ՄԵԾ
ԵՊԱՐՔՈՍԻՆ
ՀԵՌԱԳԻՐԸ
Ատանայի
կուսակալութեան
«Գարսի
մէջ
կռիւները
սկսած,
կեդրոնին
շրջակայքը
գտնուող
ագարակները
յարձակումներու
ենթարկուած
եւ
թալանուած
են,
Գոզանի
բոլոր
ուժերը
ղրկուած
են,
պահեստիներու
տեղափոխութիւնը
մեծ
դժուարութիւններու
կը
հանդիպի.
ուստի
Գոզանի
կառավարիչը
շուտով
վաշտ
մը
զօրք
ղրկուիլը
կը
պահանջէ։
Որոշուեցաւ
ուժերը
միացնել
եւ
անմիջապէս
ղրկել։
Բայց
մինչեւ
իրենց
հասնիլը
անհրաժեշտ
է
որ
բոլոր
կարելի
միջոցներուն
դիմուի։
Կառավարիչը
հրաւիրուեցաւ
ամենէն
ազդեցիկ
պարագլուխներէն
մէկ
քանին
կանչուին
եւ
Շէյխ-Իւլ-Իսլամի
ու
Հայոց
Պատրիարքարանի
պատուիրակութեան
կողմէ
անոնց
խրատներ
տրուին,
մէկ
խօսքով
ամէն
բաղխում
եւ
յարձակում
հեռացնելու
համար
անոնց
պէտք
եղած
խրատները
տալ
հրամայուեցաւ։
Կարելի
եղածին
չափ
շուտ
հանդարտութիւն
եւ
խաղաղութիւնը
վերահաստատելու
համար
պէտք
եղած
ամենէն
ազդու
եւ
անմիջական
միջոցները
անշուշտ
կը
հաճիք
ձեռք
առնել։
֍
«Թագվիմի
Վէգաի»
պաշտօնաթերթի
24
Մայիս
1325
թուակիր
համարին
մէջ
հրատարակուած
է
տեղեկագիր
մը,
ստորագրուած
Ատանայի
կուսակալ
Մուսթաֆա
Զիհնի,
զինուորական
Հրամատարին
եւ
սպաներու
կողմէ։
Այս
տեղեկագիրը
բացարձակապէս
կը
հերքէ
այն
լուրը
թէ
Տէտէ-աղաճէն
ղրկուած
երկու
գումարտակ
զինուորները
Ապրիլ
12ի
ջարդին
մասնակցած
են։
Հրամատարը
կ՚ըսէ
որ
յիշեալ
Զօրախումբը
Ատանա
մտաւ
Ապրիլ
12ին
Կիրակի
առաւօտ
եւ
բանակեցաւ
Գըշլա
Մէյտանի
կոչուած
տեղը։
Իրիկունը
զինուորները
ըստ
սովորականին
զինուորական
բանակատեղիին
առջեւ
տողաշարուած
էին,
ժամը
10ին
(ը.
թ)
քաղաքին
կողմէն
հրացանաձգութեան
ձայներ
լսուեցան։
Քիչ
յետոյ
գնդակները
զինուորներուն
աջին
ձախին
սկսան
թափուիլ։
Իսլամները
որ
դիրքերուն
մէջ
հաւաքուած
էին
կը
պոռային
թէ
«Հայերը
իրենց
յարձակումները
վերսկսան»։
Սակայն
զինուորները
զինուորական
իշխանութենէն
շարժելու
հրաման
առած
չ՚ըլլալով
այնպէս
զէնքի
տակ
մնացին
հրամանի
սպասելու։
Հրամատարը
որ
կը
ճանչնայ
զինուորներուն
անձնուիրութիւնը,
խստիւ
կը
հերքէ
հրացանաձգութեան
եւ
կողոպտուի
մասնակցած
ըլլալնուն
լուրը։
Զինուորական
մթերանոցներուն
մէջ
ըլլալիք
քննութիւնը
ցոյց
պիտի
տայ
թէ
զինուորները
բնաւ
զէնք
չեն
պարպած։
Ատանայի
բոլոր
զինուորականները
կը
խնդրեն
կառավարութենէն
որ
դատարանին
յանձնուի
«Օսմանիշէր
Լօյտ»
ի
Մէրսինի
թղթակիցը,
որ
զինուորները
երկրորդ
ջարդին
թալաններու
մասնակցած,
շէնքեր
հրդեհած
ըլլալու
յանցանքով
ամբաստանած
էր»։
«Կառավարութիւնը
կը
յայտարարէ
նաեւ
թէ
ոչ
մէկ
կոյս
թուրքերուն
կողմէ
պղծուած
է,
մէկ
հատ
միայն
Խալիտ
անունով
մէկու
մը
կողմէ
պղծուած
եւ
այն
ալ
Պատերազմական
ատեանին
յանձնուած
է»։
֎
«Լա
Թիւրքի»
լրագիրը
կը
գրէ
