ԱՏԱՆԱՅԻ
ԵՐԳԸ
Կոտորածն
անգութ
հայերը
թող
լան
Անապատ
դարձաւ
շքեղ
Ատանան,
Կրակն
ու
սուրը,
խուժանն
ու
թալան
Ռուբէնի
տունը,
ա՜խ
ըրին
վիրան։
Ալ
մի
տար
լոյսդ,
պայծառ
արեգակ
Լոյսիդ
շուրջ
կապէ
դու
սուգի
մանեակ,
Անցաւ
մեր
երկրէն,
հարաւի
խորշակ
Չորցուց
թոռմեցուց,
ծառ
ծաղիկ
համակ։
Րոպէ
մը
չ՚անցաւ,
ու
Հայոց
խեղճեր,
Ինկան
սուրին
տակ,
խուժանին
ահեղ,
Ժամեր
դպրոցներ,
բոցի
մէջ
կորան,
Բիւրաւոր
հայեր,
անկխնայ
մեան։
Անզգայ,
անօրէն
վատը
որբ
թողուց
Զաւակը
մօրմէն,
հարսը
իր
փեսէն,
Ճէվատն
անզգամ,
Ատիլը
գծուծ
Կերան
կշտացան
Հայու
արիւնէն։
Պարապ
է,
աւա՜ղ
հարուստ
Ատանան
Մոխիր
է
դարձեր
ամբողջ
Կիլիկիան,
Միայն
ապրեցաւ
Հաճընը
սիրուն
Ինչո՞ւ
չի
շարժուեց
ապառաժ
Զէյթուն։
Երեք
օր
գիշեր,
կրակը
մէջէն,
Թշնամւոյն
սուրը,
գնդակը
դրսէն
Ջնջեցին
Հայը
երկրի
երեսէն
Արիւն
կը
վազէ
մեր
ջինջ
գետերէն։
(Հայուն
Երգարանը)
ՍՄԲԱՏ
ԲԻՒՐԱՏ