Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կը շարունակուին Ղազարու կաթողիկոսութեան աղետալի դրուագները: Բռնի ուժի զօրութեամբ նա կրկին գահ կը բարձրանայ, ինչպէս վերը նշանակած ենք:
       Թէեւ մեր վաւերագրին ակնարկներն համառօտ են հոս, սակայն նոյն նամակագիրը իր մէկ ուրիշ անտիպ թուղթին մէջ կը գրէ հետեւեալը եղերերգական դէպքերն ալ. «Եւ ես յայսոսիկ յաւուրս լուայ, թէ զղազար կաթողիկոսն ի գահ իւր հաստատեալ են վերստին, եւ զմիւս պետրոս քիւթիւռն փախուցեալ, եւ զերեք կամ ըստ ոմանց զհինգ վարդապետս սպանել տուեալ են: Եւ զմինն ի սոցանէ ի պատարագելն յետ սրբացուցման, մինչեւ հասեալ յայն տեղին ուր յիշէ զկաթուղիկոսի անունն Պետրոսին, հասանին բռնաբարօղք բարբարոսք, գանակոծ առնելով յարտաքս ձգեն եւ մահացուցանեն: Ղազարն աստ զկոնտակ ուղարկեալ առ ժողովուրդ եւ առ փաթրիքն, եւ զնա անմեղացուցանելով շողոքորթէ, յետ ընթեռնլոյն զկօն տակն ի լուր ամենեցունց, զայսէրցիք եւ աճէմներն զշշնչմունս բարձեալ, թէ եւ իբրու գայթակղեալ, թէ դուք սեւագլուխքդ էք պատճառ այսմ աղմունքի եւ սպանութեան վարդապետաց ի սուրբ Էջմիածին» (Գր. Հ. Միքայէլ Վ. առ Մխիթար 1748 հոկտ. 25 չուէ գիրս (Կ. Պոլիս):
       Հ. Միքայէլ հետեւեալ նամակին մէջ կու տայ նաեւ բաւական մանրամասն վկայաբանական տեղեկութիւն մը:
       Գիտենք ազգային հալածանքներու շրջանէն ընդհանուր ծանօթութեամբ մը, որ եղած են անձինքներ` որոնք նահատակուած են` անդրդուելի մնալնուն համար իրենց հաւատքին մէջ:
       Ուրախ ենք որ Հ. Միքայէլ Վ. ի արդեամբք կրնանք հոս ներկայացնել տեղեկութիւններ անոնցմէ միոյն` Ստեփան անուամբ քահանայի մը վրայ, ինչոր վկայի մը որոշ պատկերը կու տայ. թէպէտեւ ամբողջական չէ, որովհետեւ նոյնքան որոշ պէտք է ըլլայ անոր վախճանի տեղեկութիւնը, որ դեռ կը պակսի:
       Գերյարգեցելոյ Աբբայ Հօրդ մերոյ, տեառն Մխիթարայ Աստուածաբանութեան Վարդապետի
       Երկու ամիս յառաջ, զՂազար կաթուղիկոսն, զոր հերքեցին, նզովեցին, բանադրեցին, անընդունակ արարին, եւ զանունն յիշատակելոյ ի պատարագն ջնճեցին: Նա իշխանութեամբ նոր Շահին վերստին հաստատեցաւ յաթոռ իւր. սկսան ընդունիլ եւ յիշատակել ի պատարագն: Չարագունեղ եւ անգէտ Աթանաս վ. որ գնաց առաջնորդ թօխաթու, անդ եւ ի սեբաստիա, զմեծագոյն հալածանս յարուցեալ ուղղափառաց : Հինգ եւ վեց ամ յառաջ ընդ յարութիւն վին որ գնացեալ է առաջնորդ Թօխաթու, եւ ընդ ինքեան տարեալ է զայլ ոմն էտրենեցի վ. աշակերտ վախճանող Յօհաննէս պատրիարգին, այն վ. ճգնազգեաց եւ բարի անձն մի, եւ անդ վախճանեալ. Յարութիւն վ. զնա ի