ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՇՏՈՒԹԵԱՆ ՍԵՂԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԽՕՍՈՒԱԾ ՃԱՌԸ

(Ատանայի կուսակալ Ճէմալ պէյի կողմէ տրուած խնճոյքին մէջ Կրօնական պետերու կողմէ հայ—բողոքականներու հոգեւոր պետին խօսած ճառին թարգմանութիւնը)

Տէր կուսակալ, պէյե՛ր եւ էֆէնտինե՛ր, բարեկամնե՛ր եւ հայրենակիցնե՛ր

Այսօր, նպատակի մը համար, իսլամ եւ ոչ-իսլամ, տեղացի եւ օտար անձնաւորութիւններէ կազմուած յարգելի մասնաւոր մարմին մը հոս հաւաքուած է։ Ասոր նպատակը սոսկ տեսնել, խօսակցիլ, ուտել եւ խմել չէ. այլ Ատանայի ժողովուրդին մէջ ծագած ցաւալի անհասկացողութիւնները փարատել, ուղիղ իրարահասկացողութիւն մը կազմել եւ զանազան տարրերուն համաձայնութեամբ եւ միութեամբ ապրիլը ապահովել է։

Ամենքդ ալ գիտէք որ անցեալ Ապրիլ ամսուն սկիզբները մի քանի թշնամիներու խաբեբայութեան եւ թելադրութիւններուն հետեւանքն  ըլլալով Ատանայի եւ շրջականերուն մէջ զարհուրելի եղելութիւններ տեղի ունեցան։ Միեւնոյն երկրին մէջ ապրող, միեւնոյն օդէն շնչող, միեւնոյն երկրին քաղաքացիներն ըլլալնուն համար հպարտացող ժողովուրդին մէկ մասը, առանց պատճառի միւս մասին վրայ յարձակելով անոր վերջին աստիճան վնասներ ըրաւ։ Ահա այս պատճառով Ատանայի իսլամ եւ ոչ-իսլամ ժողովուրդին մէջ ցրտութիւն եւ հակառակութիւն առաջ եկաւ։ Ասիկա բացարձակ իրականութիւն մ՚է, եւ կարելի չէ՛ ուրանալ։ Բայց ինչպէս գիշերին ցերեկը կը յաջորդէ, ձմեռին ալ գարունը, այնպէս ալ բնական է որ այս ցրտութեան պիտի յաջորդէ տաք վերաբերում մը եւ հակառակութեան ալ՝ իրերահասկացուղութիւն մը։

Թէեւ իսլամ եւ ոչ-իսլամ ժողովուրդին մէջ այս մօտաւորութիւնը ստեղծելու համար Եուսուֆ Քէմալ պէյը բաւական աշխատեցաւ, սակայն իր այդ ձեռնարկին մէջ չի կրցաւ յաջողիլ, որովհետեւ տակաւին ժամանակը եկած չէր։ Յետոյ Մուսթաֆա Զիհնի փաշա ալ թէեւ այդ ուղղութեամբ տեւական աշխատեցաւ՝ բայց ոչինչ կրցաւ ընել։ Երկու ժողովուրդին մէջ այս մօտաւորութիւնը առաջ բերելով անդորրութիւնը վերահաստատելու փառքն ու պատիւը կը վերաբերի մեր կուսակալ Ճէմալ պէյ էֆէնտիին։ Որովհետեւ այլ եւս ատոր ժամանակը եկած է եւ քիչ մ՚ալ արդարութիւնը ի գործ դրուելով ճշմարտութիւնը որոշ չափով մէջտեղ ելած է։ Թէեւ մեր հայրենիքին ճշմարիտ շահը կը պահանջէր որ այդ արդարութիւնը աւելի լայն չափով ի գործ դրուէր եւ վատանուն Ճէվատն ու Մուսթաֆա Րէմզին եւ արբանեակները կախուէին, բայց առ այժմ այսքանով գոհանալ կը  յանձնարարուի։ Քանի որ այս յանձնարարութիւնը մեզի կ՚ընեն մենէ աւելի լաւ խորհող եւ երկրին վիճակին աւելի լաւ տեղեակ անձնաւորութիւններ, մենք այդ անձնաւորութիւններուն այս յանձնարարութիւնները կը գնահատենք եւ երկրին օրէ օր խաղաղութիւն ստանալը մեր բոլոր հայրենակիցներուն եւ օտարներուն կը յայտնենք։ Սակայն, վստահելով ձեր ներողամտութեան, կ՚ուզեմ այստեղ մի քանի խնդիրներ եւ պահանջումներ ընել։

