Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Վիեննական Հարց «ՅՈՒՇԱՐՁԱՆ»ի այն էջը (3), ուր Մխիթարեան տիտղոսին շուրջ յերիւրուածոյ պատմութեան հիմնական սրբագրութիւնն ըրինք, կու տայ մեզ դեռ ուրիշ ամենակարեւոր հարց մը. հիմայ կարգն է` որ այդ ալ գոնէ իւր արժանաւոր լուսաբանութիւնը, քանի որ մեր վաւերաթուղթերու շարքը զայս կը բերէ:
       Նախ պէտք է գիտենալ, թէ հետեւեալ թուղթին ստորագրողը Նիկողայոս Լերգար` Հաւատոյ Տարածման Ս. Ժողովի Քարտուղարն է, որ կարեւոր հարցումներ կ՚ընէ Հայ Ծիսական գրքերու մասին. գոյութիւն ունենալով այս շրջանին` Հայ ծէսը լատինականէն բոլորովին զտելու տեսակէտ մը:
       Սոյն նամակին մէջ` իր գլխաւոր նիւթէն զատ` կայ նաեւ խիստ նշանակելի կէտ մը յանձին Գերյ. Մելգոնեան Աբբահօր, առ որ այսպէս կ՚ըսէ Մոնս. Լերգար. «Alle quali Ella degnamente presiede» («որոց . Ղազարու Հարց] ինքնդ արժանապէս նախաբազմեալ է»): Ո'ւշ դնել, որ թուղթս գրուած է 1751 Դեկտ. 18-ին:
       Բայց տեսնենք ի'նչ կը գրեն Վիեննական Հարք «Ակնարկ մը Վիեննական Մխիթարեան Միաբանութեան Հարիւրամեայ գործունէութեան վրայ» վերնագրին տակ. «Մխիթարայ մահուընէ տարի մ'ետքը ընդհանուր Ժողովով (6 Ապրիլ 1750) կ՚ընտրուի Միաբանութեան ընդհ. Աբբայ` Հ. Ստեփանոս Վ. Մելքոնեան:
       «Մելքոնեան իր ընտրութենէն քիչ ետքը ձեռնամուխ կըլլայ երանաշնորհ Հիմնադրին սահմանած կարգերը փոփոխեալ. սակայն իւր այս նորաձեւութիւններով յառաջ կը բերէ երիցագոյն միանձանց մէջ դժգոհութիւն: Եօթը տարի կը հետապնդէ ի զուր իւր կազմած Սահմանադրութիւնը Հռոմ հաստատել տալ, մինչեւ որ օր աւուր աճող դժգոհութիւնը կը ստիպէ միաբնանները` ընդհանուր Ժողով մը գումարել: 1772 Մայիս 25-ին կը բացուի ժողովը, ուր կը հրաւիրուի նաեւ Աբբահայրը (տակաւին չհաստատուած Հռոմէէն)… »: Կանգ կառնենք հոս:
       Զանց ընելով մի առ մի հերհումը անհիմն մէջբերումիս` որ կը մաքառի յայտնի ճշմարտութեան դէմ` կը բաւականանանք ըսել, թէ կարելի չէ չտեսնել մասնաւոր թագուն դիտաւորութիւն մը նկատմամբ փակագծեալին` զոր մենք ընդգծեցինք:
       Չենք վարանիր ըսելու, թէ յիրաւի Վիեննական Հարք ծայրագոյն յանդգնութիւն մըրած են, յայտարարելով «Մելգոնեան Աբբահայր իր ընտրութեան թուականէն (1750 Ապրիլ 6) մինչեւ 1772 Մայիս 25 իբրեւ տակաւին չհաստատուած Հռովմէն». այսինքն թէ Մելգոնեանի աբբայութեան շրջանի առաջին 22 տարիներու վաւերական եւ օրինաւոր իշխանութիւնը յայտնապէս իրեն զլանալէ վերջ` տարակոյսի տակ կը թողուն 1772եւի յաջորդ տարիներէն դեռ մաս մը եւս, այդ ամբողջ ժամանակամիջոցին մէջ դեռ Ս. Աթոռէն չհաստատուած նկատելով: Դժուար չէ իմանալ անշուշտ այդ առեղծուածային շրջանին մէջ լոկ իրենց մէկ արդարացումը հետապնդելու զուր ջանքը:
