ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Կ ԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԻՆ ԱՌԹԻՒ ԳԱՂՏՆԻ ԳՐՈՒԱԾ ՀԵՌԱԳԻՐՆԵՐ ԵՒ ՆԱՄԱԿՆԵՐ

  (Կիլիկիոյ ջարդերուն խուժանապետներուն կողմէ տրուած բազմաթիւ հրամանագիրներէն եւ հրաւիրագիրներէն ձեռք անցուած մի քանին կը հրատարակենք իբր նմոյշ)

Պաղչէի խուժանապետ միւֆթիին եղբօր նշանաւոր հեռագիրը

Պաղչէի միւֆթի եղբայրս Իսմաիլ էֆ[էնտի]ին

«Ատանայի եւ Համիտիէի մէջ կեավըրները լմնցուցին ջարդեցին դուք ալ հոտ պէտք եղածը գործադրեցէք»։ 2 ապրիլ 325

Էրզին գտնուող եղբայրդ

ԵՈՒՍՈՒՖ

Այս հեռագրին վրայ Պաղչէի ճիւաղ միւֆթին՝ ամբողջ իսլամ ժողովուրդը գլուխը ժողվելով, կառավարական պաշտօնատունը գացած է, եւ տեղւոյն գաիմմագամին ընդդիմութեան վրայ զէնք քաշած է գաիմմագամը սպաննելու սպառնալիքով, ասոր վրայ գաիմմագամը լռած է եւ միւֆթին կատարեալ վայրենութեամբ մի քանի ժամուան մէջ ջարդ ու փշուր ընել տուած է Պաղչէ գաւառակի ամբողջ քրիստոնեաներն ու բնակարանները։ Ասոր ի պատիժ յիշեալ միւֆթին իր եղբօր հետ կախաղան բարձրացաւ Պապիկեան եւ Մոստիչեան էֆէնտիներու ի գործ դրած ջանքերուն շնորհիւ։

Օճագլըի ուսուցիչ Մուսթաֆա Րէմզի էֆ[էնտի]ի կարեւոր մէկ նամակը

Էրզինի Միւթէսարըֆ Ասաֆ պէյին

«Օճագլըի միւֆթին՝ իր ազգականներէն յիսունէ աւելի անձերով, ճամբան մի քանի դէպքեր ըրին։ Հիմա ալ ցորեկ ատեն Օճագլըի մէջ՝ փեսան եղող գօլճը պաշըին տունը մտան, գիւղին ժողովուրդին վրայ յարձակելնին անխուսափելի է եւ տուներն ալ անկասկած պիտի հրկիզեն, այսչափը Ձեզի կ՚իմացնեմ, խղճացէ՛ք»։

Օճագլըի ուսուցիչ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ՐԷՄԶԻ