ՍԻՍԻ
[1]
ԻՆՔՆԱՊԱՇՏՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ
[2]
Սիս
1
Մայիս
1909
«Հոս
ալ
արիւնոտ
օրերը
կ՚սկսին
ապրիլի
սկիզբէն։
Կեդրոնին
հրահանգներուն
վրայ,
գաւառիս
շրջակայ
Իսլամ
բնակչութիւնը
կ՚որոշէ
հայ
տարրը
իսպառ
ջնջել։
Գործին
մասնակցեցան
գաւառիս
գիւղերէն
զատ
Գարսի,
Համիտիէի,
Ատանայի
գիւղերէն
շատեր,
երկու
հարիւրէ
աւելի։
Տագնապն
սկսաւ
Ապրիլ
1ին,
երբ
տեղական
սովորութեան
համեմատ,
նոյն
օրը
կատարուող
ըմբիշներու
մրցումի
մը
միջոցին,
քրիստոնեայ
ըմբիշ
մը
(Յոյն)
յաղթող
հանդիսանալով՝
Իսլամներու
զայրոյթը
գրգռեց,
որոնցմէ
մին
պոռաց
հրապարակաւ.
«Թող
կեավուրները
օր
մըն
ալ
ապրին».
այս
էր
նշանաբանը
կարծես։
Հետեւեալ
օրերուն
սկսաւ
կատաղի
յարձակումը
Սսեցի
հայերուն
վրայ։
Քսանի
չափ
ագարակ-գիւղեր
թալանի
ու
կրակի
զոհ
երթալէ
զատ,
երկրագործները
սպաննուեցան,
կիները
բռնաբարուեցան,
չափահաս
աղջիկները
առեւանգուեցան,
արջառները
քշուեցան,
քաղաքին
շուրջը
գտնուող
այգեստաններու
տուներէն
շատեր,
բամպակի
գործարաններ
հրկիզուեցան
ու
ջրաղացներ
անգործածելի
դարձան։
Ցորենի,
գարիի
ցանքերը
հրոսակներու
ձիերուն,
արջառներուն
եւ
ոչխարներու
հօտերուն
ճարակ
եղան։
Կառավարութիւնը
չկրցաւ
արգիլել։
(Միայն
քաղաքին
պահպանութեանը
համար,
գաւառին
պահեստի
զինուորներէն
200ի
չափ
զէնքի
տակ
առնելով
կարող
եղաւ
պահպանել
ներքին
խաղաղութիւնը։
Վերջերս
հասնող
նոր
ուժերու
շնորհիւ
կարելի
եղաւ
քիչ
շատ
արտաքինով
ալ
զբաղիլ։
Բարբարոսները
երբ
լսեցին
նոր
Սուլթանին
գահակալութիւնը,
սկսան
լեռներու
դաշտերու,
քարայրներու
մէջ
պահուըտած
թշուառներն
հաւաքել
իրենց
տուներուն
մէջ
եւ
անձամբ
կառավարութեան
տեղեկացնել։
Ամէն
կողմ
ձիաւոր
ոստիկաններ
ղրկուեցան
քաղաք
փոխադրելու
համար,
այս
է
ցարդ
կառավարութեան
գործնական
միջոցը։
Կառավարչին,
հազարապետին
եւ
տեղացի
հայ
ու
թուրք
երեւելիներու
որոշումով
հայ
խումբեր
ալ
մասնակցեցան
քաղաքին
պաշտպանութեան։
Ապրիլ
5
ին
անյաջող
փորձէ
եւ
քաղաքին
շուրջ
արածող
ձիերուն
մէկ
մասը
յափշտակելէ
վերջ,
Ապրիլ
6ին
բուռն
յարձակում
մը
գործուեցաւ
քաղաքին
երեք
կողմէն,
հարաւ,
արեւմուտք,
հիւսիս,
հարաւային
եւ
արեւմտեան
կողմէն
զինուորներ,
հիւսիսային
կողմէն
հայ
խումբեր
յամառ
ընդդիմութեամբ
ցրուեցին
զանոնք,
մեռեալներ
եւ
բազմաթիւ
վիրաւորներ
ձգելով
կռուի
դաշտին
մէջ։
Կռիւը
տեւեց
մինչեւ
իրիկուն,
որով
ժամանակ
չունեցանք
դիակներն
հաշուելու.
