
գետնայարկը։
Մեր
աննման
Միսաքը
շղթաներու
օղակին
շարքը
մէկ
ձեռքովն
ժողվելով
կը
նետէ
ուսին
վրայ
եւ
կը
գոչէ
«Միսաքը
ասանկ
բաներէ
չի
վախնար»։
Քանի
մը
օրուան
մէջ
շղթայակապներու
թիւը
կը
բազմապատկուի,
մեր
մէջէն
ալ
կը
տանին
Սամուէլ
էֆ[էնտի]
Աւետիսեանն
ու
դեռատի
երիտասարդ
Պ.
Վահան
Թորիկեանը,
որոնց
ոտքերուն
կ՚անցունեն
ահագին
շղթաներ
եւ
սակայն
ասոնք
չեն
դիմանար,
կուլան,
կ՚աղերսեն
եւ
մենք
այս
ամէնը
ծակերէն
դիտելով
կը
հալինք
ու
կը
մաշինք
եւ
շղթաներու
կարգին
կը
սպասենք։
Շղթայակապերու
թիւը
հասաւ
տասն
եւ
եօթի
եւ
որով
ստիպուեցանք
գաղտնապէս
լուր
ընել
պատրիարքարանի
կողմէ
ղրկուած
պատուիրակութեան,
խնդրելով
որ
հաճին
գոնէ
անգամ
մը
մեզ
այցելել
իրենց
աչքերով
տեսնելու
համար
մեր
անտանելի
վիճակը։
Ոստիկանապետին
առաջնորդութեամբ
մեր
բանտը
եկան
պատուիրակները
Վեհապետեան
Սրբազան,
Ասլանեան
Հայրսուրբն
ու
Սարգիս
Սուին
էֆէնտին,
որոնք
յայտնապէս
յուզուեցան
մեր
խղճալի
վիճակը
տեսնելով
եւ
հակառակ
մեր
անհամբերութեանը
անոնք
չի
կրցան
երկու
բառ
արտասանել։
Բաւական
ատեն
լուռ
մնալէ
ետքը
Վեհապետեան
սրբազան
առաջ
անցաւ
եւ
սկսաւ
թրքական
քաղաքականութեամբ
մը
մխիթարական
խօսքեր
ուղղել
մեզ,
«կառավարութեան
շնորհիւ
հանգիստ
ըրէք,
եւ
աղօթեցէք
Վեհ.
Սուլթանին
կենացը,
համբերեցէք,
մօտ
օրեն
Արդարութիւնը
կը
փայլի
եւ
կը
յուսանք
թէ
ձեր
ամենքին
անմեղութիւնը
կը
հաստատուի»,
եւ
դառնալով
ոստիկանապետ
եղող
զազիր
Շաքիրին
«Շատ
շնորհակալ
ենք,
գոմիսէր
պէյ,
որ
մեր
բանտարկեալները
հանգիստ
կը
պահէք,
Աստուած
ձեզի
կեանք
տայ»
ըսաւ,
եւ
երբ
մեկնելու
կը
պատրաստուէր՝
անմիջապէս
Սրբազանին
մօտենալով
կամաց
ձայնով
ու
հայերէն
լեզուով
ըսի
իրեն.
