Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅՈՑ ԱՆՄԵՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆ
(հրատարակուեցաւ եւ ուղղուեցաւ գաւառային իշխանութեանց, 31 Յուլիս 1909 թուականին)

ՄԷՃԼԻՍԻ ՎԻՒՔԷԼԱ ՊԷՅԱՆՆԱՄԷՍԻՆԻՆ ՍՈՒՐԷԹԻ

«Ատանա հատիսէի մուէսսէֆէսինին սուրէթը վուգուը վէ զուհուր պազը մէրթէպէ գըյլ ու գալ թէքէվվիւնինէ պաիս օլմագտա պուլունտըզը մահսուս օլուպ, պու իսէ անասըրը Օսմանիյէնին սաֆվէթ վէ մուխալէսէթ տաիրէսինտէ հիւսնը մուաշիրէթիննէ սուի թէ՛էսիրտէն խալի գալմայաճաղը մէլհուզ վէ պիր վաթան էվլատը օլան իքի ունսրը արասընտա ուխուվվէթը սահիհէի Օսմանիյէնին թէէսիսի հէր տիւրլիւ էվհամ վէ զունունուն րէֆինէ վէ պուտա հագաեիգը վէգատյիին պիլինմէսինէ միւթէվագըֆ պուլունմըշ օլմազլէ պէյանաթը աթիյէյէ լիւզիւմ կէօրիւլմիշ տըր. շէօյլէքի.

