ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ազգային Կեդր[ոնական] Վարչութեան կողմէ Կիլիկիոյ աղէտին քննիչ՝ Ազն. Սարգիս Սուին էֆէնտիի գնահատագիրը

Ազնուամեծար

Յակոբ էֆ[էնտի] Թէրզեան

Աստ

Պատիւ ունեցայ ստանալու Ձեր նամակը, որով կուզէք հասկնալ կարծիքս Ձեր՝ «Կիլիկիոյ աղէտը» անունով պատկերազարդ պատմութեան մասին։

Ազգ[ային] Կեդր[ոնական] Վարչութիւնը ինձ յանձնած էր Ձեր աշխատասիրութեան քննութիւնը. կարդացի զայն մէկէ աւելի անգամներ։

Իր տեսակին մէջ իսկապէս գնահատելի գործ մ՚է Ձեր աշխատասիրութիւնը, որուն մէջ անկողմնակալօրէն պատմած էք դէպքերը իրենց ամէն մանրամասնութիւններովը, որոնց մօտէն ես ալ ծանօթացած եմ։

Շնորհաւորութիւններս Ձեր խղճամիտ եւ լուրջ աշխատութեան համար։

Կիլիկիեան աղէտը՝ թէեւ ընդհանուր պատմութեան մէջ տեղ մը ունեցաւ, ինչպէս կ՚ունենան այսպիսի դէպքեր, սակայն կ՚արժէր որ իր առանձին պատմութիւնը ունենար։

Ձեր երկովը ծառայութիւն մը ըրած կ՚ըլլաք հանրութեան։ Եթէ մեկնողներ ըլլան որ Ձեր գործը կը ծառայէ տարրերու անհամերաշխութեան եւ կամ կը մնայ տեւական նախատինք մը արիւնի եւ կրակի տխուր հերոսներուն համար. սխա՛լ է։ Ընդհակառակը, այդ պատմութիւնը պիտի ծառայէ բարերար նպատակի մը։ Թերեւս ամէն միջոցէ աւելի զօրեղ ըլլայ, որ այդ օրինակ աւերակներ ու գերեզմաններ շինող դէպքեր չ՚կրկնուին։

Պատմութիւնները՝ որոնց մէջ կ՚արձանագրուին անցեալի դէպքերը, ներկայի եւ ապագայի ուղեցոյցներ են ազգերու եւ պետութեանց համար, որոնցմէ կրնան սորվիլ թէ՝ ի՞նչ կը վնասէ իրենց գոյութիւնը եւ կ՚ապահովէ իրենց կեանքը եւ թէ ի՛նչ կերպով կրնան լիովին կատարած ըլլալ պարտքերնին որպէս մարդ, ազգ եւ պետութիւն։

Պատիւ ըրած էք ինձ՝ իբրեւ Ազգ[ային] Կեդր[րոնական] Վարչութեան կողմէ Կիլիկիեան աղէտին քննիչ, հարցնելու թէ՝ ի՞նչ էր պատճառը այդ ահաւոր աղէտին։ Ես մէկ պատճառ գտայ. այն է՝ ՀԱՅ ՏԱՐՐԻՆ ՄԻՆՉԵՒ ՑԱՐԴ Չ՚ՀԱՍԿՑՈՒԻԼԸ, ԿԱՄ ՀԱՍԿՆԱԼ Չ՚ՈՒԶՈՒԻԼԸ։

Եթէ լաւ ճանչցուած ըլլար Հայը, եւ աննախապաշար մտքով ուսումնասիրուէր ու հասկցուէր, այս դէպքերուն եւ ո՛չ մին տեղի կունենային, անոր աշխատսիրութիւնն ու յաջողութիւնը նախանձի աչքով չէին դիտուեր, եւ երկրին ու պետութեան քաղաքական կեանքին մէջ նետուիլը սխալ չէր մեկնուեր։

Հայը՝ առջի օրէն Օսմ[անեան] պետութեան մէջ ինքզինքը հիւր չնկատեց եւ անտարբեր չմնաց անոր լաւ ու գէշ օրերուն, ինչպէս նաեւ ստրուկի մը համակերպութիւնը չունեցաւ այն շրջաններուն՝ որոնք պետւթիւնը կը քայքայէին. ինչ օրուան պատմութիւնն ալ իրաւունք տուած է։ Իր շահերը եւ գոյութիւնը ապահովող պայմանները, պետութեան շահերուն եւ գոյութեան տեւականութեանը մէջ փնտռեց եւ ըստ այնմ շարժեցաւ, այսպէս ալ պէտք էր ընել որպէս հարազատ քաղաքացի եւ երկրացի։ Սակայն այս պարագան էր որ չհասկցուեցաւ, սխալ մեկնուեցաւ եւ պատճառ դարձաւ ահաւոր աղէտներու Հայուն կեանքին մէջ։

Արդ՝ սիրելի Թէրզեա՛ն, Ձեր աշխատասիրութիւնը կուգայ անգամ մը շեշտել ինչ որ քիչ վերը ըսուեցաւ, եւ զայն կարդացողը ինքնաբերաբար կը յանգի սա համոզման թէ՝ մեր երկրին ներկային բարելաւութիւնը եւ ապագային  ապահովութիւնը միայն եւ միայն կախում ունի փոխադարձաբար անկեղծօրէն զիրար հասկնալէ եւ իրարու իրաւունք եւ ազատութիւն յարգելէ։

Շնորհաւորութեանցս հետ ընդունեցէք յարգանա՛ցս հաւաստիքը։

 

Որով մնամ եւն.

Սարգիս Սուին

 

5 Սեպտ[եմբեր] 1911

Կ. Պոլիս