ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԾԱՆՕԹՈՒԹԻՒՆ

Ծայրէ ի ծայր խեղաթիւրում, զրպարտութիւն եւ ստախօսութիւն եղող վերոգրեալ յօդուածները՝ պարունակած հակասութիւններովն ու անտրամաբանութիւններովը արդէն ինքզինքնին կը մատնեն, եւ հարկ չեմ տեսներ աւելի ծանօթութիւն տալ։ Միայն թէ Ատանայի երկրորդ ջարդի նկարագրութենէն առաջ «Իթիտալ»ի վերոգրեալ յօդուածներուն թարգմանութիւնները մէջ բերելով նպատակս է հասկցնել թէ՝ յիշեալ հրատարակութիւնները ամենամեծ ազդեցութիւն ըրին իսլամներուն վրայ եւ պատճառ եղան երկրորդ ջարդի մը որ առաջինէն շատ աւելի սոսկալի եւ աղետալի եղաւ։ Հայոց բողոքին վրայ թէեւ «Իթիտալ»ը մի քանի օր դադրեցուեցաւ, սակայն երեք օր ետքը նորէն շարունակեց իր ընդհատուած զրպարտութիւններուն շարքը։