       Ճշմարտութիւնը երեւան հանելու եւ միանգամայն ներկայ Մխիթարեան սերունդէս որդիական յարգանք մը մատուցանելու համար հանդէպ Մխիթարայ Լուսահոգի Յաջորդին` կը թուենք հոս կարգ մը հեղինակաւոր վկայութիւններ, որոնք ջախջախիչ փաստեր են Վիեննական Մեծյ., հարց տուած սին վճռոյն դէմ:
       1. - Վատիկանու Դիւանապետը մեծանուն Giuseppe Assemani, Հռովմէն 1751 փետր. 26 թուակիր թուղթ մը կը ղրկէ առ Մելգոնեան, կոչելով զանիկայ Abbate Generale»- Ընդհանուր Աբբահայր:
       2. - Մոնս Լերգար Քարտուղար Ծաւալոցի Ժողովոյն 1751 Մարտ 6-ին թուղթ կը ղրկէ Ս. Ժողովոյն պաշտօնական կնիքով, Միաբանական գործերոո խնդրոյ մը համար, եւ կը կոչէ զՄելգոնեան Abbate Generale.
       3. - Ծաւալոցի Նախագահ Ծիրանաւոր Քարաֆա Միաբանութեան եւ Ազգիս հանդէպ սիրոյ եւ բարեցակամութեան թուղթ կը գրէ 1751-ին առ Մելգոնեան` Abb. de monaci Armeni… տիտղոսով:
       4. - Ուրիշ Նախագահ մը Ծաւալոցին` Ծիրանաւոր Վալէնդի` իր եւ Ժողովի Քարտուղարին ստորագրութիւններով 1751 Նոյեմբեր 17-ին հարցում մը կ՚ուղղէ Աստուածաշունչի տպագրութեան մը մասին առ Մելգոնեան, անուանելով Ab. de monaci armeni…
       5. - Վենետկոյ Հասարակապետութեան քով Սրբազան Պապին Դեսպանը Քաղկեդոնի տիտղոսաւոր Արքեպս. Marinus Innicus, իր եւ քարտուղարին ստորագրութիւններով 1751 Դեկտ. 7-ին հրամանագիր մը կ՚ուղղէ առ Մելգոնեան, կոչելով զայն Abbas et Superior actualis Monachorum Armenorum Congregationis:
       6. - Պոլսէն Լատինաց Առաքելական Գեր Աթոռակալը Biagio Paolo (ապա Առաք. Աթռկլ. ) 1750 Յունիս 15-ին ուրախակցութեան թուղթ կը ղրկէ առ Մելգոնաեան:
       7. - Ուրախակցութեան թուղթ կը ղրկէ նաեւ Պոլսոյ Ազգային Միսսիոնարաց գլխաւորը եղիա վարդապեի Գաղատացի, 1750 Յուլիս 1_ին Մելգոնեանի ընտրութեան առթիւ:
       8. - Որախակցութեան բառեր կը խառնէ Մոնս. Լերգար` առ նորընտիր Մելգոնեան Աբբայն` 1750 Մայիս 9-ին գրած թուղթին` ինչպէս եւ ուրիշ մէկ երկու թղթերու մէջ:
       9. - Կնիք այս ամէնուն` իսկականը ծանուցանենք, թէ Մելգոնեան իր Աբբայութեան վաւերական հաստատութիւնը կընդունի իր ընտրութեան օրէրէն, այն է` 1750-ին, ԵՒ ՈՉ ԹԷ 1772-ին` ըստ քմածին եւ անհիմն յայտարարութեան Վիեննայի Մխիթարեանց «Յուշարձան»ի :
