ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԻՍՏ ԻԳ.
(Ուրբաթ 12 Յունիս 1909)

Նախագահ. Տ. Եղիշէ Ս. Պատրիարք Հայր

Ատենապետ. Տօքթ. Վահրամ էֆ[էնտի] Թորգոմեան

Ատենադպիր. Հրանտ էֆ[էնտի] Ասատուր

Ամեն. Տ. Եղիշէ Սրբազան Դուրեան պատրիարքի նոր ընտրութեանը առթիւ Ատենապետ Տօքթ[որ] Վահրամ էֆ[էնտի] Թորգոմեան շատ գեղեցիկ բանախօսութիւն մը ընելէ եւ կարգ մը ատենական գործողութիւններէ ետքը օրակարգին անցաւ։

Ատենապետ էֆ[էնտի] Եկեղեցական Համագումար Ժողովը՝ Ատանայի ջարդին առթիւ իր կատարած խորհրդակցութեանց միջոցին բանաձեւ մը ընդունած է որ այս անգամ հաղորդուած է Ազգ[ային] Ժողովիս։

Ձայներ. Կարդացուի։




Կիլիկիոյ աղէտէն ետքը Կ. Պոլսոյ Պատրիարք ընտրուած Տ. Եղիշէ Ս. Արքեպիսկ[ոպոս] Դուրեան։

(Ատենադպիր Հրանտ էֆ[էնտի] Ասատուր կարդաց Համագումար Ժողովոյ հետեւեալ գիրերը)։

Բարձրաշնորհ

Տ. Յովհաննէս Ս. Եպիսկ. Արշարունի

Տեղապահ Պատրիարքութեան Կ. Պոլսոյ

Եկեղեցական Համագումար Ժողովը, ինչպէս նաեւ Մայրաքաղաքիս զանազան եկեղեցիներու մէջ պաշտօնավարող քահանաները, ընդ ամենը հարիւրի մօտ եկեղեցականներ, իրենց երէկի նիստին մէջ նկատի առին Պոլսոյ 39 եկեղեցականներու կողմէ ներկայացուած հանրագիրը, որով կը խնդրէին Կիլիկիոյ աղէտեալներու մասին իրական ու վճռական դարման մը տարուելու համար ազդու միջոցներ ձեռք առնել։

Համագումար Ժողովս ուշադիր կարդալով իր Դիւանին կողմէ նախապէս գրուած 6 յօդուածներէ բաղկացեալ բանաձեւը եւ յօդուած առ յօդուած վիճաբանութեան ենթարկելով, միաձայնութեամբ ընդունեց բոլոր յօդուածներն ալ, եւ որոշեց այս բանաձեւին վրայ երկու յիշատակագիրներ խմբագրել թրքերէն լեզուով, եւ եկեղեցականներուն ստորագրել տալէ ետք Համագումարի կողմանէ ընտրուած 12 պատգամաւորներու միջոցաւ ու Ձեր Բ. Սրբազանութեան առաջնորդութեամբ՝ մէկ օրինակը ներկայացնել Նորին Կայսեր[երական] Վեհափառութեան եւ միւս օրինակը՝ Բ[արձրագոյն] Դրան։

Համագումարէն որոշուած պատգամաւորները հետեւեալներն են.

Տ. Գրիգորիս Ս. Արքեպս. Յովհաննէսեան, Տ. Վահրամ Ս. Արքեպս. Մանկունի, Տ. Հմայեակ Ս. Եպիսկ. Դիմաքսեան, Տ. Մաղաքիա Ս. Եպս. Տէրունեան, Տ. Եղիշէ Ծ. Վրդ. Չիլինկարեան, Տ. Վահան Ծ. վրդ. Յակոբեան, Տ. Եզնիկ Ծ. Վրդ. Պապաեան, Տ. Արսէն Ծ. վրդ. Վեհունի, Տ. Յովհաննէս Ա. Քհնյ. Մկրեան, Տ. Կարապետ Ա. Քհնյ. Մկրեան, Տ. Արիստակէմ Ա. Քհյ. Ճիզմէճեան, Տ. Միքայէլ Ա. Քհնյ. Աշճեան։

