ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԷՕՔՍԻՆԻ ՇՐՋԱԿԱՆԵՐՈՒՆ ԴԷՊՔԸ

Կէօքսինի շրջակաները գտնուող հայ գիւղերուն վրայ թուրք խուժանը յարձակելով թալանած էր բոլոր իրենց ինչքերը եւ գիւղացիները լեղապատառ փախած ինկած էին Զէյթուն։ Զէյթունցիք, անմիջապէս գիւղացիներն իրենց գիւղը առաջնորդելով տեղաւորած, եւ թալանուած ապրանքները խուժանին ձեռքէն առնելով վերադարձուցած էին դժբախտ եւ թշուառ հայ գիւղացիներուն։