ՀԱՐԻՒՐ 
    
     ՀԱԶԱՐ 
    
     ՈՍԿԻԻ 
    
     ՀԱՇԻՒԸ
  
  
    
     (Ատանայի 
    
     նահանգին 
    
     Շինութեանց 
    
     Յանձնաժողովներու 
    
     Տեղեկագիրէն 
    
     քաղուած)
  
 
    
     Ատանայի 
    
     նահանգին 
    
     մէջ 
    
     պատահած 
    
     աղէտին 
    
     մէջ 
    
     ցաւ 
    
     ի 
    
     սիրտ 
    
     այրած 
    
     աղօթատեղի, 
    
     վարժարան 
    
     եւ 
    
     տուներուն 
    
     վերաշինութեանը 
    
     եւ 
    
     բացը 
    
     մնացած 
    
     աղէտեալներուն 
    
     ու 
    
     կարօտեալներուն 
    
     պաշտպանութեանը 
    
     համար 
    
     Օսմ[անեան] 
    
     կառավարութեան 
    
     կողմէ 
    
     պէտք 
    
     տեսնուած 
    
     ու 
    
     յատկացուած 
    
     եւ 
    
     Երեսփոխան 
    
     ժողովի 
    
     առաջարկուելով 
    
     ընդունուած 
    
     եւ 
    
     Կայս[երական] 
    
     հրամանով 
    
     արտօնուած 
    
     եւ 
    
     երեւմտից 
    
     նախարարութեան 
    
     14 
    
     Օգոս[տոս] 
    
     325 
    
     հեռագիրովը 
    
     Ատանայի 
    
     Օսմ[անեան] 
    
     դրամատան 
    
     մասնաճիւղը 
    
     փոխադրուած 
    
     հարիւր 
    
     հազար 
    
     ոսկին 
    
     յատկացուեցաւ 
    
     հետեւեալ 
    
     պէտքերուն. 
    
     —
  
 
   
  
    
   
     
    |       | 
     
      
        
         Օսմ[անեան] 
        
         ոսկի   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Պաղչէ, 
        
         Խասսէ 
        
         եւ 
        
         Իսլահիէ 
        
         գաւառակներու 
        
         շինութեանց   | 
     
      
        
         11000   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Տէօրթ-Եօլի 
        
         (Իւմրանիէ) 
        
         շինութեանց   | 
     
      
        
         9.
        
         500   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Սիս 
        
         եւ 
        
         Գարս-Փազարի   
        
         »»   | 
     
      
        
         1.
        
         570   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Հաճընի 
        
         շինութեանց    | 
     
      
        
         1.
        
         065   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Թարսուսի  
        
         »»   | 
     
      
        
         7.
        
         340 
        
         1/2   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Օսմանիէի  
        
         »»   | 
     
       
        
         676 
        
         ½   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Ատանա-Համիտիէ 
        
         (Ճէյհան) 
        
         եւ 
        
         Գարաիսալուի 
        
         շինութ[եանց]   | 
     
       
        
         5.
        
         388   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Ատանա 
        
         քաղաքի 
        
         շինութեանց   | 
     
      
        
         20.
        
         020   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Ատաղձ 
        
         կտրել 
        
         տալու 
        
         (քէրէսթէ 
        
         գաթըաթընա)   | 
     
       
        
         3.
        
         006 
        
         ½   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Որբերու 
        
         պաշտպանութեան 
        
         համար 
        
         ուղղակի 
        
         որբախնամներու 
        
         վճարուած   | 
     
       
        
         1.
        
         205   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Օսմ[անեան] 
        
         որբանոցին 
        
         շէնքի 
        
         շինութեան   | 
     
       
        
         5.
        
         000   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Եգիպտոս 
        
         փախած 
        
         կարօտեալներու 
        
         Ատանա 
        
         վերադարձնուն 
        
         համար   | 
     
      
        
         500   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Այրի 
        
         կիներուն 
        
         համար 
        
         բացուած 
        
         աշխատանոցին 
        
         դրամագլուխ   | 
     
       
        
         4.
        
         000   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Աղօթատուներու 
        
         շինութիւն   | 
     
      
        
         4.
        
         425   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Կարօտեալներու 
        
         պաշտպանութեան 
        
         համար 
        
         նպաստից 
        
         եւ 
        
         աշխատանոցի 
        
         ժողովներուն   | 
     
       
        
         24.
        
         877   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Երեւմուտքի 
        
         ծախքեր   | 
     
       
        
         257 
        
         ½   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Գումար՝ 
        
         Օ[սմանեան] 
        
         Ո[սկի]   | 
     
      
        
         99.
        
