Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Եղիսաբեթուպոլսոյ Հայերը` իրենց քաղաքին հոգի օտարացման վտանգը տեսնելով` կը խնդրեն Մելգոնեան Աբբահօր միջնորդութիւնը, որպէս զի ինքը Ուխտիս բարեկամներէն ու պաշտպաններէն դրամական գումար մը հայթայթէ, եւ անով Հայաքաղաքի բնակչութիւնը կարենայ դնել իր հողը Թերեզա կայսերուհիէն:
       Օրհնեալ եղիցի Յիսուս Քրիստոս
       Գերապատիւ եւ Գերիմաստ տեառն տեառն Ստեփաննոս Աստուածաբան Վարդապետի, Աբբայ հօր մեր Հայոց միանձանց, ի կառքեն սրբոյն անտօնի Աբբայի, նաեւ բոլոր վարդապետաց եւ հասառակութեանց մեծաւ խոնարհութեամբ Յիսուսաւանդ սիրոյ ողջոյն կու մատուցանեմք.
       Ընդ սակաւ ողջունիս մեր, նախ զթողութիւն կու խնդրեք[ենք ] որ կու պեզրեցնենք զգերապատուելութիւնդ այս մեր փոքըր գրովն. Պատճառս այս է որ Աստուծոյ ողորմութեամբն կու քալինք մեր Թագուհուն մօտ. այսինքն Մարիայ գէրէզիայինը, եւ սօլիֆիդալուիդ կու անենք այս մեր քաղաքին տէրիդօրիումը որ տայ մէզիկ որ կարենամք խաղաղութեան մէջ հանգջելու, զի ըստոյգ որ մինչեւ ցայժմ թագուհունը եղիլ է նայ ամէնը ունիցիլիմք քիչ մը հանգիստութիւն, բայց հիմայ լըսելով թէ մեր թագուհին օզկայ բրիվադ թագաւորաց կու կամենայ ծախելու կամ թէ ծախել է, նայ մինք տեսնելօվ եւ շաղըշելով զմեր ապագայն թէ խուծած պիլայ մեր քաղաքին բանը, թէ որ օզկայ բպիվադ թագաւորաց ձէրաց տակ երթանք նայ, անոր համար պէտք է օր կաննենք որ մինք արնումք որ մերը ըլլայ եւ չիլանք օզկանու ձերաց եւ հրամանի տակ, եւ որովհետեւ այսպէս բանի շատ ըստակ պիտվական է. խորդէ օր մեր քաղաքացիքն պիտ կարենային ալ շատ ըստակ ալ Աստուծոյ ողորմութեամբն վար դընելու. միայն յայտնի պիլայ Գերապատուելութեանցդ օր ամէնէքեանս պազրկանինք եւ մեր ըստակն խարնած է արուտուրի մէջ. եւ այսպէս պէտք է որ քալինք էզկայ տէղրանք ուրուխ օր գըտնուինք ըստակ շահու, անոր համար տէսնէլով մեր Պ. քաղաքն որ Աղայ Մարտիրոսն գօշօդանի աստուծոյ ողորմութեամբն Վէնէտիկ կու էրթայ, նայ խիդրեցինք զիրեն հրամանքը, տալօվ իրեն հրամանուցը ձէրն էրկու ալպայ այս մեր քաղքին մօհրօվն եւ սուպշգրիբձիայօվն եւ բլէնիբօդէնձիայեալ քօվն, որ աշխատի եւ քալէ այդ տեղն ու մեր քաղքին վրայ քիչ մը ըստակ շահու առնէ, եւ գիտիմք որ Գերապատուելութիւնդ եւ հասառակութիւնը այս տեղն շատ բարեկամք եւ բարդօներ ունի , նայ կու խնդրեմք որ բադրօն ըլլայ Գերապատուելութիւնդ եւ կաննի այս մեր փոքրը քաղաքիս համար որ զայս բանը հաստատէ Աղայ Մարտիրոսն, որ մինք ալ կարէնանք հաստատ մնալու, եւ Աստուծոյ ողորմութեամբն զայս մեր դիտաւորութիւն կատարելու, որ կարենամք թէ մեր փոքրիկ քաղաքն եւ թէ փոքրիկ վանքն գերապատուելութեանցդ խաղաղութեան մէջ մնալու եւ բազմանալու, որ բարերարութիւնը եւ բադրօնութիւնը Գերապատուելութեանցդ մինչեւ որ այս մեր փոքրիկ քաղաքն աստուած հաստատ պահէ չիպի մորանամք, նաեւ ամենայն ժամանակ պարտական պիլանք մինք ալ ըստ անառժանութեան մերում ծառայէլու Պատուելութեանցդ, վերջապէս այլ աղէկ եւ այլ յայտնի պի յայտնէ գերապատուելութեանց: Աղայ Մարտիրոսն զմեր կամքն թէ ինչու համար ունիմք զայս պիտվականութիւնը, ուրեմն կու յանձնիմք զայս մեր խնդրըվածքն Գերապատուելութեանս եւ բոլոր հասարակութիւնը մնալով Գերապատուելութեանս եւ բոլոր հասարակութեան :
      
       Գրեցաւ Եղիսաբէդան մայիսի 17-ին 1758
       խոնարհ ծառայք եւ հաւատարիմ բարեկամք սուրբ Կրօնին Եղիսաբէդան քաղաքացիքն հասարակ :