ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՏԱՆԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ԻՍՄԱՅԻԼ ՖԱԶԸԼ ՓԱՇԱՅԻ

«Ատանայի ցաւալի դէպքերուն պատճառներուն մասին մեր գիտցածները հետեւեալներն են։

1. Սահմանադրութիւնն ու ազատութիւնը հրատարակուելէն անմիջապէս ետքը կարգ մը բռնապետ եւ կրօնամոլ մարդիկներ այս փոփոխութենէն գոհ չըլլալով «սահմանադրութիւնը իսլամութեան հակառակ է, մեր շէրիաթը իսլամ եւ քրիստոնեաներու մէջ եղբայրութիւն չըլլար» կը հրամայէ ըսելով խռովութեան սերմեր ցանեցին եւ նոր րէժիմը վարկաբեկելու աշխատեցան, այս պարագան դատական ճիւղէն ալ կրնայ հասկցուիլ։

2. Րամազան եւ գուրպան պայրամներուն միջոցին քրիստոնեաները ջարդելու տարաձայնութիւններ հանեցին, եւ այս վտանգին առաջքը առնելու համար մեծ նախազգուշութիւններ ձեռք առնուած ըլլալը ամենուն ծանօթ է։

3. Ցաւալի դէպքերէն մի քանի ամիս առաջ Չայլը եւ Օճագլըի թուրքերը՝ քրիստոնեաները ջարդելու պատրաստուելնին «Իթթիհատ Թէրագգը» կուսակցութիւնը իմացած եւ քննութեան համար իր անդամներէն ոմանք հոն ղրկած էր։ Յիշեալ լուրին ստուգութիւնը քննած ատեննին անհիմն չըլլալը հասկցուած էր։

4. Այս բոլոր դէպքերուն վրայ կարգ մը կեղծաւոր եւ հայրենիքի դաւաճան վատեր, սուտ տարաձայնութիւններով իսլամ ժողովուրդին միտքը կը խառնէին եւ ասոնք մեծ ջարդ մը կատարել տալու համար իրենց ձեռքէն եկած ջանքերը բնաւ չի խնայեցին։ Օրինակի համար, «քրիստոնեաները դէպի զինուորական մթերանոցը ստորերկրեայ ճամբայ կը բանան, քրիստոնեաները զէնք առնելով գէշ նպատակ ունին, ասոնք այս կողմերը իշխանութիւն մը կազմել կ՚ուզեն, եւայլ» ըսելով իսլամ ժողովուրդին ատելութիւնն ու նախանձը գրգռեցին եւ թշնամութիւնը հրաւիրեցին մեր վրայ։

5. Այս միջոցին գաղտնի պատրաստուած ծրագիրներէն լուր չունինք, բայց յայտնապէս ճշմարիտ եւ թէ՝ վերջին ատեններս իսլամներուն՝ քրիստոնեաներու հանդէպ ունեցած վարմունքին մէջ մասնաւոր փոփոխութիւն մը կը նշմարուէր։ Կուսակալ Ճէվատ պէյ Համիտիէ երթալով, անկէ վերադարձին խնդիր մը հանելու նպատակով՝ հոն հինէն ի վեր զարնուած եկեղեցւոյ զանգակը արգիլած էր։ Նոյնպէս իսլամ երիտասարդները խնդիր մը յարուցանելու համար պատճառ կը փնտռէին։ Վերջապէս Շապանիէ եւ ուրիշ անունով Թոսպաղը թաղին մէջ տեղի ունեցած պարզ դէպք մը իսլամներուն նպատակին իրագործման առիթ մը եղաւ։ Մէկ քրիստոնեայ եւ մի քանի իսլամ երիտասարդներու միջեւ պատահած կռիւի միջոցին երկու իսլամ վիրաւորուած էր, որոնցմէ մէկը մեռաւ։ Կարգ մը խռովարար մարդիք ասիկայ լաւ առիթ մը սեպելով բոլոր իսլամ ժողովուրդը քրիստոնեաներուն դէմ գրգռեցին։

6. Այս դէպքին վրայ իսլամները գիշերները ժողով կը գումարէին եւ փողոցներուն մէջ բազմութեամբ պտտելով քրիստոնեայ ժողովուրդը կը նեղէին։ 30 Մարտ 325ի Բշ. օրը գիշերը ժամը միջոցին Մըսթըր Չըմպըրս. պատուելի Համբարձում Աշճեան եւ Տոքթ. Հ. Սալիպեան կուսակալ Ճէվատ պէյին քովը երթալով այս դէպքերուն վրայ ուշադրութիւնը հրաւիրած էին եւ պէտք եղած միջոցներուն ձեռք առնուիլը խնդրած ատեննին, կուսակալ Ճէվատ պէյ պատասխանած էր, «Դուք մի՛ վախնաք, բան մը չըլլար» եւ այս մասին ո՛ եւ է ձեռնարկութիւն բնա՛ւ չէ եղած»։



