Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՊԵՏԵՐՈՒՆ ԿՈՂՄԷ ՏՐՈՒԱԾ ԲՈՂՈՔԱԳԻՐՆԵՐՈՒՆ ՊԱՏՃԷՆՆԵՐԸ

Ատանայի Պատերազմական Ատեանի նախագահութեան

«Ատանայի եւ շրջակայից մէջ տեղի ունեցած ցաւալի դէպքերուն մասին մեր տեղեկութիւնները կը յայտնենք հետեւեալ կերպով։

Ապրիլ ամսուն առաջին օրը քրիստոնեայ ժողովուրդէն մէկ մասը՝ առաջուան պէս աշխատելու համար այգի եւ ագարակները գացած եւ մէկ մասն ալ խանութ ու մթերանոցնին բանալու համար շուկան իջած միջոցին Իսլամ ժողովուրդը ձեռքը բիրերով եւ զինուած վիճակով տեսնելով կը վախնան եւ տուներնին կը դառնան։ Ասոր վրայ նախկին կուսակալ Ճէվատ պէյ՝ զմեզ կանչելով յանձնարարեց որ վախնալու բան մը չկայ, քրիստոնեաները խանութնին թող բանան եւ գործերնին շարունակեն։

Այս միջոցին մենք Կուսակալ ՊԷյին ուշադրութիւնը հրաւիրեցինք շուկան գտնուող զինեալ եւ վտանգաւոր բազմութեան վրայ, անիկա՝ (կուսակալը) իբր պատասխան «բան մը չէ, ժողովուրդը երբ խանութները բանայ, անոնք ալ կը ցրուին» ըսաւ մեզ։ Մենք ալ Կուսակալին այս խոստումին ու խօսքին հաւատալով շուկան ելանք ու մեր տեսած քրիստոնեաները յորդորեցինք եւ Կուսակալին հրամանը հաղորդեցինք որ խանութնին բանան։ Այս պահուն տեսանք որ երկու վիրաւոր քրիստոնեաներ կառավարական պաշտօնատունը կը բերուէին եւ զանոնք վիրաւորող Իսլամներու մասին ո՛ եւ է պարտականութիւն չէր կատարուէր։

Այս երկիւղալի վիճակը քիչ մը շարունակելէ ետքը ժամը 5ին միջոցները քաղաքին այլ եւ այլ մասերուն մէջ միեւնոյն վայրկենին զէնք նետելով՝ ջարդ ու թալանի սկսան։

Ամենէն առաջ վերաքննիչ ատեանի անդամներէն ըլլալով Կուսակալին հրամանովը խանութները բանալ տալու համար աշխատող Դաւիթ էֆ[էնտի] Ուրֆալեանը շուկային մէջ, եւ քաղաքապետութեան ժողովի անդամներէն Յարութիւն էֆ[էնտի] Շատրիկեանը քաղաքապետութեան պաշտօնատան մէջ սպաննուեցաւ։ Ասկէ ետքը ընդհանուր ջարդն ու թալանը եւ հրկիզումը սկսաւ։

1. Թալանի միջոցին Իսլամ եւ քրիստոնեաներու խանութները որոշելու համար առաջուընէ անոնց խանութներուն վրայ նշան դրած ըլլալէն կը հասկցուի թէ այս դէպքը առաջուընէ ծրագրուած խռովութիւն մ՚է։

2. Այս սոսկալի դէպքերուն տեղի ունեցած միջոցին բոլոր քաղաքային եւ դատական պաշտօնեաներն ու Իսլամ ժողովուրդը՝ քրիստոնեաներէն տարբերելու իբրեւ նշան գլուխնին ճերմակ փաթթոց կապելնին, թէեւ նախ զմեզ զարմացուց սակայն վերջը հասկցուեցաւ որ այս  միջոցը մասնաւոր նպատակով ի գործ գրուած է։

3. Ապրիլ 1էն մինչեւ 3 շարունակող թալան, հրդեհ եւ ջարդը քրիստոնեաներուն հարստութիւն ու կալուած եւ անձերը գրեթէ ոչնչացնելու աստիճանին հասցնելէ ետքը, տեղական կառավարութեան մօտ ըրած մեր դիմումին վրայ, կուսակալ Ճէվատ պէյ եւ Զին[ուորական] հրամանատար Ֆէրիգ Մուսթաֆա Րէմզի փաշա եւ Իսլամ կրօնապետներն ու երեւելիները այլեւս բան մը պիտի չըլլայ եւ հրդեհները պիտի մարին ըսելով խոստացան. այս մասին երդում ալ ըրին, մինչդեռ վերջը դրժեցին իրենց խոստումն ու երդումը եւ հակառակը շարժելով աւելի մեծ աւեր մը գործեցին եւ որով խեղճ քրիստոնեաները ո՞ւր եւ որո՞ւ դիմելնին չէին գիտեր։

