Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒ ԱՌՋԵՒ

Քսաներորդ դարու քաղաքակրթութեան արատ բերող եւ մանաւանդ Օսմ[անեան] Սահմանադրութեան նախատինք եղող՝ 1909 Ապրիլի Կիլիկիոյ ահաւոր աղէտին հեղինակները տիեզերքի բոլոր ազգերուն զայրոյթին եւ ատելութեանը ենթարկուեցան։ Այս մասին քաղաքակիրթ պետութեանց Ազգ[ային] Երեսփոխանական ժողովներուն մէջ կարգ մը վիճաբանութիւններ տեղի ունեցան, որոնցմէ ամենակարեւորներն եղող՝ Հայ-Ազգային, Օսմանեան, Ֆրանսական եւ Անգլիական խորհրդարաններուն ատենագրութիւնները պիտի ամփոփենք այս էջերուն մէջ։