Ձերդ Բ. Սրբազնութեան կը յղենք գրոյս հետ ներփակեալ յիշատակագիրը. հետեւաբար Ձեզ կը մնայ սոյն կարւեոր դիմումին օրն ու ժամը որոշել մինչեւ յառաջիկայ Շաբաթ օր, եւ ըստ այս հրաւիրագիրներ ուղղել պատուիրակութեան բոլոր անդամոց՝ թրքերէն յիշատակագրին պատրաստութենէն յետոյ։

Ողջունիւ սիրոյ եւ մեծարանօք

՚Ի դիմաց Եկեղեցական Համագումար Ժողովոյ

 

Ատենադպիր

Ատենապետ

Գ. Վ[Ա]ՐԴ[Ա]Պ[ԵՏ] ՊԱԼԱԳԵԱՆ

ՀՄ[ԱՅԵԱԿ] ԵՊԻՍԿ[ՈՊՈՍ] ԴԻՄԱՔՍԵԱՆ

4 Մայիս 1909

ՅԻՇԱՏԱԿԱԳԻՐԻ ԲԱՆԱՁԵԻ

«Ազգային Եկեղեցական Համագումարը ժողովը՝ կազմուած Մայրաքաղաքիս բոլոր Ս. Եպիսկոպոսներէն, վարդապետներէն եւ քահանաներէն՝ գումարուելով այսօր Պատրիարքարանիս մէջ, նկատողութեան առաւ Ապրիլ 1էն ի վեր ի Պատրիարքարան յայտագրուած պաշտօնական տեղեկագիրներն ու հեռագիրներն՝ որք հասած են հետզհետէ Կիլիկիոյ Ս. Կաթողիկոսէն, Վարչութեան Ատանա ղրկած քննիչ մարմինէն. եւ շրջակայ քաղաքներու առաջնորդներն եւս հաստատած են թէ Ատանայի եւ Հալէպի կուսակալութեան ենթակայ հայաբնակ քաղաքներուն եւ գիւղերուն, ինչպես նաեւ Անտիոքի եւ շրջակայից մեջ սոսկալի հայկական կոտորածներ տեղի ունեցած են Ապրիլ 1էն ի վեր, ձեռամբ մեր Հայրենակից Թուրքերու, Չէրքէզներու, քիւրտերու՝ որոնց հետ միացած են նաեւ դժբախտաբար հալածեալ ժողովրդեան պաշտպանութեան համար զինուորներ, առանց խնայելու այրեր, կիներ, աղջիկներ եւ տղաքներ որպէսզի խժդժութիւն պատմութեան մէջ արձանագրուած չէ երբէք. ուստի այս ամէն վայրագ խժդժութեանց դէմ Եկեղեցական Համագումար Ժողովն բուռն կերպով կը բողոքէ այս ահռելի կոտորածներու դէմ, որոց զոհերու թիւն 30, 000ի կը հասնի, իսկ նիւթական վնասը միլիոնաւոր ոսկիներու, եւ որոշումներ տուաւ միաձայն հաւանութեամբ:

Ա. Ինչպէս Ատանայի եւ Հալէպի կուսակալութեանց եւ ուրիշ շրջակայ քաղաքներու մէջ դեռ ապահովութիւնը հաստատուած չէ ու ի վտանգի է ժողովրդեան կեանքը եւ ինչքը, նոյնպէս ալ ուրիշ կուսակալութեանց հայաբնակ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ ժողովուրդը՝ ահ ու սարսափի տակ կը գտնուի եւ ջարդի երկիւղով պաշարուած ամենօրեայ հեռագիրներով Պատրիարքարան դիմելով օգնութիւն եւ ապահովութիւն կը խնդրէ. ուստի ամէն բանէ առաջ Ժողովը կը խնդրէ հայաբնակ Անատօլուի եւ բոլոր քաղաքներու ու գիւղերու Հայ ժողովրդեան կրօնքի, կեանքի, պատուոյ եւ ինչքի անպայման ապահովութիւն:

Բ. Ժողովս Պատրիարքարան հասած պաշտօնական գրութիւններէն եւ հեռագիրներէն ստուգած լինելով որ Ատանայի եւ շրջակայից սոսկալի կոտորածներու մէջ կեանքի սպառնալեօք իսլամացուցած են այրեր, կիներ, աղջիկներ եւ տղաքներ, եւ մինչեւ մօտաւոր ու հեռաւոր Անատօլուի այլ իսլամաշատ քաղաքներն ու գիւղերը տարագրած են, կը պահանջէ որ Կայսրը իբր Խալիֆա Իսլամաց՝ Իրատէ մը հանէ, որուն ուժով կարենան բռնի իսլամութեան հարկադրած այրեր, կիներ, աղջիկներ ու մանուկներ իրենց նախկին քրիստօնէական կրօնին դառնալ, մասնաւորաբար առեւանգուած ու նիքեահ եղած կիներու, հարսներու ու աղջիկներու վերադարձը կը պահանջէ, խնդրելով որ անոնք յանձնուին պատկանեալ Հայ Առաջնորդարաններուն:

