ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՌԱՋԻՆ ԽՕՍՔ

Իրականութիւններ կան, որոնք որչափ գաղտնի պահուին, կարծես այնչափ աւելի շուտ կը տարածուին ու կը տարաձայնուին։ Այս կարգէն է Կիլիկիոյ աղէտին խնդիրը, որուն մասին թէեւ սխալ ու ճիշտ շատ բաներ խօսուեցան ու գրուեցան, եւ սակայն աղէտին ճշգրիտ պատմութիւնը մինչեւ հիմա քօղարկուած մնաց։ Ահա ներկայիւս կուգամ՝ իբրեւ իրազեկ եւ ականատես ներկայացնել Կիլիկիոյ աղէտը ամէն մանրամասնութիւններովը կատարեալ ճշգրտութեամբ, առանց ամենափոքր չափազանցութեան, եւ ջարդերու պատմութեան կցել պաշտօնական տեղեկագիրները, պաշտօնագիրներու պատճէնները եւ այլ վաւերաթուղթերն ու մինչեւ ցարդ նոյն առթիւ եղած հրատարակութիւններէն ամենակարեւորները, որոնք պիտի կազմեն Կիլիկիոյ աղէտին լիակատար պատմութիւնը։

Մօտաւոր անցեալի մը տխուր յիշատակները ներկայացնելով՝ նպատակնիս ոչ թէ ատելութիւն սերմանել է, այլ ընդհակառակը՝ ամենաջերմ համերաշխութեան փափաքող ըլլալով, կուզենք միայն ԱՆՑԵԱԼԻՆ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ ՕԳՏՈՒԻԼ գոնէ ապագային համար, եւ այս կերպով Օսմ[անեան] Հայրենիքին ծառայութիւն մը մատուցանելու գոհունակութիւնը վայելել։

Յ. Յ. ԹԷՐԶԵԱՆ