ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲՈՂՈՔԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՏՈՒԵԼԻՆԵՐ ԵՒ ՔԱՐՈԶԻՉՆԵՐ

ՓՐՕՖ. ՍԱՐԳԻՍ ԼԵՒՈՆԵԱՆ՝ 60 տարեկան՝ Եէյլ համալսարանէն շրջանաւարտ եւ Այնթապի Կ. Թ. գօլէճի նշանաւոր ուսուցիչներէն։

ՎԵՐ» ՆԱԶԱՐԷԹ ՀԵՂՆԵԱՆ՝ 52 տարեկան, Կ. Թ. գօլէճէն եւ Մարաշի Աստուածաբանական վարժարանէն շրջանաւարտ եւ Սկովտիոյ մէջ կատարելագործած Մարաշ—Ագտէրէի հովիւ։

ՎԵՐ. ՅԱԿՈԲ ԳՈՒՆՏԱԳՃԵԱՆ՝ 65 տարեկան, Մարաշի Աստուածաբանականէն շրջանաւարտ եւ 32էն ի վեր հովիւ Հասան Պէյլիյի։

ՎԵՐ. ԿԻՐԱԿՈՍ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆ՝ 75 տարեկան Եէրէ Պագանի հովիւ։

ՊԱՏ. ԼԵՒՈՆ ՍՈՂՈՎՄԷԵԱՆ՝ 40 տարեկան, Կ. Թ. գօլէճի եւ Մարաշի Աստուածաբանականէն շրջանաւարտ ազնիւ եւ լուսամիտ երիտասարդ մ՚էր։ Հովիւ Հաճընի բող. Բ. եկեղեցիի։

ՊԱՏ. ՄԵԼԻՏՈՆ ՄԱԼԵԱՆ՝ 38 տարեկան, բնիկ Յաճընցի Տարսոնի գօլէճէն եւ Մարաշի Աստուածաբանականէն շրջանաւարտ, շատ ազնիւ զուարթախօս եւ համեստաբարոյ թանկագին երիտասարդ մ՚էր, հովիւ Սիսի բողոք. եկեղեցւոյ։

ՊԱՏ. ԿՈՍՏԱՆԴԻՆ ՍԻՅԱՀԵԱՆ 31 տարեկան շրջանաւարտ Կ. Թ. գօլէճէն եւ Մարաշի Աստուածաբանականէն, բնիկ Հաճընցի եւ քարոզիչ Գարս փազարի։

ՊԱՏ. ՅԱԿՈԲ ԱԼՊԱՐԵԱՆ՝ 30 տարեկան, Կ. Թ. գօլէճէն եւ Մարաշի Աստուածաբանականէն, բնիկ Յաճընցի Կէպէնի քարոզիչ։

ՊԱՏ. ԱՐՏԱՇԷՍ ՊՕՅԱՃԵԱՆ՝ 32 տարեկան, բնիկ Հաճընցի Տարսոնի գօլէճէն եւ Մարաշի Աստուածաբանականէն շրջանաւարտ։ Շար-տէրէի քարոզիչ։

ՎԵՐ. ՃՕՐՃԻ ՇԷՄՄԱՍ՝ Ուրֆայի բողոքական եկեղեցւոյ Ասորի հովիւն էր։

ՎԵՐ. ՍԹԻԼԻԱՆՈՍ ԱՍԼԱՆԻՏԻՍ՝ 45 տարեկան, թէեւ յոյն սակայն միշտ Հայոց մէջ անցուցած է իր կեանքը, նախապէս Շար-տէրէ եւ վերջը Հաճըն։ Զուարթախօս եւ ազնիւ անձնաւորութիւն մ՚էր։

ՎԵՐ. ԶԱՔԱՐԻԱ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ՝ Կ. Թ. գօլէճէն եւ Խարբերդի Աստուածաբանական վարժարանէն շրջանաւարտ Կարմունճի եկեղեցիին քարոզիչն էր։

ՎԵՐ. ՍԵԴՐԱՔ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆ՝ Խարբերդի Աստուածաբանական վարժարանէն շրջանաւարտ  եւ Ուրֆայի Ա. եկեղեցւոյ քարոզիչն էր։

ՊԱՏ. ՅՈՎԱԿԻՄ ԳԱՅԱԵԱՆ՝ 30 տարեկան Տարսոնի գօլէճէն եւ Մարաշի Աստուածաբանական վարժարանէն շրջանաւարտ։

ՊԱՏ. ՆԵՐՍԷՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Կ. Թ. գօլէճի եւ Մարաշի Աստուածաբանական վարժարանէն շրջանաւարտ, ժամանակ մը Մարաշի բողոքական Գ. եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ վերջը Հիւսնիմանսուրի։

ՎԵՐ. ՍՏԵՓԱՆ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ՝ Կ. Թ. գօլէճէն եւ Մարաշի Աստուածաբանականէն շրջանաւարտ։

ՊԱՏ. ԱՍԱՏՈՒՐ ԹՕՓԱԼԵԱՆ՝ 55 տարեկան, Հաճընցի Ֆէքէյի քարոզիչ։

ՊԱՏ. ԿԱՐԱՊԵՏ ՔԻՒՓԷԼԵԱՆ՝ Տարսոնի գոլէճէն  շրջանաւարտ Օսմանիյէի քարոզիչ։

ՊԱՏ. ՄԱՐԳԱՐ ԳԱԼՈՒՍՏԵԱՆ՝ 44 տարեկան, Մարաշի Աստուածաբանականէն շրջանաւարտ Համիտիյէի քարոզիչ։

ՎԵՐՋ Ա. ՀԱՏՈՐԻ