թէ
պաշտօնական
հեռագրի
մը
համաձայն
Ատանայի
մէջ
միայն1000
մարդ
ջարդուած
է,
որոնց
250ը
իսլամ։
Ատանայի
կուսակալին
մայիս
1
թուակիր
հեռագրին
համաձայն
Ատանայի
նահանգին
մէջ
1924
Իսլամ
սպաննուած
եւ
533
վիրաւորուած
են,
իսկ
հայերէն
միայն
1455
հոգին
սպաննուած
եւ
383
հոգի
վիրաւորուած
են։
Վիլայէթին
ամբողջ
բնակչութիւնն
է
350,
000,
որոնց
48,
475
հոգին
հայ
են»
[1]
֍
Աղէտէն
ետքը
Ատանայի
կուսակալութեան
կոչուած
Պապանզատէ
Մուսթաֆա
Զիհնի
փաշայի
կարեւոր
մէկ
պաշտօնագիրը
Ներքին
գործոց
Նախարարութեան
«Իսլամներուն
ազատ
ձգուած
ըլլալուն
լուրը
սխալ
է։
Ամէն
օր
կ՚առնեմ
իսլամ
եւ
ոչ
իսլամ
բանտարկեալներուն
թիւը,
որով
պէտք
է
հերքել
այդ
լուրը,
«Մանզումէի
Էֆքեար»ի,
«Ճէրիտէի
Շարգիէ»ի
[2]
եւ
ուրիշ
թերթերու
թղթակիցներուն
նպատակը
այնպէս
հաւտացնել
տալ
է
թէ՝
Հայերը
ձերբակալուած
են,
իսկ
Իսլամները
ազատ
կը
շրջագային։
Սակայն
կատարուած
պաշտօնական
քննութիւններէն՝
Իսլամ
երեւելիներուն
դէմ
ապացուցուած
եւ
ոչ
մէկ
բան
գտնուեցաւ,
թերեւս
ապագայի
քննութիւններուն
մէջ
անոնք
ալ
յանդիմանելու
բան
մը
գտնուի։
Հայերու
Կրօնական
պետին,
Հայոց
Պատրիարքարանի
ղրկած
պատուիրակութեան
ըսած
ենք
թէ՝
կրնար
առանց
վախի
մեզ
ցոյց
տալ
այն
Իսլամ
երեւելիները,
որոնք
խռովութիւններու
մասնակցած
են,
բայց
մինչեւ
ցարդ
մեզի
բան
մը
չեն
յայտնած։
Մէկ
քանին՝
անստորագիր
տեղեկագիրներ
ղրկած
են
Պատերազմական
Ատեանին,
որ
պատասխանած
է
թէ
լուրջ
քննութիւն
մը
տեղի
պիտի
ունենայ,
խռովութեանց
կազմակերպիչ
եւ
սատարողները
գտնելու
համար։
Կարելի
չի
առանց
ընդհանուր
դատախազին
դրական
ամբաստանութիւններուն
եւ
առանց
ամբաստանեալին
անունին,
Պատերազմական
Ատեանը
ամբաստանել
եւ
կառավարութիւնը
իբրեւ
յանցաւոր
ցոյց
տալ։
Ամբաստանողները
թող
անուններ
տան,
հետապնդումներ
տեղի
ունենան,
այն
ատեն
պիտի
տեսնենք
թէ
ամբաստանութիւնները
ճշմարի՞տ
են
թէ
ո՛չ։
Գալով
Թարսուսի
Հայերուն
դէմ
եղած
բռնի
վկայութիւններուն,
երբ
հեռագրիս
պատասխանը
առնեմ
Ձեզի
կը
պատասխանեմ,
Կառավարութեան
անծանօթ
է
Գըրըգ-խանի
բոլոր
հայերուն
ջարդուած
ըլլալու
պարագան,
քանի
որ
այս
գիւղը
Հալէպի
կուսակալութեան
կը
պատկանի։
Զոհերուն
թիւը
30,
000
հաշուելը
զրպարտութիւն
է։
Զոհերուն
ընդհանուր
թիւը
10,
000
էն
վար
է։
Հակառակ
բոլոր
ջանքերուս
չի
կրցայ
իսկական
թիւը
ճշդել,
բայց
ամէն
պարագայի
մէջ
30,
000
եղած
ըլլալը
պէտք
է
հերքել։
Զրպարտութիւն
մըն
է
նաեւ
երբ
կ՚ըսեն
թէ
Պոլիս
կամ
այլուր
յուզումնալի
հեռագիրներ
ղրկողներուն
սպառնալիքներ
կ՚ըլլան։
Թերթերուն
հրատարակութիւնները
հերքելու
համար
իմ
տեղեկագիրներս
կը
բաւեն»։
Ատանայի
կուսակալ
ՄՈՒՍԹԱՖԱ
ԶԷՀՆԻ
֍
1909
Մայիս
19
«Օսմանիշէր
Լոյտ»էն.