յեկեղեցւոջն թաղել տուեալ: Եւ յայժմ որ այս Աթանասս գնաց անդ, լուեալ թէ նոյն վախճանեալ վ. ն երբեմն ասացեալ է ուղղափառաց, թէ շիտակ եւ ձեր ճամբան, ինք եւս լեալ իցէ ի ներքուստ ուղղափառ: Մինչ Աթանասն զայս լուեալ է զնմանէ, որք պատմեալ են նմա, յայնժամ սկսեալ է ասել. Այն չունն, այն նզովածն, այն ուրացողն, ոչ է արժան յեկեղեցւոջն մնալ. բանալ տուեալ զտապանն, չորս եւ հինգ ամաց մեռելոյն զոսկերս առաջի արկեալ, եւ զայլ ոմն ուղղափառ ի յէշ եդեալ ի քաղաքն շրջեցուցեալ…: Ի Գաղատիա եւս նոր չարագոյն հալածումն. զի ի Թօխաթու Գէորգ անուն վ. մի որ երբեմն ուղղափառ ի տունս պատարագեալ է ի Գաղատիա, այժմ գնացեալ անդ զհալածանս գրգռեալ, զտուն մի կոխել տուեալ են, զտէր Ստեփան ամուսնացեալ քահանայն, տեղացի որ յառաջ ընդ այլոց կարգաւորաց փախստական աստ էր, իբրու մի ամ է որ յետս դարձեալ գնաց , եւ ի ծածուկ կալով հոգայր զուղղափառս, զսա ըմպռնեցին, փաշային մատնեցին, 500 բիր ոտացն հարին. ներկայ գոլով չար վարդապետաց եւ չարափառ աշխարհականաց դատախազք եւ անգութք, ասացեալ են. Ոչ միայն ներբանացն այլ ի վերայ ոտիցն մատանց հարէք, որ մատունքն ջաղջաղիցին եւ թափիցին. եւ ոմն հայ ի վերայ գլխոյն անկեալ, զի մի շարժիցի, եւ ասէր. Ուրացիր զԼեւօն. իսկ նա ի յամենայն հարման Յիսուս Մարիամ կոչէր:
       Ի յայսմ գործողութեան նուագի, իրիցկին սորին եկեալ լալագին ւ կողկողագին դիմօք արձակել եւ թոյլ տալ աղաչէր, բաւական է բաւական է ասելով. վ. ասէ: Այն քիչ է տահայ, այնպէս անենք որ ուրիշին խրատ լինի: Եւ այսու ոչ շատացեալ անգութքն ի բանտ չաւուշին ստիպեն գնալ ոտիւք, որ ոչ կարէ քայլել. ստիպեն ղամչիով հարմամբ զբոլոր մարմին թէ կանգէ եւ քայլէ: Իսկ նա աղաղակէ ոչ կարեմ, եւ հարմամբ ղամչիին զմի ակն եւս խաւարեցուցեալ եւ ուռուցք մեծագոյն ի վերայ աչացն. եւ մինչ չկարացին ոտիւք տանիլ, վ. ն եւ այլք անզգամք ի վերայ երկրի քարշելով տարին ի բանտ չաւուշին, պնդել պնդագոյն ի կոճեղս. խաչելութիւնն ի ծոցէ քահանային անկեալ յերկիր. չար վ. ն կոխոտեալ զնա թէ այս ֆրէնկի խաչ է: Եւ յետոյ գաղտ ոմանք ուղղափառք զդրամ հաւաքեալ 25 ղրուշի, տուեալ են զի թուլացուսցէ: Ի մօտակայ աւուրս եկն ոմն իբրու թէ փախեալ ի գաղատիոյ, որ է եղբօր որդի Սէրգիս աղային, որ նա պատմեալ է զայս ամենայն. եւ ասացեալ թէ ելած օրս լսեցի, թէ քահանային յոտից մինչեւ ի մէջկն ուռեցվօրեր է, եւ աչքն խաւարեալ, դժուար թէ ողջ մնաց:
      
       Գերյարգութեան ձերում
       Մնամ պատրաստական ծառայ ամենայնի Հայր Միքայէլ Վ.
       Յամի Տեառն 1748-ին յունվարի 2-ին [Կ . Պոլիս]