Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Սեբաստիոյ Յովնան եպիսկոպոսին նկատմամբ արդէն բաւական տեղեկութիւններ տուած են մեզ Մխիթարայ հին եւ նոր կենսագիրները: Առանձին գլուխ մ'ալ կը գտնենք Հ. Գ. Գալեմքարեանի «Կենսագրութիւններ Երկու Հայ Պատրիարքներու եւ Տասն Եպիսկոպոսներու եւ ժամանակին Հայ կաթողիկեայք» անուն հատորիկին մէջ, ուր ժամանակագրական կարգաւ կը յիշատակուին Յովնանու կենաց եւ գործոց գլխաւոր կէտերը` ընտիր ուսումնասիրութեամբ մը: Մեր հոս ներկայացուած նամակը ունի փոքրիկ նորութիւն մը սա տեսակէտով, որ մինչ Հ. Գալեմքեարեան կը գրէ որ այս միջոցէն (այսինքն անոր առաքելութեան շրջանէն) միայն ծանօթ է որ 1706ին Սպանիայեն 58 դահեկան ողորմութիւն ղրկած է չքաւոր Աբբահօր, Յովնան եպս. ի ինքնագիր թղթէն կ՚իմանանք, ի մէջ տեղեկութեանց, որ Հռովմէն առ Մխիթար ղրկեր է նաեւ ողորմութիւն 1717ին «տասն եւ մին տօպլի եւ կես եւ բ (երկու) սիվիլա»:
       Վերապատւելի անդ Մխիթարի Ապբայի եւ Աստուածաբանութեան վարդապետի.
       Զգիր Վերապատւելութեան քո զգրեալն ի յօգոստոսի իը. ընկալայ ի սեպտեմբերի ա. որով ծանեա զողորմութիւն այն հարկաւոր գոլ այժմ յղելն առ Վերապատւելութիւնդ, եւ յոյժ ուրախ եղէ ազգ առնելն իմ զնա փութով, նա եւս գրեալ էիր թէ լաւ է փոստիւ ուղարկել, զի է սիկուռ, ահաւասիկ, տասն եւ մին տօպլի եւ կէս եւ բ սիվիլիայ, եդի ներ փոքրիկ ղուդին ներ պահարանի կնքեալ, եւ ի վերան գրեալ է. հասցէ ի ձեռն Մխիթար ապբային, մերձ ի Սան Մարթին, ի Վէնէտիկ, եւ ունի նշան զայս s: իբրեւ ընդունիցիս զնա ամբողջ, յիշեսցես զմեզ ի յաղօթս, եւ հայցիցես ի տեառնէ վասն մեր, պարգեւել մեզ զշնորհ իւր սուրբ երկիւղի ի սիրոյ, որ է յոյժ հարկաւոր: Եւ դու լիջիր ողջ ընդ յամերամ ժամանակս, ի բարձրութիւն սրբոյ եկեղեցւոյ, ի պայծառութիւն ազգի. եւ ցնծութիւն սրտից մերոց. քրիստոսիւ տերամբ ամէն: Զյուրն այն աւետեաց զոր գրեալ էիր, այսինքն, զխորտակումն տաճկաց, զկանգնումն սրբոյ խաչին ի հրապարակին Պէլէկռատու, եւ զբարձրացումն սրբոյ եկեղեցույն կաթողիկէի, կարի յոյժ հաճոյական ցնծութիւն էր սրտից մերոց, եւ իրաւի, զի գեղեցիկ եւ վայելուչ է ստէպ կրկնելն զցանկալի յաղթութիւնս այս, առ ունկս փափագողաց, սակս որոյ բիւր գոհութիս եւ շնորհակալութիս պարտիմք մատուցանել աստուծոյ. որ պարգեւեաց զուրախութիւնս այս մեծ. մայրն իմ եւ եղբայրն իմ քո հրամանաց աջն համբուրելով ողջոյն տան, Եղիայ վարդապետի եւ այլոց եղբարցն իմոց ընդ հովանեաւ թեւոյ քոյ եղելոցն ողջոյն տամ սիրով:
      
       գրեցաւ 1717 ի սեպտեմբերի գ. ի թաղն Սանթ Օնօֆրիոյ ի Հռոմ
      
       Վերապատուելութեան քում նուաստագունեղ ծառայ Յունան Եպս . Սեպաստիոյ
      
       Մեր թարգման ղալադացի տէր Յակոբի եղբօրորդի Յարութիւն եկն ի Հռոմ, կամէր տօմէնիկանի կարգն մտանել, որ թէպէտ ընկալան, սակայն ինքն ոչ հաճեցաւ ասելով, թէ ես կամիմ պատարագիչ լինիլ. նոքա պատճառեցին զքերականութիւն չգիտենալն. սակս որոյ հրաժարեցաւ ի նոցանէ. արդ կամի գալ ի Վէնէտիկ. ես կամէի ընդունել զնա, բայց երկեա, մի ' գուցէ խռովութիւն լիցի պատճռւ այսու ի մէջ իմ եւ եդեսացուն: Ծանիր եւս, որ մէջն եղեալ գիրն խնդրեմ որ փութով հաւատարիմ անձի հետ յղիցես ի ձեռն պատրի Վէրծօյին կամ ընկերի նորին. ողջ լեր: