ՄԽԻԹԱՐ
ԵԱՆ
տիտղոսն
է
որ
հետեւեալ
վաւերագրին
մէջ
ամենէն
աւելի
պիտի
հետաքրքրէ
մեր
ընթերցողները,
եւ
մենք
հարկ
է
որ
քիչ
մաւելի
լուսաբանենք,
քանի
որ
այս
առաջին
անգամ
է
որ
անիկա
յիշուիլ
կը
սկսի
մեր
հրատարակութեանց
շարքին
մէջ:
Ուշագրաւն
այն
է`
որ
Մեծ
Սեբաստացի
Րաբունապետի
մահէն
տարի
մը
վերջ
1750-ին,
կը
սկսին
անոր
որդիք
իրենք
զիրենք
առաջին
անգամ
ՄԽԻԹԱՐ
ԵԱՆ
անուանեալ,
մինչդեռ
անկէ
առաջ
լոկ
կը
ստորագրէին
«ի
կարգէ
Սրբոյն
Անտոնի
Աբբայի»:
Շատ
արդար
էր
այդ
զգացումը,
նկատելով
որ
անոնք
հաւասարապէս
կապրէին
իրենց
Եր.
Հոր
նշխարաց
մօտիկը,
որոնք
կը
հանգչէին
նոյն
ինքը
Մխիթարակերտ
Մենաստանին
մէջ
որում
ժառանգներն
իրենք
էին:
Մեր
փոքր
հետազոտութեան
մէջ
երեք
գիտելի
կէտեր
ունինք:
Մխիթարեան
կը
կոչէ
ինքզինքը
ա.
Մխիթարայ
Առաջին
Յաջորդը
Գերյ.
Ստեփաննոս
Մելգոնեան
Աբբահայր.
բ.
Մխիթարեան
կանուանէ
նա
իր
միանունքն
ալ.
գ.
Մխիթարեան
կանուանուին
անոնք
ուրիշներէ
եւս:
Զետեղենք
հոս
կարգ
մը
օրինակներ`
մի
միայն
1750
եւ
1751
տարիներու
շրջանէն.
1.
Անտոն
եղբօրորդի
Մելգոնեան
Աբբահօր`
յամին
1750
Հոկտ.
4
թուակիրով
կը
գրէ
թուղթ
մը
հետեւեալ
խորագրով.
«Գերապատուելի
եւ
սրբազանի
Հոգեւորի
հօրդ
իմոյ
Տեառն
Տեառն
Հայր
Ստեփաննոս
Մխիթարեան
Աբբայ
հայր
կոչելոյ…»:
Նամակիս
ընթացքին
կը
կրկնէ
դարձեալ
նոյն
տիտղոսը:
2.
Հ.
Կարապետ
Մարտիրոսեան,
1750
Յուլիս
4
թուակիր
նամակին
տակ
կը
ստորագրէ
Մխիթարեան:
3.
Հ.
Մկրտիչ
1750
Նոյեմբեր
20-ի
նամակին
տակ,
զոր
կուղղէ
իր
Աբբահամ
եղբօր,
կը
ստորագրէ
Մխիթարեան:
4.
Նոյնը
1751
Յունիս
3-ին,
կը
ստորագրէ
նոյնպէս
Մխիթարեան:
5.
Հ.
Ներսէս
վարդապետ
կարնեցի
կը
գրէ
նամակ
մը
1751
Յունիս
6-ին`
այս
խորագրով.
«Մեծապատիւ
տեառն
տեառն
Հայր
Զաքարիայ
վարդապետիդ,
եւ
մեծի
միսսօնարիդ
Կոստանդնուպօլսոյ,
Ներսէս
յետնեալս
ամենայնի,
մեղսաքաւիչ
քահանայ,
միայնակեաց
մխիթարեան
ի
տէր
խնդալ»:
Նամակին
տակ
եւս
Հ.
Ներսէս
կը
ստորագրէ
ինքզինք
Մխիթարեան:
6.
Յակոբ
եւ
Գասպար
Ըռաստեան
անունով
երկու
անձերու
ստորագրութեամբ
Կ.
Պոլսէն
1751-ին
թուղթ
մը
կը
հասնի
այս
խորագրով.
