Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՕԳՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՕՍՄԱՆԵԱՆ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԵՂԱԾ ՕԳՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Կիլիկիոյ աղէտին մէջ եղած միլիոնաւոր ոսկի վնասներուն փոխարէն Օսմ[անեան] Երեսփ[ոխանական] Ժողովը հաճեցաւ միայն 100. 000 Օսմ[անեան] ոսկի ծախսելու որոշում մը քուէարկել։ Բաղդատմամբ ահագին վնասին շատ չնչին եղող այս գումարը յատկացուեցաւ անմիջական պէտքերու, կարգ մը մրայարկ տնակներու շինութեան եւ մի քանի աղօթատեղի ու վարժարաններու նորոգութեան։ Միւս կողմէ Երկրագործական դրամատունն ալ աղէտեալներէն միայն հաստատուն երաշխաւոր ունեցող երկրագործ եւ վաճառականներու համար տրամադրեց 50. 000 Օսմ[անեան] ոսկի, զոր հինգ տարիէն մաս առ մաս վերադարձնելու պայմանաւ փոխ տուաւ։ Իսկ ասոնցմէ զատ որբերու եւ այրիներու համար Օսմ[անեան] կառավարութիւնը որոշեց՝ հինգ տարուան համար տարեկան նախ 25. 000 ոսկի յանձնել Ազգ[ային] Պատրիարքարանի եւ քիչ ետքը այս գումարին չափը դժբախտաբար 10. 000ի իջեցուց։ Այս գումարը Ազգ[ային] Պատրիարքարանի կողմէ կը յատկացուի ուղղակի նպատակին, մասնաւորապէս կազմուած վստահելի որբախնամ եւ այրիախնամ Յանձնաժողովներու միջոցաւ։ Միայն թէ մարդու կորուստէ զատ նիւթական մեծամեծ վնասներու ենթարկուող աղէտեալները բնաւ փոխարինութիւն մը չը ստացան եւ որով վաճառականներէն շատեր փճացան եւ ստիպուեցան հոս հոն գաղթել կամ ասոր անոր քով ծառայութեան մտնել, շատ քիչեր միայն յաջողեցան դարձեալ նախկին դիրքին տիրանալ ո՛ եւ է կերպով։