4. Առաջին դէպքէն մի քանի օր ետքը Քրիստոնեայ թաղերու մէջ բնակող հանգուցեալ Ղազէզ զատէի փեսան Խաթիպ էֆէնտի եւ Պօշնագզատէ Ապտիւլրահիմ էֆ[էնտի] իրենց տուները պարպելով Իսլամ թաղերը փոխադրած ըլլալնին՝ ջարդը Իսլամներու մէջ որոշուած եւ երկրորդ ջարդին նախապէս լուր ունեցած ըլլալնին չի՞ յայտներ։

5. Կառավարութեան մեզ տուած ապահովութեան վրայ վստահելով, Ապրիլ 12ին հանդիպող Կիրակի օրը մենք մեր եկեղեցիներուն մէջ կրօնական արարողութիւն կատարած պահուն, անոնք (իսլամները) քաղաքին տարբեր կողմերէն միեւնոյն ժամանակ զէնք նետելով երկրորդ ջարդին սկսան եւ աւելի սոսկալի աւերումներու պատճառ եղան։ Այս ջարդն ու հրեդհը մինչեւ Երկուշաբթի առտու շարունակելով Ատանայի քաղաքը աւերակոյտ գերեզմաննոցի մը վերածեցին։ Յետոյ տեղական Կառավարութիւնը ջարդին վերջ տալու եւ հրդեհները մարելու խոստումով բոլոր քրիստոնեայ ժողովուրդը Կառավարութեան Պաշտօնատուն կից եղող պարտէզը տանելէ ետքը, հրդեհներն ա՛լ աւելի սաստկացան եւ մնացած մեր եկեղեցի, դպրոց, բնակարան եւ խանութները հրկիզուելով այրուելէն կը հասկցուի թէ այս դէպքը անկասկած նպատակով տեղի ունեցած է։

6. Ասկէ ինն ամիս առաջ Զինուուրական պաշտօնատեղիին առջեւ, ժողովուրդին հանգանակութեամբը՝ եւ մեր զինուոր եղբայրներուն աշխատութեամբը՝ Սահմանադրութեան եւ ազատութեան անունով կանգնած Յաղթութեան կամարին՝ Ապրիլ 13 ի Երկուշաբթի օրը յետինքի ատեն, բոլոր կառավարական պաշտօնեաներուն, զինուորներուն եւ քաղաքին ժողովուրդին ներկայութեանը զէնքեր արձակելով եւ կացիններու հարուածներով փլցուիլը եւ «Կեցցէ՜ Սուլթան Համիտ, անկցի՜ ազատութիւն» աղաղակներուն երկինք բարձրանալը կը հասկցնէ թէ այն բոլոր դէպքերը ինչու համար տեղի ունեցան։

7. Այս ցաւալի դէպքին միջոցին կարգ մը զրպարտութիւններ եւ սուտեր հանելով դիտմամբ Իսլամ ժողովուրդը գրգռող եւ Քրիստոնեաներու դէմ հանող զրպարտիչները՝ այս երկրին եւ ազգին բուն թշնամին ըլլալէ զատ, զայն կործանումի կ՚առաջնորդեն։ Այս մասին Իթիտալ լրագրի զրպարտալից եւ գրգռիչ յօդուածներուն վրայ երբ նախորդ Կուսակալ Ճէվատ պէյի ուշադրութիւնը հրաւիրեցինք, անիկա՝ «ես այն տպարանը պիտի գոցեմ եւ թերթին հրատարակութիւնը պիտի դադրեցնեմ» ըսաւ եւ բան մը չըրաւ, եւ միեւնոյն ընթացքին շարունակութեան թոյլատրելը զմեզ բոլորովին փճացուց։

8. Այսչափ թալան, հրդեհ, ջարդ, եւ բռնաբարումներով փճացումի աստիճանին հասած խեղճ Քրիստոնեաներուն կարգ մը զրպարտութիւններով բանտարկուիլը եւ ամէն տեսակ չարչարանքներու ենթարկուիլը եւ դեռ նահանգին կեդրոնն իսկ աղէտին պատասխանատուութիւնը միայն Քրիստոնեաներուն վրայ բեռցուիլը, անիրաւութեան վրայ նոր անիրաւութիւն ըլլալու պարագան ձեր ուշադրութեան կը յանձնենք։

9. Քրիստոնեայ ժողովուրդին ապրուստի բոլոր միջոցներէն զրկուած ըլլալը, հացի կտորի կարօտ, անօթի անբնակարան ու մերկ վիճակի մը ենթարկուիլը եւ կորուստի, թշուառութեան ու աղէտին որչա՜փ մեծ ըլլալը հասկցնելու համար ապրելէ ձանձրացած ըլլալնին յայտնելէ ետքը, այս բոլոր վիճակներուն ի՛նչ նպատակով կատարուած ըլլալը ձեր խորհրդածութեան կը թողունք։

