ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻԻ ՄԸ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՆ ՈՒ ԿԱՐԾԻՔԸ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԻՆ ՄԱՍԻՆ [1]

(Հրատարակուած «Նիւ-Եօրք Թայմզ» օրաթերթին մէջ)

Խտիվիէ շոգենաւին մէջ, որ զիս Մէրսինէն ՊԷյրութ տարաւ, անհատ մնացած 40 փոքր հայ աղջիկներ կային։ Երկու միսինարուհիներ կը հսկէին ջարդէն վերապրած այդ փոքրիկներուն, որոնք տախտակամածին վրայ մերթ կը քնանային, մերթ կը խաղային կամ կ՚երգէին «Տէր Յիսուս Սիրող Հոգւոյն», երգը Թուրքերէն լեզւով։

Նաւին խցիկներէն մէկին մէջ եօթը տարեկան փոքրիկ տղայ մը մահամերձ կը պառկէր, նիհար գունատ տղայ, որուն խոշոր աչքերը եւ հիւծած մարմինը բոլոր զինք տեսնողներուն սիրտը յուզմունքով կը լեցնէին։ Երբ խուժանը սկսաւ Անտիոքի մէջ հայերը բնաջինջ ընել, շատ մը քրիստոնեաներ խանի մը մէջ ապաստանեցան։ Իսլամ պանդոկապետը, իր հիւրերուն խեղճութենէն զգածուած դուռը գոցեց եւ խուժանին ըսաւ թէ ներսը մարդ չի կայ։ Պահ մը իսլամները այս խորամանկութենէն խաբուեցան, բայց յետոյ վերադարձան, մինչ իրենց սուրերէն եւ դանակներէն արիւն կը կաթկթէր։ Մարգարէին անունը կանչելով պանդոկը խուժեցին եւ հոն ապաստանած բոլոր քրիստոնեաները մեռցուցին։ Այս փոքրիկ տղան իր հօր գիրկին մէջն էր, պատուաւոր աշխատասէր ջորեպան մը, որ ամէն կողմ դարձաւ եւ ամէն ջանք ի գործ դրաւ պզտիկ ազատելու համար, բայց կրկնակի հարուածներու տակ մեռած ինկաւ։



Rev. and Mrs. Henry Maurer. Ատանայի մէջ նահատակուած Հաճընի Ամերիկեան միսիօնար ՎԵՐ. ՀԱՆՐԻ ՄԱՎՐԸՐ ԵՒ ԻՐ ՏԻԿԻՆԸ։

Երբ հայրը սպաննուելով պատուհանէն դուրս ձգուեցաւ, տղուն ալ որուն արմուկը արդէն ջախջախուած էր գնդակով մը կուրծքին զարկին հրացանով, երկու անգամ դաշունահար ըրին, եւ յետոյ պատուհանէն դուրս նետեցին, իր հօրը դիակին վրայ։ Ետքը ողջ գտնուեցաւ քրիստոնեայ դիակներու դէզի մը վրան։

Միեւնոյն ատենը խուժանը կը շրջէր Անտիոքի մէջ քրիստոնեայ աշխարհի պատմութեան ամենէն նուիրական վայրերէն մէկը Ս. Պողոսի Առաքելութիւններուն չուկէտը սպաննելով քրիստոնեայ այրերը եւ յարձակելով Քրիստոնեայ կիներու վրայ, առանց՝ ջարդերը դադրեցնելու համար փոքր ինչ ընդդիմութեան հանդիպելու կառավարութեան կողմէ։ ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ ԵՐԵՍԻՆ ՆԵՏՈՒԱԾ ԱՅՍ ԾԱՆՐ ՆԱԽԱՏԻՆՔԻՆ ՄԷՋ ԿԱՌԱՎԱՐՈԻԹԵԱՆ ՈՒՆԵՑԱԾ ՊԱՏԱՍԽԱՆԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՐԵԿՈՒԱՆ ԼՈՅՍԻՆ ՉԱՓ ԲԱՑԱՅԱՅՏ Է։ Հետազօտութիւնները կը ցուցնեն թէ երկրին գլխաւոր պաշտօնեաները, Ատանայէն մինչեւ Անտիոք, շատ լաւ գիտէին թէ քրիստոնէից ջարդ մը պիտի ըլլար, եւ թէ իրենք բան մը չ՚ըրին զայն արգիլելու համար։— Ոչ, երբեմն տեղեր մինչեւ իսկ քաջալերեցին խուժանը եւ օգնեցին անոր զէնքեր բաժնելով։