Ամուսինը նահատակուած Հաճընցի այրի մը իր անպաշտպան ձագուկներով։

7. 31 Մարտ 1325ի Գշ. օրը իրիկունը իսլամներէն մեծ բազմութիւն մը կառավարական պաշտօնատան մօտերը հաւաքուած եւ քրիստոնեաները ջարդելու համար խորհրդակցած ատեննին, կուսակալ Ճէվատ պէյ, Ֆէրիք Մուսթաֆա Րէմզի փաշա, Պաղտատի զատէ Ապտիւլ Գատիր էֆ[էնտի], Կէրկէրլի զատէ Ալի էֆ[էնտի], Տէպպազ զատէ Մուհամմէտ էֆ[էնտի], Փօլիս միւտիրի Գատրի պէյ, գօմիսէր Զօր. Ալի եւ ուրիշներ անոնց մէջ գտնուած են եւ յիշեալ բազմութեան մէջէն ոմանք «կեավուրները ջարդելու է, անոնք այգիներու մէջ երկու իսլամ սպաննած եւ կարգ մը նախատինքներ ըրած են» ըսելով զրպարտած եւ սուտերով ժողովուրդը գրգռած ատեննին՝ փոլիս միւտիրի Գատրի պէյ յիշեալ ստախօսները ձերբակալած եւ հարցաքննելու թէեւ ձեռնարկած է, սակայ կուսակալ Ճէվատ պէյը գիտնալով մէկտեղ որ ասոնք բացարձակ զրպարտութիւն եւ սուտեր են, չէ հերքած եւ զրպարտութիւններն ու սուտերը մէջտեղ նետելու յանդգնողները չէ յանդիմանած, որով հոն գտնուող բազմութիւնը Ճէվատ պէյի այս ընթացքէն քաջալերուելով գործի սկսած եւ սա՚աթխանէի մօտերը մեծամեծ ցոյցեր կատարած է։ Մինչդեռ կուսակալ Ճէվատ պէյը ասոնց մասին ո՛չ մէկ միջոց ձեռք չէ առած։

8.

Ա. 1 Ապրիլ 325ի Դշ. օրը առտուն շուկան եւ փողոցները տեսնուող ճերմակ փաթթոցով եւ ձեռքերնին բիրերով զինուած բազմութեան պատճառով քրիստոնեայ ժողովուրդը խանութները գոցելու երկմտած է, եւ կուսակալ Ճէվատ պէյ փոխանակ յիշեալ բազմութիւնը ցրուելու, կրօնական պետերս հրաւիրեց եւ քրիստոնեաներուն խանութները բանալ տալնիս առաջարկեց։ Յիշեալին այս առաջարկը ի՞նչ նպատակով ընելը յայտնի է արդէն։

Բ. Այս միջոցին շուկան տեսնուող սոսկալի բազմութեան ցրուել տալը կուսակալ Ճէվատ պէյի առաջարկուեցաւ եւ ինքն ալ այս առաջարկին գործադրութիւնը յարմար եւ ստիպողական ըլլալը թէեւ հաստատեց, սակայն բան մը չըրաւ։

Գ. Նոյնպէս միեւնոյն օրը առտուն շուկայի պաշտպանութեան համար ոստիկան զինուորներու հազարապետ Րիֆաթ պէյի կողմէ դրուած ոստիկան զինուորները՝ նախորդ Ալայ պէյին գալով ցրուած է, այս ձեռնարկին ի՞նչ նպատակով ըլլալը որոշ է արդէն։

Դ. Միեւնոյն օրը կուսակալին հրամանին համեմատ շուկային մէջ քրիստոնեաներուն խանութները բանալ տալու աշխատող Ապտիւլ Գատիր էֆ[էնտի] կէրկէրլի զատէ Ալի էֆ[էնտի] եւ Ուրֆալեան էֆ[էնտի] մէկտեղ գտնուած ատեննին, յիշեալ Դաւիթ էֆէնտին հազիւ թէ իր ընկերներէ բաժնուած էր, մէկէն ի մէկ զարնուելով մեռնիլը արդեօք ինչի՞ պիտի կրնաք վերագրել։

Ե. Նոյնպէս միեւնոյն ատեն առաջին խանութին փեղկերը խորտակելով թալանուած ատեն կուսակալ Ճէվատ պէյի եւ Մուսթաֆա Րէմզի փաշայի անտարբերութեամբ դիտելնին խուժանը աւելի քաջալերած է։