քաղաքացիներէն
մեռեալ
կամ
վիրաւոր
չկայ,
վասն
զի
հարաւային
կողմի
յարձակող
խումբն
առանց
ընդդիմութեան
ցրուեցաւ
տեղացի
իսլամներէ
կազմուած
հեծելագունդի
մը
եւ
զինուորական
3
պահականոցներէ
տեղացող
գնդակներու
տարափին
չկրնալով
դիմանալ։
Գալով
հիւսիսային
կողմի
յարձակումին,
հրոսակները
մօտեցան
տուներու,
գնդակներ
թափելով
հայ
խումբերու
վրայ,
սակայն
քաղաք
մտնելու
ժամանակ
մերինները
յարձակեցան
գիրկ
գիրկի
կռիւ
մը
մղելու
համար։
Սոյն
միջոցին
արեւմտեան
պահականոցի
զօրքերն
հասնելով,
փախուստի
մատնեցին
հրոսակները,
որոնցմէ
փախուստի
մատնեցին
հրոսակները,
որոնցմէ
3-4
հոգի
ինկան
ու
շատեր
վիրաւորուեցան։
Գիշերանց
դիակները
գողցուած
էին,
այնպէս
որ
հատ
մը
միայն
կարելի
եղաւ
գտնել
ու
բերել
կառավարութեան
բակը.
ուր
ամէնուն
անէծքն
իր
վրայ
հրաւիրելէ
վերջ
թաղուեցաւ
առանց
կրօնական
արարողութեան։
ՍԱՀԱԿ
Բ.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Հրոսապետներու
կարծեցեալ
գթասրտութիւնն
ու
անձնուիրութիւնները
կը
սկսին
այս
պատմութենէն
վերջ։
Ոստիկաններն
ամէն
օր
հարիւրաւոր
թշուառներ
փոխադրեցին
որոնցմէ
ոչ
միայն
պանդոկները,
ազգային
վարժարանի
ընդարձակ
շէնքը,
այլ
նաեւ
մայրավանքի
թաղերն
ու
ներքնակողմը
լեցուած
էին
մէկ
քանի
օր
առաջ։
Բացի
անոնցմէ,
որոնք
մէկ
քանի
շաբթուան
բաւականաչափ
դրամ
կամ
ուտելի
ունէին,
մնացեալները
1000
ի
մօտ,
Ապրիլի
սկիզբներէն
ի
վեր
կը
կերակրուէին
Սսեցի
հայերու
նպաստով,
վանքին
մէջ
պատրաստուող
կերակուրներով։
Օրական
5-6
ոսկի
ծախք
կար
անոնց
համար,
վերջերս
3-400
ի
մօտ
Հաճընցի,
Վահկացի
եւ
ուրիշ
կարօտեալներ
ղրկուեցան
իրենց
հայրենիքը,
թէեւ
բացն
անմիջապէս
գոցուեցաւ
նորեկներով,
Ապրիլ
30էն
սկսեալ
Պէլէտիէն՝
բարեհաճեցաւ
մէկ
շաբթուան
համար
միայն
ցորեն
բաշխել
անոնց,
չենք
գիտեր
թէ
ասկէ
վերջ
ի՞նչ
պիտի
ըլլայ
այս
թշուառներուն
վիճակը,
որոնք
ո՛չ
բնակարան,
ո՛չ
եկամուտի
աղբիւր
եւ
ո՛չ
ալ
հագնելու
զգեստ
ունին։
Սսեցին
տեղական
սղութեան
պատճառով
կէս
մը
անօթի
էր
այս
տարի
ու
երբ
այս
հազարաւոր
անօթիներն
ալ
ամիս
մը
կերակրեց,
ինքն
ալ
ենթարկուեցաւ
նոյն
արգահատելի
վիճակին,
որով
նպաստ
կ՚ուզուի
ո՛չ
միայն
արկածեալներուն,
այլ
նաեւ
Սսեցիին
համար։
Վանքին
եկամուտի
գլխաւոր
աղբիւրն
էր
Թլանի
ագարակը,
ուր
վանքի
գործաւոր
մշակները
սրախողխողուեցան
թշնամի
անասուններուն
մասամբ
ճարակ
եղած,
կովերն
ու
գոմէշները
քշուած
են,
կաթողիկոսարանն
որոշած
է
ցրուել
ժառանգաւորաց
ուսանողները
ու
փակել
ժառանգաւորացը,
ուսանողներն
ու
միաբանները
փրկել
ներկայ
սովէն։
ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՄԱՅՐ
ԱԹՈՌՆ
Ի
ՍԻՍ
ԵՒ
ՇՆՈՐՀ.
Ս.
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ
Վանքն
հիւանդանոցի
մը
ու
աղքատանոցի
մը
կերպարանքն
առաւ։
Ս.
Կաթողիկոսն
հրամայեց
որ
Թլանէն
փախած
գործաւորներ,
որբեւայրիներ
եւ
որբեր
վանքին
ծախքով
կերակրուին,
սակայն
հազիւ
քանի
մը
օրուան
նպաստէ
վերջ,
անձկութեան
պատճառաւ
անոնք
ալ
յանձնուեցան
Սսեցիներուն։
Նպաստի
գործին
մէջ
գովելի
է
ոչ
միայն
արական
սեռին՝
այլ
նաեւ
իգական
սեռին
կողմէ
ցոյց
տրուած
անձնուիրութիւնը,
խումբ
մը
հարուստ
տիկիններ,
գիշեր
ցերեկ
կը
հսկեն
կերակուրներու
պատրաստութեան
ու
բաշխումին։
Բազմաթիւ
հիւանդներ
ու
վիրաւորներ
կը
պատսպարուին
վանքին
սենեակներուն
մէջ,
բժիշկն
ու
դեղագործն
յաճախ
կ՚այցելեն
ու
պէտք
եղած
դարմանները
կուտան
անձնուիրաբար։
Քաղաքին
շուրջը՝
տեղացի
թուրք
մը
իր
գարիի
արտն
հնձել
կուտար։
Հոն
ալ
այրիներն
ու
որբերն
հասկաքաղ
կ՚ընեն։
Սսեցի
այրի
մը
իր
զաւակներով
կ՚երթայ
թուրքին
արտը
հասկաքաղ
ընելու։
Թուրքը
կը
հրամայէ
որ
վռնտեն
կեաւուրները,
գործաւորները,
մէյմէկ
տատասկի
ճիւղ
կ՚առնեն
ու
կը
սկսին
անոնց
գլխուն,
երեսներուն
ու
մերկ
սրունքներուն
հարուածներ
տալ
«կորսուեցէք
կեավուրներ,
իսլամի
մալը
հարամ
է
կեավուրներուն
համար»
պօռալով,
եւ
արիւնելով
մարմնի
բաց
մասերը,
կը
հալածեն
մինչեւ
քաղաք»։
Սիսի
ճակատամարտին
միջոցին
Շնորհ[ապատիւ]
Ս.
Կաթողիկոսն
Սիս
կը
գտնուէր,
որ
մեծ
բաժին
ունեցաւ
ինքնապաշտպանութեան
մէջ,
իր
յորդորներով
ու
խրատներովը։
Իսկ
ամենէն
մեծ
քաջութիւն
ցոյց
տուող
եւ
ահագին
խուժանին
դէմ
անվեհեր
վահան
կանգնողներէն
մէկն
էր
Կիլիկիոյ
Աթոռին
միաբաններէն
Գեր.
Տ.
Ղեւոնդ
Ծ.
վարդ.
Թուրսարգիսեանը,
որուն
հետեւանքով
ունեցած
մէկ
հիւանդութիւնը
սաստկանալով,
երիտասարդ
տարիքին
մէջ
զոհ
գնաց
ի
Պոլիս
Ազգ[ային]
Հիւանդանոցին
մէջ,
1910
Յուլիս
15
ին։
Յուղարկաւորութիւնը
կատարուեցաւ
մեծ
շքով
Յուլիս
17ին
եւ
թաղուեցաւ
Պալըգլիի
Ազգ[ային]
գերեզմանատան
մէջ
Հայ
նահատակներու
քովիկը։
[1]
Կիլիկիոյ
Կաթող[իկոսութեան]
Մայր
Աթոռն
եղող
Սիս,
կը
գտնուի
Ատնայի
հիւսիսային
արեւելեան
կողմը,
ունի
200
տուն
բնակիչ,
որոնցմէ
1500
տունը
Հայ
են։
(Ծ.
—
Յ.
Թ.
)