10. Կառավարութեան մօտ եղած մեր դիմումներուն միջոցին եւ կառավարութեան կողմէ հրաւիրուած ատեննիս, շատ անգամներ քաղաքին Իսլամ երեւելիներուն եւ կրօնական պետերուն հոն գտնուիլը եւ խորհրդակցութիւններով զբաղած ըլլալնին տեսնելով, այս դէպքին նախապէս ծրագրուած ու պատրաստուած ըլլալն եւ անոնց համաձայնութեամբ շարժած ըլլալնին որոշապէս յայտնի չըլլա՞ր։

11. Այսչափ թշուառութեան եւ ահաւոր աղէտի միջոցին, Աստուծմէ ետքը մեր պաշտպանններն եղող եւ Սահմանադրութիւնն ու ազատութիւնը պաշտպանող, ազատասէր զինուորներուն՝ մեր մասին պաշտպանութիւննին հաստատապէս կը յուսայինք, աւա՜ղ որ անոնք ալ Իսլամ ժողովուրդին կողմէ խաբուեցան եւ թալան, հրկիզում եւ ջարդերուն մասնակից ըլլալով զմեզ բոլորովին յուսահատեցուցին։

12. Ցաւալի դէպքերուն Ատանայի եւ շրջակայից մէջ գրեթէ միեւնոյն ատեն եւ միեւնոյն կերպով սկսիլն ու շարունակուիլը կը յայտնէ թէ անիկա կանխամտածուած եւ պատրաստուած խռովութիւն մ՚էր. նոյնպէս Կ. Պոլսոյ մէջ (Մարտ 13ի յետադիմական շարժումը) կատարուած դէպքերուն հետ մէկտեղ միեւնոյն օրերուն մէջ կատարուիլը կը յայտնէ թէ երկուքին մէջ կապ մը կար։

13. Առաջին ցաւալի դէպքին ատեն շրջակայ գիւղերու ժողովուրդին ամբողջապէս ջարդուիլն ու հազարաւոր ոսկիներ արժէք ունեցող երկրագործական շէնքերուն (չիֆթլիք) ու գործիքներուն թալանուիլը, եւ հրկիզուելով փճացուիլը մեծ կորուստ մ՚է, նոյնպէս առաջուան Քրիստոնեայ մշակներու առանց խղճալու ամբողջապէս ջարդուիլը ոչ մէկ խղճի եւ արդարութեան չի վայլեր։

14. Այս ծանօթ ծրագիրին եւ հետեւութիւնը եղող մեծամեծ վնասներուն նպատակն էր Բռնապետութեան եւ Սահմանադրութեան քօղերուն տակ այս կողմերը գտնուող Քրիստոնեաներն ու Քրիստոնէութիւնը փճացնել եւ այս մասին մեր կատարելապէս համոզուած ըլլալը յայտնելով, այս կերպով վնասուած քրիստոնեայ ժողովուրդին յարմար հատուցում մը ըլլալը եւ Արդարութեան գործադրութիւնը ձեր արդարասիրութենէն պաղատանօք կը խնդրենք եւ կը սպասենք։

15. Եզրակացնելով մեր խօսքը Ատանայի եւ շրջակայից մէջ ենթարկուած այս ահագին եւ դարմանումը անկարելի եղող փճացումը արդարացնող ոչ մէկ պատճառ չի գտնուիլը յայտնելով, Օսմանեան անունին բերած արատին սրբուելուն մասին պէտք եղած միջոցներուն գործադրութիւնը կը սպասենք եւ ի հարկին կատարուելիք գործողութեանց մասին եթէ բացատրութիւն պէտք ըլլայ, անոնք ալ տալու պատրաստ ըլլալնիս յայտնելով կը վերջացնենք մեր խօսքը»։

 

Ատանայի Հայ Հռովմ[էացւո]ց Առաջն[նորդ]

ՊՕՂՈՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍ

Ատանայի Քաղդէացւոց Պատ[րիարքական] Փոխ[անորդ] (ԳԱՍ) ՍՏԵՓԱՆ ՄԱՔՍԱՊՈՒ

Ատանայի Ասորի եւ Յոյն կաթ[ողիկէ] Պատր[իարքական] Փոխ[անորդ]

(ԷԼԽՈՒՐԻ) ՖԻԼԻՊՊՈՍ ՇԱԳԳԱԼ

Ատանայի Հայոց Առաջն[որդական] Փ[ո]խ[ա]ն[ո]րդ. ԱՐՍԷՆ ՔԱՀԱՆԱՅ

Ատանայի Հայ Բող[ոքական] Կրօն. Պետ

(ՎԵՐ[ԱՊԱՏՈՒԵԼԻ]) ԱՇՃԵԱՆ

 

Ատանայի Յ[ու]ն[ա]ց Առաջն[որդական] Փ[ո]խ[ա]ն[ո]րդ. (ՊԱՊԱ) ԱՎՐԱՀԱՄ

Հին ասորիներու Պատր[իարքական] Փոխանորդ (ԳԱՍ) ՄԱՆՍՈՒՐ