ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ԱՌԱՋԻՆ ՋԱՐԴԻՆ ԱԿԱՆԱՏԵՍ ԱՄԵՐԻԿԱՑԻԻ ՄԸ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
(Հրատարակուած, Անգլիական «Թայմզ» օրաթերթին մէջ)

Թարսուսէն Ատանա գացի Ապրիլ 13ին թէ առաջ, չեմ յիշեր, Մր. Քրիսթի եւ Մր. Րաճըրսի հետ։ Ընդհանուր Համաժողովի մը վաղորդայնին էր։ Այս համախումբը կ՚ըլլար, միսիօնարական գործողութեան Հայաստանի մէջ սկսելուն յիսուներորդ տարեդարձը յիշատակելու համար։ Ատանա՝ Թարսուսէն երեսուն մղոն հեռու է, Ասիական Թուրքիոյ ամենաբերրի մայրաքաղաքն է։ Երեքշաբթի օրը Երիտասարդաց քրիստոնէական եւ Աշխատութեանց ընկերութեան ժողով մը կար։ Ժընէվցի Գնդ. Ֆէրման, այդ կազմակերպութեան միջազգային քարտուղարը ներկայ էր150 հոգիի հետ։ Ժողովը լրանալէն ետքը տուն գացինք։ Ամէն բան հանդարտ, խաղաղ եւ երեւոյթապէս բնական վիճակի մէջ էր։

Առտուն կանուխ ժամը 6ին արթնցուց զիս տղայ մը, որուն ըսած էի թէ մուշտակ մը գնել կ՚ուզեմ, եկած էր լուր տալու թէ հատ մը գտեր էր խանին մէջ։ Թէեւ շատ կանուխ էր, սակայն գացի անոր հետ։ Չարագուշակ զրոյցներ հասեր էին Հայոց ականջները, ու շատերուն խանութները բացուած չէին։ Երբ շուկան հասանք, տեսայ որ մոլլաները զէնք, հրացան եւ ռազմամթերք կը գնէին։ Բարեկամս ջանաց կեցնել զիս՝ ըսելով. «Մի՛ երթար, չե՞ս տեսներ ինչ կ՚ընեն, ջարդի պիտի սկսին»։ Կարեւորութիւն չի տուի այս ազդարարութեան եւ քալեցի։

Մեր միսիօնարական ժողովը սկսաւ եւ կէս ժամ շարունակեց, երբ յանկարծ լրաբեր մը ներս մտաւ եւ ժողովին նախագահին ականջին բան մը փսփսաց։

Նախագահը ներկաներուն ուղղելով իր խօսքը յայտարարեց. «որոշ լուրեր կան, թէ խռովութիւն մը կը պատրաստուի, կարծեմ թէ լաւ պիտի ըլլայ որ կացութիւնը ուշադրութեան առնենք»։

Այլ եւ այլ խօսքերէ վերջ՝ Մր. Չէմպըրս դիտել տուաւ, թէ լաւ պիտի ըլլար մեզմէ մէկը ղրկել, եւ պարագաները ստուգել, եւ քանի որ ինք թուրքերէն կրնայ խօսիլ, ինչպէս նաեւ հայերէն, ֆրանսերէն ու անգլիերէն, ինք կ՚ուզէր երթալ։ Անոր մայրը, որ ջարդ մ՚անցուցած էր առարկեց։ Վերջապէս Մր. Չէմպըրս ու ես միասին գացինք։

Հազիւ քանի մը քայլ յառաջացեր էինք, երբ տեսանք թէ կացութիւնը, իրաւ որ, շատ գէշ էր։ Խումբ, խումբ Հայ տղամարդիկներ, կիներ եւ մանուկներ զառ ի վեր կելլէին քաղաքին կեդրոնէն՝ սարսափահար եւ վշտաբեկ։ Առաջին անգամ ըլլալով լսեցի ողբաձայն մը, որուն ցաւագին շեշտը օրերով ու շաբաթներով հնչեց ականջներուս մէջ, եւ որ տակաւին կ՚արթնցնէ զիս երբեմն գիշերները երազներուս մէջ.

