Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Մեր վանական պատմութեան ու նաեւ ազգային գեղարուեստի կեանքին ի նպաստ հետաքրքրական ու միանգամայն զուարճալի թուղթ մ'է հետեւեալը, որուն ստորագրողն է «պատկերահան Յովհաննէս»: Այս անձը ծանօթ է արդէն Մխիթարայ Հաստատութեանս, որոյ մէկ աղօթավայրին, այն է Ս. Բենեդիկտոսի մատրան խորանին համար գծած է, - Հիմնադրիս առաջարկով, - նոյն Սուրբին նկարը, որ ցայսօր պահուած է: Կը խօսի նաեւ Ս. Յովսեփայ պատկերի մը շինութեան մասին, որ անշուշտ Վանքիս Աւանդատան համանուն խորանին պատկերն ըլլալու է: Սոյն պատկերներէն ոչ մէկն իր վրայ նկարչին անունը կը կրէ: Ս. Բենեդիկտոսի նկարի մասին Մխիթարայ վարուց կենսագիրները եւ թէ Միաբանութեանս նախկին արձանագրութիւնները կ՚ըսեն արդէն, որ Յովհ. պատկերահանինն է. սակայն կը լռեն բացարձակապէս Ս. Յովսէփայ նկարի մասին:
       Հայ արուեստագէտիս թուղթին մէջ կը գտնենք նաեւ յիշատակութիւն մը Ասսեմանիի մասին, սակայն առանց անուան, որով չենք կրնար հաստատապէս ըսել թէ որ Ասսեմանին է. բուն երեւելի արեւելագէտը (որ գրած է Մխիթարայ մասին այսպէս. թէ բարեպաշտութեամբ եւ թէ գիտութեամբ երեւելի անձ մէ. ինձ ալ մտերիմ բարեկամ») թէ անոր թոռը Ստեփաննոս-Էվօդ Ասսեմանի (1702-1782), շարունակողն անոր համբաւին: Որոշ փաստ մը դեռ չունենալով ձեռքներիս` կը համարինք որ աւելի վերջինս ըլլայ, այն` որ Հաւատոյ Տարածման կողմն իբրեւ Միսսիոնար երկար ասեն Արեւելք ալ գտնուած է, եւ հուսկ Հռովմայ մէջ մեծանուն արեւելագէտին յաջորդ կը կարգուի, անոր մահուանէն վերջ, Վատիկանեան Մատենադարանի Գրապետութեան պաշտօնին մէջ: Մեր նամակագիրը թերեւս զանազանելու համար է որ զայս կանուանէ «Մարսիլիայու մօնսինեօր Ասիմանին»:
       Գերյարգելի եւ գերապատուելի տերութեան ձերում սիրով եւ խոնարհաբար սուրբ աջն համբուրեմ
       Վասն սրբոյն պէնէտիքտոսի պատկերի կողմանէ յայտ լիցի Գերյարգելութեան ձերում պատճառն չուղարկելոյս, երբ երեւմեան ճանապարհորդ եղեւ թէպէտ պատկերն վերջացուցեր էի, որպէս ինքն տեսաւ, բայց ոչ էր բաւականապէս չորացեր որ փաթթէի եւ ղութու մէջ դնէի. վասն ետս մնաց. ետոյ Տամպուրաճու աղին հետ կարէի ուղարկել: Սուրբն ովսէփ արքելոց զսուրբն Պէնէտիքտոս, թէ սպասէ մինչեւ եւ ես պատրաստիմ ի միատեղ ճանապարհորդ լիցուք, արժամայն նոյն սուրբն Պէնէտիքտօսն հաճեցաւ մնալ եւ ըսպասել պատրաստութեան սրբոյն Ովսէփու որ եւ միատեղ ճանապարհորդ լիցի: Վասն որոյ եւ ես որդիական համաձակութեամբ աղաչեմ զամենապատուելի հայրդ իմ վասն նոյն սուրբ Ովսէփա խադեր ինձ ներումն շնորհես. երկարապէս ըսպացեցեր վասն սուրբ Պէնէտիքտոսի խաթեր, փոքր ինչ եւս համբերել ի պատիւ սրբոյն Ովսէփայ…:
       Այսօր Ալիկուռնաու գիր արի որ պետրոս կաթողիկոսն ընդ իւր մի եպիսկոպոս, մի վարդապետ եւ մի տիրացու ծովով ճանապարհ ելած է տեղս գալու, Մարսիլիայու մօնսինեօր Ասիմանին գրած էր թէ իւրեան տուն պատրաստէ, յաժմս ինքն Ալիկուռնայու Վրդանէս եպիսկոպոսին գրած է թէ եկեղեցին տեղ պատրաստէ, ինձ մէկ նեղութիւն եւ ձանձրութիւնն է զորայ այս եկեղեցին դաշն, տարի երկու ամիս պատկերահանութիւն չեմ կարեր աներ կամ եկեղեցնայ ծառայութիւն` կամ եկող գնացողաց զահմէթ եւ խըզմէթ…
      
       Յամի տեառն 1741 օգոստոսի 4 (Հռովմ )
       Խոնարհագոյն ծառայ պատկերահան Յօհաննէս