ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ 
    
     ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ 
    
     ԱՌՋԵՒ
  
 
    
     Քսաներորդ 
    
     դարու 
    
     քաղաքակրթութեան 
    
     արատ 
    
     բերող 
    
     եւ 
    
     մանաւանդ 
    
     Օսմ[անեան] 
    
     Սահմանադրութեան 
    
     նախատինք 
    
     եղող՝ 
    
     1909 
    
     Ապրիլի 
    
     Կիլիկիոյ 
    
     ահաւոր 
    
     աղէտին 
    
     հեղինակները 
    
     տիեզերքի 
    
     բոլոր 
    
     ազգերուն 
    
     զայրոյթին 
    
     եւ 
    
     ատելութեանը 
    
     ենթարկուեցան։ 
    
     Այս 
    
     մասին 
    
     քաղաքակիրթ 
    
     պետութեանց 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Երեսփոխանական 
    
     ժողովներուն 
    
     մէջ 
    
     կարգ 
    
     մը 
    
     վիճաբանութիւններ 
    
     տեղի 
    
     ունեցան, 
    
     որոնցմէ 
    
     ամենակարեւորներն 
    
     եղող՝ 
    
     Հայ-Ազգային, 
    
     Օսմանեան, 
    
     Ֆրանսական 
    
     եւ 
    
     Անգլիական 
    
     խորհրդարաններուն 
    
     ատենագրութիւնները 
    
     պիտի 
    
     ամփոփենք 
    
     այս 
    
     էջերուն 
    
     մէջ։