«Սրբազան
Հա՛յր,
առանձին
մնացէք,
ոստիկանապետը
քիչ
մը
դուրս
ղրկեցէք,
ըսելիքներ
ունինք»։
Սրբազանը
կը
լսէ
ըսածներս
սակայն
անպիտան
Ոստիկանապետին
կասկածը
չի
հրաւիրելու
զգուշութեամբ
չի
լսածի
կուտայ
եւ
կը
պատրաստուին
մեկնիլ։
Այլեւս
մեր
համբերութիւնը
հատած
կը
սկսինք
բարձրաձայն
պոռալ
որ
«դիմացը,
խոնաւ
ստորերկրեայ
յարկերուն
մէձ
տասնեւեօթը
շղթայակապներ
կան,
անոնղ
վիճակը
տեսէք»։
Ոստիկանապետը
կը
բարկանայ
մեր
յանդգնութեանը
վրայ
եւ
պատուիրակութիւնը
կը
ստիպուի
դիմել
կուսակալին։
Նորեկ
կուսակալը
Մուսաթաֆա
Զիհնի
փաշա՝
կը
ջանայ
հաւտացնել
թէ
միայն
մէկ
երկու
շղթայակապներ
կան
զորս
տեսնել
չ՚արժեր
եւ
սակայն
Պատուիրակութիւնը
կը
պնդէ
իր
պահանջումին
վրայ,
որով
կ՚առաջնորդուին
մեզմէ
աւելի
դժբախտ
շղթայակապներուն
քով։
Մեր
ազգային
պատուիրակները
ապշութեամբ
կը
տեսնեն
տասնեւեօթը
շղթայակապները,
որոնց
մեծամասնութիւնը
հիւանդացած
եւ
ընկճուած
էին
ծանրաբեռն
շղթաներու
տակ։
Մեր
ազգային
պատուիրակութեան
խնդրանքովը
շղթաներուն
մէկ
մասը
քակուեցան
եւ
մէկ
մասն
ալ
գոնէ
թեթեւցան։
Գիշերները,
ո՜հ
այն
ահռելի
գիշերները
շղթաներու
ձայներէն,
բանտարկեալներու
կռիւներէն,
քիչ
մ՚անդին
գտնուող
մեծ
բանտի
թուրք
բանտարկեալներուն
աղմուկներէն,
լուերու
եւ
միլիոնաւոր
ոջիլներու
տուած
նեղութիւններէն
անկարելի
կ՚ըլլար
քնանալ։
Յանկարծ
պոռչտուք
մը
կը
սկսի,
զէնքեր
կ՚արձակուին
«հրդեհ
կա՜յ»
կը
պոռան,
ոստիկաններն
ընդոստ
արթննալով
կիսամերկ
վիճակով
հեւ
ի
հեւ
կը
վազեն
ու
կը
վերադառնան,
հազար
ու
մէկ
հայհոյութիւններ
տեղացնելով
մեր
հասցէին։
Որովհետեւ
հայ
թաղերու
կրակներն
ու
բոցերը
երբեմն
կը
բարձրանան
ու
նոր
հրդեհի
մը
տեսարանը
կը
պարզեն
եւ
ոստիկաններն
այս
ամենը
կը
վերագրեն
Հայ
Ֆէտայիներուն,
որոնք
իբր
թէ
աւերակներուն
մէջ
պահուած՝
կրակի
կուտան
եղեր
չայրած
տուներն
ալ…։
Օր
մըն
ալ
Թուրքի
մը
իխպարովը
հայու
մը
չայրած
տունը
կը
պաշարուի,
ժամէ
մը
աւելի
հրացանաձգուիւններ
կ՚ըլլան
պարապ
տունին
վրայ,
կարծելով
թէ
տունին
մէջ
Հայ
Ֆէտայիներ
պահուած
են,
եւ
տունը
ամէն
կողմերէն
ծակծկելէ
ետքը
ներս
կը
մտնեն
ու
ոչինչ
կը
գտնեն…։
Այս
զուարճալի
մանրավէպն
ալ
պատմեց
Ալպանացի
անկեղծ
ոստիկան
մը,
խնդալով
եւ
խղճալով
մեր
վիճակին
վրայ։
Այս
Ալպանացի
անկեղծ
ոստիկանը
ընկերներէն
գաղտնի
կերպով
խորին
ցաւերը
կը
յայտնէր
մեր
վիճակին
վրայ
ըսելով.
