ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐ ՈՍԿԻԻ ՀԱՇԻՒԸ

  (Ատանայի նահանգին Շինութեանց Յանձնաժողովներու Տեղեկագիրէն քաղուած)

Ատանայի նահանգին մէջ պատահած աղէտին մէջ ցաւ ի սիրտ այրած աղօթատեղի, վարժարան եւ տուներուն վերաշինութեանը եւ բացը մնացած աղէտեալներուն ու կարօտեալներուն պաշտպանութեանը համար Օսմ[անեան] կառավարութեան կողմէ պէտք տեսնուած ու յատկացուած եւ Երեսփոխան ժողովի առաջարկուելով ընդունուած եւ Կայս[երական] հրամանով արտօնուած եւ երեւմտից նախարարութեան 14 Օգոս[տոս] 325 հեռագիրովը Ատանայի Օսմ[անեան] դրամատան մասնաճիւղը փոխադրուած հարիւր հազար ոսկին յատկացուեցաւ հետեւեալ պէտքերուն.

 

Օսմ[անեան] ոսկի

Պաղչէ, Խասսէ եւ Իսլահիէ գաւառակներու շինութեանց

11000

Տէօրթ-Եօլի (Իւմրանիէ) շինութեանց

9. 500

Սիս եւ Գարս-Փազարի   »»

1. 570

Հաճընի շինութեանց 

1. 065

Թարսուսի  »»

7. 340 1/2

Օսմանիէի  »»

  676 ½

Ատանա-Համիտիէ (Ճէյհան) եւ Գարաիսալուի շինութ[եանց]

  5. 388

Ատանա քաղաքի շինութեանց

20. 020

Ատաղձ կտրել տալու (քէրէսթէ գաթըաթընա)

  3. 006 ½

Որբերու պաշտպանութեան համար ուղղակի որբախնամներու վճարուած

  1. 205

Օսմ[անեան] որբանոցին շէնքի շինութեան

  5. 000

Եգիպտոս փախած կարօտեալներու Ատանա վերադարձնուն համար

500

Այրի կիներուն համար բացուած աշխատանոցին դրամագլուխ

  4. 000

Աղօթատուներու շինութիւն

4. 425

Կարօտեալներու պաշտպանութեան համար նպաստից եւ աշխատանոցի ժողովներուն

  24. 877

Երեւմուտքի ծախքեր

  257 ½

Գումար՝ Օ[սմանեան] Ո[սկի]

99. 830 ½




Հաճընի վերաշինած վանքն ու որբանոցը։



ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՆՊԱՍՏԻՑ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

1908 Նոյեմ[բեր]ի սկիզբը Պոլսոյ մէջ կազմուած էր Նպաստամատոյց Յանձնաժողով մը, որուն նպատակն էր Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ կարօտ գաւառներուն օգնել։ Նպաստից Յանձնաժողովը՝ շնորհիւ իր յարգելի եւ գործունեայ անդամներուն, յաջողեցաւ մեծամեծ նպաստներ ձեռք ձգել եւ հասցնել իր նպատակին։ Սոյն Նպաստ[ից] Յանձնաժողովին կազմութենէն հինգ ամիս ետքը դժբախտաբար պատահեցաւ Կիլիկիոյ ահաւոր աղէտը, որուն յանդէպ Յանձնաժողովը ալ շուարեցաւ իր բռնելիք դիրքը, եւ առաջին առթիւ Ազգ[ային] Վարչութեան առաջարկով Ատանա հասցուց 1000 ոսկիի չափ գումար մը ուտեստի համար։ Նպաստից Յանձնաժողովը տեսնելով որ իր ստացած սահմանափակ նպաստներով անկարելի պիտի ըլլայ Կիլիկիոյ մէջ բացուած ահռելի վէրքին դարման տանիլ, Ազգ[ային] Վարչութեան առաջարկեց անմիջապէս կազմել միջազգային օգնութեան Յանձնաժողով մը Հայ, Յոյն, Թուրք եւ օտարազգի վաճառականներէն ու ականաւոր անձնաւորութիւններէն, ինչ որ կազմուեցաւ եւ մեծամեծ ծառայութիւններ մատոյց։ Ազգ[ային] Նպաստ[ից] Յանձնաժողովը հոգաց Ատանա ղրած թէ առաջին պատուիրակներու, թէ բժիշկներու, թէ դեղագործներու, վիրաբուժական գործիքներու, հիվանդապահներու, դեղերու եւ ապահովագրական գործոց քննիչի ուղեկան եւ այլ ծախքերը, նոյիպէս փութաց անմիջապէս նպաստներ ընձեռել, ալիւր, ճերմակեղէն, վերմակ, հանդերձեղէն, քարօթ, չինքօյէ ամաններ հասցնել աղէտին վայրը, ինչպէս նաեւ Եգիպտոս եւ այլուր հեռագրեց որպէս զի օգնութիւն փութացնեն Ատանայի տարաբախտ կարօտեալներուն։ Ազգ[ային] Նպաստից Յանձնաժողովը որոշեց նաեւ Կիլիկիոյ աղէտին վերաբերեալ նպաստները դնել միջազգային Նպաստից Յանձնաժողովին տրամադրութեան տակ, եւ այսպէս Ատանայի անունով իրեն հասած 255. 528 ղրշ. ի գումարը յանձնեց նոյն Յանձնաժողովին, բայց ի վերջոյ զանազան տեսակէտներով, լաւագոյն սեպեց ուղղակի Պատրիարքարանի վստահուած գումարները իր միջոցով սահմանել նպատակին։