Հալէպի եւ Իսկէնտէրունի մէջ ալ ջարդ մը պիտի ըլլար, բայց երբ Անգլիական փոխ-հիւպատոսին խնդրանքով Անգլիական զրահաւոր մը՝ 50 զինեալ անձեր եւ մաքսիմի թնդանօթ մը ցամաք հանեց Իսկէնտէրունի մէջ։ Այս ուժի ցոյցը ահաբեկեց խուժանը եւ Հալէպ ու Իսկէնտէրուն ազատեցան։ Սուրիոյ կուսակալը ինծի ըսաւ թէ Ատանայի մէջ՝ մեծ ջարդն սկսելէ ճիշդ ամիս մ՚առաջ ինքն վերահասու եղած էր, Դամասկոսի մէջ Վօլքանճիներուն եւ Ապտիւլ Համիտի ուրիշ արբանեակներուն արիւնարբու ծրագիրներուն եւ ազդարարած էր Կ. Պոլսոյ կառավարութեան։ Ինչ որ հարկ էր, սոսկ Դամասկոսի կուսակալին բռնելիք հաստատ դիրքն էր, արգիլելու համար ամենափոքր խլրտում մը քաղաքին մէջ։ Ատանայի կուսակալը պէտք եղածին չափ զինեալ ոյժ ունէր իրերու ընթացքն իր ազդեցութեան տակ առնելու համար բայց մերժեց իսլամ խուժանին միջամտել։ Եւ չի նայելով իր յայտնի յանցապարտութեան, ո՛չ միայն ձերբակալուած կամ պատժուած չէ, այլ նոյնիսկ տակաւին իր աստիճանը կը պահէ Ատանայի մէջ։

Երբ նկատի կ՚առնուի Իսլամութեան կողմէ քաղաքակրթութեան ուղղուած այս մարտի հրաւէրը, Ամերիկայի ժողովուրդը պէտք է ըմբռնէ թէ ոչ մէկ կարեւոր իսլամ կախուած է։ Ես Պոլսոյ մէջ կախուած տեսայ զօրապետ մը, կառավարական պաշտօնատար մը եւ քանի մը գնդապետներ, բայց ասոնք պատժուեցան որովհետեւ Իսլամի արիւն թափած էին եւ Իսլամ իշխանութեան դէմ դաւաճանած էին։ Այն ափ մը մարդիքն որ Ատանայի մէջ կախուեցան քրիստոնեաներ սպանելնուն համար, աննշան քանի մը գիւղացիներ էին լոկ։ Հարուստ ու զօրութեան տէր ոստիկանները որ ջարդը կազմակերպեցին ու ժողովուրդը մղեցին սպաննութեան, թալանի ու սրբապղծութեան, պատիժ չեն կրած։ Այս առաջնորդներէն շատերուն Ատանայի ու Թարսուսի մէջ անունները կառավարութեան տրուեցան. բազմաթիւ ապացոյցներով թէ անոնք մասնակից էին ջարդերուն։ Անոնց նոյնութեան մասին մութ կէտ չկայ։ Ես գիտեմ պարագաներ որ թուրք պաշտօնեաներ խրատ տուած են անզէն քրիստոնեաները յայտնապէս սպաննող ոճրագործներու՝ լեռները փախչիլ, որպէսզի կառավարութիւնը դժուարութեան չի մատնուի, երբ Քրիստոնեաները իրենց ձերբակալումը պահանջեն։

Ճշմարիտ է թէ Ատանայի եւ Մէրսինի մէջ կարգ մը յիմար եւ զգայավար հայեր հայկական հին պատերազմի երգեր երգեցին։ Ճշմարիտ է թէ «Յուլիս Կեսարի» թատերական մէկ ներկայացումին ատեն հայ պոռոտախօս մը ոտքի ելաւ եւ պոռաց թէ Կայսրը կրնար մերժել առաջարկուած թագը, բայց Հայաստանի ապագայ թագաւորը պիտի չ՚մերժէ այն թագն որ իր գլուխին վրայ պիտի դրուի սիրանուէր հայրենասէրներէ [2] ։ Ուղիղ է թէ աղմկալից, անփորձ դեռահաս հայ եպիսկոպոսը, որ Կիլիկիոյ դաշտը պտտելով իր ժողովուրդը խրատած էր քիչ ուտել, ծախել իրենց զգեստը եւ զէնք գնել, ինքզինքը լուսանկարել տուած էր գլխուն վրայ արքայական թագով [3] եւ թէ Ատանա զէնք ցամաք հանել տուած էր իւրաքանչիւրէն անձնական շահ մը հանելով [4] ։ Շիտակ է թէ երկու հարիւրի չափ ուխտեալ հայ հրացանակիրներ կային որ հարիւրաւոր իսլամներ մեռցուցին հայոց թաղը պաշտպանելու համար [5] ։ Բայց ուրիշ կարգ մը հայերու ծայրայեղութիւնները պատճառ չէին կրնար ըլլալ որ 30 հազար քրիստոնեաներ սպաննուէին, անոնց տուներն այրուէին, կիներն ու տղաքը անպատուէին, եկեղեցիները կործանուէին եւ սրբապղծուէին, հարիւրաւոր մղոններով ամբողջ գիւղեր եւ ագարակներ յայտնապէս թալանի տրուէին։