Զ. Միեւնոյն միջոցին քաղաքապետութեան պաշտօնատան մէջ քաղաքապետութեան անդան Յարութիւն էֆ[էնտի] Շատրիկեանը եւ փողոցներու մաքրութեան պաշտօնեայ հայազգի Մարսուպ էֆ[էնտի]ին կուսակալին աչքին առջեւ սպաննած ատեննին յիշեալ կուսակալը բնա՛ւ չէ արգիլած։

Է. Նոյնպէս միեւնոյն օրը Գազազ զատէի փեսայ Խաթիպ էֆ[էնտի] եւ Միւշթէպա էֆ[էնտի] եւ Տէպպազ զատէ Ալի էֆ[էնտի] եւ կարգ մը վայրենի պաշըպօզուգներ դէպի կառավարութեան պաշտօնատունը վազելով, «իսլամական կրօնք չի մնաց, կեավուրները կին եւ աղջիկներնիս սպաննեցին մեզի զէնք տուէք», ըսելով կուսակալ Ճէվատ պէյէ եւ Մուսթաֆա Թէմզի փաշաէն մարթինի զէնքեր պահանջած եւ անոնք ալ շատ դիւրութեամբ անոնց պահանջն ու փափաք գոհացուցած են միեւնոյն դիւրութիւնը շրջականերն ալ տրուած ըլլալը ճշմարտութիւն է։

9. Մզկիթներու մինարէներէն, ժամացոյցի աշտարակէն եւ Կէրկէրլի զատէի տնօրէնութեան տակ գտնուող արհեստից վարժարանի տանիքին կղմինտիրներուն մէջէն եւ իսլամներու բաձր տուներէն միշտ մարթինի եւ մավզէրի գնդակ թափուիլը, եւ բնակարաններու հրկիզուած ատեն հրդեհը մարելու համար աշխատող խեղճ քրիստոնեաներուն յիշեալ գնդակներով զարնուիլը անխղճութեան նշաններ ըլլալով մէկտեղ, ցաւալի դէպքին պատասխանատուներուն մասին հաստատուն փաստեր ցոյց կուտան։

10. Ատանայի շրջակաները քաշուած խռովայոյզ հեռագիրներուն, որոնց կողմերէն տրուիլը եթէ հաստատուի, Ատանայի դէպքին պատասխանատուներուն մասին բաւականաչափ տեղեկութիւն ձեռք բերուիլը անկասկած է։ Այս առիթով Իթիտալ լրագրին դէպքէն առաջ եւ դէպքին միջոցին հետեւած ընթացքին վրայ ուշադրութիւննիդ կը հրաւիրենք։

11. Ջարդին եւ աւերումին կատարուած ատենը կառավարութեան մեր ըրած դիմումներուն միջոցին քաղաքին իսլամ երեւելիներէն Պաղտատի զատէ Ապտիւլ Գատիրի տղան Ապտ-իւլ-Րահման, փեսան ՊԷքիր, Կէրկէրլի զատէ Ալի, Պօշնագ զատէ Սալիհ, Ապտալ քեհեասը Քէրիմ, իսլամ կրօնապետներէն միւֆթի զատէ Միւշթէպա, Պաթումլու զատէ Օսման, Տապպաղ զատէ Հաճի Ալի էֆ[էնտի]ներ եւ ուրիշներ հոն խորհրդակցելնին մեր աչքերովը տեսանք։

12. Երկրորդ դէպքին տեղի ունեցած Ապրիլ12ի օրը՝ Սալճըլարէն Գըպրըզլընը օղլու Սիւլէյման եւ Իթ ույութմազըն Ալի «կեավուրները զինուոր սպաննեցին. Սալճըլարի թաղին մէջ բնաւ իսլամ չի թողուցին» ըսելով կարգ մը սուտ զրպարտութիւններով դէպի կառավարութեան պաշտօնատունը վազելնին եւ Մուստաֆա Րէմզի փաշա այս սուտ լուրը առածին պէս առանց ստուգելու եւ հաստատելու անմիջապէս զինուորական փողով զինուորներուն յարձակումի հրաման տուած է։



Քէսապի ջարդին միջոցին ութ օր շարունակ ամայի քարայրի մը մէջ անօթի ծարաւ սպասած հինգ հայ կիներ, որոնցմէ մին իրենց թաքստոցին տեղը յայտնի չ՚ընելու համար ստիպուած է խեղդել իր մէկ տարեկան մանչ զաւակը։

