ՏԷՏԷ—ԱՂԱՃԻ
ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՈՒՆ
ԺԱՄԱՆՈՒՄԸ
Զինադադարի
չորրորդ
օրն
էր,
որ
Կ.
Պոլսոյ
Ազատարար
Շարժուն
Բանակին
հրամատար
Մահմուտ
Շէվքէթ
փաշայէն
եկած
հեռագիրի
մը
տպագրեալ
պատճէնները
բաժնուեցան
ժողովուրդին
մէջ,
որով
կը
ծանուցուեր
թէ
Պոլսոյ
վրայ
քալող
Ազատութեան
բանակէն
վաշտ
մը
մեկնած
է
Տէտէ-Աղաճէն
դէպ
ի
Ատանա։
Այս
երջանկաբեր
լուրը
անհուն
ուրախութիւն
եւ
երջանկութիւն
պարգեւեց
մեզ,
որուն
առթիւ
սկսանք
զիրար
շնորհաւորել
վստահ
ըլլալով
թէ
անոնք՝
միայն
մեր
փրկութեան
համար
կուգան,
եւ
որով
անհամբեր
կը
սպասէինք
Ազատութեան
բանակին
քաջարի
զինուորներուն
ժամանումին։
Կիրակի
օրը,
կէս
օրէն
առաջ
էր
որ
յանկարծ
Ազատութեան
զինուորներուն
ժամանումը
աւետեցին։
Անմիջապէս
վազելով
ընդ
առաջ
գացինք
մեր
աչքերով
տեսնելու
համար
մեր
կարծեցեալ
փրկիչները,
զորս
անցած
ատենը
որոտընդոստ
ծափերով
եւ
«կեցցէ»ներով
մեծարեցինք։
Եւ
դժբաղդ
արկածեալներս՝
մեր
խելքով
ստոյգ
ազատողի
ցնծութեամբ
սկսանք
զիրար
համբուրել
եւ
հանգիստ
շունչ
առնել։
Առանց
գիտնալու
թէ
նոր
եւ
աւելի
սոսկալի
աղէտ
մը
պիտի
սկսէր
մի
քանի
ժամ
ետքը։
Նորեկ
զինուորները
նուագախումբով
անցան
գացին
գետեզերքը
բացօդեայ
տեղ
մը
եւ
զինադադարէն
ետքը,
սպառնացայտ
ակնարկներով
ու
ծաղրանքով
մեր
թշուառութիւնը
դիտելով
չի
կշտացող
խուժանը՝
ժամու
մը
չափ
քաշուեցաւ
մեր
թաղերէն,
անհունօրէն
ուրախացնելով
զմեզ։