Որչափ աւելի բան տեսայ եւ որչափ աւելի բան լսեցի, այնչափ աւելի որոշ եղաւ իմ մտքիս մէջ թէ Ապտիւլ Համիտ եւ վօլքանճիները զգուշութեամբ եւ կատարեալ ծրագիրով ջարդերը կանուխէն կազմակերպեցին։ Սիրելիներէն մէկը Ավնուլլահ էլ Քեազիմ [6], Քէրքուքի նախկին կառավարիչ՝ խոշոր սեւամորուս թուրք մը այցելութիւններ կատարեց Մէրսին, Ատանա, Թարսուս, Անտիոք եւ հայոց ջնջումին համար պատրաստուած ծրագրին ուրիշ կեդրոնները։ Խորհրդակցեցաւ տեղային կարեւոր անձերու հետ, որք՝ ծանօթ է թէ խուժանին ուղղութիւն տուին ջարդելու ատեն։ Առատ դրամ ծախսեց, եւ ո՛ւր որ կ՚երթար վօլքանճիներու ընկերութիւնը յանկարծական գործունէութիւն ցոյց կուտար եւ մահմէտականներու դիրքը Քրիստոնեաներու հանդէպ կը սկսէր փոխուիլ։ Օդին մէջ սպառնալիք եւ մահ կար։ Պէտք է յիշեր թէ այն լախտերն որոցմով Ատանայի ժողովուրդն իրենց Քրիստոնեայ զոհերուն ուղեղները դուրս կը թափէին, նոր զէնքեր էին, ճիշդ այն նպատակով շինուած։

Մարաշի մէջ տեղային պաշտօնեաներն՝ շատ մը քրիստոնեաներու ազդարարեցին թէ տեղային կառավարութիւնը զիրենք կոտորելու հրաման առած էր եւ թէ խնդիրը միայն սա էր թէ ի՜նչպէս պէտք էր մեռնէին իրենց։

Խառնըի մէջ հայերը ամբողջութեամբ ջարդուեցան։ Անոնցմէ մէկ քանիին առաջարկուեցաւ Իսլամ կրօնքը ընդունիլ եւ երբ անոնք մերժեցին Քրիստոսը ուրանալ, անմիջապէս զարկին։ Կիներն ու աղջիկները իրենց մէջ բաժնեցին եւ քահանայ մի իւղի մէջ թաթխելէ ետք ողջ այրեցին։ Տեղային կառավարութիւնն ոչ միայն թոյլատու գտնուեցաւ այս բոլորին, այլ նոյնիսկ երբ երկու շաբաթ ետք՝ ջարդէն փախչելով, լեռներու մէջ օրերով խոտ ուտող քանի մը անձեր աւերած գիւղը սպրդեցան, մէկիկ մէկիկ սպաննուեցան եւ տեղւոյն կառավարութիւնը ձայն չի հանեց։

Փողոցները քրիստոնեաներու դիակներով լեցուած քաղաքներէն ու գիւղերէն ո՛չ մէկին պաշտօնեաները կախուեցան։ Առաջնորդող անձերէ ոչ մէկն ո՛ եւ է պատիժ կրեց։ Ուր որ ոյժ ցոյց տրուած է, հոն կարգ կանոն հաստատուած է դիւրաւ։ Երբ իսլամ պաշտօնեաներ սպաննուեցան եւ Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովը յարձակում կրեց, կառավարութիւնը շատ փութկոտ գտնուեցաւ ռահվիրաները կախելու։ Բայց գրեթէ ամբողջ Քրիստոնեայ հասարակութեան մը որ Կիլիկիոյ դաշտին ամենէն ճարտարագէտ եւ յաջողակ ժողովուրն է ոչնչացումը, պաշտօնական ո՛ եւ է վրէժի չէ հանդիպած։ Եւ ես Ատանա եղած ատենս տեսայ այն զօրապետը, որ ջարդն սկսելու հրաման տուած էր, որ պաշտօնեական զգեստով փողոցը կը պտտէր, մինչ 20, 000 մարդիկ ու տղաք, նպաստով ապրելու վիճակին հասած, հոս ու հոն խեղճ մնացած էին։