         830 
        
         ½   | 
     
   
    
  
   
 
  
 

     
      Հաճընի 
     
      վերաշինած 
     
      վանքն 
     
      ու 
     
      որբանոցը։
    
     ԱԶԳԱՅԻՆ 
    
     ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ 
    
     ՆՊԱՍՏԻՑ 
    
     ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ
  
 
    
     1908 
    
     Նոյեմ[բեր]ի 
    
     սկիզբը 
    
     Պոլսոյ 
    
     մէջ 
    
     կազմուած 
    
     էր 
    
     Նպաստամատոյց 
    
     Յանձնաժողով 
    
     մը, 
    
     որուն 
    
     նպատակն 
    
     էր 
    
     Հայաստանի 
    
     եւ 
    
     Կիլիկիոյ 
    
     կարօտ 
    
     գաւառներուն 
    
     օգնել։ 
    
     Նպաստից 
    
     Յանձնաժողովը՝ 
    
     շնորհիւ 
    
     իր 
    
     յարգելի 
    
     եւ 
    
     գործունեայ 
    
     անդամներուն, 
    
     յաջողեցաւ 
    
     մեծամեծ 
    
     նպաստներ 
    
     ձեռք 
    
     ձգել 
    
     եւ 
    
     հասցնել 
    
     իր 
    
     նպատակին։ 
    
     Սոյն 
    
     Նպաստ[ից] 
    
     Յանձնաժողովին 
    
     կազմութենէն 
    
     հինգ 
    
     ամիս 
    
     ետքը 
    
     դժբախտաբար 
    
     պատահեցաւ 
    
     Կիլիկիոյ 
    
     ահաւոր 
    
     աղէտը, 
    
     որուն 
    
     յանդէպ 
    
     Յանձնաժողովը 
    
     ալ 
    
     շուարեցաւ 
    
     իր 
    
     բռնելիք 
    
     դիրքը, 
    
     եւ 
    
     առաջին 
    
     առթիւ 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Վարչութեան 
    
     առաջարկով 
    
     Ատանա 
    
     հասցուց 
    
     1000 
    
     ոսկիի 
    
     չափ 
    
     գումար 
    
     մը 
    
     ուտեստի 
    
     համար։ 
    
     Նպաստից 
    
     Յանձնաժողովը 
    
     տեսնելով 
    
     որ 
    
     իր 
    
     ստացած 
    
     սահմանափակ 
    
     նպաստներով 
    
     անկարելի 
    
     պիտի 
    
     ըլլայ 
    
     Կիլիկիոյ 
    
     մէջ 
    
     բացուած 
    
     ահռելի 
    
     վէրքին 
    
     դարման 
    
     տանիլ, 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Վարչութեան 
    
     առաջարկեց 
    
     անմիջապէս 
    
     կազմել 
    
     միջազգային 
    
     օգնութեան 
    
     Յանձնաժողով 
    
     մը 
    
     Հայ, 
    
     Յոյն, 
    
     Թուրք 
    
     եւ 
    
     օտարազգի 
    
     վաճառականներէն 
    
     ու 
    
     ականաւոր 
    
     անձնաւորութիւններէն, 
    
     ինչ 
    
     որ 
    
     կազմուեցաւ 
    
     եւ 
    
     մեծամեծ 
    
     ծառայութիւններ 
    
     մատոյց։ 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Նպաստ[ից] 
    
