Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԳԻՇԵՐՆ ԻՆՉՊԷ՞Ս ԱՆՑԱՒ

«Այս իրարանցումին մէջտեղը գիշերուան մութը հասաւ քաղաքին վրայ։ Ժամը մէկին ատենները՝ քաղաքին շատ մը տեղերէն դրուած գունտագները, ձգուած կրակները բոլոր քաղաքը կ՚այրէին։ Գիշերուան մութին մէջէն մէկ կողմէն բոցերը երկինք կը բարձրանային եւ միւս կողմէ զէնքի ձայները օդերը կը թնդացնէին։ Գնդակներուն բզզիւնը՝ ամէն մարդ պաշտպանութեան կ՚ստիպէր»։

«Գիշերը շատ վախով անցաւ։ Իրիկունը Մէրսին պատրաստ գտնուող զինուորները մասնաւոր թրէնով հասած ըլլալնուն՝ կառավարութիւնը քիչ մը շունչ առաւ։ Ասոր հետ մէկտեղ յուզումի հանդարտութիւնը շատ դժուար էր»։