Ո՛չ, պատժելու անկարողութիւն չէ, ոչ ալ ջարդին հեղինակները գտնելու եւ ապացուցանելու դժուարութիւնն որ արդարութեան ձեռքը գործելէ կը կեցնէ Թուրքիոյ մէջ։ Պատճառն այն հաւատքն է թէ Քրիստոնեայ տէրութիւններն որ անվերջանալիօրէն քաղաքական խնդիրներով կը զբաղին սոսկ եւ կայսրութեան մէջ իրենց վաճառականութիւնն ապահովելու կը նային, պիտի մոռնան եւ պիտի ներեն։

Կրնայ ըլլալ ու ես ալ համոզուած եմ որ սահմանադրական կառավարութիւնը նպատակ դրած է խաղաղութիւն եւ հաւասարութիւն յառաջ բերել տարբեր ցեղերու եւ կրօնքներու միջեւ, բայց մինչեւ որ Քրիստոնեայ ազգերու մէկ ժողովը՝ ջարդին իրական պատասխանատուները պատժելու համար չի պնդէ եւ չ՚ազդարարէ Թուրքիոյ՝ այսպիսի ոճիրներու կրկնութեան դէմ, Փոքր Ասիոյ արիւնարբու խուժանները սահմանադրութիւնը պիտի նկատեն ապիկար ոյժ մը, եւ նոր կառավարութեան տկարանալուն պէս ուրիշ ջարդ մը կրնայ հետեւիլ։

Եթէ իսլամ մոլեռանդներուն հասկնալ տրուի թէ զինեալ Քրիստոնեայ աշխարհն որոշած է չարտօնել այլեւս հայերու ո՛ եւ է ջարդ. շատ հաւանական է որ անոնք նոր կառավարութեան վրայ ա՛լ աւելի մեծ աչքով նային։ Եւ Կ. Պոլսոյ վերջին փորձառութիւններէն կը հասկցուի թէ ոչինչ այնքան կրնայ զսպել եւ քաղաքակրթել տգէտ խուժանը քան չուանի մը տեսքը։

Երբ Դամասկոս էի, Քաղդէական Պատրիարքը հոն եկաւ Պաղտատէն։ Նորին Սրբազանութիւնը տեսայ ես եւ հետը խօսակցեցայ։ «Ինչ որ Միջերկրականի Քրիստոնեաները կ՚ուզեն հաւասարութենէ աւելի ապահովութիւն է» ըսաւ ան։ «Օսմ[անեան] կառավարութիւնը կրնայ մեր կեանքն ու ինչքը ապահովցնել եթէ ուզէ, քանզի մինչեւ իսկ տգէտ ժողովուրդը բնական միտում մ՚ունի առաջնորդողներու հետեւելու։ Եւ քիւրտերը պիտի հպատակին կառավարութեան երբ տեսնեն թէ ան անկեղծ է իր ջանքերուն մէջ»։

ՔՐԻԼՄԷՆ



[1]            «Կոչնակ» 23 Հոկտ. 1909

[2]            Ատանայի մէջ բնաւ տեղի ունեցած չէ այսպիսի դէպք մը, պարզապէս յերիւրանք մ՚է այս զրպարտութիւնը եւ թշնամիներու կողմէ պատմուած ըլլալու է Յարգելի Յօդուածագրին։

[3]            Ահա բոլորովին շինծու զրպարտութիւն մը, որ ինքնին պարզապէս ծիծաղելի եւ հերքել իսկ չարժեր, Անտարակոյս այս «արքայական թագ»ի երեւակայական առասպելն ալ թշնամիներու կողմէ յերիւրուած ըլլալու է։ . Յ. Թ. )

[4]            Այս ալ սխալ է։ . Յ. Թ. )

[5]            Օրինական անձնապաշտպանութեան դիմողները ինչպէ՞ս «ուխտեալ հրացանակիրներ» կ՚ըլլան։ Եթէ յիշեալ փոքրաթիւ տղաքներն ալ չըլլային Ատանայէն մասամբ ազատած քրիստոնեաներս այսօր գոյութիւն չի պիտի ուէնայինք։ . Յ. Թ. )

[6]            Ավնուլլահ-էլ-Քեազիմ դատուեցաւ եւ ազատ արձակուեցաւ։ . Յ. Թ. )