Գ. Նկատելով որ Ատանայի եւ Հալէպի Կուսակալութեանց ու շրջակայ քաղաքներու եւ գիւղերու մէջ անհատներու պատկանեալ բազմաթիւ տուներ, խանութներ այրուած են իսլամներու կողմէ, ու վաճառքներ թալանուած, եւ այգիներ ու արտեր աւերուած են, որով մեծամեծ վնասներու ենթարկուած են այդ տեղերու մնացորդ ազգայինք որոնք այժմ աւուր հացի կարօտ են, կը պահանջէ անհատական հատուցում վնասուածներուն Կառավարութեան կողմէ։ Իսկ մասնաւորաբար կը պահանջէ որ Իսլամներու կողմէ այրուած բոլոր եկեղեցիներու, վարժարաններու եւ ազգային կալուածներուն փոխարժէքը Կառավարութեան կողմէ վճարուի Ազգ[ային] Պատրիարքարանին:

Դ. Հայ Ազգին այս տագնապալի օրերուն մէջ հանդէպ Հայ Եկեղեցւոյ Կառավարութեան կողմանէ նորամուտ բառի մը գործածութիւնը, Օսմ[անեան] թէզքէրէներու մէջ «Ղրիղորեան» յորջորջումը հաստատուած լինելով, Ազգին եւ Եկեղեցւոյ դէմ եղած այս յարձակումը անհանդուրժելի կը գտնէ եւ բացարձակապէս կը մերժէ այդ «Ղրիղորեան» անունը, եւ շատ հին դարերէ ի վեր կրած իր Հայ անունը կը պահանջէ որ պահպանուի պետական բոլոր պաշտօնական գործառնութեանց եւ թղթոց մէջ, ինչպէս պահպանուած են Եկեղեցւոյ Պէրաթներու եւ Իրատէի մէջ:

Ե. Նկատելով որ յանցաւորները պատժուած չեն ցարդ, կը պահանջէ անխտիր բոլոր յանցաւորներուն պատժուիլը, ինչ աստիճանի եւ ի՛նչ պաշտօնի վրայ ալ գտնուած լինին:

Զ. Նկատելով որ այս խժդուժ կոտորածներուն իբր անմիջական հատեւանք հազարաւոր որբեր ու որբուհիներ անպաշտպան մնացած են, կը պահանջէ որ Կառավարութիւնը այս եղկելիներուն ներկան ու ապագան ապահովէ, տեղուոյն մէջ երկսեռ որբանոցներ հաստատելով անոնց ծախքերը ինք հոգայ։ Գալով այն 5-600 որբերուն՝ որոնք Պոլիս ժամանելու վրայ են, Կառավարութիւնը անոնց ընդհանուր պատսպարան մը սահմանէ եւ հոգայ անոնց օրական սնունդը, հանդերձը եւն. ինչպէս նաեւ անոնց կրթութիւնը, մինչեւ որ անոնք ի վիճակի ըլլան իրենք զիրենք պահպանելու:

Եկեղեցական Համագումար Ժողովը այս յիշատակագրի բանաձեւը պատրաստելով կը յանձնէ Տեղապահ Սրբազանին, որ երկու օրինակ թրքերէնի թարգմանել տալով մինչեւ յառաջիկայ չորեքշաբթի հաճի պատրաստ ընել, եւ կ’առաջարկէ Եշ. օր ներկայել Վեհ. Կայսեր եւ Բ. Դրան Տեղապահ Սրբազանին եւ կարգեալ պատգամաւորութեան միջոցաւ»:

Տօքթ. Աճէմեան պէյ. Եկեղեցական հարց այս որոշումը շատ գովելի է, եւ իրենց հայրենասիրական ու ազգասիրական զգացումներէն բղխած անշուշտ: Դիտել պիտի տամ սակայն, թէ նոր բան մը չէ: Վարչութիւնը պէտք եղած դիմումներն ըրած է արդէն եւ եթէ հարկ ըլլայ՝ Ս. Պատրիարքը կրնայ կրկնել այդ դիմումները: Մեր եկեղեցական հայրերը լաւագոյն գործ մը կատարած պիտի ըլլային՝ եթէ անձամբ Ատանա երթային, ժողովուրդը հոգեւորապէս մխիթարելու եւ հոն գործնականապէս օգտակար դառնալու պատրաստակամութեամբ։

Ա. Արսէնեան էֆ[էնտի] Եկեղեցական հայրերը ուզեր են իրենք ալ օժանդակութիւն մը նուիրել՝ պարտքերին կատարած ըլլալու համար, եւ այս առաջարկը կը բերեն Ժողովիս: Ասոր մէջ մեղադրելի բան մը չեմ գտներ ես: Պէտք է քննել թէ այս առաջարկը ի՞նչ պատճառներէ ծագում առած է:

Ա. Գասպարեան էֆ[էնտի] Նկատելով որ մինչեւ ցարդ եղած դիմումները որ եւ է արդիւնք չունեցան, առաջարկուած եղանակով նոր դիմում մը ընելուն մէջ եւս անպատեհութիւն չեմ տեսներ: Ընդհակառակը, գնահատելի կը գտնեմ Համագումար Ժողովին այս բանաձւը:

Մ. Սուրեան էֆ[էնտի] Համագումարին Ազգ[ային] Ժողովին ըրած դիմումին պատճառն այն է որ, ամիսէ մը վեր է Վարչութիւնը տեղեկութիւն մը չէ բերած մեզի՝ Կիլիկիոյ աղէտին առթիւ իր ըրած դիմումներուն նկատմամբ: Աճէմեան պէյ կ’ըսէ թէ Վարչութեան անդամները հարկ եղած դիմումները ըրած են. մենք ալ գիտենք. բայց պէտք է որ Վարչութիւնը յայտարարէ թէ ամէն մէկ պահանջ իր գոհացումը գտած է. այս պայմանով միայն կրնայ մերժել եկեղեցական հայրերուն առաջարկը: Համագումար Ժողովը որ տեսակ մը երեսփոխանութիւն է, իրաւունք ունի այս տեսակ առաջարկ մը բերելու, տեսնելով որ Վարչութեան դիմումներն ապարդիւն կը մնան: Ազգ[ային] թերթերուն մէջ կարդացի թէ Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն միջեւ համերաշխութիւն չկայ՝ Վարչական սեղանին վրայ գտնուած հրատապ խնդիրներու մասին: Ըսուեցաւ նաեւ թէ Համագումարի կատարելիք դիմումին դէմ արգելք յարուցանողներ եղած են: Պէտք է լուսաբանուին այս կէտերը: Ես կը փափաքիմ որ այս յիշատակագրին մատուցումը որոշուի:

Պ. Փափազեան էֆ[էնտի] Այս խնդիրը ընդհանուր կերպով իբր Կիլիկեան աղէտին վերաբերող խնդիր նկատելով, պէտք է ամենէն աւելի զբաղեցնէ զմեզ: Վարչութիւնը, դեռ մինչեւ այսօր, լիակատար տեղեկութիւն չի տուաւ Ազգ[ային] Ժողովին՝ Կիլիկիոյ գործերուն վրայ: Որբերու մասին իմ առաջարկս Վարչութեան ղրկուելէն ի վեր չիմացանք թէ ի՛նչ տնօրինուեր է, կամ թէ նոյն իսկ նկատողութեան առնուա՞ծ է: Թերթերուն մէջ կը կարդանք թէ մի ոմն Սէօռ Ժուաննա որբեր առած գացած է, որու մասին ո՛չ մէկ Ազգ[ային] Երեսփոխան ի պաշտօնէ բան մը չգիտեր: Դարձեալ թերթերէն իմացանք թէ Համագումար Ժողովը գումարուեր է Կիլիկիոյ խնդրով զբաղելու համար, սակայն Վարչութիւնը ձեռնահասութեան խնդիր հանելով՝ կասեցուցեր է անոր կատարելիք դիմումը, եւ այս պատճառով է որ Ազգ[ային] Ժողովիս կը ներկայանայ խնդիրը: Իրաց այս վիճակին մէջ, շնորհակալ ենք որ եկեղեցական պատուարժան հայրերը ժողով կազմեր, խորհրդակցեր եւ ուզեր են օգտակար ըլլալ: Կիլիկեան խնդիրը շատ բարդ խնդիր մըն է սակայն. բաց ի սպաննութեան, թալանի եւ իսլամացման դէպքերէն, որբերու խնդիրը կայ որ ամէն կարեկցութեան արժանի է: Ի՞նչ եղած է անոնց վիճակը, պէտք է հարցնենք եւ գիտնանք: Օգնութեան միջազգային Յանձնաժողովը գոհացուցիչ կերպով կը գործէ, ինչպէս կը լսենք. բայց Վարչութիւնը ոչ մէկ բացատրութիւն չի տուաւ մեզ. պէ՛տք է յուզել այս խնդիրը անմիջական կերպով, որպես զի Ժողովս լուսաբանուելով, եթէ հարկ տեսնէ՝ ըսէ եկեղեցականներուն. «Գացէ՛ք դուք գործեցէ՛ք»:

Ն. Ճիվանեան էֆ[էնտի] Ես՝ Համագումարին կողմէ ուղղակի դիմում մը կատարելու սկզբունքին դէմ պիտի խօսիմ: Սահմանադրութեան հաստատութենէն ի վեր՝ Ազգին բարձրագոյն մարմինը այս Ընդհ[անուր] Ժողովն է ուր եկեղեցականք եւ աշխարհականք միասին կը գումարուին: Մեր ժողովուրդը Ազգ[ային] Ժողովէն դուրս ուրիշ հեղինակութիւն չի ճանչնար: Սահմանադրութենէն առաջ Հոգեւոր Ժողով կար եւ զանազան առիթներու մէջ եկեղեցականները ուղղակի իրենք դիմում կ’ընեն եղեր կառավարութեան մօտ. սակայն հիմա մեր Երեսփոխանութիւնը եկեղեցականներուն ու աշխարհականներուն, այսինքն ամբողջ ազգին ներկայացուցիչ մարմինն է, հետեւապէս Համագումարին կատարելիք դիմումը անըմբռնելի կը մնայ: Ազգ[ային] Ժողովս ինք կատարեց արդէն հոգեւորական դասին կողմէ մատնանշուած դիմումը, յատուկ պատգամաւորութեան մը միջոցաւ, եւ նոյն իմաստով նոր դիմում մը՝ եկեղեցականներուն կողմէ: Ազգին ներկայացուցիչ Ժողովին իրաւանց կը դպչի:

Վ. Սէրէնկիւլեան էֆ[էնտի] Ատանայի աղէտը այնքան ահաւոր էր որ ամէն անհատ, ամէն մարմին մէյմէկ դիմում ընել ուզեց: Եկեղեցական հայրերն ալ գումարուեր եւ մտածեր են իրենք ալ դիմում մը ընել, որ գոհացուցիչ մտածում մըն է: Ես կը գովեմ Համագումարին այս նախանձախնդրութիւնը, բայց ճիշդ չեմ գտներ կարգ մը երեսփոխաններու յարուցած խնդիրը, իբր թէ Ազգ[ային] Վարչութիւնը ո՛չ եկեղեցականներուն թոյլատրեց բան մը ընել եւ ո՛չ ինք ըրաւ: Այս ամբաստանութիւնը սխալ է: Վարչութիւնը նկատի առաւ խնդիրը եւ հարկ եղած դիմումը ըրաւ բայց եթէ արդիւնք մը ձեռք չի բերաւ՝ յանցանքը իրենը չէր: Արդէն, Ատանայի աղէտին առթիւ նոր դիմում ընելու ատենը անցած է, քանի որ զինուորական եւ դատական ատեան մը ղրկուեցաւ Ատանա: Ես պիտի առաջարկէի որ Ազգ[ային] Ժողովը իր յառաջիկայ Ուրբաթի նիստը նուիրէր միմիայն Ատանայի խնդրոյն: Եկեղեցականի ու աշխարհականի խտրութեան խնդիր յարուցանելը անդէպ է. ես ուրախ եմ, ընդհակառակն, որ մեր բոլոր ժողովները խառն եղած են եւ կրօնականներն իբրեւ վահան կանգնած են օտար ոտնձգութիւններու դէմ: Արդ, ինչպէս ըսի, Ազգ[ային] Ժողովոյ յառաջիկայ նիստի միակ Օրակարգն ըլլալու է Ատանայի խնդիրը՝ ուր Վարչութիւնը մեզ հաղորդէ իր կատարած բոլոր ձեռնարկներն ու դիմումները եւ մեր բռնելիք դիրքը ճշտող ծրագիր մը պատրաստենք:

Վ. Մանուկեան էֆ[էնտի] Թէեւ խնդիրը Համագումար Ժողովոյ առաջարկին շուրջը կը դառնայ, բայց միեւնոյն ատեն առիթ տուաւ ցաւագին զգացմանց արտայայտման: Պէտք է թէօռիներ առաջ գան որպէսզի խնդիրներն իրենց ձեւականութիւնը գտնեն: Յուզուած խնդիրները հարկ է երկուքի բաժնել. նախ, Համագումարը պէտք կ’զգայ անձնուրաց կերպով առաջ անցնելու. ուստի պէտք կայ որոշելու թէ Ազգ[ային] Ժողովս կ’արտօնէ որ մեր պահանջքները Կրօնական սքեմի տակ ներկայացուին: Երկրորդ, հարցապնդում ուղղել կուզուի Վարչութեան, իր կատարած դիմումներուն մասին: Ասոնք ուրոյն կերպով անցնելու են խնդրոց կարգին մէջ, այսինքն թէ դիմումը Համագումարին կողմէ պէտք է ըլլայ թէ ո՛չ, եւ յետոյ՝ Պարգեւ էֆ[էնտի] Փափազեանի հարցապնդումը: Ես այս երկու խնդիրներուն աւագ կարեւորութիւնն ըմբռնելով, զանոնք անջատաբար Օրակարգ անցունել կ’առաջարկեմ:

Տ. Հմայեակ Եպիսկ[ոպոս] Այն օրէն ի վեր ուր պաշտօն ստանձնեցի տեղեկաբերն ըլլալու պատգամաւորութեան, իրարու վիճակը փոփոխութիւն չէ կրած եւ միեւնոյն դրութեան մէջ կը գտնուի: Պէտք է գիտնալ թէ զանազան նահանգներու մէջ գտնուող Հայ եկեղեցականներն ամենքն ալ անդամ են Համագումարին, որով ամբողջ հոգեւորականութիւնն է որ կը բերէ այս առաջարկը, իր պարտականութիւնը եւ փափաքն ըլլալով օգնել իր տառապեալ եղբայրներուն: Ես ինքս էի առաջարկողը Համագումարին մէջ, թէ խնդիրը Ազգային Ժողովին ատեանը հանենք, պարզապէս ծառայութիւն մը մատուցանելու համար Ազգին եւ Եկեղեցիին: Երբ Երեսփոխանութիւն ու Վարչութիւն կ’աշխատին աղէտին դառն հետեւանքները մեղմացնելու եւ արդարութիւն ձեռք բերելու համար, Համագումար Ժողովն ալ կուզէ օգտակար դառնալ ներելի եղած սահմանին մէջ: Սխալ է այն դիտողութիւնը թէ Ազգ[ային] Սահմանադրութենէն ետք՝ եկեղեցականներն առանձին դիմում չեն ըրած. օրինակները չեն պակսիր հոգելոյս Խրիմեան եւ Ներսէս Պատրիարքներու օրով: Ներսէս Պատրիարքի օրով, երբ պատերազմ ծագեցաւ ու Հայերէն զինուոր առնել կ՚ուզէր կառավարութիւնը, Համագումարը որոշեց դիմում ընել, նոյնպէս գաւառային հարստահարութեանց առթիւ: Հայ եկեղեցականութիւնը իր պարտքը կատարած է այսպէս, գացողներն եւ եկողները հաւասարապէս: Գալով անոնց որոնք կըսեն թէ եկեղեցականները թո՛ղ իրենք երթան Ատանա, պէտք է գիտնանք թէ Ատանա գտնուող եկեղեցական պատուիրակներն ամէնքն ալ անդամ են համագումարին:

Գ[եղամ] Տէր-Կարապետեան էֆ[էնտի] Համագումարի Յիշատակագրին առթիւ, ընդհանուր հայաբնակ գաւառներու վիճակը պէտք է խնդիր ընել Ազգ[ային] Ժողովին մէջ:

(Մեծամասնութեամբ կ’որոշուի յաջորդ նստի Օրակարգի Ա. Խնդիր նշանակել՝ Ատանայի խնդիրը)։