ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՍԻՍԻ ԿԱՌԱՎԱՐԻՉ ՀԱՍԱՆ ՊԷՅԻ ՀԵՌԱԳԻՐՆԵՐԸ

֎

Գոզան (Սիս) 3 Ապրիլ 1325

«Գարս գաւառակին իսլամ բնակչութիւնը ինչպէս նաեւ շրջակայքի Չէրքէզ, Չէչէն եւ ուրիշ վաչկատու ցեղերը Ատանայի եւ Համիտիէի Իսլամ ու Հայերուն միջեւ ծագած դէպքերէն գերագրգռուած Գարս գաւառակին Հայերը ջարդելու ծրագիրը կազմեր են։ Քրիստոնեաները այս մտադրութիւնը իմանալով զինուած, հաւաքուած, պատնէշներու ետեւը դիրք բռնած եւ իրենց թաղերուն ու եկեղեցիներուն մէջ ամրացած են։ Այս պատրաստութիւնները պատճառ եղած են որ յուզումը աւելնայ Իսլամ բնակչութեան, որ երէկ քաղքին շուրջը համախմբուած էր։ Անմիջապէս Իւլէմաները եւ երեւելիները պէտք եղած խրատները տուին բնակչութեան եւ յաջողեցան քիչ մը հանդարտեցնել։ Միեւնոյն ատեն տեղացի 25 պահեստի զօրք աճապարանքով հրաւիրուելով, զինուած՝ երէկ գիշեր Գարսի վրայ ղրկուեցան գօլ աղասի Էմին էֆ[էնտի]ի հրամանատարութեամբ։ Զինուորական խումբը՝ տեսնելով որ Հայերը չէին ուզեր իրենց պատնէշներէն դուրս ելլել, եւ շրջակայքի բազմութիւնը առանց խրատ մտիկ ընել ուզելու , աւելի բազմութեամբ կը համախմբուէր, որով անկարելի էր ցրուել հակառակորդները, այսօր ստիպուեցան զէնքի դիմել։ Շատ մը տեղեր հրդեհ ծագած ըլլալը կ՚իմացնեն մեզի։



Սայ-Կէճիտի մէջ նահատակուած ՊԱՏ. ԱՍԱՏՈՒՐ ԹՕՓԱԼԵԱՆ. Հաճընցի, Ֆէքէի Հայ Բող[ոքական] քարոզիչն էր (1854-1909)։

Տրամադրելի զինուորական ուժերը քիչ առաջ դէպքին վայրը ղրկուեցան։ Բայց կ՚երեւի թէ՝ կառավարչանիստ քաղաքէս մէկ քանի ժամ հեռուն գտնուող գիւղերն ու ագարակները պաշարուած, հրդեհուած, ինչքերը եւ արջառները թալանուած եւ գողցուած են։ Այս դէպքերը հասարակաց կարծիքին վրայ մեծապէս ազդած են, հետեւաբար շատ հաւանական է որ ցաւալի դէպքեր ծագին այստեղի Իսլամ եւ Քրիստոնեաներու միջեւ։ Խռովութեանց ծաւալումը արգիլելու համար մեծագոյն ջանքեր ի գործ դրուած են, բայց անկարելի է կատարելապէս յաջողիլ այս ջանքերուն մէջ, քանի որ իբրեւ ոյժ քանի մը ոստիկան զինուոր միայն ունինք եւ պահեստիները տեղափոխելու համար մեծ դժուարութիւններ կը կրենք։ Կացութեան մասին կուսակալին տեղեկութիւններ պիտի տրուի։ Գոնէ հոս՝ աճապարանքով վաշտ մը զինուոր ղրկելու շնորհը չի զլացուի»։



Ատանայի մէջ նահատակուած Պ. ՄԱՐՏԻՐՈՍ Գ. ՏՈՒՄԱՆԵԱՆ Հաճընցի, Այնթապի Կ. Թ. Վարժարանէն շրջանաւարտ (1885-1909)։

֎

Գազան (Սիս) 3 Ապրիլ 1325

«Կարելի եղածին չափ շուտ եւ արագօրէն բաւականաչափ զօրք ղրկելու համար տրուած հրամանները գործադրուած են։ Ասկից զատ Ատանայէն Հայոց առաջնորդին կողմէ ղրկուած պատուիրակութիւն մը Իսլամ ազգաբնակչութեան յորդորներ տուաւ։ Վերջապէս մինչեւ՝ նահանգին կեդրոնէն գալիք զօրախումբերուն ժամանումին բոլոր միջոցներուն դիմուեցաւ։ Երկու կողմի ամենէն ազդեցիկ երեւելիներէն մէկ քանին ժողով գումարեցին եւ անոնց Պատրիարքարանին ու Շէյխ իւլ Իսլամութեան կողմէ, խիստ ազդարարութիւններ եղան։ Բացատրուեցաւ թէ՝ նմանօրինակ յարձակումներ եւ բռնաբարումներ արգիլուած են, ինչպէս քաղաքային  օրէնքներով նոյնպէս Շէրիաթով, բացատրուեցաւ որ մենք պէտք է համերաշխ եւ խաղաղ ապրինք, հետեւելով Միութեան Արդարութեան եւ Հաւասարութեան սկզբունքներուն, որոնք հաստատուած են Սահմանադրութեամբ , թէ՝ մենք պէտք է որ զիրար սիրենք եւ փոխադարձաբար յարգենք մեր իրաւունքները, թէ՝ պէտք է անմիջապէս վերջացնել խռովութիւնները, թէ՝ ամէն մարդ ըստ առաջնոյն պէտք է իր գործին երթայ եւ զգուշանայ խաղաղութիւնը վրդովելու հանգամանք ունեցող ամէն գործէ։ Ուրեմն յուսալի է որ այս ջանքերը ձգտին բաղխումները արգիլելու եւ կարգն ու ապահովութիւնը անմիջապէս հաստատելու։