     Յանձնաժողովը 
    
     հոգաց 
    
     Ատանա 
    
     ղրած 
    
     թէ 
    
     առաջին 
    
     պատուիրակներու, 
    
     թէ 
    
     բժիշկներու, 
    
     թէ 
    
     դեղագործներու, 
    
     վիրաբուժական 
    
     գործիքներու, 
    
     հիվանդապահներու, 
    
     դեղերու 
    
     եւ 
    
     ապահովագրական 
    
     գործոց 
    
     քննիչի 
    
     ուղեկան 
    
     եւ 
    
     այլ 
    
     ծախքերը, 
    
     նոյիպէս 
    
     փութաց 
    
     անմիջապէս 
    
     նպաստներ 
    
     ընձեռել, 
    
     ալիւր, 
    
     ճերմակեղէն, 
    
     վերմակ, 
    
     հանդերձեղէն, 
    
     քարօթ, 
    
     չինքօյէ 
    
     ամաններ 
    
     հասցնել 
    
     աղէտին 
    
     վայրը, 
    
     ինչպէս 
    
     նաեւ 
    
     Եգիպտոս 
    
     եւ 
    
     այլուր 
    
     հեռագրեց 
    
     որպէս 
    
     զի 
    
     օգնութիւն 
    
     փութացնեն 
    
     Ատանայի 
    
     տարաբախտ 
    
     կարօտեալներուն։ 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Նպաստից 
    
     Յանձնաժողովը 
    
     որոշեց 
    
     նաեւ 
    
     Կիլիկիոյ 
    
     աղէտին 
    
     վերաբերեալ 
    
     նպաստները 
    
     դնել 
    
     միջազգային 
    
     Նպաստից 
    
     Յանձնաժողովին 
    
     տրամադրութեան 
    
     տակ, 
    
     եւ 
    
     այսպէս 
    
     Ատանայի 
    
     անունով 
    
     իրեն 
    
     հասած 
    
     255.
    
     528 
    
     ղրշ.
    
     ի 
    
     գումարը 
    
     յանձնեց 
    
     նոյն 
    
     Յանձնաժողովին, 
    
     բայց 
    
     ի 
    
     վերջոյ 
    
     զանազան 
    
     տեսակէտներով, 
    
     լաւագոյն 
    
     սեպեց 
    
     ուղղակի 
    
     Պատրիարքարանի 
    
     վստահուած 
    
     գումարները 
    
     իր 
    
     միջոցով 
    
     սահմանել 
    
     նպատակին։
  
  
  
 
  
     
      Ազգ[ային] 
     
      նպաստից 
     
      Յանձնաժողովը 
     
      Կիլիկիա 
     
      ղրկած 
     
      է 
     
      հետեւեալ 
     
      գումարները
 
  
  
  
 
   
  
    
   
     
    |       | 
     
      
        
         Ղրուշ   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Ատանա   | 
     
      
        
         1.
        
         355.
        
         088 
        
         ¼   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Զէյթուն    | 
     
      
        
         344.
        
         894 
        
         ¾   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Մարաշ   | 
     
      
        
         135.
        
         540   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Տէօրթ-եօլ   | 
     
      
        
         10.
        
         800   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Սիս   | 
     
       
        
         34.
        
         560   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Անտիոք   | 
     
      
        
         17.
        
         360   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Իսկէնտէրուն   | 
     
       
        
         44.
        
         920   | 
     
   
    
  
   
 
  
  
  
 
    
     Կիլիկիոյ 
    
     աղէտէն 
    
     ետքը 
    
     արկածեալներու 
    
     բազմութիւն 
    
     մը 
    
     Կ. 
    
     Պոլիս 
    
     ապաստանած 
    
     ըլլալով 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Նպաս[ից] 
    
     Յանձնաժողովը 
    
     հոգաց 
    
     անոնց 
    
     ապրուստի 
    
     դրամ 
    
     եւ 
    
     ճամբու 
    
     ծախքեր։
  
 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Նպաստից 
    
     Յանձնաժողովին 
    
     20.
    
     000 
    
     ֆրանք 
    
     ղրկած 
    
     էր 
    
     Փարիզաբնակ 
    
     Տիգրան 
    
     խան 
    
     Քէլէկեան, 
    
     որուն 
    
     մեծ 
    
     մասը 
    
     ինք 
    
     նուիրած 
    
     եւ 
    
     փոքր 
    
     մասը 
    
     հանգանակած 
    
     էր։
  
 
    
     Կիլիկիա 
    
     ղրկած 
    
     եւ 
    
     նոր 
    
     ձեռնադրուած 
    
     հոգեւոր 
    
     հովիւներու 
    
     թոշակներ, 
    
     եկեղեցական 
    
     գոյքերու, 
    
     աղօթագրքերու, 
    
     վէմ 
    
     քարերու 
    
     ծախքերն 
    
     եւս 
    
     հոգաց 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Նպաստ[ից] 
    
     Յանձնաժողովը։ 
    
     Հանդերձեղէն 
    
     նպաստներ 
    
     եւ 
    
     արտասահմանէն 
    
     եւ 
    
     նոյնիսկ 
    
     Պոլսոյ 
    
     Հայ 
    
     Տիկնանց 
    
     Միութիւնը 
    
     71 
    
     հակ 
    
     հանդերձեղէն 
    
     հաւաքելով 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Նպաստից 
    
     Յանձնաժողովին 
    
     տրամադրութեան 
    
     տակ 
    
     դրաւ, 
    
     ինչպէս 
    
     նաեւ 
    
     Մանչէսթրէն 
    
     այս 
    
     մասին 
    
     բաւական  
    
     օգնութիւններ 
    
     հասաւ, 
    
     որոնք 
    
     անմիջապէս 
    
     ղրկուեցան 
    
     աղէտավայրերը. 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Նպաստից 
    
     Յանձնաժողովը 
    
     վերոգրեալներէն 
    
     զատ 
    
     այլ 
    
     եւ 
    
     այլ 
    
     բազմաթիւ 
    
     ծառայութիւններ 
    
     մատուցանելէ 
    
     ետքը 
    
     1911 
    
     Մարտ 
    
     24-ին 
    
     հրաժարեցաւ։
  
 
    