«Գերյարգոյ
եւ
րաբունապետ
ընդհանրական
Աբբայ
Հայկազեան
միաբանից
Մխիթարեանց
եւ
քաջ
ընտանի
համասնունդ
Ստեփաննոս
տիեզերածաւալ
վարդապետիդ»:
7.
Գէորգ
Անթապցի,
1751
Հոկտ.
23-ին
կը
գրէ
թուղթ
առ
Մելգոնեան,
ստորագրելով
ինքզինը
Մխիթարեան:
8.
Հ.
Զաքարիա
վարդապետ
Ակնեցի,
1751
Դեկտ.
3-ի
թուղթին
տակ
կը
ստորագրէ
նոյնպէս
Մխիթարեան:
9.
Հ.
Գէորգ
1751
Դեկտ.
8-ին
թուղթ
մը
կ՚ուղղէ
«Գերապատիւ
եւ
գերամեծար
տեառն
տեառն
Ստեփաննոս
Մխիթարեան
Աբբայի»,
եւ
ինքն
ալ
կը
ստորագրէ
ինքզինքը
Մխիթարեան:
10.
Հ.
Զաքարիա
1751
Դեկտ.
20-ի
թուղթի
մը
տակ
նոյնպէս
կը
ստորագրէ
Մխիթարեան:
11.
Հատ
մ'ալ
յիշենք
եւրոպականներէն.
-
Ս.
Ղազարու
Հարց
1763
Ապրիլ
9-ին
(միշտ
1773-էն
առաջ)
միաբանական
վկայագիր
մը
կը
ղրկեն
առ
Ս.
Գահն
երկու
մենաստաններու
համար,
բնագրին
մէջ
կոչելով
իրենք
զիրենք
«Congregazion
dell'ordine
di
S.
Antonio
Abate
de'
Monaci
armeni
detti
Mechitaristi».
Արդ
իբրեւ
սխալ`
հիմնովին
արմատախիլ
կ՚ըլլայ
Վիեննական
Հարց
«ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ»ի
տեսութիւն
(էջ
5),
թէ
1773-ին
իրենք
առաջին
անգամ
գործածեր
են
Մխիթարեան
տիտղոսը,
ինչ
որ
բերանացի
եւս
ամենուրեք
տարածեր
են`
թէ
սոյն
տիտղոսը
Ս.
Ղազարու
վանականներէն
առաջ
իրենք
գործածած
են:
Այս
թիւր
վճիռներէն
մոլորեր
էր
եւ
Թէոդիկ,
գրելով
այսպէս.
«19
Մայիս
1773-ին
[Վիեննական
Հարք]
իրենց
նոր
կայանին
մէջ
վանատուն
մը
բանալու
ծրագիրը
կը
հասուցանեն
եւ
անդրանիկ
Աբբահօր
անուամբ
կ՚որոշեն
կոչուիլ
Մխիթարեան,
մինչ
«Ս.
Ղազարեանք
մինչեւ
այն
ատեն
Անտոնեան
կը
յորջորջուէին…»
(ՏԻՊ
ՈՒ
ՏԱՌ.
Տպ.
Պոլիս
1912.
էջ
147):
Նոյնպէս
մոլորեր
էր
նաեւ
Հալէպցի
նորածին
թերթ
մը
«ԿՐԹԱՍԻՐԱՑ»
իր
մանուկ
քայլերուն
մէջ,
միեւնոյնը
վարդապետելով
յանգէտս
(1926,
թիւ
3,
էջ
38):
Է
Յիսուսի
Քրիստոսի
ծառայ`
Ստեփաննոս
տրուպ
Վարդապետ`
Ընդհանրական
Աբբայ
միաբանից
Վանաց
թորգոմազարմ
հայկասերունդ
միանձանց
Մխիթարեանց`
բնակելոց
ի
կալուածս
կողմանց
եւրոպական
աշխարհի`
ի
կայանս
ծովապարփակս`
արձանացեալ
առ
մայրաքաղաքաւ
վենետիկեան
պայազատութեանց:
Քեզ
պարկեշտակրօն,
եւ
զգօնացեալ
բամբշիդ
բարգաւաճելոյ
բազմաստեղեան
շառաւիղօք`
ըստ
օրհնութեան
լերանց
մշտնջենաւորաց`
սրբասէր
կողակցիդ
Ասկերօղլու
Սէրգիս
պալըյին,
անուանելոյդ
ըստ
սեպհական
անուան`
Նուրի.