«Ատանայի
կուսակալը
հեռագրով
կը
տեղեկանէ
թէ՝
իսլամութիւնն
ընդունիլ
ուզող
հայ
կիներու
խնդրագիրները
կը
մերժէ,
որպէսզի
չ՚ենթադրուի
թէ
հայուհիները
վախու
եւ
ճնշումի
ազդեցութեան
տակ
են։
Խնդիրը
թալանողներու
կողմէ
առեւանգուած
եւ
բռնի
ամուսնացուած
հայ
կիներու
եւ
երիտասարդ
աղջիկներու
շուրջ
կը
դառնայ»։
֍
Արտաքին
գործոց
նախարար
Րիֆաթ
փաշայի
պատասխան-հեռագիրը
Հ.
Յ.
Դաշնակցութեան
կեդրոնին
ուղղուած,
Ժէնէվի
Օսմ[անեան]
ընդհ.
հիւպատոսին
միջոցաւ։
«Սթանպուլ»
28
Մայիս
1909
«Վերջին
խռովութեանց
մէջ
հայերը
մասամբ
յանցաւոր
են։
Կարելի
պիտի
ըլլար
ջարդերուն
առաջքը
առնել
եթէ
զօրագունդերը
ժամանակին
հասած
ըլլային,
պէտք
է
կառավարութեան
վրայ
կատարեալ
վստահութիւն
ունենալ,
որն
որ
խիստ
միջոցներ
ձեռք
առած
է
խռովութեանց
պատասխանատուները
պատժելու
համար»։
֍
Ներքին
գործոց
նախարարութեան
խորհրդական
Ատիլ
պէյի
բացատրութիւնները
Օսմ[անեան]
Երեսփ[ոխանական]
ժողովին
առջեւ.
«Ատանայի
դէպքերը
ցաւալի
եւ
կսկծալի
են
եւ
ասոնց
հեղինակները
արժանի
են
անէծքի
եւ
զզուանքի։
Ապրիլ
1ին
Ատանայէն
հեռագիր
մը
եկաւ,
որով
կը
տեղեկացնէին
թէ
հոն
յեղափոխութիւն
մը
ծագած
է
եւ
թէ
թալանի
կը
տրուի։
Նախարարութիւնը
այս
հեռագիրը
ստանալուն
պէս՝
հեռագիրով
անհրաժեշտ
հրահանգներ
տուաւ
կուսակալութեան։
Այս
հրահանգներով
ըսուած
էր.
—
Շարժման
մէջ
դրէք
տրամադրելի
բոլոր
պահակները,
զինուորները,
ժանտարմաները,
ոստիկանները.
