Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՅՕԴՈՒԱԾ.
ՀԱՅԵՐԸ ԿՐՆԱ՞Ն ՏԷՐՈՒԹԻՒՆ ԿԱԶՄԵԼ

«Երբ մենք Օսմանացիներս՝ անցեալ 95ական թուականներուն հայերուն յարուցած ծանօթ շարժումը՝ նախորդ բռնապետական րէժիմին դէմ իբր պատուաբեր եւ անկեղծ յեղափոխութիւն կ՚ընդունէինք, եւ սահմանադրութեան պատեհութիւնով այլեւս այն տեսակ կսկծալի դէպքերուն՝ պատմութեան էջերէն զատ ուրիշ տեղեր գոյութիւն չունենալու յոյսով կ՚ապրէինք։ Միեւնոյն հայրենիքին մայրագորով գրկին մէջ, միեւնոյն գորովով եւ հոգածութեամբ մեծցող խումբ մը մարդոց անխիղճ, յոռետես եւ ապերախտ մտքեր սնուցանելնուն չէինք հաւատար ու հաւատալու ալ չէինք զիջանէր»։

«Բայց այն տեսակ ատելի խորհուրդներուն ու մտածումներուն՝ որոնք մեր մաքուր մտքերուն մէջ երբէք գոյութիւն ունեցած չեն, աղտոտ ուղեղներուն մութ խոռոջներուն մէջ դառնալո՛վ դառնալո՛վ մամուր բռնած եւ մեծցած ըլլալը ապացուցուեցաւ, ապրիլի առաջին չորեքշաբթի օրը ամբողջ Օսմանացիներուն եղբայրութիւն եւ հաւասարութիւն աւետող սահմանադրութեան դէմ հայերուն կողմէ եղած ապստամբութեամբ։

Հաւասարութիւն… Եղբայրութիւն…։

Աւա՜ղ… եօթն ութը ամիս առաջ փայլուն գովասանքներով մեր ձեռքերը սեղմած այն ձեռքերը՝ հիմա մեր կուրծքին բարկութեամբ եւ կատաղօրէն մարթինի, մավզէրի, ատրճանակի գնդակներ եւ ռումբեր կը նետեն, արդեօք այս փշոտ ձեռքե՞րն էին անոնք»։

«Այն շրթունքները՝ որոնք այն ատեն մեզի միութիւն եւ եղբայրութիւն կ՚ուխտէին, արդեօք այն ատեն զէնքի վերաբերեալ պատրաստութիւններու պէտքի՞ն վրայ կը խօսէին։ Եւ ի՞նչ էր պատճառը այն ու այս վիճակներուն»։

«Մեզի այդ պատճառները կ՚իմացնեն լո՛կ այն գնդակները՝ որոնք մեր քաղաքին լուռ ու խաղաղ մթնոլորտը ճեղքելով, մեր ականջները պատռելով կայծակի պէս կ՚անցնին»։

«Այն գնդակները կը նետուէին Օսմանցինութեան հետ, այո՛, Օսմանցիութեան հետ ունեցած իրենց կապերը խորտակելու, ջնջելու համար»։

«Ըսել է երբ բոլոր Օսմանացիները կը պաշտեն Օսմանցիութիւնը, անոնք կը նախատեն, կ՚ուզեն վերցնել այդ ածականը իրենց վրայէն»։

«Բայց վստահ թող ըլլան որ այլեւս սահմանադրական կառավարութիւնը այս կարգի վատութիւններու չի պիտի տոկայ։ Տէրութիւնը կարող է չարագործներն անմիջապէս զսպելու, եւ այս կարողութիւնը երթալով պիտի աւելնայ»։



Ատանայի նահատակներէն ՊՕՂՈՍ ԷՖ[ԷՆՏԻ] ՊԶՏԻԿԵԱՆ, անդամ Նախադատ ատեանի։ Սպաննուած Ինճիրլի գիւղին մէջ, իր թուրք սպասաւորին կողմէ եւ ողջ ողջ թաղուած. 1880-1909։

«Յիմարներն իսկ չեն հաւատար որ, երկու միլիոնէն աւելի չեղող հայերը՝ որոնք ցրուած են հոս ու հոն, իրենց ոյժով ու զէնքի զօրութեամբ, յաղթող հանդիսանալով՝ ահագին Օսմանեան տէրութեան դէմ՝ կարողանան անկախ տէրութիւն մը հիմնել»։



Ատանայի նահատակներէն ՄԱՐՏԻՐՈՍ ԷՖ[ԷՆՏԻ] ՊՕՅԱՃԵԱՆ. Հաճընցի ուսուցիչ, 1868-1909։



«Եթէ տակաւին առաջուան պէս, Եւրոպան խաբելով եւ օտարներուն միջամտութիւնը հայցելով իրենց նպատակներուն իրագործումը յուսալու չափ անխելք են, հանգիստ թող ըլլան, այլեւս անկարելի է»։

«Ոչ մէկ եւրոպական տէրութիւն չի կրնար առաջարկել Օսմ[անեան] տէրութեան որ Ատանայի նահանգին կամ հին Կիլիկիոյ մէջ՝ հայերը հաւաքելով Հայ տէրութիւն մը կազմէ եւ պաշտօնապէս ընդունի ու հաստատէ։ Որովհետեւ կարելի եւ խելքի մօտ չէ որ՝ քանի Սահմանադրութիւնը գոյութիւն ունենայ մէկ ու կէս, երկու միլիոն հայերուն համար Եւրոպայի հաւասարակշռութիւնը խանգարուի»։

«Եթէ հայերը կ՚ուզեն տէրութիւն մը կազմել, այդ տէրութեան հողը ո՛չ թէ Օսմանեան երկիրկներու մէջ, այլ բեւեռներու, Ափրիկէի աւազուտ անապատներուն մէջ պէտք է փնտռեն ու հոն գաղթեն։ Եթէ ոչ Պոլսոյ, Իզմիրի, Ատանայի, Հալէպի, Տիարպէքիրի, Պիթլիզի, Վանի պէս տեղերու մէջ ցրուած եւ բաժնուած մնալով իրենց փափաքին չեն կրնար հասնիլ»։

ՊԻՒՐՀԱՆ ՆՈՒՐԻ