Իտարէի սապըգանըն սիյյաթը իսթիպտատը ճարի օլտուղը զէմանլարտա Էրմէնի ճէմաաթընա մէնսուպ պագը ֆըրգալար ճանիպէնտէն մէգասիտը սիյասիյէյէ տէլալէթ իտէր մէսաի սարֆ էտիլտիկի մալիւմ օլմագլ պէրապէր, պու մէսաի հէր նէ շէքլ վէ սուրէթտէ թէզահիր իթմիշ օլսա օլսուն պիր իտարէի միւսթէպիտէնին նագապիլր թէհամմիւլ ճէվր ու զուլմընտան միւնպաիո օլտըգը կիպի, սօն զէմանլարտա միլլէթին իսթիհսալը մէշրութիյէթ էմրինտէքի մէսաիսինէ միւզահէրէթ վէ մուավէնէթլէրի կէօրիւլմէքլէ, վաթանը օսմանիէ րըպաթաի սամիմիյէլէրիտէ պիլֆիիլ սուպութ պուլմըշ վէ հէլէ իտարէի մէշրութէնին թէէսիսինտէն սընրա սաատէթ վէ  սէլամէթը գավմիյէլէրինին հիւքիւմէթը մէշրութէի Օսմանիյէյէ սատագաթ վէ մէրպուտիյէթտէ պուլունտըղը թէսլիմ օլընմագ ճիհէթլէ սաա՛տէթը ումումիյէի միւշթէրէքէնին իսթիհսալընա հասրը էմէլ էտիլմիշ օլտուգունտան, ճէմա՛աթը մէզքիւրէնին էլեէվմ պիր ֆիքրի մուզմիրը սիյասը բէրվէրտէ վէ թա՛ագիպ իթմէքտէ օլտուղընա տաիր հագիգաթը հալէ խապէր վէ ակեատ օլմայանլար ինտինտէ հուսուլի միւլահազա իտիլէն սուի զաննըն պիլքիւլլիյէ էսաստան արի օլտուղու շիւպհէսիզ տիր։ Ատանա վագա՛աի ֆաճիասընըն սուրէթի զուհուրինէ կէլինճէ օլ պապտէ հէյեաթը մախոուսէ մարիֆէթի իլէ իճատ էթտիրիլէն թահգըգաթ մէճմուընըն նէթաիճինտէն վէ հատիսէնին ճէրեանը թապիիսինտէն վաթանիյէ հըսսընըն իմհա էտիլմէք իոթէնիլտիկի տէվրը սապըգը իսթիպտատըն ասարը պագըյէյի մէշումէսինտէն օլարագ հիւրրիյէթ վէ մէշրութիյէթին Էրմէնի ճէմա՛աթը նղզտինտէ թէվլիտ իթաիկի չէթարէթ վէ հըսսըյաթըն պազը սատէտիլանճա սուի թէվսիրէ ուղրամասը վէ ավամը էհալինին նամ վէ իւնվան վէ խաթթը հարաքէթինտէն խահէրտար օլմատըղը Դաշնակցութիւն վէ Հնչակեան կիպի ճըրգալար էֆրատընըն ալէնիյէթէ չըգմալարընտան պազը ղսասսըզ թէվէհիւմլէր հասըլ օլմասը պէյնէր էհալի քիֆթ ու կիւյի մուճիպ օլարագ, պունըն աքսը թէէսիրի իսէ այնը սուրէթտէ Էրմէնի ճէմաաթը նէզտինտէ խավֆ վէ շիւփհէ թէվլիտ էտէրիք, օրաճա իքի թարաֆ պէյնինտէ սուի թէվէհիւմ իլէ եէքտիկէրէ գարշու ատէմը էմնիյէթ հասրլ օլմասընտան վէ պու սուի թէֆէհիւմլէրին տերհալ մէնապիինի քէշֆ վէ թահգիգ ճէմաաթը միւխթէլիֆէլի եէքտիկէրինէ թագրիպ իլէ ատէմը էմնիյէթի միւթէգապիլէյի իզալէ վէ Գանունը Էսասինին սա՛ատէթը ումումիյէյի քեաֆիլ օլան ահքեամընտ վէ մէշրութիյէթը ագվամը վէ ուխուվէթը վաթանիյէյի թէ՛էսիզ վէ թէ՛էմըն էյլէմէք վէ հիւքիւմէթը մահալիյէնին վէզաիֆը էսասիյէսի իճապաթընտան իքէն վիլայէթին էն պէօյիւք մէ՛էմուրլարընճա պիլաքիս չաեանը էսէֆ պիր աճզ զն՛նֆ իլէ իխթիյար օլունան սուրէթը իտարէ վէ սիւքիւթ վէ միւպհէմիյէթը վազիֆէ նաշինասանէ պիր թարաֆտան պու սուի թէֆէհիւմ իլէ ատէմը էմնիյէթին թէշէտտիւտինէ վէ տիկէր թարաֆտան խալգըն գուտրէթը հիւքիւմէթէ գարշու փէրվասըղճա հարէքէթլէրէ ճիւրէթլէրինին թէզայիւտինէ մէյտան վէրմիշ վէ տահա հատիսէնին մէպաստիսինտէ զիմմէթը համիյէթ վէ մէմուրիյէթէ թէրէթթիւպ իտէն վազիֆէնին համիյէթ վէ մէմուրիյէթէ թէրէթթիւպ իտէն վազիֆէնին պի հագգին ֆէտաքեարանէ իֆա էտիլէմէմիշ օլմասընտան նէշէթ էյլէյուպ եօգսա ճէմա՛աթը մէզքիւրէնին հիւքիւմէթը մուազզամէի Օսմանիյէյէ գատիմէն տէրքեար օլան սատագաթլարը մուխթէլ օլմասընտան  ինպիաս իթմէմիշ օլտուղը աշիքեար տըր։

Շու հալէ նազարէն հատիսէի մուէլլիմէի մէզքիարէնին միւսէպպիպը հագիգիլէրի իլի  իֆաի վազիֆէտէ թէքեասիւլ վէ րէխավէթ իտէնլէրին միւճազաթը գանունիյէյէ տիւչար օլաճագլարը պի իշթիպահ իսէտէ պազը թարաֆլարտա հուսուլը քէմալը թէ՛էսիւֆլէ մահսուս օլան զունունը պաթըլէնին տէվամը ամալ վէ մէնաֆիի միւթահտէ իլէ եէքտիկէրինէ թապիաթըն մէրպութ անասըր միւխթէլիֆէ պէյնինտէ ճայկիրը իսթիքրար օլմասը լազըմէտէն պուլանան հըսսիյաթը խալիսէի ուխուվվէթքեարիյէ մէնաֆի օլաճաղընտան րիվայաթ վէ թագտիրաթ ղայրը սահիհէտէն օրալարճատա հապ օլմուշ օլմասը միւհթէմէլ օլան զունուն վէ էվհամըն իզալէսինէ վէ վաթանը ազիզիմիզին սէլամէթ վէ սա՛ատէթի ումում էվլատը վաթանըն եանի Օսմանլը միլլէթը մուազզամասընը թէրքիպ իտէն միւսլիմ վէ ղայրը միւսլիմ էհալինին քէմալը վէֆագ վէ իթթիհատ իլէ հարէքէթ վէ հիւսնը մուաշէրէթ իթմէլէրինէ մէնութ օլմազլա սընուֆը թէպաա պէյնինտէ րէվապէթ վէ ուխխուվվէթը վաթանիյէնին թէյյիտինէ տէրէճէի նիհայէտէ սարֆ վէ մէսայի օլունմասը վէ հիւքիւմէթը Օսմանիյէմիզին էսասը վէ մէթինի օլան ուսուլ վէ մէշրուաի մէշրութիյէթի վէ ասայիշը մէմլէքէթի իխլալ իտէճէք հէր տիւրլիւ հարաքեաթ վէ իխթիշաշաթըն միւրէթթիպ վէ միւթէճասըրլարը ալէյհինէ թէրէթթիւպ իտէճէք միւճաղաթը շէշէտիտէի գանունիյէնին պիլա իհմալ իճրասը իլէ իպրէթը մուէսսէրէ իպրազը մուգարրէր օլտուղունըն տախիլի վիլայէթտէ պէ թէքրար իլան իտիլմէսի թավսիյէ օլունուր»։

ՀԱՅՈՑ ԱՆՄԵՂՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՍՏԱՏՈՂ ՆԱԽԱՐԱՐԱԿԱՆ ՇՐՋԱԲԵՐԱԿԱՆԻՆ ԹԱՐԳՄԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

«Նկատելով որ Ատանայի ցաւալի դէպքը կարգ մը ենթադրութիւններու տեղի տուած է եւ այս պարագան Օսմանեան տարրերուն համերաշխութիւնը խանգարելու պատճառ կը դառնայ, եւ նկատելով որ մէկ հայրենիքի զաւակ՝ այս երկու տարրերուն միջեւ Օսմանեան անկեղծ եղբայրակցութեան մը հաստատումը անհրաժեշտ է, եւ որով հարկ է ամէն տեսակ կասկածներն ու ենթադրութիւնները հեռացնել ու այս պարագան միայն  ճշմարտութեան երեւան գալովը կարելի պիտի ըլլայ իրականանալ, հարկ տեսանք հետեւեալ յայտարարութիւնը ընել։

Կառավարական վարչութեան մէջ հարստահարութիւն եւ կեղեքում գործադրուած ատենները, հայ ժողովուրդին պատկանող կարգ մը կուսակցութիւններ յեղափոխութեան եւ անկախութեան նպատակ ու ջանքեր կ՚ընէին։ Ինչ ձեւով եւ եղանակով ալ երեւան եկած ըլլան այս ջանքերը, քանի որ կեղեքիչ կառավարութեան մը անտանելի չարիքներէն ու բռնութիւններէն ազատելու նպատակով միայն տեղի կ՚ունենային, հետեւաբար էապէս քննադատելի չեն, այլ ընդհակառակը վերջին ատենները Սահմանադրութիւն ստանալու համար Ազգին կողմէ եղած ջանքերուն աջակցելով եւ օժանդակելով նախապէս գործնական ապացոյցներ տուին թէ՝ Օսմ[անեան] հայրենիքին ճշմարտապէս կապուած են։ Մանաւանդ Սահմանադրական վարչութիւն ձեռք բերուելէ յետոյ մեր Հայ հայրենակիցներն ամէն տեսակ քաղաքական նպատակներէ հրաժարելով, իրենց բովանդակ ջանքերը յատկացուցին հասարակաց բարիքներն ընկերովի ձեռք բերելու, ընդունելով որ իրենց փափաքած մօտաւոր փրկութիւնն ու երջանկութիւնը, այն ատեն  միայն կրնան իրականութիւն գտնել, երբ յարին եւ հաւատարիմ մնան Օսմ[անեան] Սահմանադրական կառավարութեան, որով անտարակուսելի կը նկատուի թէ՝ անհիմն է ճշմարտութեան անգիտակ եւ անտեղեակ եղողներու այն սխալ կարծիքը որ հայ  ժողովուրդը քաղաքական վնասակար գաղափար մը կը սնուցանէ եւ կը հետապնդէ։

