ՔԷՍԱՊԻ
     
      [1] 
    
     ՋԱՐԴԸ
  
 
    
     Ականատես 
    
     մը 
    
     կը 
    
     պատմէ.
    
     —
  
 
    
     «Անթաքիոյ 
    
     ջարդէն 
    
     ետքը 
    
     15000 
    
     թուրք, 
    
     ֆէլլահ, 
    
     քիւրտ 
    
     եւ 
    
     չէրքէզներէ 
    
     բաղկացած 
    
     խուժանը՝ 
    
     Ապրիլ 
    
     9ին 
    
     յարձակեցաւ 
    
     Քէսապի 
    
     վրայ։ 
    
     Քէսապի 
    
     հայութեան 
    
     մէկ 
    
     մասը 
    
     ջարդուեցաւ 
    
     եւ 
    
     հրդեհներուն 
    
     բոցերը 
    
     տեսնող 
    
     ֆրանսական 
    
     շոգենաւ 
    
     մը՝ 
    
     ծովեզերք 
    
     մօտեցաւ 
    
     եւ 
    
     նաւաստիները 
    
     ղրկելով 
    
     լեռներէն 
    
     ժողվել 
    
     տուաւ 
    
     6000 
    
     հայեր, 
    
     զորս 
    
     փոխադրեց 
    
     Լաթաքիա 
    
     կամ 
    
     Լազգիէ։
  
 
    
     Ահագին 
    
     թիւով 
    
     խուժանը՝ 
    
     Քէսապն 
    
     ալ 
    
     տակնու 
    
     վրայ 
    
     ընելէ 
    
     ետքը, 
    
     Ասիի 
    
     գետն 
    
     անցաւ 
    
     եւ 
    
     Շուլմուսա 
    
     լեռներուն 
    
     մէջ 
    
     պահ 
    
     մը 
    
     հանգչելէ 
    
     վերջը, 
    
     շրջակայ 
    
     քրիստոնեայ 
    
     գիւղերուն 
    
     վրայ 
    
     յարձակելու 
    
     պատրաստուած 
    
     էր. 
    
     բարեբախտաբար 
    
     Սիւվէյտիէի 
    
     միւտիր 
    
     Սէօքէլի 
    
     Խալիտ 
    
     էֆ[էնտի]ի 
    
     ձեռք 
    
     առած 
    
     զգուշական 
    
     միջոցներուն 
    
     շնորհիւ, 
    
     ստիպուեցան 
    
     ցրուիլ 
    
     եւ 
    
     ազատեցան11000ի 
    
     չափ 
    
     քրիստոնեաներ 
    
     ստոյգ 
    
     ջարդէ 
    
     մը։
  
 
    
     Եօղուն-օլուգէն՝ 
    
     շերամաբուծութեան 
    
     համար՝ 
    
     Անթաքիա, 
    
     Պիթիաս, 
    
     Հաճի 
    
     Հապիպի, 
    
     Խըտըրպէյ 
    
     եւ 
    
     Քէպուսիյէ 
    
     գացած 
    
     200 
    
     տունի 
    
     չափ 
    
     քրիստոնեաներ 
    
     բնաջինջ 
    
     եղան։ 
    
     Քէսապի 
    
     շուրջը 
    
     գտնուող 
    
     քրիստոնեայ 
    
     գիւղերն 
    
     ալ 
    
     թալանելէ 
    
     ետքը 
    
     այրեցին։ 
    
     Այս 
    
     կողմերուն 
    
     նիւթական 
    
     կորուստը 
    
     200000 
    
     ոսկիէ 
    
     աւելի 
    
     է։ 
    
     Քէսապի 
    
     ջարդէն 
    
     փախած 
    
     600 
    
     ի 
    
     չափ 
    
     քրիստոնեաներ՝ 
    
     Լազգըյէի 
    
     միւթէսարըֆ 
    
     մարդասէր 
    
     փաշային 
    
     գուրգուրանքին 
    
     արժանացան։ 
    
     Այս 
    
     պաշտպանութեան 
    
     մէջ 
    
     ամենամեծ 
    
     բաժին 
    
     ունեցաւ 
    
     տեղւոյն 
    
     տեսուչ 
    
     Տ. 
    
     Մովսէս 
    
     վարդապետը։
  
 
    
     Յիշեալ 
    
     հայրենասէր 
    
     եւ 
    
     պատուական 
    
     միւթէսարըֆը՝ 
    
     ջարդը 
    
     դադրելէ 
    
     եւ 
    
     ապահովութիւնը 
    
     վերահաստատուելէ 
    
     ետքը, 
    
     իր 
    
     պաշտպանութեան 
    
     տակ 
    
     գտնուող 
    
     բազմաթիւ 
    
     քէսապցիները 
    
     անձամբ 
    
     տարաւ 
    
     Քէսապ, 
    
     ինչ 
    
     որ 
    
     իր 
    
     իշխանութեան 
    
     սահմանէն 
    
     դուրս 
    
     էր, 
    
     եւ 
    
     հոն 
    
     մի 
    
     քանի 
    
     օր 
    
     մնալով 
    
     քրիստոնեաներուն 
    
     հանգստութիւնը 
    
     ապահովեց 
    
     եւ 
    
     ապա 
    
     դարձաւ 
    
     Լազգիէ»։
  
 
  
  
   
  
    
   
       
        [1]            
      
       Քէսապ՝ 
      
       Անթաքիայէն 
      
       12  
      
       ժամ 
      
       հեռու 
      
       Ճէսրը-շուուր 
      
       գազային 
      
       վերաբերող 
      
       գիւղաքաղաք 
      
       մ՚է։ 
      
       700 
      
       տուն 
      
       Հայ 
      
       բնակիչ 
      
       ունէր։ 
      
       (Ծ. 
      
       — 
      
       Յ. 
      
       Թ.
      
       )