Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՔԷՍԱՊԻ [1] ՋԱՐԴԸ

Ականատես մը կը պատմէ.

«Անթաքիոյ ջարդէն ետքը 15000 թուրք, ֆէլլահ, քիւրտ եւ չէրքէզներէ բաղկացած խուժանը՝ Ապրիլ 9ին յարձակեցաւ Քէսապի վրայ։ Քէսապի հայութեան մէկ մասը ջարդուեցաւ եւ հրդեհներուն բոցերը տեսնող ֆրանսական շոգենաւ մը՝ ծովեզերք մօտեցաւ եւ նաւաստիները ղրկելով լեռներէն ժողվել տուաւ 6000 հայեր, զորս փոխադրեց Լաթաքիա կամ Լազգիէ։

Ահագին թիւով խուժանը՝ Քէսապն ալ տակնու վրայ ընելէ ետքը, Ասիի գետն անցաւ եւ Շուլմուսա լեռներուն մէջ պահ մը հանգչելէ վերջը, շրջակայ քրիստոնեայ գիւղերուն վրայ յարձակելու պատրաստուած էր. բարեբախտաբար Սիւվէյտիէի միւտիր Սէօքէլի Խալիտ էֆ[էնտի]ի ձեռք առած զգուշական միջոցներուն շնորհիւ, ստիպուեցան ցրուիլ եւ ազատեցան11000ի չափ քրիստոնեաներ ստոյգ ջարդէ մը։

Եօղուն-օլուգէն՝ շերամաբուծութեան համար՝ Անթաքիա, Պիթիաս, Հաճի Հապիպի, Խըտըրպէյ եւ Քէպուսիյէ գացած 200 տունի չափ քրիստոնեաներ բնաջինջ եղան։ Քէսապի շուրջը գտնուող քրիստոնեայ գիւղերն ալ թալանելէ ետքը այրեցին։ Այս կողմերուն նիւթական կորուստը 200000 ոսկիէ աւելի է։ Քէսապի ջարդէն փախած 600 ի չափ քրիստոնեաներ՝ Լազգըյէի միւթէսարըֆ մարդասէր փաշային գուրգուրանքին արժանացան։ Այս պաշտպանութեան մէջ ամենամեծ բաժին ունեցաւ տեղւոյն տեսուչ Տ. Մովսէս վարդապետը։

Յիշեալ հայրենասէր եւ պատուական միւթէսարըֆը՝ ջարդը դադրելէ եւ ապահովութիւնը վերահաստատուելէ ետքը, իր պաշտպանութեան տակ գտնուող բազմաթիւ քէսապցիները անձամբ տարաւ Քէսապ, ինչ որ իր իշխանութեան սահմանէն դուրս էր, եւ հոն մի քանի օր մնալով քրիստոնեաներուն հանգստութիւնը ապահովեց եւ ապա դարձաւ Լազգիէ»։



[1]            Քէսապ՝ Անթաքիայէն 12  ժամ հեռու Ճէսրը-շուուր գազային վերաբերող գիւղաքաղաք մ՚է։ 700 տուն Հայ բնակիչ ունէր։ . Յ. Թ. )