Գալով Ատանայի աղետալի դէպքին ծագման պարագաներուն, այս մասին յատուկ մարմիններու միջոցաւ քննութեանց արդիւնքէն եւ աղէտին բնական ընթացքէն յառաջ եկած վիճակէն կը հասկցուի թէ՝ հայ ժողովուրդն Ազատութեան եւ Սահմանադրութեան հաստատութենէն յետոյ, նախկին բռնապետութեան շրջանին յատուկ հայրենիքի եւ եղբայրասիրութեան զգացումները ջնջելու եպերելի արարքներ տեսնելով, երբ գանգատներ յայտնեց, կարգ մը միամիտներ յոռի մեկնութիւն տուին այս գանգատներուն։ Եւ ռամիկ ժողովուրդը որ ոչ անունը եւ ոչ ալ գործելակերպը լսած էր Դաշնակցութիւն եւ Հնչակեան կուսակցութեանց, անոնց անդամներուն յանկարծ երեւան ելլելովը ի՛նչ ի՛նչ անհիմն կասկածներ ունեցաւ, եւ այս պարագան դիտողութիւններու տեղի տուաւ։ Ասոր հակազդեցութիւնն ալ միեւնոյն կերպով վախի եւ կասկածի ծնունդ տուաւ հայ ժողովուրդին մէջ, որով այն տեղն երկու կողմին միջեւ փոխադարձաբար թիւրիմացութիւն եւ անվստահութիւն յառաջ եկաւ։

Այս պարագային երբ տեղական կառավարութեան հիմնական պարտականութիւնն էր անմիջապէս այս թիւրիմացութեանց աղբիւրը գտնել, եւ զանազան ժողովուրդներն իրարու մօտեցնելով ջանք ընել որ փոխադարձ անվստահութիւնը ջնջուի եւ ցեղերու համերաշխութիւնն ու հայրենիքի եղբայրակցութիւնը հաստատուի ու ապահովուի։ Ընդհակառակը կառավարական ամենամեծ պաշտօնեաները ցաւալի ապիկարութեամբ ու անկարողութեամբ մը լռութիւն պահեցին, որով պատճառ եղան որ մէկ կողմէ այս թիւրիմացութիւնն ու անվստահութիւնը սաստկանայ եւ միւս կողմէ խուժանն աւելցնէ  կառավարութեան զօրութեանը հանդէպ իր ցոյց տուած անպատկառութիւնը։

Դէպքին ծագման ատենն իսկ պաշտօնեաներն իրենց հայրենասիրական պարտականութիւնը պէտք եղածին պէս եւ անձնուիրաբար չի կատարելնուն հետեւանքով այս աղէտն հետզհետէ մեծցաւ։ Բացայայտ կերպով ապացուցուեցաւ թէ հայ ժողովուրդը Օսմ[անեան] մեծազօր կառավարութեան հանդէպ իր ունեցած հաւատարմութենէն երբէք չէ շեղած։



Կիլիկիոյ աղէտէն ետքը Ատանայի կուսակալութեան կոչուած ՃԷՄԱԼ ՊԷՅ որուն ամենամեծ սխալն եղաւ Հասան-Պէյլիի հայոց նորաշէն եկեղեցին քանդել տալը։

Իրերու այս վիճակէն դատելով, այս ողբալի աղէտին ճշմարիտ դրդիչներն ու պատճառները եւ իրենց պաշտօնին մէջ թերացողները բնականաբար եւ ըստ օրինի պիտի պատժուին։ Այսու հանդերձ, ցաւօք կը զգացուի թէ տե՛ղ տե՛ղ կը գոյանան այս կարգի անհիմն ու երեւակայական ենթադրութիւններ, որոնք հակառակ են յարատեւ գործակցութեան եւ եղբայրական անկեղծ զգացումներու, որոնց հաստատումը անհրաժեշտ է բնական շահերով իրարու կապուած զանազան տարրերու միջեւ։ Այս տեսակ ենթադրութիւններ ու կասկածներ ջնջելու մասին պէտք է գործադրէք առանց խտրութեան բոլոր Օսմ[անեան] հպատակներու բարօրութեան եւ համերաշխութեան համար հարկ ու անհրաժեշտ եղած միջոցները, եւ պէտք է ջանաք հաստատելու եւ ամրապնդելու հայրենասիրական անկեղծութիւնը որ Սահմանադրական վարչութեան մէկ պէտքն ու պահանջն է, եւ այս պարագան նահանգիդ ժողովուրդին անգամ մ՚ալ ծանուցանելնիդ կը յանձնարարուի»։