«Ամա՜ն, ամա՜ն…»

Թուրքերը հայերուն խանութները կը կողոպտէին, եւ հայերը ծեծելով ու քարկոծելով կը սպաննէին։ Շարունակեցինք մեր ճամբան կառավարչատունը ուղղուած, ուր կը գտնուէր հեեւագրական պաշտօնատեղին, եւ ուր կ՚ակնկալէինք գտնել կառավարական իշխանութիւնները։ Փողոցները խռնուած էին թուրքեր, որոնց բոլորն ալ միատեսակ բիրերով զինեալ էին։ Այս բիրերը յայտնապէս բաշխուած էին կեդրոնավայրէ մը։

Մոռցայ ըսելու , թէ տունէն դուրս չելած մեր ֆէսերը հանեցինք, ու եւրոպացիներու միայն յատուկ գլխարկներ դրինք, եւ այսպէս առանց ընդմիջուելու կրցանք քալել։

Երբ կառավարատունը հասանք, հոն գտանք Ֆէրիք փաշան, այսինքն զինուորական կառավարիչը, Ֆէրիք փաշան ծեր մարդ մըն է, եւ արհամարհելիօրէն ապիկար, որուն միակ յանձնարարականը սա է թէ՝ տասներեք տարի առաջ Մարաշի ջարդը իր կառավարչութեան օրովը պատահեցաւ։

Ֆէրիք փաշա վախէն ու սարսափէն ինքզինքը կորսնցուցած ըլլալ կը ձեւացնէր։ Յայտարարեց թէ բան մը չի կրնար ընել, «ի՞նչ է եղեր ճանըմ, խռովութիւն կամ ջարդ չիկայ», զինուորները հոս չէին, վերջապէս ինչ որ խելքը փչեց՝ ըսաւ։ Ջանացինք հասկցնել իրեն թէ՝ խումբ մը զինուորներ կրնային խաղաղութիւն հաստատել՝ փողոցներուն մէջ պտըտելով։ Բայց օգուտ չըրաւ։ Բոլոր ատենը, սակայն աղմուկը եւ շփոթութիւնը կ՚աւելնար դուրսը։ Եւ ահա ներս բերուեցաւ վիրաւորեալ թուրք մը։ Յետոյ վալի փաշային քով գացինք, բան մը չէր ուզեր ընել, որովհետեւ վտանգ չի կար, ամէն տեղ խաղաղութիւն կը տիրէր…։

Բայց տեսնուեցաւ թէ մեր ներկայութիւնը մեծապէս վրդովեց ու շփոթեցուց զինքը։ Մենք «օտարական» էինք, ու օտար պետութիւնները կարող են իրենց հպատակները պաշտպանել, կամ անոնց պատահած վտանգին համար ծանր պատիժներ տնօրինել։ Կերպով մը յաջողեցայ ՄԷրսինի անգլիական հիպատոսին հեռագիր մը քաշել։ Շարունակեցինք վալիէն պահանջել , որ քաղաքին քրիստոնեաները ազատէր։ Վալին բարկացած էր, եւ ձեռքը կը զարնէր։ Մեզի ըսաւ որ դուրս ելլենք իր քովէն, յետոյ հետեւութիւնը գուշակելով՝ փաղաքշօրէն խնդրեց մեզմէ՝ չի հեռանալ։ Հոս ապահով էր։



Այրի տիկին Արթէմի. Մերսինի ռուսական հիւպատոսարանի պատուակալ թարգման միւսի Գոսթի Արտէմիի մայրը, որ Ատանա խասըր Փազարի թաղին մէջ երեք հարիւրի չափ Հայեր ազատեց, իր տունին մէջ պահելով եւ դրօշակ ի ձեռին դէմ կանգնելով։ (Տե՛ս էջ 37)


Աղմուկը կ՚աճէր ու կ՚աճէր։ Կէս օրի միջոցներուն, երբ գաւիթը կը սպասէինք, խուժանը փողոցներէն կառավարչատունը լեցուեցաւ կատաղացնոր, եւ պոռալով։

