Մայր դիւան Մխիթարեանց Վենետկոյ ի Ս. Ղազար

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Կարեւորագոյն տեղեկութիւն մէ է Եր. Տէր Կոմիտասի Յովհաննէս զաւկին նկատմամբ, ինչ որ անծանօթ կերեւի իւր կենսագրին Յակոբ Վ. Մաղաքեանի, երբ վկային զաւակները թուած ատեն` կը գրէ լոկ. «Երկրորդին անունն էր Յովհաննես, որ ապա թարգմանի պաշտօն ունեցաւ ի Նեապօլիս» («ՀԱՄԱՌՕՏ ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՏԵԱՌՆ ԿՈՄԻՏԱՍԱՅ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ՔԷՕՄԻՒՐՃԵԱՆՑ». Պոլիս 1912. էջ 87): Չի յիշատակուիր նաեւ Տ. Կոմիտասայ Երանացուցման առթիւ Գեր. Տ. Փրանկիսկոս Աղաճանեանէ նոր հրատարակուած իտալերէն վարքին մէջ (Տպ. Հռովմ, 1929): Այս նիւթով ուրիշ զբաղողներ եւս չունին ակնարկուած ծանօթութիւնը
       Յարգոյապատիւ եւ գերապայծառ տեառն Ստեփանոսի վարդապետի եւ աբբայ հօր խոնարհութեամբ եւ սիրով ողջոյն ի Քրիստոս
       Գուցէ լուեալ է ձեր եւ զմահ Յակոբայ կաթողիկոսին հայոց, եւ այժմ խորհին դնել փոխանակ նորա զԱբրահամ վարդապետն զառաջնորդն Զմիւռնիայ…: Որդի երանելի տէր Կոմիտասին Յօհաննէս թարգմանն Նէապօլիսի Սպանիոյ անկեալ ի բարձանց տան իւրոյ զամիսս չորս կրեաց զհիւանդութիւն կոտորուածոց ոսկերանց եւ վիրաց մարմնոյն, եւ բազում համբերութեամբ տարեալ հանգեաւ ի տէր յաւուր սրբոյն Գէորգայ ի յապրիլի 25, ըստ հնոյն, որպէս եւ հայր նորա կատարեցաւ յաւուր տօնի Դեմետրեայ վկային, եւ դեսպանն ետ թաղել զնա ի Սանթա Մարիա:
      
       Յամի տեառն 1763, Մայիսի 19 ի Կոստանդնուպօլիս
       Ծառայ անպիտան եւ անարժան Հ. Իգնատիոս Վարդապետ Մխիթարեան