ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱՂԷՏԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿԱՄՈՒՐՋԻՆ ԴԻՄԱՑԻ ԿՈՂՄԸ

«Կամուրջին դիմացին կողմը՝ տասն եւ հինգ, քսան Հաճընցի հայեր խանութներնուն մէջ ամրանալով քսան երեսուն հոգի սպաննելէ ետքը, այն կողմերու անցուդարձը արգիլեցին, եւ խանութի ետեւի կողմէն բացուած մի քանի ծակերէն նետուած գնտակներով Սալիհ էֆ[էնտի]ի գործարանին մէջ պտըտող երկու իսլամները նահատակեցին։ Ասոնց զսպումը եւ ամրացած տեղերէն դուրս հանուիլը անկարելի ըլլալը տեսնող իսլամները՝ յիշեալ խանութները կրակի տուած են եւ մինչեւ իրիկուն դժուարաւ ոչնչացնելու յաջողած են [1] ։



[1]            Կամուրջին անդիի կողմը նստող կօշակակար եւ թշուառ Հաճընցիները՝ տունի վարձք վճարելու անկարող ըլլալով, իրենց խանութներուն մէջ կը պառկէին եւ երբ ջարդը կը սկսի, խեղճերը խանութները կը գոցեն եւ յարձակող խուժանին դէմ անձնապաշտպանութեան կը դիմեն. եւ վերջապէս վատ խուժանին տուած հրդեհներուն մէջ կ՚այրին իրենց խանութներուն հետ, որոնց մէջ այրեցան նաեւ Ծավուկեան Ղազար եւ Հաճի եղբայրները։