«Մա՜հ, կեավուրներուն։ Մա՜հ, կեավուրներուն»։

Խուժանին կ՚առաջնորդէր կանաչ փաթթոցող մարդ մը, որուն ժանտատեսիլ եւ  ցնորած դէմքին նման երես մը կեանքիս մէջ տեսած չեմ, երբէք չի պիտի մոռնամ կատաղի խուժանին յառաջացող հոսանքը։ Մարդիքը գործի վրայ էին՝ քրիստոնեաները սպաննելու, ու մեր վրայ հասան։ Բարեբաղդաբար ամբոխին մէջ կը գտնուէին յոյն հացագործի մը ծառաները, որոնք մեզ կը ճանչնային։ Ասոնք ատենին պոռացին։

«Մի դպչիք էֆէնտիներուն, ասոնք օտարականներ են»։

Եւ մենք ժամանակ ունեցանք ներս քաշուելու։

Այն ատեն երկու փաշաներուն ալ թախանձեցինք, որ խուժանին առջեւ ելլելով ցրուէին զայն։ Մէկ երկու փաշաները սկսան իրարու վրայ ձգել խուժանը ցրուելու պաշտօնը։ Եւ քանի մը վայրկեան՝ սա տեսակ խօսակցութիւն մը կանցնէր։ Ֆէրիգին ու Վալիին միջեւ՝ Ալֆօնս Կասբօնը յիշեցնելով։

Դուք հրամայեցէ՛ք որ խաղաղին Ֆէրի՛ք փաշա։

Աւելի լաւ է որ դուք բարեհաճիք սաստել ժողովուրդը, Վա՛լի փաշա։

«Ո՛չ, դուք սաստեցէ՛ք»։

Յանկարծ Վալի փաշան պոռաց։

«Գլուխնիդ բացէք։ Գլուխնիդ բացէք»։

Չի գիտցայ, թէ ինչ եղաւ եւ տակաւին չեմ ալ գիտեր։ Այս ատեն ներս մտեր էին Հայոց Առաջնորդը, թուրքերու միւֆթին, եւ դատաւորը։ Դրան քով ձայն մը կը լսէի, ու դառնալով տեղ տուի հայու մը որ մեզի հետ ներս մտեր էր։

Յանկարծ խուժանը ներս թափուեցաւ։ Ակնթարթի մէջ հսկայ սուր մը տեսայ բարձրացած, սոսկալի ձայն մը լսեցի ու հայը որուն տեղ տուած էի, գետին ինկաւ՝ գլուխը երկու կէսերու բաժնուած։ Առաջին մտածումս Մր. Չէպըրսն եղաւ։ Դարձայ զայն փնտռելու։ Այդ ատեն անիկա իր բազուկներովը գրկեց զիս, եւ վերարկուն վրաս նետելով՝ դատաւորին հետ՝ զիս դուրս հանեցին այդ սպանութեան սենեակէն, եւ ուրիշ սենեակ մը տարին ուր եկաւ նաեւ ամբողջ պաշտօնական խումբը։

Վալի փաշան սարսափահար ետեւս պահուեցաւէ զիս անկիւն մը տանելով։ Դրան մէջէն կը տեսնէինք անմեղ զոհերու սպաննութիւնը. խուժանը այլեւս մեզ չի հետապնդեց եւ դուրս ելաւ ու կառավարչատան սանդուխներուն վրայ սպաննեց երեք հայեր, որոնք ապաստանիլ կուգային հոն։ Հարիւրներով զինուորներ ծոյլօրէն կը պառկէին գաւիթին ծառերուն եւ պատերուն շուքին մէջ։ Փաշաներուն խօսք կարելի չէր հասկցնել, ամբոխը իր նախճիրները Հայոց թաղերուն մէջ կը կատարէր հիմայ, ուր երթալ փորձելը խենթութիւն մը պիտի ըլլար մեզի համար, եթէ թոյլատրուէինք իսկ։