     Ազգ[ային] 
    
     Նպաստից 
    
     Յանձնաժողովը 
    
     կազմուած 
    
     էր 
    
     հետեւեալ 
    
     անձնաւորութիւններէ. 
    
     Ատենապետ 
    
     — 
    
     Զարմայր 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Ճշմարտախօս, 
    
     Ատենադպիր 
    
     — 
    
     Գրիգոր 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Ֆէրատ, 
    
     Գանձապետ 
    
     — 
    
     Գառնիկ 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Սարգիսօֆ, 
    
     Անդամներ 
    
     — 
    
     Մագսուտ 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Շահպազ, 
    
     Սարգիս 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Գընաճեան, 
    
     Թումիկ 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Սուրէնեան, 
    
     Օննիկ 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Տէրունեան 
    
     եւ 
    
     Ստեփան 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Թէլլիեան. 
    
     որոնց 
    
     մատուցած 
    
     ծառայութիւնները 
    
     անմոռանալի 
    
     են։
  
 
    
     ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ 
    
     ՆՊԱՍՏԻՑ 
    
     ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎ
  
 
    
     Կիլիկիոյ 
    
     աղէտեալներուն 
    
     օգնելու 
    
     համար 
    
     թէ 
    
     տեղական 
    
     եւ 
    
     թէ 
    
     օտար 
    
     շրջանակներու 
    
     մէջ 
    
     մեծ 
    
     նպաստներ 
    
     ձեռք 
    
     բերելու 
    
     նպատակով 
    
     կազմուեցաւ 
    
     միջազգային 
    
     նպաստից 
    
     Յանձնաժողով 
    
     մը, 
    
     որ 
    
     մեծամեծ 
    
     ծառայութիւններ 
    
     մատոյց 
    
     Կիլիկ[իոյ] 
    
     դժբախտ 
    
     աղէտեալներու։
  
 
     
      Առաջին 
     
      նիստը 
     
      (9 
     
      Մայիս 
     
      1909)
  
 
    
     Նորին 
    
     Կայս[երական] 
    
     Վեհափառութեան 
    
     Սուլթան 
    
     Մէհմէտ 
    
     Ե-ի 
    
     բարձր 
    
     հովանաւորութեան 
    
     ներքեւ 
    
     գտնուող՝ 
    
     Ատանայի 
    
     եւ 
    
     Հալէպի 
    
     օգնութեան 
    
     Յանձնաժողովը 
    
     իր 
    
     առաջին 
    
     նիստը 
    
     գումարեց 
    
     Թօգատլեանի 
    
     սրահը, 
    
     ներկայ 
    
     էին 
    
     Կայս[երական] 
    
     Թիկնապահ 
    
     Րէմզի 
    
     պէյ, 
    
     Հովհաննէս 
    
     փաշա 
    
     Սագըզ, 
    
     Մ. 
    
     Հիւկնէն, 
    
     Զարէհ 
    
     Տիլպէր 
    
     էֆ[էնտի], 
    
     Ժօզէֆ 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Ազարեան, 
    
     երեսփոխան 
    
     Պետրոս 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Հալաճեան 
    
     եւ 
    
     Եուսուֆ 
    
     Քէմալ 
    
     պէյ, 
    
     Մ. 
    
     Ֆէրնանտէզ, 
    
     Մր. 
    
     Փիթ, 
    
     Մ. 
    
     Իարէն, 
    
     Մ. 
    
     Քիւրձ 
    
     եւ 
    
     ուրիշ 
    
     նշանաւոր 
    
     անձնաւորութիւններ։ 
    
     Սաիտ 
    
     փաշա, 
    
     Համատա 
    
     փաշա, 
    
     Գաբրիէլ 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Նորատունկեան, 
    
     Մ. 
    
     Տէֆէս, 
    
     Մ. 
    
     Կիրսոն, 
    
     Ֆօն 
    
     Հարթման 
    
     եւլն. 
    
