Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Յովնան եպիսկոպոս հետեւեալ թուղթին մէջ Յարութիւն եպս. ին Հռովմ մտնելու լուրը առ Մխիթար հաղորդած ատեն` թէ եւ ուրիշ բան չ'ըսեր այդ մասին, սակայն անոր շարժառիթն եղած է յաջորդ տարւոյն մէջ կատարուելիք քահանայապետական մեծ Յոբելեանը (Գալեմք. «Կենսագրութիւններ երկու Հայ Պատրիարքներու…» էջ 143):
       Ամենէն գիտելին սակայն այն է` որ թուղթս ուրիշ խիստ հետաքրքրական խնդիր մը երեւան կը բերէ յանձին Մխիթարայ: Անոր մասին Յաւիտենական Քաղքին մէջ խորհուածներ ու ձեռնարկները` ո'չ լոկ ազգային բարձրաստիճան եկեղեցականներու, այլ մինչեւ իսկ գերագոյն Իշխանութեան կողմանէ` կու գայ ինքնին անգամ մ'ալ հաստատել Ուխտիս Հեղինակին հոյակապ եւ ոսկեշող ձիրքերը, որոնք` զոր օրինակ սքանչացող հոգիներու սիրակէզ գոչել տուած են` նամակիս թուականէն 13 տարիներ առաջ` այսպէս. «Ո'վ արուսեակդ եւ պայծառ աստղդ պատուական: «Ո'վ լուսինդ լուսատու գիշերոյ եւ երեկոյացեալ ժամանակիս: Ո'վ աղբիւրդ գիտութեան եւ ակդ քաղցրահամ եւ առատաբուխ` որպէս անհուն գետոց. առոգանելով գնացք գետոց քոց ուրախ առնեն զքաղաքսն Աստուծոյ: Ո'վ իմաստութեան աղբիւր ուղիղ գնացք ընդ հետոցն Աստուծոյ: Ո'վ հիմնարկող հաւատոյս մերոյ «հայկազնեացս». («Schiarimenti e Documenti» էջ 11). եւ այլն, եւ այլն:
       Գերարգելւոյ աբբահօր տեառն տեառն Մխիթարայ վարդապետի եղբօր մերոյ ի Քրիստոս
       Յայտ առնեմ սիրով, Յարութիւն եպիսկոպոսն ի ԺԹ դեկտեմբերի եմուտ ի Հռոմ, եւ եղբայր Մարկոսն ընդ նմա…: Եկն եւ տէր Յակոբն եւ եբեր զչափ պատկերի միոյ , թարց գրոյ եւ ծանուցման` թէ զինչ պատկեր իցէ այն, որ պարտիմ տալ նկարել, կարծելի թէ ընդ մօնիսինեօրին, եղբայր Մարկոսին յղիցես եւ ծանուսցես ինչ, իբրեւ հարց ցնոսա, ասացին ոչ գիտեմք: Եւ մնաց որ հրամանքդ անձամբ եկեալ տայցես զնա նկարել, քանզի միշտ խորհէաք ընդ Սուգիաս եպիսկոպոսին, եւ նա ընդ տօն Ճիւզէփին գտանել զկերպ եւ զեղանակ իմն` բերելոյ զքեզ ի Հռոմ, լինիլ հոգաբարձու ազգին մերոյ ողորմելւոյ եւ այլն: Իսկ Աստուած տնօրինեաց այսպէս, զի սուրբ ժողովն կոչիցէ զքեզ այժմ քարոզութեան աղագաւ, որ եկեալ ուսուցանիցես զուխտաւորսն Հայոց, որք են բազումք այժմ, եւ գալոց են եւս: Եւ այսու յուսամ թէ բաղձանք մեր կատարիցին. այսինքն գոլ եւ լինիլ ի Հռոմ Փրօգուռաթօր ոմն ազգին հայոց. գիտուն եւ տեղեակ ամենից իրողութեանց նոցին, եւ ծանօթագոյն ամենամեծ գթութեանն գորովականի մօր մերոյ սրբոյ եկեղեցւոյն կաթողիկէի, ոչ խնդրօղ փառաց եւ պատուոց, եւ կամ սիրօղ շահուց յատկականաց եւ այլն, զոր տէր պարգեւեալ առաջացուսցէ ամէն: Սուրբ Ժողովի գիրն եւս` կարծեմ այս փօսթիւն ժամանել առ քեզ, եւ վասն ապրելեացն տալոց իցեն քեզ ամիսն ԺԵ սկութ, որ մի կամ Բ կրօնաւորօք նստցիս ի Հռոմ: Զայս ամենայն որ գրեցի , ոչ ոք գիտէ, բաց ի տօն Ճիւզէփէն, Սուգիաս եպիսկոպոսէն եւ Ղադրէմիզէնց Յօհանէն` որ է թարգման նորին: Բարի է մնալն ի ծածուկ, մինչ ի ժամանումն քո ի Հռոմ, յայսմանէ բարութիւնք մեծ ծնանին` եթէ գայցես վաղվաղակի…:
      
       Գերարգելութեան քոյոյ նւաստ ծառայ Յօնան Եպիսկոպոս Սեպաստիոյ
      
       գրեցաւ 1724 դեկտ. 23 ի սուրբ Օնօֆրին ի Հռոմ