Գիշերը ուշ ատեն Անգղ[իական] դեր հիւպատոսը հազարապետ Տօթի Ուայլի՝ կառավարչական շէնքերը հասաւ։ Հեռագիրս ստացեր էր, Ատանա հասեր եւ երեք ժամէ ի վեր երկու եւրոպացիներս փնտռեր էր։ Եկած էր Վալիին ըսելու որ, եթէ մենք չի գտնուէինք, շատ ծանր պիտի ըլլար անոր պատասխանատուութիւնը։ Այդ ատեն Վալին յիշեր էր թէ մենք իր պալատը կը գտնուէինք։

Ամբողջ գիշերը աթոռներու վրայ նստելով կամ գետինը պառկելով լուսցուցինք, հրկիզումներու ճարճատիւնը եւ հրացաններու պայթիւնը շարունակ մեր ականջին մէջ։ Գիշերը մեր աչքերումը տեսանք Վալիին յանցաւոր մեղսակցութիւնը այս ջարդի դաւադրութեան մէջ։ Հարկ չի կայ հոս պատմել, արդէն զինուորական ատեանին առջեւ վկայեցի ասոնց մասին։ Հեռագրատունները կրակի պէս կը գործէին։ Լուր կը փոխանցուէր ու կը ստացուէր։ Վալին հեռագիր մը յանձնեց ինծի կարծելով թէ մեզի կը պատկանէր։ Շուարուն նայեցայ վրան ու միեւնոյն ատեն Մր. Չէմպըրս կարդաց զայն։ Հեռագիրը Կիլիկիոյ նահանգին մէկ գիւղէն կուգար, տեղեկացնելով թէ հոն այլեւս Հայ մնացած չէր։ Վալիին երկնցնելով հեռագիրը ըսի։

Ասիկա Ձեզի վերաբերելու է, որովհետեւ պաշտօնական հանգամանք ունի։

Առաւ զայն կարդաց, կարմրեցաւ, եւ ճմռթկելով գրպանը խօթեց։

Առաւօտուն պալատին գաւիթը լեցուեցաւ լեռնցի քիւրտերով եւ թիւրքերով, որոնք կուգային կողոպտելու եւ ջարդելու։ Ասոնց զէնք բաշխուեցաւ։ Ես բողոքեցի, սակայն Վալին առարկեց թէ անոնք պահեստի զինուորներ էին եւ խռովութիւնը պիտի զսպեն։

«Ի՞նչ կըսէք Վալի փաշա» պոռացի, զինք պատուհանին քով տանելով։ «Չէ՞ք տեսներ որ այս մարդիկը զէնք բռնել իսկ չեն գիտեր։ Անոնք ինչի՞ պահեստի զինուորներ են»։

Վալին ուսերը թօթուեց եւ հեռացաւ, սակայն ես շարունակեցի։

«Հոս Ձեր պատուհաններու առջեւ կը սպաննեն ու կը ջարդեն։ Տեսէ՛ք արեան լճակը»։

Վալին բան մը չըրաւ, ու զէնքերուն բաշխումը շարունակուեցաւ։

Այն օրը կատարուեցաւ, սպաննութիւններու եւ յօշոտմանց գլխաւոր ու ամենամեծ մասը, խելագարօրէն մոլեռանդ գիւղացիներու ձեռամբ, որոնք կառավարչատան մէջ զինուեցան։ Ա՛լ կրնաք հասկնալ Ասիական Թիւրքիոյ վիճակը։ Սահմանադրութեան յայտարարութիւնը լսած էի անձամբ եւ ես գիտէ որ արժէք մը պիտի չունենար Ասիոյ մէջ, սակայն երբէք չէի կրնար երազել թէ, այսպիսի հրէշութիւններ պիտի պատահէին։

Ամբողջ օրը Վալիին պալատը մնացի։ Դեր-հիպատոսին այցելութենէն ի վեր Վալին շատ քաղաքավարութեամբ կը վարուէր հետս. նոյն իսկ կերակուրի հրամցուց, սակայն թոյլ չէր տար որ դուրս ելլէի։ Մր. Չէմպըրս Անգլիական հպատակ մը ըլլալով գնաց Դեր-հիպատոսին հետ, եւ երկուքը նուիրեր էին ինքզինքնին վիրաւորները դարմանելու գործին։



Rev. D. M. Rogers Killed in the massacre of Adana, April 1909.