ամէն
կողմ
ղրկեցէք։
Երկու
կողմին
ալ
խրատներ
տուէր,
բացարձակ
հանդարտութիւն
պահեցէք,
բոլոր
խռովարական
շարժումները
արգիլեցէք։
Պատերազմական
նախարարութեան
գրած
ենք,
պէտք
եղած
ամենէն
մօտիկ
զօրախումբերը
պիտի
ղրկուին,
մինչեւ
այդ
ատեն
ի
գործ
դրէք
ամէն
միջոց։
Ընդհարումներու
առաջքն
առէք։
Հոգ
տարէք
որ
բնակչութեան
զանազան
տարրերը
իրարու
դէմ
չելլան
եւ
թէ
ՕՏԱՐՆԵՐԸ
ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ
Չ՚ԸՆԵՆ։
Միեւնոյն
ատեն
պատերազմական
նախարարութեան
գրուեցաւ
տեղւոյն
վրայ
ղրկելու
բաւարար
ոյժ,
ամենամօտ
վայրերէն։
Մեծ
Եպարքոսութեան
ալ
դիմում
եղաւ։
Նախարարութեան
հեռագիրներն
ու
պաշտօնագիրները՝
զինուորական
ուժին
փութով
առաքումը
կը
պահանջէին
եւ
հրահանգները
կրկնուեցան
հետեւեալ
օրը
եւ
յաջորդ
օրերը։
Բաց
աստի
Չորեքշաբթի
օրը
նախարարաց
խորհուրդ
գումարուեցաւ.
ես
հարցուցած
էին
պատերազմական
նախարար
Էտհէմ
փաշային
«էֆէնտիմ,
տեղական
զինուորական
ուժերը
բաւակա՞ն
են»,
«ո՛չ»
պատասխանեց.
ասոր
վրայ
հարցուցի
թէ
«ո՞ւրկէ
կարելի
է
զինուորական
խումբեր
ղրկել,
պատասխանեց
թէ
«երկու
զօրաբաժին
կը
պատրաստուի
Բ.
զօրաբանակէն»։
Մինչդեռ
կուսակալութեան
տեղեկութեանց
համաձայն
խռովութիւնները
կը
տարածուէին
եւ
սկսած
էին
ուրիշ
տեղերու
մէջ
ալ,
ուրեմ
երկու
զօրաբաժին
չէին
կրնար
բաւել,
հետեւապէս
պատերազմական
նախարարութենէն
պահանջեցի
որ
ստիպողաբար
ղրկեն
Սիլիֆքէի
զօրաբաժինը,
զոր
կուսակալը
կ՚ուզէր։
Պատասխանեց
թէ
պիտի
ղրկեն
Սիլիֆքէի
զօրաբաժինը,
բայց
մինչեւ
այս
միջոցին
այլեւս
անօգուտ
էին
երկու
զօրաբաժինները։
Այո՛,
ըսի
ղրկեցէք
Սիլիֆքէի
զօրաբաժինը,
բայց
ղրկեցէք
գոնէ
երկու
զօրաբաժինները,
նոյնիսկ
եթէ
կարելի
է
ուրիշ
տեղերէ
ալ
զօրագունդեր
ղրկուին,
գործը
թող
չերկարի։
Ամէն
կողմէ
կազմակերպեցին
բոլոր
տրամադրելի
ուժերը
եւ
ղրկեցին։
Դժբախտաբար
ժամանակին
շոգենաւներ
պատրաստ
չ՚ըլլալով՝
զօրախումբը
յապաղեցաւ
եւ
այն
ատեն
հոն
ժամանեց
որ
այլեւս
ատեն
չկար
առաջքն
առնելու
խռովութեանց։
Վերջին
հեռագիր
մ՚ալ
կայ
կառավարիչէն։
Եթէ
ժողովդ
կը
փափաքի
մեր
գրած
հեռագիրներն
ու
պաշտօնագիրները
տրամադրելի
են,
մէկը
միւսին
ետեւէն
կը
կարդամ»։
[1]
Այս
տեղերը
կը
դնենք
իբրեւ
նմոյշ
այն
սեւ
օրերուն
մէջ
տիրող
հոգեբանութեան
կամ
աղէտին
յաչս
օտարաց
թեթեւացման
համար
ցոյց
տրուած
ջանքերուն։
(Ծ.
—
Յ.
Թ.
)
[2]
«Մանզումէի
Էֆքեար»
եւ
«ժամանակ»
օրաթերթերու
թղթակիցն
էր
այս
պատմութիւնը
գրողը
եւ
«Ճէրիտէի
Շարգիէ»ի
թղթակից
եղբայրը
Պ.
Պետրոս
Թէրզեան։
(Ծ.
—
Յ.
Թ.
)