Առաջին. Կը խնդրենք կառավարութենէն որ մի քանի տգէտներու համար ամբողջ ազգ մը պատասխանատու բռնելու սկզբունքէն հրաժարի։ Ամէն ժողովուրդի եւ ամէն ազգի մէջ տգէտ եւ յանցաւոր մարդիք կրնան գտնուիլ, բայց այս չի նշանակեր որ ամբողջ ազգ մը տգէտ եւ յանցաւոր է։ Հակառակը պնդել՝ սխալ եւ վտանգաւոր կերպով տրամաբանել է։ Որովհետեւ ատ կը նշանակէ թէ. Ահմէտ թուրք է, ուրեմն բոլոր թուրքերը տգէտ են. եւ կամ Յակոբ յանցաւոր է, Յակոբ հայ է, ուրեմն բոլոր հայերն ալ յանցաւոր են, ծիծաղելի տրամաբանութիւն։ Մասնաւոր երեւոյթներն ամբողջական երեւոյթներ չեն կրնար եզրակացուիլ եւ պէտք չէ որ եզրակացուին։

Երկրորդ. Կը խնդրենք մեր իսլամ հայրենակիցներէն որ իրենց շահը չի փնտռեն ուրիշին վնասին մէջ։ Աս ալ խիստ սխալ սկզբունք մ՚է։ Ուրիշին վնաս հասցնել ուզող մարդը նախատէս իրեն է որ վնաս կը հասցնէ։ Ատանայի ծանօթ դէպքերէն վերջ մենք, քրիստոնեաներս, շատ տուժեցինք։ Մեր հարստութիւնն ու երջանկութիւնը կորսնցուցինք, բայց ի՞նչ կը կարծէք, դուք աւելի բարձրացա՞ք. չեմ կարծեր։ Դուք ալ վնասուեցաք բարոյականութիւնով, եւ նկարագիրով ինկաք։ Ըստ իս այս վերջին անկումը առաջինէն շատ աւելի ցաւալի է։ Մեր հարստութիւնները մենք նորէն կրնանք շահիլ, չի շահինք իսկ՝ կարեւորութիւն չունի։ Ամբողջ կուսակալութեան մէջ մեր ամբողջութիւնը փոխանակ 60. 000ի՝ քիչ մը պակաս կ՚ըլլայ, եւ այս մեծ բան մը չէ, բայց բարոյականութիւնով եւ նկարագիրով անկումը աւելի մեծ անկում մ՚է։ Անգլիացի նշանաւոր բանաստեղծ Շէյքսբիր ըսած է. «Եթէ մէկը դրամապանակս գողնայ՝ մեծ բան մը գողցած չըլլար, այդ նախապէս ուրիշին էր, յետոյ իմս եղած էր, ի վերջոյ ալ նորէն ուրիշին պիտի երթար։ Բայց երբ մէկը իմ նկարագիրս գողնայ՝ ես ճշմարտապէս աղքատ կ՚ըլլամ, բայց ինքն ալ չի հարստանար»։

Երրորդ. Մեր քրիստոնեայ հայրենակիցներէն ալ կը խնդրենք որ, այդ դէպքերը կարելի եղածին չափ իրենց մտքէն վանեն։ Մէջտեղը խնդիր մը կայ, այդ խնդրին սխալ ըլլալուն ամենքս ալ հաւատացած ենք, աւելի լաւ էր որ այդ դէպքը չի պատահէր, ատկէ ամենքս ալ վնասուեցանք, քրիստոնեաները նիւթապէս, իսլամները բարոյապէս վնասուեցան, եւ մեր կառավարութիւնն ալ երկար ատեն իւր թանկագին ժամանակը եւ դրամը այս խնդիրներուն համար վատնեց եւ պիտի վատնէ տակաւին։ Ուրեմն կարելի եղածին չափ մոռնանք այս դէպքը։ Մեր տան մէջ երբ մէկը մեռնի, ի՛նչ կ՚ընենք անոր համար քիչ մը կուլանք, կը տրտմինք, յետոյ խոր փոս մը փորելով զայն անոր մէջ կը թաղենք։ Հոս ալ այսպէս պէտք է ընել։ Թաղենք Ատանայի դէպքը, այնքան խորունկ թաղենք որ՝ չի հոտի եւ իւր մանրէները չ՚աղտոտեն Սահմանադրութեան մաքուր օդը։