Ատանայի նահատակներէն Ամերիկ[եան] միսիօնար Մր. Ռօճըրս, տօքթ. Քրիսթիի փեսան էր։ (տե՛ս էջ 46)




Mrs. D. Rogers andBali Rogers at 8 months old

Նահատակին այրին եւ որբը. Միսիս Մէյրի Ռօճըրս, տօքթ. Քրիսթիի աղջիկը եւ որբը, որ ջարդէն քիչ առաջ ծնած էր։


Ես ալ հեռագրելու սկսայ այն ատեն։ Հեռագրեցի ամէն ուղղութեամբ։ Հեռագրեցի Պէյրութի Ամերիկեան Ընդհ[անուր] Հիւպատոսին Մր. Րէնտոլին, Պոլսոյ մեր Ընդհ[անրական] Հիւպատոսին, Պոլսոյ Անգլիական դեսպանին։ Եւ հեռագրեցի Ամերիկեան Պօրտին՝ ըսելով «Օգնեցէ՛ք Ատանային»։ Ես իմացուցի Էսսալիէյթ Փրէսին եւ Րիւթէրի գործակալութեան։ Ամերիկեան, Անգլիական, Ֆրանսական, եւ Գերմանական կառավարութիւններէն խնդրեցի որ մարտանաւ փութացնեն։ Յետոյ Վալին արթնցուցի եւ ըսի թէ փողոց պիտի ելլէի։ Տատամսեցաւ, սակայն ես անյողդողդ մնացի եւ խօսքս կատարեցի։ Երիտասարդ Թուրք գնդապետի մը հրամանին տակ դրուած երեսուն հոգինոց խումբով մը դուրս ելայ առտուն կանուխ։ Կ՚ուզեմ գովել գնդապետը։ Զինուոր մըն էր եւ բարեկիրթ անձ մը, հաւատարիմ եւ կարող։ Իր մարդիկը երկաթէ գաւազանով մը կը վարէր, ինչպէս որ հարկաւոր էր։ Անոնք ալ կուզէին արիւնի գործին մէջ բաժին ունենալ, եւ փորձեցին ալ մէկ երկու անգամ, երբ գնդապետը վեց հարուածեանը քաշելով, անոնցմէ երկուքը սպաննեց։ Այնուհետեւ ամէն բան կարգին էր։

Տեսարանները որոնք պարզուեցան այդ օրը, չեմ կրնար նկարագրել իրենց ահաւորութեանը պատճառով։ Անկարելի էր փողոցներուն մէջէն քալել՝ առանց դիակի մը վրայ կոխելու։ Շուները խրախճանք կը կատարէին դիակներուն վրայ։ Յոշոտումները սարսափելիօրէն աննկարագրելի էին, մասնաւորապէս աղջիկներու եւ մանուկներու վրան կատարուածները։ Տեղ մը հինգ վեց հոգի միասին ցցամահ եղած էին։ Մանկիկ մը տեսայ թեւերէն գնդակահարուած, եւ կէս երկոտասանեակ մը գնդակի ծակեր՝ պզտիկ մարմնոյն վրայ։ Հայոց վարժարանին մէջ երկու հազար հոգիներ սպաննուեցան։ Ջարդը ընդհանուր էր։ Ատանա աւերակոյտի մը վերածուած էր։

Ինչ որ կրնայինք ըրինք։ Դեր-հիպատոսը Անգլիական հիւապոսարանի թարգմանին, Մր. Թրիփանին, տունը հիւանդանոցի վերածած էր։ Ինք ալ թեւէն վիրաւորուած, սակայն առաջուան պէս գործունեայ էր։ Ջարդը եւ կողոպուտը տակաւին կը շարունակուէին, եւ պաշը պօզուգները կը խուժէին քաղաքին կիները առեւանգելու, ապրանքները կողոպտելու հուրովը վառուած։ Եւրոպացիներու առջեւ թուրքերը վախկոտ վատեր էին, իսկ հայերու հանդէպ մարմնացեալ դեւեր։ Մէկ անգամ պոռալով կամ ձեռքի շարժումով մը կրնային սարսափեցնել զիրենք։ Անոնց երեսները կ՚ապտակուէր, ձայն չէին հանէր։ Ոմանց ձեռքերէն բիրերը կ՚առնէին։ Մէկու մը ձեռքէն ատրճանակը առի։

