ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԵՌԱԳԻՐՆԵՐՈՒ ԲԱԺԻՆ

Կիլիկիոյ աղէտին վերաբերեալ վաւերաթուղթերէն կարեւոր մէկ մասը կը կազմեն՝ նոյն միջոցին փոխանակուած կարգ մը հեռագիրներ, որոնք որոշ կերպով կը լուսաբանեն աղէտին շատ մը կէտերը։ Կիլիկոյ աղէտին հեռագիրները գլխաւորաբար երեք մասի կը բաժնուին. 1. պաշտօնական հեռագիրներ, որոնք են Օսմ[անեան] կառավարութեան՝ կեդրոնէն գաւառային իշխանութեանց հետ փոխանակած հեռագիրները։ 2. Հայ Ազգային հեռագիրներ, որոնք են Ազգ[ային] պատրիարքարանի գաւառային Առաջնորդութեանց հետ փոխանակուած հեռագիրները։ 3. Անձնական հեռագիրներ, որոնք են անհատներու կողմէ փոխանակուած կամ պաշտնական տեղեր տրուած հեռագիրները։ Այս հեռագիրներուն ամբողջութիւնը եթէ տպուիլ հարկ ըլլայ հատորներ կը կազմեն, մենք ստիպուած ենք միայն կարեւորները ամփոփել այս էջերուն մէջ։




Աղէտէն անմիջապէս ետքը Ատանայի կուսակալութեան կոչուած ՊԱՊԱՆ-ԶԱՏԷ ՄՈՒՍԹԱՖԱ ԶԷՀՆԻ ՓԱՇԱ։