Այս պարագային կառավարութենէն մեր միակ պահանջը արդարութիւն է։ Որովհետեւ կառավարութիւնը Աստուածպետական կազմակերպութիւն մ՚ըլլալով իր գոյութիւնը կրնայ պահպանել լոկ արդարութեամբ եւ արդարադատութեամբ, պէտք է ուրեմն որ նա արդարութիւնն ու իրաւունքը լիուլի գործադրէ։ Իսրայէլի գեղեցկախօս բանաստեղծը Դաւիթ կ՚ըսէ «իշխողները թող արդար ըլլան եւ Աստուծոյ վախովը իշխեն»։

Մեր իսլամ հայրենակիցներէն կը պահանջենք, ճշմարտութիւն եւ ուղղութիւն, կոր քանակէն ուղիղ գիծ չ՚ելլեր։ Կարգ մը վրէժխնդիր մարդոց թելադրութիւններուն ու խաբեբայութիւններուն հետեւելով փոխանակ անպատշաճ ընթացքներու մէջ իյնալու, պէտք է որ արդարութեան կապուած մնան։ Ազգ մը այնքան աւելի գերազօր եւ մաքուր կըլլայ՝ որքան արդարութեան եւ ճշմարտութեան հաւատարիմ ըլլայ։ Ուրեմն ամեն ճշմարիտ Օսմանցիի միակ փափաքը «ճշմարտութիւն կ՚ուզենք» աղաղակն ըլլալու է։

Մեր քրիստոնեայ հայրենակիցները պետք է որ քիչ մ՚աւելի կանխամտած ու շրջահայեաց ըլլան։ Պէտք է անոնք իրենց շրջապատն ու միջավայրը նկատի ունենալով շարժին։ Բնաւ պետք չէ աճապարեն, այլ միշտ իրենց երէց եղբայր իսլամներուն հակումն ու մտայնութիւնը հաշուելով պէտք է գործեն։ Որովհետեւ հին առածի մը համաձայն «մէկ տրամ զգուշութիւնը մէկ լիտր դէղէն աւելի կ՚արժէ»։

Մի քանի խօսք ալ Իսլամ հայրենակի՛ցներ, մեզի հանդէպ վստահութիւն ունեցէք, մենք զձեզ եւ այս երկիրը մեր բոլոր սրտով կը սիրենք։ Մենք այս սրբազան հայրենիքին ճշմարիտ զաւակներն ու ծառայողներն ենք. մենք սրտանց կը բաղձանք անոր յաջողութիւններն ու երջանկութիւնները։ Մենք ուրիշ նպատակ եւ բաղձանք չունինք. ասոր կրնաք կատարելապէս վստահ ըլլալ։ Մի՛ նեղէք դժբախտ ազգ մը՝ որ Աստուծմէ զատ ո՛չ ոք ունի. Աստուծոյ բարկութիւնը մի՛ հրաւիրէք այս երկրին եւ այս ժողովուրդին վրայ։

Եթէ կը սիրենք մեր հայրենիքը, մեր պետութիւնը, մեր Աստուածը, պէտք է որ այլեւս մէկ կողմ ձգենք այս տեսակ գործեր, թէ՛ իսլամ եւ թէ՛ քրիստոնեայ պէտք է միանանք եւ միասնաբար աշխատինք այս երկրին անդորրութեան եւ յառաջդիմութեան համար։ Եթէ մեր հայրերը մէկ եղած չեն, գոնէ մեր փափաքները մէկ թող ըլլան. թէեւ կրօնքով կը տարբերինք, գոնէ միանանք միեւնոյն նպատակին վրայ. եթէ մեր գիրքերը մէկ չեն իսկ՝ գոնէ մեր սրտերը մէկ ըլլան եւ մէկ փափաքով, մէկ նպատակով ու մէկ սրտով աշխատինք փառապանձ դարձնել այս պաշտելի հայրենիքը եւ մեծազօր Օսմ[անեան] Ազգը. որովհետեւ «միասին կը կենանք եւ առանձին կը բաժնուինք»։

23 Յունվար 1910 Ատանա