     խոստացած 
    
     էին 
    
     յօժարութեամբ 
    
     ընծայել 
    
     իրենց 
    
     աջակցութիւնը։
  
 
    
     Դիւանը՝ 
    
     ընտրութիւն 
    
     կատարելով 
    
     կազմուեցաւ 
    
     հետեւեալ 
    
     կերպով 
    
     — 
    
     Նախագահ՝ 
    
     Ծերակոյտի 
    
     նախագահ 
    
     Սաիտ 
    
     փաշա, 
    
     դեր-նախագահ՝ 
    
     Օսմ[անեան] 
    
     Պանքայի 
    
     Տնօրէն 
    
     Մ. 
    
     Տէֆէս, 
    
     Գանձապետ՝ 
    
     Եդուարդ 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Գարակէօզեան, 
    
     Ատենադպիր՝ 
    
     Գրիգոր 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Սինապեան։ 
    
     Օսմ[անեան] 
    
     Պանքան 
    
     բարեհաճ 
    
     էր 
    
     ընդունիլ 
    
     հանգանակեալ 
    
     գումարներու 
    
     ամփոփումը։
  
 
    
     Յանձնաժողովն 
    
     երկու 
    
     խումբեր 
    
     կազմեց, 
    
     որոնցմէ 
    
     մին 
    
     նպատակ 
    
     պիտի 
    
     ունենայ 
    
     արտասահմանէ 
    
     նպաստներ 
    
     հաւաքել 
    
     եւ 
    
     այս 
    
     մասնախումբին 
    
     Նախագահ 
    
     որոշուեցաւ 
    
     Մ. 
    
     Հիւկնէն։ 
    
     Բ. 
    
     Յանձնախումբն 
    
     հաւաքուած 
    
     նպաստներուն 
    
     բաշխումը 
    
     պիտի 
    
     կատարէ 
    
     եւ 
    
     այս 
    
     Յանձնախումբին 
    
     նախագահ 
    
     կարգուեցաւ 
    
     Մր. 
    
     Փիթ։
  
 
    
     Յանձնաժողովն 
    
     այս 
    
     առթիւ 
    
     ընդունեց 
    
     առաջին 
    
     նպաստը 
    
     Գաբրիէլ 
    
     էֆ[էնտի] 
    
     Նորատունկեանէ 
    
     100 
    
     Օսմ[անեան] 
    
     ոսկի։
  
  
  
 
     
      Միջազգային 
     
      նպաստից 
     
      Յանձնաժողովին 
     
      կողմէ 
     
      աղէտավայրերը 
     
      ղրկուած 
     
      գումարները
  
  
  
 
   
  
    
   
     
    |   
        
         1   | 
     
      
        
         Օսմ[անեան] 
        
         ոսկի   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Ատանա 
        
         (Ֆէքէ 
        
         100, 
        
         Շարտէրէ 
        
         100, 
        
         Համիտիէ 
        
         100) 
        
         միասին   | 
     
      
        
         4.
        
         667      | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Իսկէնտէրուն, 
        
         Տէօրթ 
        
         Եօլ   | 
     
      
        
         1.
        
         350   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Խարբերդ 
        
         (Քօլ. 
        
         Ֆուվրի 
        
         կողմանէ)   | 
     
      
        
         100   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Լաթաքիա   | 
     
      
        
         380.
        
         51   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Հաճին   | 
     
       
        
         987   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         «Կարմիր 
        
         մահիկի»   | 
     
      
        
         63.
        
         62   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Մարաշ 
        
         Զէյթուն   | 
     
      
        
         1423.
        
         69   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Անթաքիա   | 
     
      
        
         350   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Կիպրոս   | 
     
       
        
         250   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Որբերու 
        
         (Պատրիարքարանի 
        
         միջոցաւ   | 
     
       
        
         50   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Որբերու 
        
         (Կեդրոնական 
        
         որբախնամի)   | 
     
      
        
         400   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Հայրենիք 
        
         վերադարձող 
        
         աղքատ 
        
         ընտանիքի 
        
         մը   | 
     
      
        
         4   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Սիս   | 
     
      
        
         250   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Պաղչէ   | 
     
      
        
         2800   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Մէրսին   | 
     
      
        
         300   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Այնթապ   | 
     
      
        
         500   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Քէսապ   | 
     
      
        
         1901   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         Քարտուղար, 
        
         հեռագիր, 
        
         փօսթ 
        
         եւ 
        
         այլ 
        
         ծախքեր   | 
     
      
        
         64   | 
     
   
    
   
     
    |   
        
         գումար 
        
         Օ[սմանեան] 
        
         Ո[սկի]   | 
     
      
        
         15.
        
         841.
        
         94   |