Ուրբար օրը Թարսուսի կացութեան մասին մտահոգ եղայ, լուր առի թէ հայերը Ամերիկեան Գօլէճը կ՚ապաստանէին, սակայն մինչեւ այդ ատենը ծանր դէպք մը պատահած չէր։ Քանի մը անգամ յուսադրիչ հեռագիրներ ղրկած էի կնոջս, սակայն լսելով այն տեղի կացութիւնը, պարտք սեպեցին հոն փութալ։ Անգլիական Դեր-հիպատոսին մէկ հրամանագիրովը՝ Վալին համոզեցինք որ Թարսուս երթալու կառախումբ մը պատրաստուի։ Կառախումը պատրաստ էր, սակայն ազդանշանի մը վրայ 250 հոգինոց խուժան մը սարսափելի ճիչ մը արձակելով շոգեկառք նստաւ ու վայրաշարժը սկսաւ գործել։ Մենք շատ հեռու կը գտնուէինք, եւ թէ մենք ալ հոն կը ցատկէինք։ Այս մարդիկը Թարսուս հասնելնուն պէս արիւնի գործը կ՚սկսի։ Կէս գիշերին հեռագիր մը ստացանք թէ վտանգը սաստկացեր է։ Կրնաք երեւակայել մտքիս վիճակը, երբ խորհեցայ թէ կնոջս կը սպառնան այնպիսի աղէտներ, որոնց նմանը Ատանայի մէջ տեսայ։

Անմիջապէս Վալի փաշային գացի եւ կառախումբ մը պահանջեցի Թարսուս երթալու։ Նորէն հրամանագիր մը ունէի Դեր-հիպատոսէն։ Վալին բարձր ձի մը հեծած էր այդ առտու եւ յետոյ ինչպէս հասկցուեցաւ Չորեքշաբթի Հինգշաբթի օրերէն աւելի արիւնալի ջարդի մը ծրագիրը կը գործադրուէր։ Վալին ճմռթկեց Դեր-հիպատոսին հրամանագիրը, գետինը նետեց եւ ըսաւ.

«Թարսուս երթալու պէտք չիկայ, կատարեալ անդորրութիւն կը տիրէ հոն»։

«Թարսուսէն ե՞րբ լուր առիք, կրնա՞մ գիտնալ» հարցուցի։

«Ժամ մը առաջ, ամեն բան խաղաղ է հոն»։

«Վա՛լի փաշա, դուք ստախօս մըն էք» ըսի իրեն պաղարիւնութեամբ»։

«Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք»։

«Կը զարմանամ որ չէք հասկնար։ Ըսել կ՚ուզեմ թէ դուք սուտ կը խօսիք։ Ես հեռագրատունէն հասկցայ թէ Թարսուսի մէջ խռովութիւն սկսած է»։

«Լա՜ւ, ձեռքէս ի՞նչ կուգայ, ես ի՞նչ կրնամ ընել։ Ձեզի համար կառախումբ չեմ կրնար պատրաստել» պատասխանեց Վալի փաշան ձեռքերը շփելով։

«Կրնա՜ք, շա՛տ աղէկ կրնաք, ատկէց զատ հետս պահակախումբ մ՚ալ տալու էք» յարեցի։

«Պիտի չիտամ։ Ես շատ բարիք ըրի ձեզի։ Եթէ հոս կենաք զձեզ կը պաշտպանեմ. աւելի մարդ մը չ՚ունիմ հոս որ ձեզի տամ, իբրեւ պահակ։ Ոչ պահակախումբ կրնամ տալ, ո՛չ ալ շոգեկառք»։

Ժամացոյցս հանելով խօսեցայ իրեն հետեւեալ կերպով.