«Այս
ի՜նչ
անգթութիւն
է,
դժբաղդ
հայեր,
ջարդուեցաք,
այրեցաք
եւ
վերջն
ալ
իբրեւ
յանցաւոր
կը
բանտարկուիք,
վա՜խ
վա՜խ
վա՜խ…»։
Անօթի
կը
մեռնինք,
կերակուր
բերել
տալ
կ՚ուզենք,
արապ
զինուորները
կարգիլեն,
հաց
կ՚ուզենք
պաղատանօք
եւ
Կուսակալին
անցած
պահուն
ամենքնիս
միաբերան
«անօթի
ենք
հաց
տուէք»
կը
պոռանք,
որով
դատապարտուած
բանտարկեալներու
կարգին
մեզի
ալ
օրական
թային
կը
յատկացուի։
Աղերսագիր,
բողոքագիր
իրարու
կը
յաջորդեն։
Կը
գրեմ
ու
կը
գրեմ
նորանոր
աղերսագիրներ
մեր
ընկերներուն
կողմէ
եւ
ամենուն
պատասխան
կուգայ
«սպասեցէք,
Պատերազմական
Ատեան
կուգայ
Պոլիսէն»։
Այլեւս
մեր
աչքերը
կ՚ուղղենք
դէպ
ի
Պոլիս։
Մեր
լրագիրները
կ՚ուզենք
թղթատունէն
իբրեւ
ամենամեծ
մխիթարութիւն
եւ
ժամանցի
միջոց,
եւ
սակայն
այսչափն
ալ
շատ
կը
տեսնուի,
եւ
վերջապէս
կրկնակի
դիմումներով
կը
յաջողինք
սանսիւրէ
անցնելէ
ետքն
առնել
մեր
լրագիրները
որոնք
մեզ
կը
բերեն
Սահմանադրութեան
գոյութեան
երջանկաբեր
լուրերը։
(Միայն
թերթերէն
կ՚իմանանք
Սահմանադրութեան
գոյութիւնը)։
Բանտին
առջեւ
պարզուած
տեսարաններն
ալ
շատ
հետաքրքրաշարժ
են։
Հազարաւոր
թուրքեր՝
նոյնիսկ
հեռաւոր
գիւղերէ
գալով
մեր
բանտին
առջեւ
կը
շարուին
տեսնելու
համար
դժբախտ
հայերուս
խղճալի
վիճակը,
որուն
ի
տես
սրտի
անհուն
գոհունակութիւն
մը
կը
զգային։
Ամէն
օր
առտուընէ
մինչեւ
իրիկուն
անոնց
միակ
զուարճութիւնը
մենք՝
Հայ
բանտարկեալներս
էինք…։
Ամէն
կողմերէ
կառքերով
եւ
պարկիրներով
թալանուած
ապրանքներ
եւ
չի
ջարդուած
տարիքոտ
հայ
կիներ
կը
բերուին։
Կառավարական
պաշտօնատան
ընդարձակ
բակը
գիւղական
մեծ
գոմի
մի
վերածուած
էր։
Հոն
մեր
աչքին
առջեւ
էին
գիւղացի
հայերուն
ունեցած
չորքոտանիներուն
մէկ
մասը,
որոնք
կը
զատուէին
ողջ
մնացող
տարիքոտ
կիներու
ձեռքով։
Անդին
հայ
կին
մը
կովի
մը
պարանոցին
փաթթուած՝
լալով
կը
համբուրէր
ճակատը,
իբրեւ
յիշատակ
իր
երջանիկ
անցեալին
եւ
ասդին
առեւանգուած
հայուհի
մը
ձեռքերը
հինա
քսուած
եւ
ճիճի
պիճի
ջարշաֆներու
մէջ
փաթթուած
խումբ
մը
Թուրքերու
հետ
կառավարատուն
կը
բերուի
կրօնափոխութիւնը
հաստատուելու
համար
ու
առանց
երկար
բարակ
ձեւակերպութիւններու
միայն
անունը
կը
փոխուի
եւ
Թուրքերը
ուրախ
զուարթ
առնելով
կը
տանին
իրենց
որսը։
Այսպիսի
բազմաթիւ
տեսարաններու
մէջ
տեսանք
մէկ
Հայուհի
մ՚ալ
որ
չէր
ուզէր
երթալ
Թուրքերուն
հետ,
սակայն
քաշկռտելով
առին
տարին
կառավարութեան
եւ
ոստիկանութեան
աչքին
առջեւ։
Ամենէն
գեղեցիկ
տեսարանը
կը
կազմէին
օտար
մարտանաւերու
հրամանատարներուն
այցելութիւնները,
որոնք
այլ
եւ
այլ
տարազներով,
ոսկեճամուկ
զգեստներով,
փետրաւոր
գլխարկներով
ու
բազմաթիւ
կառքերով
կուգային
կուսակալին
այցելութեան։
Մենք
ալ
բանտին
ծակերէն
անոնց
գալը
տեսնելով
մխիթարութիւն
կը
զգայինք,
մինչդեռ
վերջը
կը
հասկնանք
որ
անոնց
ամբողջ
խօսակցութիւնը
իրենց
մի
քանի
հպատակներուն
պաշտպանութեան
շուրջը
կը
դառնար
եւ
մեր
խօսքն
անգամ
չ՚անցնիր…։
Բանտի
յիշատակները
առանց
երկարելու
անցնենք
աւելի
կարեւոր
խնդիրներու։
Վերջապէս
օր
մ՚ալ
կը
լսենք
որ
Պատերազմական
Ատեանը
ժամանած
է։
Ուրախութիւննիս
չափ
չունէր
զիրար
կը
շնորհաւորէինք
յուսալով
թէ
անմիջապէս
ազատ
պիտի
արձակուինք։