ԿԱՄՈՒՐՋԻՆ ԴԻՄԱՑԻ ԿՈՂՄԸ «Կամուրջին դիմացին կողմը՝ տասն եւ հինգ, քսան Հաճընցի հայեր խանութներնուն մէջ ամրանալով քսան երեսուն հոգի սպաննելէ ետքը, այն կողմերու անցուդարձը արգիլեցին, եւ խանութի ետեւի կողմէն բացուած մի քանի ծակերէն նետուած գնտակներով Սալիհ էֆ[էնտի]ի գործարանին մէջ պտըտող երկու իսլամները նահատակեցին։ Ասոնց զսպումը եւ ամրացած տեղերէն դուրս հանուիլը անկարելի ըլլալը տեսնող իսլամները՝ յիշեալ խանութները կրակի տուած են եւ մինչեւ իրիկուն դժուարաւ ոչնչացնելու յաջողած են ։