«Վալի փաշա կը յուսամ բարի կը գտնուիք հրաման տալու որ կառախումբը պատրաստուի, եւ քսան հատի չափ ալ մարդ գտնելու որ ինծի ընկերանան։ Եթէ տասնհինգ վայրկեանէն կառախումբը պատրաստ չի գտնուի ու պահակախումբը հոս չի հասնի, կ՚երդնում Աստուծոյ անունով որ զձեզ կախել պիտի տամ»։ Ու Ֆէրիք փաշային դառնալով՝ յարեցի.

«Ձե՜զ ալ»։

Երկու փաշաներն ալ այլայլած սկսան յաջորդաբար խօսիլ.

«Ի՜նչ։ Խե՛նթ էք։ Մե՛զ կախել պիտի տաք։ Ի՞նչ ըսել կ՚ուզէք։ Խե՜լագար։ Յի՛մար»։

«Այո՛, զՁեզ կախել պիտի տամ։ Ես խենթ չեմ։ Բաւական բաներ տեսայ հոս Ձեր Պալատին մէջ, որ Ձեզ երկուքդ ալ կախաղան բարձրացնել կուտան։ Եւ եթէ իմ պահանջներս անմիջապէս չի գործադրուին, ի՛մ ամբողջ կեանքս պիտի նուիրեմ, Ձեզ բերելու եւս այն մահուան, որուն թոյլատրեցինք այսքան հազարաւոր քրիստոնեաներու զոհուիլը։ Տասներեք վայրկեան միայն մնաց»։

Այն ատեն սկսան խորհրդակցութիւններ, բացագանչութիւններ եւ ձեռքի շարժումներ։

«Պահակախումբը Արաբներէ բաղկանալու է, եւ ո՛չ թէ Թուրքերէ։ Անոնց առաջնորդն ալ Ասըմ պէյը ըլլալու է» հրամայեցի ես։

Տասը վայրկեան անցաւ.

«Վալի փաշա հինգ վայրկեան միայն մնաց» ըսի.

«Կառախումբը շուտով պատրաստ պիտի ըլլայ», խօսեցաւ Վալի փաշան.

«Պահակախումբը վարը կը սպասէ Ձեզի», վրայ բերաւ Ֆէրիք փաշան.

«Շա՜տ լաւ, Ասըմ պէյը կանչեցէ՛ք եւ Ձեր հրահանգները հաղորդեցէք անոր», ըսի ես ալ։

«Ասըմ պէյդ պէտք եղածները գիտէ արդէն», պատասխանեց Ֆէրիք փաշան։

«Կանչեցէ՛ք հոս, իմ առջե՛ւս ըսէք անոր, թէ իմ հրամանիս տակ պէտք է որ մնայ մինչեւ այն ատեն, երբ ես արձակման թուղթ տամ»։

«Ատիկա անկարելի է», ըսին փաշաները միաբերան.

«Ո՛չ, բոլորովին կարելի է։ Ես չեմ գիտեր թէ Թարսուս ինչ վիճակի մէջ կը գտնուի, ու այս պահակախումբը կուզեմ պահել որքան ատեն որ պէտք ունենամ»։

«Ատիկա չի կրնար ըլլալ»։

«Շատ աղէ՛կ, ես գործ չունիմ այլեւս ձեզի հետ, ու դուք պիտի կախաղան ելլէք», ըսի, եւ ժամացոյցս գրպանս դրի։

«Այդ պարագային —»…

Վալի փաշան տակաւին խօսքը լմնցուցած չէր, երբ Ասըն պէյ ներս մտաւ.

«Ասըմ պէ՛յ, դուն ինքզինքդ այս էֆէնտիին հրամանին տակ պիտի նկատես, մինչեւ որ անիկա գրաւոր արձակում տայ քեզի, պիտի երթաս ուր որ կ՚ուզէ անիկա, եւ պիտի մնաս անոր հետ որչափ ատեն որ ուզէ» հրամայեց՝ Ֆէրիք փաշան.

Ահա այսպէս բաժնուեցանք Ատանայէն։

ՀԸՐՊԸՐԹ ԷՏԷՄԶ ԿԻՊՊԸՆԶ





Աղէտէն ետքը Ատանայի հաստատուած պաշարման վիճակը վարող զինուորական հրամանատարն ու գլխաւոր սպաները։