13. Մինչեւ Ապրիլ 3 շարունակող ջարդ, թալան եւ հրդեհով չի գոհանալով՝ յիշեալ անձերը երկրորդ ջարդ մը եւս սարքեցին եւ իրենց յանցանքը գոցելու աշխատեցան, այս նպատակը եւ յանցանքը ծածկելու համար մտածեցին առաջինէն աւելի մեծ ջարդ մը եւ սոսկալի աւեր մը գործել։ Այսինքն ազատասիրութեամբն ու հայրենիքին ըրած ծառայութեամբը մեծ համբաւի տիրացած եւ այս խնդիրներէն անտեղեակ եղող Րումէլիի զինուորները՝ իրենց վրանները պատրաստած ատեննին անոնց վրայ կարգ մը իսլամներու կողմէ դիտմամբ զէնք նետուեցաւ եւ «Ահա՛ կեավուրները զիրուորներուն վրայ զէնք կը նետեն եւ դեռ հանգիստ չեն կենար» ըսելով Մուսթաֆա Րէմզի փաշայէն յարձակումի հրամանը առին եւ աւելի ահաւոր աղէտի մը պատճառ եղան։ Միամիտ զինուորները «Ապստամբութիւնը կը զսպենք»ի նպատակով անթիւ քրիստոնեաներ ջարդեցին եւ մեր թանկագին եկեղեցիներն ու դպրոցները, բնակարաններն ու խանութները՝ քարիւղ գործածելով այրեցին. միւս կողմէ հայրենիքին կործանման պատճառ եղող վատերը այս դաւադրութեան յաջողութեան առթիւ ուրախութեան եւ ցնծութեան մէջ էին։ Այլեւս ո՞ր պատերազմական ատեան զիրենք կը յանդիմանէ, զինուորին պատիւը պաշտպանելու համար միթէ կարելի՞ էր այս ստորնութիւնը կատարողները դատապարտել։ Անտարակոյս արդարասէր եւ հայրենիքին մտերիմ եղող դատարան մը ասիկայ կ՚ընէ եւ պիտի ընէ։

14. Եթէ Պատերազմական Ատեանը՝ քրիստոնեաները ջարդող եւ անոնց ինչքերը թալանող եւ տուներնին այրող իսլամները քիչ մը նեղել հաճի, անկասկած անոնք շատ դիւրաւ պիտի խոստովանին այս հրամանն ու արտօնութիւնը ուրկէ եւ որոնցմէ առած ըլլալնին, եւ այսպէս ճշմարտութիւնը պիտի պարզուի եւ արդարութիւնը պիտի գործադրուի։ Որովհետեւ այս քաղաքն ու շրջակաները բնակող իսլամ եւ քրիստոնեայ ժողովուրդները երկար տարիներէ ի վեր խաղաղութեամբ եւ ապահովութեամբ միատեղ ապրած եւ մանաւանդ 14 տարի առաջ ծայրէ ի ծայր երկիրը ողբ ու կոծերով լեցնող հայկական ջարդին եւ աղէտի միջոցին այս կողմերը մասամբ եւ Ատանայի քաղաքը ամբողջապէս զերծ մնացած են։ Հետեւաբար մեր խնդրանքը սա է թէ փոխանակ կարգ մը պարզ ոճրագործներ եւ ըմբոստներ պատժելու, զանոնք դրդողները, եւ այս աղէտին պատճառ եղողները թող պատժուին, եւ հայրենիքի կործանման աշխատող վատերուն թելադրութիւններէն խաբուող տասնեակ հազարաւոր տգէտ եւ միամիտ մեր իսլամ հայրենակիցները մահուան դատապարտութիւններէ ազատին, միայն ճշմարիտ ոճրագործները. դրդողները, հրամայողները եւ պաշտօնեաներն ու երեւելիները եւ կրօնական պետերը արդարութեամբ դատուելու են։ Խեղճ ժողովուրդը թող ազատի, արդարութիւնը թող գործադրուի եւ հայրենիքին օրհնեալ հողը անմեղներու արիւնով թո՛ղ չ՚արատաւորուի։

ՎԵՐՋԱԲԱՆ. Մեր վերոյիշեալ յայտնութիւններուն եւ ասկէ առաջ Պատերազմական Ատեանին տրուած տեղեկագրին նպատակը վրէժի հետեւանք չէ, այլ միայն այս հողին ու հայրենիքին հանդէպ ցաւելինս, եւ անոնց վտանգէ զերծ մնալը փափաքելնիս է։ Հետեւաբար մեր յայտնութիւններուն եւ տուած տեղեկութիւններուն մասին մանրամասն քննութիւն կատարուիլը եւ այսպէսով ճշմարտութեան երեւան հանուիլը օսմանցիութեան եւ սահմանադրութեան անունով պաղատանօք կը խնդրենք»։

21 Յուլիս 1909