ողջոյն,
եւ
խնդութիւն,
եւ
բարեբաստութիւն
եւ
յամենայն
վնասուց
ազատութիւն.
կամակարութեամբք
մտաց
տենչամք
պատահիլ:
Զսոյն
մաղթեմք
եւ
վասն
ամենայն
ընտանեաց,
եւ
տոհմի,
եւ
զարմի`
առ
ի
ձէնջ
յամոլակցացդ
շառաւիղելոյ :
Հասցէ
~
ձեզ
օրհնութիւն
ի
տիեզերանշոյլ
սեռանաձեւ
քառաթեւէն`
վերաբերողէ
զվերբերիչն
բոլորեցունց:
Յորդորեսցին
ի
ձեզ
սահանաբաց
անձրեւք
արփիացնցուղք,
որպէս
անդ
ուրեմն
առ
նախնեօք`
վտակք
երկնակայլակք
Անվկանդ,
եւ
անհարթչելի
գթասիրութիւն
նախախնամութեան
տիեզերացունծ
հոգւոյն`
զձեօք
յաւէրժ
փարեսցի,
բարեխօսութեամբ
ամենայցելու
ձեռնտուութեան
արգասաւէտ
բեղմնաւորողին
համասփիւռ
ծաղկան`
տիեզերաստած
մօր`
փառաւորեալ
կուսին`
երանածին
ծնողի,
միաբանութեան
մերոյ
պաշտպանի:
Որում
բարեացասէր
գունդք
յերկնէ,
եւ
յերկրէ`
ասասցեն
ամէն:
…
Այլ
յաղագս
գալստեան
հայր
Վրդանէսին
այդր,
որում
յոյժ
ցանկացեալքդ
էք,
ձեզ
գիտութիւն
լիցի,
զի
աւանիկ
ջիզեալ
յաղաչանս
ձեր,
եթէ
Տեառն
կամք
իցեն,
առաքեմ
զնա
յայսմ
գարնան
առ
ձեզ-
զի
տեսջիք
եւ
ուրախասջիք,
տալ
փառս
Աստուծոյ.
եւ
նա
ձեօք
սփոփեսցի,
որպէս
բարեպաշտից
են
օրէնք:
Եւ
արդ`
կացէք
դուք
յաղօթս,
զի
խաղաղութեամբ
եւ
խնդութեամբ,
եւ
անխոչ
յաջողութեամբք
հանդերձեսցին
ելք
նորա
աստի,
եւ
մուտք
նորա
այդր:
Քանզի
մարդոյ
իրս
ինչ
դնել
ի
մտի,
Տեառնէ
լինին
յաջողուածք
նորա:
Զի
բազում
ինչ
դիտեն
մարդիկ
առնել
կամ
յառնելոյ
զգուշանալ,
բայց
եթէ
ոչ
իցէ
յաջողութիւն
ի
Տեառնէ,
խափանի
դիտաւորութիւն
նոցա,
զի
զամենայն
Տէր
գործէ.
եւ
մեք
եմք
գործակիցք
նորա:
Այսչափ
ինչ
յաղագս
մխիթարութեան
ձերոյ
ասացեալ`
շա'տ
լիցի:
Եւ
մեք
աստանօր
զընթացս
բանից
ի
լռութիւն
դադարեցուցեալ,
առաքեմ
բազմազեղ
օրհնութեամբ
ողջոյն
Քրիստոսաւանդ`
ամենայն
որդւոց
ձերոց,
եւ
դստերաց,
եւ
փեսայից,
եւ
մանաւանդ
հեզահամբոյր
առն
պայազատի`
մազլըմ
Գէորգի`
մտերիմ
բարեկամի
միաբանութեան
մերոյ:
Ողջոյն
տան
ձեզ
իւրաքանչիւր
յանուանէ
ամենայն
միաբանք
մեր:
Ո'ղջ
լերուք
ընդ
յամայր
ամանակս,
ի
պարծանս
միաբանութեան
մերոյ:
Գրեցաւ
գիրս
ի
Վէնէտիկ
ի
թուականութեան
Տեառն
1750,
ի
20
նոյեմբերի
Ստեփաննոս
վարդապետ
ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ
Աբբայհայր
միանձանց
հայոց
կարգին
սրբոյն
Աբբայ
Անտօնի