       Ընտրութեան եւ հաստատութեան դէպքը տեղի ունեցած է հետեւեալ օրինաւոր կարգով:
       Մխիթարայ սգաւոր որդիք կը հաղորդէն Եր. Հիմնադրիս մահը առ Ս. Աթոռ, եւ կը խնդրեն անկէ հրաման` նոր Աբբայի ընտրութիւն կատարելու: Առ այդ ի պատասխան` Հաւատոյ Տարածման Գահերէց Ծիրանաւոր Վալէնդի` իր եւ Ժողովոյն Քարտուղար Լերգարի ստորագրութեամբ` 1750 Փետր. 18 թուակիր պաշտօնագրով մը հրահանգ կու տայ Վենետկոյ Հասարակապետութեան քով եղող Քահանայպետական Դեսպանին, Ս. Ղազարու Հարց հաղորդելու Աբբայի ընտրութեան հրամանը:
       Հուսկ, ընտրութիւնը տեղի ունենալէ վերջ, արդիւնքը կը հաղորդուի ի Հռովմ. եւ ահա միեւնոյն Ս. Ժողովը 1750 ԱՊՐ ԻԼ 25 թուակիր ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԹՂԹՈՎ կը վաւերացնէ Մելգոնեանի աբբայութիւնը:
       Դառնալով Մոնս. Լերգարի հետեւեալ նամակին` կը հաղորդենք որ իտալական բնագրէն թարգմանած է Հ. Պաղտասարեան:
       Գերապատիւ, Հայր Տեր մեծարելի
       Շնորհաւորելով ինձ զսուրբ ծնունդն Քրիստոսն, Հայրութիւնդ Գերապատիւ կամեցաւ մատուցանել ինձ զնոր նշանացոյց սիրոյ եւ մարդավարութեան: Վասն այնորիկ զյատկագոյն շնորհակալութիւնս ինքեանդ մատուցանեմ, ոչ իմիք առաւել բաղձալով քան առթութեանց ծառայելոյ ի նպաստ անձինդ :
       Եւ զոր օրինակ տենչամ փափագանօք լինիլ որչափ ինձ կարելի է հոգեւոր օգտիցն արամեան ազգին, առ որ ունիմ զմի ինչ յատուկ յօժարամտութիւն յաղագս բնական զիւրուսումնութեան նորուն, այսպէս ցանկամ լինիլ ի Գերապատիւ Հայրութենէդ տեղեկացուցեալ , եթէ այդոքիկ Միանձունքդ, որոց ինքնդ արժանապէս նախաբազմեալ է` վարին այնոքիւք իսկ գրեամբք եկեղեցականօք, որովք վարին աշխարհակեաց քահանայքն եւ եպիսկոպոսունքն նոյնոյ Ազգին: Դարձեալ` մի՞թէ ի Մենաստանից գտանին ձեռագիր օրինակք Ժամագրգի: Մաշտոցի, Ձեռնադրութեան դրդի , եւ ալոց Եկեղեցական գրեանց Հայոց: Զի մինչ ոչ է ի լոյս ածեալ տպագրութեամբ Սրբոյ Ժողովոյս, եթէ ոչ կանոն պատարագին Հայոց, ես ի մէնջ առնուլի զնպաստաւոր ինչ պարապ աղաչելոյ զՍրբութիւնն Տեառն մերոյ Պապին, ի հաճիլ յանձնել հմուտ եւ իմացուն անձանց ի Հռօմ զզննութիւն վերոյասացեալ գրեանցն, եւ դնել զնոսին ի կայութեան լինելոյ տպագրեալք: Այսոցիկ տեղեկութեանց սպասեալ մնամ առ ի ծանուցեալ ընդունակութենէ եւ նախանձաւորութենէ Հայրութեանդ Գերապատիւ: Եւ հանդերձ բոլորով ճշմարտագոյն պատուադրութեամբ զիս հաստատեմ Հայրութեանդ Գերապատւի Ի Հռօմ ժը, Դեկտ. ռ. չ. ծա. (1751) թվն. Քրիստոսի
      
       Ջերմեռանդագունեղ եւ շնորհապարտ ծառայ Նիկողայոս Լերգարի