 

Ազգ[ային] նպաստից Յանձնաժողովը Կիլիկիա ղրկած է հետեւեալ գումարները

 

 

Ղրուշ

Ատանա

1. 355. 088 ¼

Զէյթուն 

344. 894 ¾

Մարաշ

135. 540

Տէօրթ-եօլ

10. 800

Սիս

  34. 560

Անտիոք

17. 360

Իսկէնտէրուն

  44. 920

 

Կիլիկիոյ աղէտէն ետքը արկածեալներու բազմութիւն մը Կ. Պոլիս ապաստանած ըլլալով Ազգ[ային] Նպաս[ից] Յանձնաժողովը հոգաց անոնց ապրուստի դրամ եւ ճամբու ծախքեր։

Ազգ[ային] Նպաստից Յանձնաժողովին 20. 000 ֆրանք ղրկած էր Փարիզաբնակ Տիգրան խան Քէլէկեան, որուն մեծ մասը ինք նուիրած եւ փոքր մասը հանգանակած էր։

Կիլիկիա ղրկած եւ նոր ձեռնադրուած հոգեւոր հովիւներու թոշակներ, եկեղեցական գոյքերու, աղօթագրքերու, վէմ քարերու ծախքերն եւս հոգաց Ազգ[ային] Նպաստ[ից] Յանձնաժողովը։ Հանդերձեղէն նպաստներ եւ արտասահմանէն եւ նոյնիսկ Պոլսոյ Հայ Տիկնանց Միութիւնը 71 հակ հանդերձեղէն հաւաքելով Ազգ[ային] Նպաստից Յանձնաժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ, ինչպէս նաեւ Մանչէսթրէն այս մասին բաւական  օգնութիւններ հասաւ, որոնք անմիջապէս ղրկուեցան աղէտավայրերը. Ազգ[ային] Նպաստից Յանձնաժողովը վերոգրեալներէն զատ այլ եւ այլ բազմաթիւ ծառայութիւններ մատուցանելէ ետքը 1911 Մարտ 24-ին հրաժարեցաւ։

Ազգ[ային] Նպաստից Յանձնաժողովը կազմուած էր հետեւեալ անձնաւորութիւններէ. Ատենապետ Զարմայր էֆ[էնտի] Ճշմարտախօս, Ատենադպիր Գրիգոր էֆ[էնտի] Ֆէրատ, Գանձապետ Գառնիկ էֆ[էնտի] Սարգիսօֆ, Անդամներ Մագսուտ էֆ[էնտի] Շահպազ, Սարգիս էֆ[էնտի] Գընաճեան, Թումիկ էֆ[էնտի] Սուրէնեան, Օննիկ էֆ[էնտի] Տէրունեան եւ Ստեփան էֆ[էնտի] Թէլլիեան. որոնց մատուցած ծառայութիւնները անմոռանալի են։

ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՆՊԱՍՏԻՑ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ

Կիլիկիոյ աղէտեալներուն օգնելու համար թէ տեղական եւ թէ օտար շրջանակներու մէջ մեծ նպաստներ ձեռք բերելու նպատակով կազմուեցաւ միջազգային նպաստից Յանձնաժողով մը, որ մեծամեծ ծառայութիւններ մատոյց Կիլիկ[իոյ] դժբախտ աղէտեալներու։

Առաջին նիստը (9 Մայիս 1909)

Նորին Կայս[երական] Վեհափառութեան Սուլթան Մէհմէտ Ե-ի բարձր հովանաւորութեան ներքեւ գտնուող՝ Ատանայի եւ Հալէպի օգնութեան Յանձնաժողովը իր առաջին նիստը գումարեց Թօգատլեանի սրահը, ներկայ էին Կայս[երական] Թիկնապահ Րէմզի պէյ, Հովհաննէս փաշա Սագըզ, Մ. Հիւկնէն, Զարէհ Տիլպէր էֆ[էնտի], Ժօզէֆ էֆ[էնտի] Ազարեան, երեսփոխան Պետրոս էֆ[էնտի] Հալաճեան եւ Եուսուֆ Քէմալ պէյ, Մ. Ֆէրնանտէզ, Մր. Փիթ, Մ. Իարէն, Մ. Քիւրձ եւ ուրիշ նշանաւոր անձնաւորութիւններ։ Սաիտ փաշա, Համատա փաշա, Գաբրիէլ էֆ[էնտի] Նորատունկեան, Մ. Տէֆէս, Մ. Կիրսոն, Ֆօն Հարթման եւլն. խոստացած էին յօժարութեամբ ընծայել իրենց աջակցութիւնը։

Դիւանը՝ ընտրութիւն կատարելով կազմուեցաւ հետեւեալ կերպով Նախագահ՝ Ծերակոյտի նախագահ Սաիտ փաշա, դեր-նախագահ՝ Օսմ[անեան] Պանքայի Տնօրէն Մ. Տէֆէս, Գանձապետ՝ Եդուարդ էֆ[էնտի] Գարակէօզեան, Ատենադպիր՝ Գրիգոր էֆ[էնտի] Սինապեան։ Օսմ[անեան] Պանքան բարեհաճ էր ընդունիլ հանգանակեալ գումարներու ամփոփումը։

Յանձնաժողովն երկու խումբեր կազմեց, որոնցմէ մին նպատակ պիտի ունենայ արտասահմանէ նպաստներ հաւաքել եւ այս մասնախումբին Նախագահ որոշուեցաւ Մ. Հիւկնէն։ Բ. Յանձնախումբն հաւաքուած նպաստներուն բաշխումը պիտի կատարէ եւ այս Յանձնախումբին նախագահ կարգուեցաւ Մր. Փիթ։

Յանձնաժողովն այս առթիւ ընդունեց առաջին նպաստը Գաբրիէլ էֆ[էնտի] Նորատունկեանէ 100 Օսմ[անեան] ոսկի։

 

Միջազգային նպաստից Յանձնաժողովին կողմէ աղէտավայրերը ղրկուած գումարները

 

1

Օսմ[անեան] ոսկի

Ատանա (Ֆէքէ 100, Շարտէրէ 100, Համիտիէ 100) միասին

4. 667   

Իսկէնտէրուն, Տէօրթ Եօլ

1. 350

Խարբերդ (Քօլ. Ֆուվրի կողմանէ)

100

Լաթաքիա

380. 51

Հաճին

  987

«Կարմիր մահիկի»

63. 62

Մարաշ Զէյթուն

1423. 69

Անթաքիա

350

Կիպրոս

  250

Որբերու (Պատրիարքարանի միջոցաւ

  50

Որբերու (Կեդրոնական որբախնամի)

400

Հայրենիք վերադարձող աղքատ ընտանիքի մը

4

Սիս

250

Պաղչէ

2800

Մէրսին

300

Այնթապ

500

Քէսապ

1901

Քարտուղար, հեռագիր, փօսթ եւ այլ ծախքեր

64

գումար Օ[սմանեան] Ո[սկի]

15. 841. 94