Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Հ. Մ. Պոտուրեան ինը նամակներ միայն գտած էր Ս. Ղազարու Դիւանատան մէջ Սարաֆեան Սարգիս Արքեպիսկոպոսէ առ Մխիթար ի շահ Հ. Գալեքեարի ուսումնասիրութեան, ինչպէս առաջ ըսինք: Մենք հոս կը ներկայացնենք դեռ երկու նամակներ: Թէ Սարգիս ի՞ նչ պայմաններու, մանաւանդ թէ ինչ վարպետ ձեւերու տակ գրած է զանոնք, Մխիթարայ կենսագրութեան մէջ պիտի գտնենք:
       Առաջին նամակին մէջ` ան Մխիթարայ կը դիմէ Սաղմոսին տպագրութեան հրաման խնդրելու միեւնոյն ատեն կիմանանք ձեռք զարկած միւս աշխատութիւնները: Երկրորդ նամակին մէջ Սարաֆեան կը զբաղի Մխիթարայ կողմէ ստացած առաջին պատասխանով:
       Տեառն Տեառն Մխիթարայ գերյարգելի Հօրն մերոյ Ողջունիւ հանդերձ յայտարարութիւն լիցի
       Զի կամիմ թէ զսաղմոս իմն տպագրիցեմ գոնեայ, առ ի նուազեալ զթուղթն իմ, որպէս գրեցաւ յառաջն: Որոյ պատճառն է այս, զի թէպէտ սկսայ զներածումն առ ջերմեռանդութիւն սրբոյն Ֆրանչիսկոսի սալեզացւոյ , բայց կարի տկարացոյց զիս վերստին, նորապէս գրումն երկուց գրեանց ի միասին: Ուստի կամիմի զի ժամանակ ինչ ի բաց թողեալ զսալեզեանն, տպագրեցուցից զսաղմոսն առ ի սպառել զթուղթն անպիտան: Վասն որոյ խնդրի ի Հայրութենէ քումմէ խոնարհաբար, զի եթէ ունիցի այս առաջադրութիւն զվնաս իմն` թէ հեռապէս եւ թէ մերձապէս քոյքոյ Յարգելութեանդ` ծանուսցես մեզ վռազիւ, զի ի բաց հրաժարեցայց, իսկ եթէ չունիցի այսպիսի ինչ, ներեսցես մեզ առ ի ձեռնամուխ լինիել. լինելով քո ողջ յաւէտագունիւ մաքրութեամբ ի պարծանս ստորեւ գրեցելոյ
      
       Նուաստութեանս Յամի տեառն 1748 յԱպրիլի 1 (Վենետիկ )
       Սարգիս Արք Եպսկպս Կես .