Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Պատկերահան Յովհաննէսի ստորագրութեամբ պիտի հրատարակենք հետզհետէ Հռովմէն զրկուած կարգ մը թանկագին նամակներ. որոնք Ուղղափառ Հայոց առանձին Պատրիարգութեան ծագման քանի մը կարեւոր գիծերը բացայայտ կերպով տուած ատեն, ժամանակի թանձր փոշիներէն դուրս պիտի հանեն միանգամայն շողշողուն ակունքներ` ի զարդ եւ ի փայլ Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Պատրիարքական Աթոռոյն:
       Գերյարգելի եւ գերապատուելի տէրութեան ձերում մեծաւ յարգութեամբ ողջոյն մատուցանեմ
       Եւս յայտ առնեմ որ անդէփցի Աբրահամ կաթողիկոսն եւ Ակոբ այսինքն Հալէպցի եպիսկոպոսն Ալիկուռնա հասած են, Հռօմ պիտի գան, մօնսինեօր Ասիմանին գրած են որ իւրեանց համար բաւական բնակութիւն պատրաստէ, որով ցուցանի զի եկեղեցին գալու կամք չունին. ոմանք ֆռանկներուն ինձ ասին թէ մի եւ նոյն ժամանակ ի Հռօմ Հալպու երեք արքեպիսկոպոսք գտանին, եւ պատճառ գալուստեան սոցին զօր ինչ կարցի տեղականալ եւ կամին փափէն իշխանութիւնս առնուլ վասն ձեռնադրելոյ եւ առաքելոյ ընդ ամենայն ուրեք` զմիսիօնարս, ետոյ երբ հասանին տեղս, այլ լաւ վերահասու կու լինիմ եւ ծանուցեամ ձեր հրամանուցն: Դարձեալ այսու յայտ առնեմ գերապատուելութեան ձերում, այսինքն Թօմաճանի որդի Յօհաննեսին բանն դեռեւս ոչ է բացորոշեալ, քանզի երբ նա ճանապարհորդ եղաւ, յանձն առաւ իւր բանն Օզլէնկին եւ մին հօռոմ քահանայի, սա Ասիմանին ներհակաց մինն է որ բանան մտաւ, ուրեմն ետ Յոհաննեսի գնալոյն Օզլէնկն բովանդակ բանին որպիսութիւնն գրեց եւ տվաւ քօնջիլիօյին ժողովքին, սոյն ժողովքն հրամայեց թէ թէպէտ Ապպաթէ Միքիթարին կարքն ոչ իցէ վերահաստատեցեալ սուրբ աթոռեն, կարող է լինիլ որ այլում ժամանակի այլ ինչ կարք կամ հասարակութիւն ի մէջ հայոց` ումեմնէ հայրապետէ վերահաստատեալ իցէ, հետեւա պէս զօրութեամբ նորին վերահաստատեալ լինի Վէնէտիկու հայոց կարքն եւ միաբանութիւնն. վասն որոյ վերոյասացեալ հօռօմ քահանան յաժմս ընդ այլ ումեմն տեղեակ անձամբ բովանդակ Փափերու պօլլարիոն ընթեռնուն վասն տեսանելոյ եթէ կա կամ թէ ոչ` այդպիսի վերահաստատութիւն Կրօնի Հայոց:
       Յաժմս փափն Հռօմայու դուրս է. սուրբ Պետրոսին տօնին դառնալոց է, եթէ տէր հաճեսցի ես սուրբ Պետրոսի երկրորդ որն Ալպան դառնալոց եմ ընդ քարտինալ Քարաֆին, որ մտած ամսի երկրորդ օրն մեր Կուսանաց հանդերձ պիտի տայ այսինքն կրօնաւորական, որ այնուհետեւ կոչեն Յիսուս եւ Մարիամայ կուսանք. տէր Յիսուս իւրեանց առաւել շնորհս տայ եւ միշտ պաշտպանէ զնոսա որ ներկայս եւ ապագայ եկողքն` ճշմարտապէս լինին հետեւօղուհիք Յիսուսի եւ Մարիամու :
       Այս ամսուս մէջն իմոյ տկարութեան Պէնէտիքտոսի պատկերն եղեր կու հասուցանեմ, միուս ամիսն տամպուրաճու Արութէնին հետ, կամ ճէվահիրճի Երեմիային յղեցից գերյարգելութեան ձերում… :
      
       Հռօմայ ամի տեառն 1742 ունիսի 8
       Ծառայ Պատկերահան Յօհաննէս