ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵԳԻՊՏԱՑԻ ԱԶՆՈՒԱԶԱՐՄ ԵՒ ԳՐԱԳԷՏ ԻՍԼԱՄԻ ՄԸ ԲՈՂՈՔԸ
(Հրատարակուած՝ Եգիպտական «Էլ Մուգաթթամ» շաբաթաթերթի, 18թիւ եւ 16/29 Ապրիլ 1909 օրինակին մէջ)

Ո՜վ Իսլամներ,

«Աստուծմէ չի վախցա՞ք, մարդոցմէն չամցա՞ք, ձեր քրիստոնեայ եղբայրները թշնամանելնուդ եւ սպաննելնուդ համար. ձեր այս արարքն ամենամեծ ապացոյցն է, ո՜վ անիրաւողներ՝ թէ մէջերնիդ չկայ խելացի իսլամ մը, ոչ ալ ազնիւ սրտի տէր մէկը։ Ձեռքերնիդ չի դողա՞ց, ի՞նչ շահեցաք այդ խռովութեամբ, որուն նմանը չի տեսնուեցաւ դարերու մէջ, բարբարոս ազգերէն ո՞րն այդպիսի ոճիրներու դիմեց. ափսո՜ս այն ծնողքներուն որ զձեզ ծնան, եւ ափսո՜ս այն պատուական երկրին որ զձեզ սնոյց իր պտուղներով եւ ջուր խմցուց գետերովը, եւ զձեզ պահեց իր հովանիին տակ։

 

Ո՜վ Իւլէմաներ,

Այն փաթթոցներն որոնցմով գլուխնիդ ծանրացուցած էր, գործիք ըրիք զանոնք տգէտները խաբելու, քիչ ատենէն ամօթէն պիտի ծածկեն տեսողութիւննիդ եւ մինչեւ բերաննիդ իջնելով պիտի թունաւորեն զձեզ։ Աստուած, Մուհամմէտ եւ Գուրանն անպարտ են, այդ երեքէն ոչ մէկը չ՚արտօներ ձեր արարքները։ Ցոյց տուէք ձեր գիրքերն ու օրէնքներն որ արտօնեն զձեզ այդ անիրաւութիւններն ու սպաննութիւններն ի գործ դնելու։ Մենք չենք գիտեր ո՛ եւ է կրօնք մը որ կը թոյլատրէ այդպիսի խժդժութիւններ. իսկ եթէ գտնուի անոնց մէջ ատանկ բան մը, երեսնիս կը դարձնենք եւ կ՚ատենք զայն. քա՜ւ լիցի, անպարտ կ՚ըլլանք անկէ, ինչպէս որ մաքուր եւ անպարտ է Երկնից Աստուածը։

 

Ո՜վ Թուրքեր,

Աշխարհ սքանչացաւ եւ ազգերը փառաբանեցին զձեզ, իմ երակներուս մէջ հոսող արիւնը ձեր ալ երակներուն մէջ կը հոսի եղեր, ինքնիրենս կ՚ըսէի թէ Աստուած զիս թուրք ստեղծած ըլլալուն պէտք է որ թուրք մեռնիմ, բայց այսօր ամօթէս կը կարմրիմ եւ կ՚ուզեմ վարագոյրի ետեւ մնալ եւ աչքի չերեւալ։ Կը փափաքէի որ գիտնայիք ինչ որ կար ձեր ու խղճմտանքին միջեւ, այսինքն մարդկային գութ ունենալը. կը սիրէի որ երակներուս մէջ չհոսէր այն արիւնն որ եղբայրասպանութեան կը մղէ. այս ես չեմ միայն ըսողը, այլ իմ հետ է ամէն Օսմանցի. քաւ լիցի, այլ բոլոր մարդիք որ մարդկային արարածը կը յարգեն։

 

Ով Օսմանցիներ,

Յիմարացա՞ք արդեօք, միթէ չէ՞ք տեսներ թէ ո՞ւր կը դիմենք. այսօր այս վայրկեանիս որ սոյն տողերը կը կարդանք մեր զրկեալ եղբայրները կը ջարդեն, տուներնին կ՚այրեն եւ այնպիսի տառապանքներու կ՚ենթարկեն, որոնց ո՛չ մէկ մարդկային արարածի կողմէ ենթարկուած էին. հիմա աչքերնուս առջեւ կը պատկերանայ ազգ մը, որուն միակ յանցանքն եղած է երախտագէտ վստահութիւն տածել հանդէպ իրեն դրացի եւ հայրենակից գտնուողներուն, որոնք այսօր կը մորթեն զանոնք, ինչպէս կը մորթեն ողջակէզները, այդ կարմիր ու եռացոլ արիւնները կը հոսին հայրենիքի էջին վրայ։

 

Ո՞վ Բանաստեղծներ, Ո՜վ Գրագէտներ,

Մէկ կողմ թողուցէք երեւակայութիւններն ու նկարագրութիւնները սեւ մազերու, կարմիր այտերու, եւն., ելէ՛ք, ոչ թէ ինձ հետ, այլ Արդարութեան հետ պարսաւենք այդ սեւ արարքներն ու կարմիր օրը։ Գործածեցէք գրիչնիդ գէթ թղթի վրայ պատկերացնելու խուժդուժ իրողութիւնները, զի բանաստեղծին եւ գրագէտին պարտքն է պարսաւել անիրաւներն եւ մխիթարել աղէտեալները, իրենց անկ է նախ փղձկիլ, որպէս զի կարենան փղձկեցնել զիրենք լսողներու սիրտը։ Արիւնահեղութեան մէջ դարձանք նախնական վայրենութեան, ուստի հարկ է նաեւ այդ պայմաններուն մէջ դառնանք հին շրջաններու ողբերու ձեւին։ Եղո՜ւկ այն ազգը, որուն հետ դարերով ապրեցանք. այսօր զոհ կ՚երթայ խժդժութեանց։

 

Ելէ՛ք ով Ազատականներ ելէ՛ք,

Դուք փոքրաթիւ, եւ մոլեռանդները բազմաթիւ են. եթէ զանոնք ցիրուցան ընելու, բզկտելու եւ անիրաւեալ եղբարց վրէժը լուծելու յոյս չկայ, մարտիրոսացածներու հետեւելու ամենափոքրը՝ մեր մահն է. այնպիսի շրջանի մը մէջ կ՚ապրինք՝ որմէ խուսափիլ պէտք է դառն մահով, մենք կորսուած ենք մեր ունայնամտութեամբ եւ սուտ արժանիքով. այդ պայմաններուն տակ ապրիլն հաճելի չէ։

 

Ո՛վ Արեւմտեան ազգեր,

Խօսեցէք մեզի դէմ, որովհետեւ արժանի ենք մեղադրանքի, բայց երբ գրիչ շարժէք, յիշեցէք թէ հոն կան Օսմանցիներ որ արիւն կուլան եւ չեն փափաքիր այդ կեանքն եւ որ երբէք չեն հանդուրժեր այս պատուական երկրին մէջ տեղի ունեցածներուն։

 

Ո՜վ Օսմանցիք որ Եգիպտոս կը բնակիք,

Փութացէք մեզ միութիւն մը կազմելու եւ այդ պատուական երկիրը հաստատենք իր կառավարական օրէնքներուն ու արդարութեան մէջ, եւ ամենքս ալ կամաւոր դիմենք դէպի Անատօլու։ Եթէ իրօք գործադրէք զայդ, կը յառաջանամ ձեր կարգերուն մէջ, կաքաւելով երգելով, ամենքս ալ միասին երթալու. այս ըսի եւ ինձ հետ շատեր ըսին, բայց ջանադիր ըլլալն անհրաժեշտ է։ Երթանք Ատանա եւ այլուր եւ մարենք այդ երկիրներու կրակն եւ բարձրանանք անոնց լեռները, պաշտպանենք մնացողներն եւ վրէժն առնենք կորսուածներուն. եւ եթէ չընենք այդ, անկէ յետոյ ձեզմէ ո՛չ ոք իրաւունք կ՚ունենայ հայրենասէր կոչուելու. ըսէք թէ ստախօս ենք։ Իսկ ընտանիք ու զաւակ ունենալու առարկութիւններն անընդունելի են. ես ալ ընտանիք ու զաւակներ ունիմ, թող զոհ ըլլան հայրենիքին եւ ողջակէզ այդ խողխողուածներուն. օ՛ն մեռնինք եւ թող ապրի հայրենիքը, բայց վրէժ առնենք զուլումէն եւ անոր հետքը չթողունք»։

ՎԷԼԻԷՏՏԻՆ ԵԷԿԷՆ

ՎԵՐՋ Գ. ՀԱՏՈՐԻ